Tuesday, December 14, 2010

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութեան գրեթէ բոլորին վրայ Պալեաններու ստորագրութիւնը կը տեսնենք :
Պալեան ընտանիքը, ԺԹ. դարու մէջ Օսմանեան ճարտարապետութեան կարեւոր անձերը եղած են: Անոնք՝ հայր, զաւակ ու եղբայր իրար յաջորդելով չորս սերունդ մասնայատուկ ճարտարապետներ հասցուցած են:
Պալեան ընտանիքը Կեսարացի է: Պալեան մականունը առաջին գործածող անձը, Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մանչը Գրիգոր Գալֆան «բանուորապետ» եղած է: Պալի Գալֆային «բանուորապետ» մասին ծանօթութիւն մը չկայ, սակայն գիտենք թէ՝ իր դամբանը Պաղլարպաշի հայոց գերեզմանատունն է:
Ճարտարապետ Պալեաններ, իրար հետեւելով արդիւնաբեր և գործօն կեանք մը ապրած են: Պալեան անունը երկրին մէջ և նոյնիսկ երկրէն դուրս լսուելու պատճառ դարձած է՝ մեծ քանակութեամբ և խոշոր շէնքերուն պատկերացումն և իրագործումը, մասնայատուկ ճարտարապետութեան իրաւասու անձնականութիւնը, կարողութիւն և իրենց ապրած շրջանին փափաքները դիմագրաւելու յատկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը:
Պալեանները, այս յաջողութիւնը թերեւս պարտական են՝ ճարտարապետութեան ասպարէզի սովորոյթի մը մէջ մասնայատուկ ճարտարապետ և մասնայատուկ գլխաւոր ճարտարապետութիւնը սերունդէ-սերունդ շարունակելու: Նոյն անունը փոխադրել, նախորդին ազդեցութիւնն և յաջողողութիւնը գործածելու առաւելութիւն, սերունդէ-սերունդ փոխադրուող մտափորձութեան կուտակումը Պալեաններու յաջողութեան ծրագիրը բարձրացնելու պատճառ դարձած է:
Պալեան ընտանիքին առաջին երեք սերունդ ճարտարապետները, այս ասպարէզին ամենէն նուրբ և կարեւոր կէտերը աւանդական մէթոտներով և սանդուխին առաջին աստիճանէն սկսելով սորված են: ԺԹ. դարուն մէջտեղը պայմանները ձեւափոխուած է: Կարապետ Պալեան այս ձեւափոխութիւնը զատորոշելով իր մանչ զաւակները համաչափ դաստիարակութեան ուղղած է: ԺԹ. դարու մէջտեղը Պալեաններու գործունէութեան որակը շատ աւելի բարձր մակարդակի հասած է: Այդ պատճառաւ ալ կ'ըսեն թէ՝ Կարապետ Պալեան, ընտանիքին փականք անհատը եղած է:
Նիկողոս և Սարգիս Պալեաններ, Ֆրանսայի ճարտարապետութեան ակադէմիայի մէջ ուսանած են: Անոնք, Պոլսոյ մէջ գտնուող նշանաւոր շէնքերու շինութիւնը ՍԷՆԴ-ՊԱՐՊԷ կամ ԷՔՕԼ ՏԸ ՊԷՕՔՍ-ԱՐԴՍ ձեւի վերածած են:

1) ԳՐԻԳՈՐ ՊԱԼԵԱՆ «1764-1831»

Ան, Պալեան ընտանիքին ամենակարեւոր անհատն է: Գրիգոր Պալեան, իր հօրը անունը «Պալի», մականուն ըլլալով գործածել սկսած է: Ան, ճարտարապետ Մինաս Գալֆային փեսան և ճարտարապետ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվերեանին աներհայրն է:
1800 թուականին ճարտարապետ Մինաս Գալֆային դուստրը Սողոմէյի հետ ամուսնացած է: Անոնք, Կարապետ անուն մանչ զաւակով մը բախտաւորուած են: Կարապետն ալ ճարտարապետ եղած է:
Գրիգոր Պալեան, Բ. Մահմուտի հետ լաւ բարեկամութիւն ունեցած է: Գրիգոր Գալֆան, համայնքի խնդիրներով սպաղած և եկեղեցական հարցերը լուծելու աշխատած է:
Գրիգոր Գալֆան, Սկիւտար, Պիւլպիւլտէրէսի անուն թաղին մէջ ապրած է: Ան, սոխակ թռչունը շատ սիրելուն և իր տան մէջ հոգալուն պատճառաւ, իր բնակած թաղին անունը Պիւլպիւլտէրէսի կոչած են: «Սոխակ թռչունին թրքերէն իմաստը՝ Պիւլպիւլ է»: 1831-ին Սկիւտարի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Պաղլարպաշի գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Գրիգոր Գալֆան երիտասարդ տարիքի մէջ մեծ պատասխանատուութիւններու տէր կանգնելով գործօն և արդիւնաբեր աշխատանք մը ցոյց տուած է: Անոր այս արդիւնաբեր աշխատանքները Գ. Սէլիմի շրջանին կը հանդիպի: Ան, այս շրջանին ամենակարեւոր հասարակութեան շէնքերու շինութեան ճարտարապետը ըլլալով ճանչցուած է: Գրիգոր Գալֆային, շէնքերու շինութեան ցուցակին մէջ կը գտնուի՝ 2 խոշոր ջրաթումբ, 6 զօրանոց, 6 պալատ, մզկիթ մը, 2 վարչական շէնք, 4 ապարանք և 2 եկեղեցի:
Գրիգոր Պալեանի գլխաւոր հեղինակութիւններն են՝ Սարայպուրնույի Պալատը «այրած է», Պէշիկթաշի Պալատը «փլցուցած են», Պէյլէրպէյի Պալատ «Ենիջերիները այրած են», Վալիտէ Սուլթան Պալատ, Տէֆթէրտար Պալատ «Հալիջ», Այնալըգավաքի Ապարանքը, Նուսրէթիյէյի զօրանոցը և շուրջի շէնքերը, Տավութփաշայի զօրանոցը, Փէրայի զօրանոցը, Տարփանէ-ի Ամիրէ, Վալիտէ ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Թոփուզլու ջրաթումբ «Պահջէգիւղ» և Եանկըն ապարանք «Պէյազըթ»:

2) ՍԻՆԵՔԷՐԻՄ ՊԱԼԵԱՆ «1768-1833»



Ճարտարապետ Սինեքէրիմ Պալեան, Պալի Գալֆային մանչը և Գրիգոր Ամիրա Պալեանին եղբայրն է: Սինեքէրիմ Պալեանի մասին շատ քիչ ծանօթութիւն ունինք: Ան, Բեթղեհէմի մէջ մեռած է: Իր դամբանը Բեթղեհէմի հայոց գերեզմանատան մէջ կը գտնուի:
Սինեքէրիմ Պալեանի շինած շէնքերուն մասին շատ ծանօթութիւն մը չունինք: Ան, Պէյազըթ Հրդեհ Աշտարակին ճարտարապետն է:
Սինեքէրիմ Պալեան, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է: «1824-1825»










3) ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՄԻՐԱ ՊԱԼԵԱՆ «1800-1866»

Կարապետ Ամիրա Պալեան, Գրիգոր Ամիրա Պալեանին մանչն է: Անոր, երիտասարդութեան և ուսման մասին ծանօթութիւն մը չունինք: Գրիգոր Պալեան 1831-ին մեռնելէ վերջ, Կարապետ Պալեան իր հօրը տեղը անցած է:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի շինութիւնը, Կարապետ Ամիրա Պալեանի առաջին գործը եղած է:
Կարապետ Պալեան, ոչ թէ միայն ճարտարապետութեամբ այլ՝ իր բարերարութիւններով ալ հայ ազգին ծառայած և օգտակար եղած է: Ան, Նազելի Պապաեանի հետ ամուսնացած և 10 զաւակ ունեցած է: Անոր, մանչ զաւակները՝ Նիկողոս, Սարգիս, Յակոբ և Սիմոն Պալեաններ մասնայատուկ ճարտարապետներ ըլլալով աշխատած են:
Կարապետ Ամիրա Պալեան, Պէշիկթաշի հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած է, սակայն իր դամբանը կորսուած է:
Կարապետ Պալեան, Տօլմապահջէ Պալատին ճարտարապետը ըլլալով կը յիշուի: Ան, Բ. Մահմուտ, Ապտիւլազիզ և Ապտիւլմէճիտ թագաւորներու շրջանին ճարտարապետը եղած է: Անոր, ամենէն արդիւնաբեր աշխատութիւնները, Թագաւոր Ապտիւլմէճիտի շրջանին կը հանդիպի:
Կարապետ Պալեան, մօտաւորապէս 30 տարուայ աշխատութեան շրջանին՝ 7 պալատ, 4 գործատուն, զօրանոց մը, մզկիթ մը, 2 հիւանդանոց, 3 դպրոց, 2 ջրաթումբ, 7 եկեղեցի և շատ մը բնակարաններ ծրագրելով կառուցած է:
Կարապետ Ամիրա Պալեանի շինած նշանաւոր շէնքերու ցանկը հետեւեալն է:
Տօլմապահջէ Պալատ, Զոյգ Պալատներ «Էյիւպ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Ճէմիլէ և Միւնիրէ Սուլթան Պալատներ «Ֆընտըքլը, ներկայիս՝ Ճարտարապետ Սինան Համալսարանի շէնքը», Ջըրաղան Պալատ «հինը, ներկայիս գոյութիւն չունի», Հիւնքար Ապարանք «Իզմիթ, ներկայիս թանգարան», Պայընտըր Ապարանքի նորոգութիւնը «Տօլմապահջէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Եըլտըզ Ապարանք «Ներկայիս գոյութիւն չունի», Կիւմիւշսու զօրանոց «Ներկայիս՝ Պոլսոյ Գիտարուեստական Համալսարանի շէնքը», Գուլէլի Ձիաւոր զինուորներու զօրանոց «Ներկայիս՝ զինուորական դպրոց», Տօլմապահջէ Մզկիթ, Բ. Մահմուտի Շիրիմը «Ջէմպէրլիթաշ», Մէքթէպ-ի Հարպիյէ «Ներկայիս՝ Զինուորական Թանգարան», Սիբահի Օճախ «Հարպիյէ, ներկայիս գոյութիւն չունի», Թէրքոսի Հիմնարկները «Թէրքոս», Գիրազլը Ջրաթումբ «Պահջէգիւղ», Բ. Մահմուտ Ջրաթումբ, Իզմիտի Ջուխատունը, Հէրէքէյի գործատունը, Պաքրգիւղի կտաւի գործատունը, Պէյքոզի կաշիյի գործատունը, Զէյթինպուրնու Երկաթ ու Պողպատի գործատունը, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, Ս. Յակոբ Եկեղեցին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցին «Պէշիկթաշ» Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին «Գուրուչէշմէ» Ս. Երրոդութեան Եկեղեցին «Բերա, Յովհաննէս Սէրվերեանի հետ միասին», Սէմերճեան-Ճեմարան Վարժարան «Սկիւտար»:

4) ՆԻԿՈՂՈՍ ՊԱԼԵԱՆ «1826-1858»

Նիկողոս Ամիրա Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է: Ան, Պալեան ընտանիքի՝ համաչափ դաստիարակութիւն ուսանած առաջին անհատն է:
Նիկողոս Պալեան, Փարիզի Սէնդ-Պարպէ գոլէժին մէջ ուսանած է: Ան, այդ գոլէժին նշանաւոր դաստիարակիչ ճարտարապետ Հ. Լապրուստինի սիրական աշակերտը եղած է: Նիկողոս Պալեան այս ասպարէզին մէջ կարճ կեանք մը ապրած է, սակայն շատ արդիւնաբեր աշխատութիւններ ունեցած է:
Նիկողոս Պալեանի գործերը հետեւեալներն են:
Տօլմապահջէ Պալատին մէջ հիւրանոց մը և երկու Թագաւորութեան Դռները, Ըհլամուր Ապարանք, Կէօքսու Ապարանք, Թոփհանէ Ժամացոյցի Աշտարակը, Տօլմապահջէ Ժամացոյցի աշտարակը:



5) ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼԵԱՆ «1831-1899»

Ան, թէ՛ մասնայատուկ ճարտարապետ և թէ՛ պետութեան գլխաւոր ճարտարապետ տիտղոսներու տիրացած է: Սարգիս Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
1843-ին իր եղբայրը Նիկողոս Պալեանի հետ միասին Պոլիսէն Փարիզ ուսանելու գացած են: Նիկողոս Պալեան Փարիզի մէջ հիւանդացած է: Սարգիս Պալեան, եղբօրը հիւանդութեան պատճառաւ միջոց մը իր ուսումը դադրեցնելու պարտաւոր մնացած է:
Ան, Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժը աւարտած է: Էգօլ Սանդրալի մէջ ուսանած և Էքօլ Տը Պէօքս Արդսէն 1855 թուականին շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ Պոլիս վերադարձած է:
Սարգիս Պալեան, Փարիզի մէջ թէ՛ ճարտարապետութիւն և թէ՛ ճարտարագէտութիւն դաստիարակած է: Կարգ մը մեքենագիտութեան ստեղծագործութիւններ ըրած և այս ստեղծագործութիւններուն պետական արտօնագիրն ալ առած է:
Սարգիս Պալեան, գեղարուեստը սիրած և զբաղած է: Ան գծագրութիւն և երաժշտոթիւն սիրած է: Ան, Քրիստոֆ Քոլոմպ անուն օփերա մը յօրինած է:
Սարգիս Պալեան, երկաթուղիի շինութեան, մետաղի աշխատութեան ևլն. առանձնաշնորհութիւն վայելած է, սակայն այս համարձակութեան պատճառաւ իր մասին դատ բացուած և Փարիզ աքսորուած է: Տասը տարի վերջ, Յակոբ Փաշա Գազազեանի հրամանով Պոլիս վերադարձած է: Իր կեանքին վերջին օրերը Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ անցուցած է:
Սարգիս Պալեան, ազդեցիկ բարձր նկարագրով հետաքրքրական կեանք մը ապրած է: Երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագէտութիւն, նկարչութիւն և բազմաթիւ աշխատութեան ասպարէզներու մէջ զարմանալի կարողութիւն մը ցոյց տուած է:
Իր շինած շէնքերուն մէջ հինգ հազար կամ վեց հազար աշխատաւոր աշխատցուցած է: Ան, որակը բարձր և զարմանալի արագութեամբ կառոյցներ իրագործած է:
Սարգիս Պալեան նշանաւոր բարեկամներ ալ ունեցած է: Թագուհի Էօժէնին և Յովհաննէս Այվազովսկին իր լաւ բարեկամները եղած են:
Յովհաննէս Այվազովսկի, Սարգիս Պալեանին Գուրուչէշմէ Կղզիի բնակարանին մէջ ամիս մը հիւրասիրուած և Թագաւոր Ապտիւլազիզին Տօլմապահջէ Պալատի համար ապսպրած իւղաներկ նկարները պատրաստած է:

Սարգիս Պալեանի գլխաւոր գործերը հետեւեալներն են:
Պէյլէրպէյի Պալատ, Ջըրաղան Պալատ, Ատիլէ Սուլթան Պալատ «Գանտիլլի», Եըլտըզ Պալատ, Ջատըր Ապարանք, Մալթա Ապարանք, Շալէ Ապարանք «երկրորդ մաս», Ջիթ Ապարանք, Չաղլաեան Ապարանք «Քաղըթհանէ», Այազաղա Ապարանք «Մասլաք», Քալէնտէր Ապարանք, Զինճիրլիքոյու Ապարանք, Թոքատ Ապարանք «Պէյքօզ», Ալէմտաղ Որսի Ապարանք, Ապտիւլազիզ Որսի Ապարանք «Վալիտէպաղ և Այազաղա», Սուլթան Ջիֆթլիք Ապարանք «Իզմիթ», Աքարէթներ, Վալիտէ Մզկիթ «Աքսարայ», Քաղըթհանէ Մզկիթ, Հարպիյէ Նախարարութեան Շէնք, Պահարիյէ Նախարարութեան Շէնք, Կիւմիւշսու զօրանոց, Մաջքա զինանոց, Մաջքա ոստիկանատուն, Կալաթասարայ Վարժարան, Մաքրուխեան Վարժարան «Պէշիկթաշ», Համիտիյէ Ժամացոյցի Աշտարակ «Տիգրան Գալֆա Ճիւպէրեանի հետ միասին»:

6) ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ «1837-1875»
Յակոբ Պալեան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչը և Սարգիս Պալեանին եղբայրն է: Փարիզի մէջ Սէնդ-Պարպէ Գոլէժին ճարտարապետութեան բաժինէն շրջանաւարտ եղած է:
Ան, հօրը մեռնելէն վերջ, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատիլ սկսած է: Սարգիս Պալեան գործի յարաբերութիւններն և շէնքերու աշխատութիւնները կարաւարած, իսկ Յակոբ Պալեան այս գործերուն պատկերացման ու ծրագրի պատասխանատուութեան տէր կանգնած է:
Յակոբ Պալեան, մատենագրութիւն ու թատրոն սիրած և հետաքրքրուած է: Ֆրանսերէն և ֆրանսական մատենագրութիւնը լաւ սորված է: Յակոբ Պալեան, լուսամիտ անձ մը ըլլալով ճանցուած է: Ան, Փարիզի մէջ մեռած է:

7) ՍԻՄՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «1846-1894»

Ան, Կարապետ Ամիրա Պալեանին մանչն է:
Սիմոն Պալեան, Եւրոպայի դպրոցներու մէջ ուսանած է, սակայն իր ուսանած դպրոցներու անուններուն մասին ծանօթութիւն մը չկայ:
Սիմոն Պալեան, Սարգիս Պալեանի հետ միասին աշխատած է:
Ան, լաւ գծագրիչ մըն է: Ան, ջրաներկի գիտարուեստական մասնագիտութեամբ, Պալեաններու աշխատանոցին մէջ ծրագրուած շինութիւններու երեւոյթը գծած է:
Իր ճարտարապետութեան շէնքերը հետեւեալներն են:
Մաջքա Զինանոց, Մաջքա Ոստիկանատուն, Եըլտըզ Ապարանք:

8) ԼԵՒՈՆ ՊԱԼԵԱՆ «ԺԹ. ԴԱՐ»

Ան, Նիկողոս Ամիրա Պալեանին մանչն է: Լեւոն Պալեան, Պալեան ընտանիքի վերջին սերունդ ճարտարապետն է: Ան, Փարիզի Էքօլ Տը Պէօքս Արդսի մէջ ճարտարապետութիւն ուսանած է: Իր մասին ուրիշ ծանօթութիւն մը չկայ:

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
10-Դեկտեմբեր-2010 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Tuesday, October 19, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ


Կիլիկեան Հայոց թագաւորութեան անկումէն յետոյ 1375-ին, իբր հետեւանք Փոքր Ասիոյ ամէն կողմերը կատարուող արշաւանքներու, կրօնական և մշակութային դրական գործունէութիւնը տակաւ առ տակաւ նուազեցաւ ու գրեթէ կասեցաւ մեր մէջ: Պատերազմները ոչ միայն արգելք կ'ըլլային ուսմունքով պարապելու այլ նաեւ կը ստիպէին մեր ժողովուրդը գաղթել ուրիշ երկիրներ: Այնպէս որ ԺԵ. և ԺԶ. դարերը կը նկատուին «բոլորովին անկման դարեր» ամբողջ Արեւելքի համար: ԺԵ. դարուն մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ պատահեցաւ երկու կարեւորագոյն դէպքեր. առաջինը 1441 թուին Հայրապետական Աթոռին իր սկզբնական կեդրոնը, Ս. Էջմիածին փոխադրուիլն է Կիլիկիայէն, ուր քայքայիչ քաղաքական ու կրօնական ազդակներ վտանգած էին անոր գոյութիւն և գործունէութիւնը: Երկրորդը՝ Օսմանեան Կայսրութեան նոր մայրաքաղաքին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ 1461-ին Հայ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական նոր Աթոռի մը հաստատուիլն էր: Երկու դէպքերն ալ, որքան ալ խաւար այդ դարերուն մէջ յոյսի դռներ բացած էին Հայ ժողովուրդի սիրտերուն մէջ, սակայն դժբախտաբար իրենց սկզբնական շրջանին մէջ գրեթէ ոչինչ ունին շինիչ և մխիթարական: Ընդհակառակը լեցուն են սրտմաշուք դէպքերով և խռովիչ կացութեամբ մը, որոնք արտաքին ազդակներէ աւելի ներքին պատճառներու ծնունդ են: Մեր խօսքը մասնաւորելով Օսմանեան նոր մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած եկեղեցական նոր կեդրոնի մասին, կը հաստատենք, որ անոր առաջին դարը կը յատկացուի նոր պայմաններու յարմարելու և նոր շրջանակին մէջ տեղաւորուելու աշխատանքներուն: Իսկ յաջորդ դարուն կը սկսի քանդիչ սովորութիւն մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծծէ այս Պատրիարքութեան հոգեւոր ու բարոյական կենսունակութիւնը: Այդ յոռի և քանդիչ սովորութիւնը եղաւ՝ Պատրիարքական իշխանութիւնը մէկը միւսին ձեռքէն խլելու խելայեղ մոլուցքը, ազդեցիկ ամիրաներու մեղսակցութեամբ և նախաձեռնութեամբ: 1600 թուականէն մինչեւ Կոլոտի Պատրիարքութիւնը, 115 տարիներու ընթացքին, Պատրիարքական Աթոռ ելած և իջած են 55 դէմքեր 60-70 անգամ, միջին հաշուով հազիւ երկու կամ երեք տարի պատրիարքութիւն ընելով: Հետեւաբար Պատրիարքութեան հիմնումին առաջին 250 տարիներու ընթացքին շատ քիչ է դրական ու շինիչ կրօնական ու մշակութային գործերով պարապողներուն թիւը:

Այս ընդհանուր մթութեան մէջ կը նշմարուի լոյսի նշոյլ մը Ամրտօլուի Վանքէն, Տարօն գաւառի մէջ –ուրկէ եկած էր նաեւ Ս. Մեսրոպ- որ ի վերջոյ բաւական պիտի ըլլար նոր և բոցավառ պայծառութիւն մը տալու Ս. Մեսրոպի վառած ջահին: ԺԸ. դարուն սկիզբները Տարօնէն կայծեր կը նետուին Իսթանպուլ, Երուսաղէմ և մինչեւ իսկ Էջմիածին, և ազգային ու մշակութային կեանքը նոր ուղիի մէջ կը մտնէ: 1711ին Իսթանպուլի հորիզոնին վրայ կ'երեւի նոր դէմք մը, որ իր իմացական լոյսովը ու հոգիի ջերմութեամբը կը համակէ ամէնքը, և մշակութային կեանքը պատահական ու անհատական ճիգերէ կ'ազատագրէ և կը կապէ համայնքային շարժումի մը: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏՆ է այդ լուսաւոր դէմքը որ գալով Բաղէշի Ամրտօլուի և Ս. Կարապետի վանքերէն, մաքրեց նախ ճայռոտած կտուցը պատրոյգին մեր մշակոյթին առկայծող կանթեղին, նոր բոց և կեանք տուաւ անոր, և ստոյգ անկումէ փրկեց Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթօռները, զօրացնելով նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Եթէ մեր նոր ժամանակներու վերազարթնումի նահապետը Ամրտօլուի վանահայր ՎԱՐԴԱՆ ԲԱՂԻՇԵՑԻՆ է, Արեւմտահայութեան վերազարթնումի հայրը անկասկած Վարդանի հոգեւոր որդին՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ է, որուն կը պատկանի յաւերժական ու անկապտելի փառքը Արեւմտահայութեան մտաւորական վերածնունդը սկսած ըլլալու, անոր իմացական և հոգեւոր նոր կեդրոնին՝ Իսթանպուլի մէջ:
Բաղիշեցի այս վարդապետը, ըլլալով հանդերձ ամէնէն պայծառ դէմքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներուն, միաժամանակ կարեւոր երեւոյթ մըն է, իբրեւ անոր վերազարթնումի մեծագոյն ռահվիրան:

Սրբակենցաղ վանական, քաջ քարոզիչ վարդապետ, ճարպիկ գործիչ և արդիւնաշատ մշակ, ու կատարելութեան տիպարին մօտեցող անձ մըն է Յ. Կոլոտ: Ամրացուց նախ Հայաստանեայց Եկեղեցին իր նիւթական ու հոգեւոր կառուցուածքին մէջ, Իսթանպուլէն մինչեւ Երուսաղէմ: Յաջողեցաւ խաղաղեցնել իր հօտը և վերջ տալ սպառիչ խռովութեանց և վատնիչ մսխումներու, և լարել իր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները՝ շինարար գործերու համար: 1715ին բացաւ Սկիւտարի իր հռչակաւոր «ԴԱՍԱՏՈՒՆԸ» և հասցուց մեծ թիւով աշակերտութիւն: Թարգմանել տուաւ Արեւմտեան լեզուներէն բազմաթիւ աստուածաբանական, քարոզչական, հովուական, փլիսոփայական, գիտական ու մեկնողական տարողութեամբ գիրքեր: Այսու Կոլոտ հիմնած եղաւ մեր Երրորդ Թարգմանական դպրոցը, Ոսկեդարէն ու Արծաթի դարէն յետոյ: Զարկ տուաւ տպագրութեան՝ մշակոյթի արծարծման եւ ընթերցումի տարածման այդ կարեւոր գործին: Կարճ ժամանակի մը մէջ հրապարակը ողողուեցաւ –այդ օրերու չափանիշով- բազմահատոր գիրքերով, որոնք մատչելի եղան ոչ միայն Իսթանպուլի և իր անմիջական շրջանակին, այլ նաեւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմ և Էջմիածին: Ազգային լուսաւորութեան համար Կոլոտ չբաւականացաւ լոկ թարգմանչական գործով, այլ Տարօնի իր նախկին դպրոցներէն, Ս. Կարապետէն, Ամրտօլիէն, Գլակէն և այլ վանքերէն բերել տուաւ հազուագիւտ ձեռագիրներ, մեր մատենագրութեան թանկարժէք գանձերը, և բազմագրել տուաւ զանոնք ընդօրինակութեան կարօտ ազգ մը նախ լաւ պէտք է ճանչնայ ինքզինքը, իր անցեալի մշակութային արժէքներուն մէջ: Իր թարգմանածոյ գրչագրեալ և տպագրեալ գործերով կազմեց ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ մը, զոր ժառանգ ձգեց իր դպրոցին, և որ մինչեւ մեր ժամանակները շարունակած է իր գոյութիւնը և օգտակարութիւնը:

Իր աշակերտները շարունակեցին անոր սկսած մտաւորական շարժումը, որուն առատ նիւթ մատակարարեցին Մխիթար Սեբաստացիի կրկնակ Միաբանութիւնները՝ Արեւմուտքի ընձեռած խաղաղ ու բարոյապէս նպաստեցին -թէ՛ Պոլսոյ և թէ՛ Վենետիկի մէջ- Իսթանպուլահայ ամիրաներն ու ժողովուրդը՝ իրենց մեկնաբանութեամբ, քաջալերութեամբ և ընթերցասիրութեամբ: Կոլոտով սկսած այս մտաւորական շարժումը իր ծաղկումի և փառքի ճամբուն մէջ մտաւ արդէն ԺԹ. դարուն, երբ Սահմանադրական Սերունդին ճիգերով աւելի ուժեղացաւ, տալու համար իր մեծագոյն արդիւնքները ԺԹ. դարու վերջերը և մեր դարուն սկիզբները: Այս շարժումը թափանցեց նաեւ մինչիւ հեռաւոր խորերը և խուլ անկիւնները գաւառներուն: Իսկ կեդրոնին մէջ կերտեց մեր Արեւմտահայ Արդի Գրականութեան Ոսկեդարը:

Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքներու շարքին մէջ դէմքն է: Մարդու մը մեծութիւնը կը չափուի իր կեանքով, գործունէութեամբ, արգասիքով և արտաբերած ոգիով: Այս բոլորին մէջ ալ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարք կը գտնուի գերազանց դիրքի վրայ:
Խոր յարգանք ու խանդաղատանք իր յիշատակին: Պատիւ այն ժողովուրդին որ ծնաւ՝ զայն:
Փառք Անեղին Աստուծոյ որ Իր Հոգիով լեցուն զայն և ղրկեց մեզի:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-1978

Monday, October 11, 2010

ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՕՐՈՎ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԱԾ ԿԱՄ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Երանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք նշանաւոր հանդիսացած է նաեւ իբր շինարար: Իր օրով գոյութիւն ուեցող Պոլսոյ գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիները վերաշինուած կամ վերանորոգուած են: Նկատի առնելով որ, իր օրով ալ այս նպատակով արտօնութիւն ձեռք բերելը բաւական դժուար էր, և շինութեան համար յատկացուած ժամանակամիջոցն ալ խիստ սահմանափակ, կարելի է երեւակայել թէ որքա՜ն մեծ ջանքեր ու զոհողութիւններ պահանջած են այդ վերակառուցումները, առանց խօսքն ընելու դեռ նիւթական հսկայ ծախսերուն, որոնք մեծ դժուարութիւններով ապահովուած են, յաճախ եկեղեցիները պարտքի տակ ձգելով: Բարեբախտաբար այս մարզին մէջ բազմերախտ Պատրիարքին զօրավիգ հանդիսացած են՝ արքունի ճարտարապետ Կեսարացի Սարգիս Խալֆայի (մեռած՝ 1 Մարտ 1737ին), արքունի ճարտարապետ Կեսարացի Մելիտոն Արապօղլուի (մեռած՝ 1742 տարւոյ Սեպտ.ին կամ Հոկտ.ին), արքունի վաճառապետ Ակնցի Սեղբեստրոս Ամիրա Երեւանենցի (մեռած՝ 5 Փետր. 1754ին) նման արքունիքին մէջ ազդեցիկ եղող ազգային մեծ դէմքեր:

Ա.- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
1718ին պատահած մեծ հրդեհի մը հետեւանքով այրելէ ետք՝ յաջորդ տարին վերաշինուած է Կոլոտ ու Շղթայակիր Պատրիարքներու ջանքերով և Սեղբոս Ամիրայի, Արապօղլուի, Յարութիւն Ամիրա Հովուեանի ու Սարգիս Խալֆայի աջակցութեամբ: Շինութիւնը աւարտած է 70 օրուան մէջ: Կառուցուած են երեք եկեղեցիներ, որոնցմէ միջինը՝ Ս. Աստուածածին, հարաւայինը՝ Ս. Յակոբ, իսկ հիւսիսայինն ալ Ս. Սարգիս անուանուած է: Շղթայակիր Պատրիարք գիշերանց օծած է զանոնք: Այդ թուականէն սկսեալ տաճարը «Մայր Եկեղեցի» կոչուած է («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», Ա. հատ. էջ՝ 231):

Բ.- Ս. ԳԷՈՐԳ
Նորոգուած է 1722ին հրամանառութեամբ և վերակացութեամբ Արապօղլու Մելիտոն Խալֆայի: Այս շինութեան ընթացքին Ս. Երրորդութեան ձօնուած եկեղեցի մը աւելցուած է Կոլոտ Պատրիարքի կողմէ (Հաննա վրդ., էջ՝ 170):

Գ.- Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ
Ի հիմանէ վերաշինուած է 1726ին: Օծումը կատարուած է ի ներկայութեան նորընտիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Կարապետ Ուլնեցիի: Կոլոտ Պատրիարք նորաշէն եկեղեցին կոչած է «Խնդրակատար Ս. Աստուածածին»: Աջակողմեան և ձախակողմեան երկու խորաններուն Գաբրիէլ և Միքայէլ հրեշտակապետներուն անունը տուած, հարաւային կողմն ալ Ս. Կիրակոսի անունով խորան մը շինել տուած է: Իրեն գործակցած են վերոյիշեալ բազմերախտ ազգայինները: Տաճարը նախապէս կրած է Ս. Կիրակոսի անունը:

Դ.- Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ
Հնութեան պատճառով ի հիմանէ շինուած է 1727ին: Արքունական հրամանը ստացած և ճարտարապետը եղած է վերոյիշեալ Սարգիս Խալֆան: Հաննա վրդ. նորաշէն եկեղեցին կ'անուանէ «զարմանասքանչ շինուածովք ներքոյ և արտաքոյ» («Պատմութիւն Երուսաղեմի», էջ՝ 164):

Ե.- Ս. ԽԱՉ ՍԿԻՒՏԱՐԻ
Ըստ Սարգիս դպրի նոյնպէս ի հիմանէ վերաշինուած է 1727ին: Ճարտարապետը՝ Գուզկունճուք բնակող վերոյիշեալ Սարգիս Խալֆան պիտի ըլլայ («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», հտ. Գ., էջ՝ 76):

Զ.- Ս. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԽԱՍԳԻՒՂԻ
Այս եկեղեցին հիմնուած է 1703ին («Պատմութիւն Ստանպօլոյ», հտ. Բ., էջ՝ 427): Մեզի ծանօթ առաջին հիշատակութիւնը կատարուած է 1705ին, թէ՛ Ս. Եղիայի և թէ՛ Ս. Ստեփաննոսի անունով, ձեռագիրի մը մէջ գտնուող երկու տարբեր յիշատակագրութիւններու մէջ: Կոլոտի օրով վերաշինուած է 1727ին, ըստ Գէորգ Դպիր Պալաթեցիի (Ձեռագիր թիւ 779 Վիեննայի Մխիթարեանց Մատենադարանին, թղ. 90ա): Տօքթ. Վ. Թորգոմեան վերաշինութեան 1728ին (նշ. աշխ. էջ՝ 425), իսկ Հրանդ Ասատուր ալ 1729ին կատարուած ըլլալը յիշատակած են («Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132): Շինութեան արտօնագիրը ստացած է Հաճի Յարութիւն Թէվէքէլլիօղլու:

Է.- Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ
Այրած է 16 Յուլիս 1729ին: 70 օրուան մէջ վերաշինուած է յաջորդ տարի, եռապատիկ աւելի ընդարձակ՝ քան նախկինը: Շինութեան արտօնութիւնը ստացած է Սեղբոս Ամիրա: Ճարտարապետը եղած է Արապօղլու Մելիտոն, որ եկեղեցիին մօտ կառուցած է քարուկիր փառաւոր բնակարան մը (Հաննա վրդ., էջ՝ 167-168, նաև «Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132):

Ը.- Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՂԱԼԱԹԻՈՅ
Այրած է 1731ին, Ս. Գր. Լուսաւորչի Պահքի օրերուն: Շինութեան արտօնագիրը առնուած է 15 Դեկտ. 1732ին, ձեռամբ Սեղբոս Ամիրայի: Շինութեան գլխաւոր ճարտարապետը եղած է քարուկիր, կամարակապ կապարածածկ փառաւոր ու աննման շէնք մը: Իսկ քովի երկուքը փայտաշէն կառուցուած են: Ներքին պատերը զարդարուած են սուրբերու պատկերներով, զորս գծած է Կեսարացի հռչակաւոր արքունի նկարիչ Բարսեղի եղբայրը՝ Եսայի Ծաղկարար: Օծումը կատարուած է 1733 տարւոյ Ս. Գր. Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին օրը, ձեռամբ Կոլոտ Պատրիարքի («Պատմութիւն Ստանպօլոյ» էջ՝ 488-492, նաև «Կ. Պօլսոյ Հայերը», էջ՝ 132-133):

Thursday, September 16, 2010

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ


Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք նշանաւոր հանդիսացած է նաեւ իր հասցուցած բազմաթիւ աշակերտներով, որոնցմէ շատեր, թէ՛ իր կենդանութեան, և թէ՛ մահուընէ ետք կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած են Հայ ազգին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ և Հայ մշակոյթին: Ասոնց մեծամասնութեան կեանքն ու գործերը առաւել կամ նուազ չափով հանրածանօթ են. սակայն ոմանք ալ պատմութեան թանձր մշուշին և նոյնիսկ խաւարին տակ թողուած են, և միայն անունները ծանօթ են: Եթէ բազմերախտ մշակութային գործիչ Սարգիս Դպիր Սարրաֆ-Յովհաննէս-Հովուեան
«1730-1805» ջանադիր եղած չըլլար անոնց ցանկը պատրաստելու, ոմանց անուններն անգամ անծանօթ պիտի մնային:
1735ին Պոլսոյ մէջ ընդօրինակուած Երուսաղէմի թիւ 407 ձեռագրին յիշատակարանին մէջ, Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներուն մասին հետեւեալ շահեկան տողերը արձանագրուած են:

«Քանզի այս վարդապետ Յովհաննէս յորժամ նստաւ ի Կ. Պոլիս, իւր բարեսէր բարուքն կարգեաց դպրոցս և ժողովեաց բազում ուշիմ մանկունս ըստ Սրբոց հարցն Սահակայ և Մեսրոպայ, և ետ ընթեռնուլ զհանճարս փիլիսոփայական արհեստից, և ի գիրս Աստուածային Կտակարանացն՝ Հնոց և Նորոց, և բազում վարդապետք ելին փարթամացեալք իմաստութեամբ և քարոզութեամբ իբրեւ զարեգակունս փայլէին ընդ ամենայն աշխարհս Հայոց»:

Սարգիս Դպրի վերոյիշեալ ցանկը լոյս տեսած է Կիւլէսէրեանի «1868-1936» 1904ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսած «Կոլոտ Յովհաննէս Պատրիարք» մենագրութեան մէջ «էջ՝ 70-72»:

7-Սեպտեմբեր-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

«Ա.» ԱԴԱՄ ԱՐՔ. «1710-1776»

Ծնած է մօտաւորապէս 1710ին և վախճանած՝ Երուսաղեմ 1776ին:
Վարած է Երուսաղեմի Աթոռին Րումելիի և Խրիմի նուիրակութիւնը և այդ առթիւ 1735ին ժողովրդային նուիրատուութեամբ Ս. Յակոբայ վանքին համար շինել տուած է ոսկեայ և ականազարդ սկիհ մը (Ձեռագիր թիւ 532 Երուսաղէմի, նաեւ «Միաբանք և Այցելուք» էջ՝ 9-10): 1751ին Արքեպիսկոպոս և Խրիմու առաջնորդ եղած միջոցին նորոգած է տեղւոյն Ս. Խաչ աթոռանիստ վանքը («Կենս. Սարգիս Արք. ի Սարրաֆեան» էջ՝ 384): 1772 Նոյ. ի սկիզբը Իսմայիլէն Պոլիս եկած է «անդ. էջ՝ 327»:
1734ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած և Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներուն բանաստեղծութիւնները պարունակող տաղարանին մէջ իր տաղերուն ալ կը հանդիպինք: Սոյն թուականին իբր աբեղայ յիշուած է («Կ. Պոլսոյ Հայերը և իրենց պատրիարքները», էջ՝ 136):
1746ին Ակնայ առաջնորդ ըլլալով կը յիշուի Ադամ վարդապետ մը, որ հաւանաբար նոյնն է այս անձին հետ («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 376, նաեւ «Հայ Հանրագիտակ», էջ՝ 34ա):

«Բ» ԱՒԵՏԻՔ ԱՐՔ. «1710-1780»

Ըստ մեր կողմէ կարդացուած Էտիրնէգափուի Հայոց Գերեզմանատունը գտնուող տապանաքարին արձանագրութեան, ծնած է Պոլիս 1710ին և վախճանած է անդ՝ 1780ին:
Կնիքին համաձայն վարդապետ ձեռնադրուած է 1736ին («Շողակաթ», 1957, էջ՝ 270): Հակառակ որ կնիքին վրայ վարդապետ ըլլալով յիշուած է, ծննդեան թուականը Օրմանեանի ծանօթ չըլլալուն, զայն եպիսկոպոսական կնիքը կարծած է: 1738ին կամ 1739ին Կեսարիոյ առաջնորդ եղած է («Կենս. Սարգիս Արք. ի Սարրաֆեան», էջ՝ 179): 1766էն մինչեւ իր մահը Նիկոմիդիոյ առաջնորդ և Արմաշու վանահայր եղած է: 1772 տարւոյ Հոկտ. ի վերջերը Նիկոմիդիայէն Պոլիս եկած՝ և մի քանի օր ետք վերադարձած է («Կենս. Սարգիս Արք.ի Սարրաֆեան» էջ՝ 327): Ըստ Մելքոն-Ասատուրի, 1775ին Պալաթ թաղի քարոզիչ եղած է («Երեքդարեան պատմութիւն Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ» էջ՝ 347):

«Գ» ԳԷՈՐԳ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Իր հետքը կարելի չեղաւ գտնել: Թերեւս 1758ին Երուսաղէմի Աթոռին Պոլսոյ փոխանորդն ըլլալով յիշուող Գէորգ վարդապետն է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 67):

«Դ» ԳՐԻԳՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

«Խուզի» մակդիրով յիշուող այս աշակերտին ալ ինքնութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել: Աղաւնունի կը յիշէ Ակնայ Խոզագարակ գիւղէն Գրիգոր վարդապետ մը, որ 1742ին Երուսաղէմ վախճանած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 99, նաեւ Սաւալանեանց, «Պատմութիւն Երուսաղէմի», հտ. Բ., էջ՝ 1269): Թերեւս «Խոզագրակցի»ն կրճատուելով եղած է «Խուզի», եթէ թրքեդէն «գուզու» (գառնուկ) բառը չէ:

«Ե» ԵՐԵՄԻԱ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ծնած է մօտաւորապէս ԺԷ. դարու վերջերը: 1719ին «Տէր Երեմիա» բացատրութեամբ կը յիշուի Զենոբ Գլակի յիշատակարանին մէջ: Յաջորդիւ, 1720ին, Երուսաղէմի թիւ 1917 ձեռագրին ստացողի յիշատակարանին մէջ ալ «նորանուէր աբեղայ» ըլլալով յիշուած է: Իսկ 1723ին լոյս տեսած «Հարանց վարք»ին յիշատակարանին համեմատ, նոյն տարին վարդապետ ձեռնադրուած պիտի ըլլայ:
1725ին Պոլսէն Երուսաղէմ գացած միջոցին, Իզմիրի առջեւ ընկղմած ուխտաւորներու նաւուն մէջ գտնուող, Ստանպօլցի Երեմիա վրդ. մը յիշուած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 137-138): Կը խորհինք թէ այս անձը նոյնն է վերոյիշեալին հետ, որովհետեւ այնուհետեւ իր յիշատակութեան չենք հանդիպիր:

«Զ» ԹՈՎՄԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ծնած պիտի ըլլայ մօտաւորապէս ԺԷ. դարու վերջերը: 1719ին նոյնպէս «Տէր Թովմաս» ըլլալով յիշուած է Զենոբ Գլակի յիշատակարանին մէջ: 1720ին ալ, Երուսաղէմի թիւ 1917 ձեռագրին ստացողի յիշատակարանին մէջ, «նորանուէր աբեղայ» յիշուած է: Իսկ 1723ին լոյս տեսած «Հարանց վարք»ին յիշատակարանին համեմատ, նոյն տարին պէտք է որ վարդապետ ձեռնադրուած ըլլայ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1726 տարւոյ Մարտ ամսուն սկիզբները Պոլսոյ մէջ Կարապետ Ուլնեցի Կաթողիկոսէն («Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 130, նաեւ Կիւլէսէրեան «Կոլոտ», էջ՝ 27):
1734ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած տաղարանին մէջ իր ալ տաղերուն կը հանդիպինք: Նոյնպէս 1768ին Պոլիս տպագրուած Պաղտասար Դպրի Տաղարանին մէջ, «Թ. Վ.» սկզբնատառերով տաղերու հեղինակն ալ շատ հաւանաբար ինքն է:

«Է» ԿԱՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ

Այս եկեղեցականը հաւանաբար Երուսաղէմի Ռումանիոյ նուիրակ այն Կարապետ վարդապետն է, որ 1750 տարւոյ Սեպ.ին, Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարք Նալեանի կողմէ՝ Ս. Յակոբայ Աթոռոյն Պոլսոյ փոխանորդ կարգուած է (Սաւալանեանց, էջ՝ 754):

«Ը» ՂԱԶԱՐ ԱՐՔ. ՊՈՆՏՈՍԵԱՆ

Անծանօթ պատճառաւ մը «Անմարմին» յորջորջուած այս աշակերտը, եղած է Տրապիզոնի առաջնորդ և այս պատճառաւ «Պոնտոսեան» կոչուած է: 1733 տարւոյ Յուլիսին Կոլոտ պատրիարքի կողմէ ինքն ալ Երուսաղէմ ղրկուած է, Հաննա եպսկ.ի մահուան առթիւ Շղթայակիր պատրիարքը մխիթարելու համար (Սաւալանեանց, էջ՝ 713): 1741 տարւոյ Փետր.ի սկիզբը, առաջնորդ եղած ատեն Ղազար Կաթողիկոսէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Էջմիածնի մէջ: 1750ին երբ դեռ Տրապիզոնի առաջնորդ էր, իբր ուխտաւոր Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքը այցելած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 229): 1760ին Վենետիկ գացած է («Հայ Վենետ», էջ՝ 343): 15 Մայիս 1764ին Հռովմ կը գտնուէր: Իսկ 7 Յունիս 1766ին ալ Անքոնա էր («Կենս. Սարգիս Արք. ի Սարրաֆեան», էջ՝ 315-316): Հոն ապրած է մինչեւ մահը, որ տեղի ունեցած է 18 Փետր. 1783ին («Սիսական», էջ՝ 452):

«Թ» ՂԱԶԱՐ ՎՐԴ. ՄՇԱԿ

Այս եկեղեցականին ալ հետքը կարելի չեղաւ գտնել:

«Ժ» ՄԱՆՈՒԷԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Այս աշակերտին յիշատակութիւնը անգամ մը միայն կատարուած է: 2 Ապրիլ 1727ին, երբ Լատինաց եպիսկոպոսը նորապսակ Կարապետ Կաթողիկոսի և Կոլոտ պատրիարքի այցելելու նպատակաւ Պատրիարքարան կուգայ, հետեւեալ օրը պատրիարքական փոխանորդ Մանուէլ Վրդ. փոխ այցելութեան կը ղրկուի («Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 131, նաեւ «Ազգապատում», հտ. Բ., գլ. 1953): Օրմանեան պատրիարք, պատրիարքական փոխանորդ ըլլալը չէ յիշատակած:

«ԺԱ» ՅԱԿՈԲ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՆԱԼԵԱՆ «1701-1764»

Ծնած է Տիվրիկի կամ Ակնայ գիւղաքաղաքը, իբր 1701ին, և վախճանած՝ 19 Յուլիս 1764ին Գումգաբուի Երուսաղէմատունը: Թաղուած է Բանկալթըի երբեմնի Հայոց Գերեզմանատունը, Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Կաթողիկոսին առընթեր: Շուրջ 1940ին իր տապանաքարն ալ, ի չարս այլ եկեղեցականներու, Շիշլի փոխադրուած է:
Ըստ Յ. Մրմրեանի, 14 տարեկանին Սեբաստիա անցած և անկէ ալ ոստայնանկի մը թեւարկութեամբ Պոլիս եկած է («Ստուերք հին դէմքերու» էջ՝ 19): Նախ աշակերտած է Պաղտասար դպրի «1683-1768» և յետոյ մտած է Կոլոտ պատրիարքի հիմնած դպրատունը: 1728ին վարդապետ ձեռնադրուած է ըստ կնիքին, և սոյն թիւին տպագրուած «Կոչումն ընծայութեան» գրքին յիշատակարանին մէջ «Նորընծայ ու բանասէր» բացատրութեամբ յիշուած է: 1730ին եպիսկոպոս ըլլալով իր անուան կը հանդիպինք Ազգ. Մատենադարանին թիւ 110 ձեռնագրին յիշատակարանին մէջ: 1731ին Սարրաֆեանի հետ Կեսարիա մեկնած է: 1732ին Երուսաղէմ այցելած է («Կ. Պոլսոյ Հայերը» էջ՝ 138): 1733 տարւոյ Յուլիսին Կոլոտ պատրիարքի կողմէ՝ իր երեք այլ ձեռնասուններուն հետ Երուսաղէմ ղրկուած է, Հաննա Եպսկ.ի մահուան՝ Գ. Շղթայակիր պատրիարքի պատճառած վիշտը ամոքելու համար: Այս առթիւ իրմէ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը և «Աստուածաբան» կոչումը: Զինքը նշանակած է նաեւ միաբան և իրեն յանձնած՝ Ս. Աթոռին գործերը (Սաւալանեանց, էջ՝ 713): 1735ին Գաղատիոյ առաջնորդ ընտրուած է և պաշտօնավարած՝ մինչեւ 1738 թուականը: 1740ին Շղթայակիր Պատրիարքի կողմէ Երուսաղեմի Աթոռին Պոլսոյ փոխանորդը կարգուած է: Նոյն տարին Կոլոտ Պատրիարքի ալ փոխանորդը եղած է: 15 Փետր. 1741ին իրեն յաջորդած է: 1746ին նորոգել տուած է Սկիւտարի Երուսաղեմի վանքը («Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 144): Սոյն թուականներուն Գումգափու փոխադրել տուած է Կոլոտ Պատրիարքի ձեռամբ հաստատուած Դպրատունը, ուր ինքն ալ դասախօսած է: 1748ին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ժողով գումարելով որոշած է Պետրոս Քիւթիւր և Սահակ Ահագին վարդապետները Էջմիածին ղրկել, բարեկարգութեան համար: Պաշտօնավարած է մինչեւ 26 Մարտ 1749 թուականը: Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուած է 13 Ապրիլ 1749ին: Պոլսէն Երուսաղէմ մեկնած է նոյն տարւոյ Դեկտ.ին: Հոն հասած է 1750 տարւոյ Մարտի վերջերը, կամ Ապրիլի սկիզբները: 1751ին երբ Եաղուպ Ամիրա Երուսաղէմ այցելած է, իրմէ խնդրած է որպէսզի Գէորգ Ղափանցիի տեղ զինքը Պոլսոյ պատրիարք կարգէ: Ան ալ ընդունելով իր բաղձանքը, 1752 տարւոյ Մայիսին միասնաբար Պոլիս վերադարձած են (Սաւալանեանց, էջ՝ 758): 16 Մայիս 1752ին պաշտօնապէս գահակալած է: 15 Մայիս 1764 առողջական պատճառներով հրաժարելով, իրեն յաջորդած է Գրիգոր Վրդ. Պասմաճեան: 17 Մայիս 1764ին ալ Սկիւտարի Երուսաղէմի վանքը քաշուած է:
Թողած է կտակ մը որբ աղջիկներու օժիտին, որբ ու չքաւոր տղոց ուսման և Սկիւտարի նոր թաղը աղբիւրի մը շինութեան համար («Ազգապատում», գլ. 2082): Ի կենդանութեան Սկիւտարի Սէլամսըզ թաղն ալ աղբիւր մը շինել տուած է («Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 144):
Նալեան Պատրիարք նշանաւոր հանդիսացած է մանաւանդ իբր մատենագիր, աստուածաբան, բանաստեղծ ու աշխարհագիր: Ունեցած է տպագիր ու ձեռագիր մատեաններէ բաղկացած ճոխ գրադարան մը, զոր նուիրած է Մայր Եկեղեցւոյ:
Հասցուցած է նաեւ բաւական թուով աշակերտներ, որոնց անունները նոյնպէս կը պարտինք Սարգիս Դպրի («Ազգապատում», գլ. 2082): Ասոնցմէ միմիայն Աթանաս Արք. Յիշատակելի հետք մը թողած է իբր Նիկոմիդիոյ առաջնորդ: Պաշտօնավարած է 1758էն մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցած է Նիկոմիդիոյ մէջ 1766ին («Շողակաթ», 1957, էջ՝ 216-218):

Իր հրատարակուած գործերը, ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են.
1. «Գիրգ կոչեցեալ վէմ հաւատոյ», 1733, 660 էջ:
2. «Գիրք կոչեցեալ Քրիստոնէական», 1737, 429 էջ:
Բ. տպ. 1747ին: Գ. տպ. 1806ին:
3. «Մեկնութիւն Նարեկի» 1745, 1136 էջ:
4. «Գրքուկս կոչեցեալ հոգեշահ», 1746, 76 էջ:
Բ. տպ. Նոր Նախիջեւան, 1794, 72 էջ:
5. «Գրքուկս կոչեցեալ ճրագ ճշմարտութեան», 1756, 368 էջ:
6. «Գիրք կոչեցեալ զէն հոգեւոր», 1757, 616 էջ:
Բ. տպ. 1787, 616 էջ: Գ. տպ. 1820, 312 էջ: Դ. տպ. 1844, 373 էջ:
7. «Գիրք կոչեցեալ գանձարան ծանուցմանց», 1758, 848 էջ:
8. «Գիրք աղօթից ամենայն անձանց հարկաւոր», 1760, 192 էջ:

1734ին լոյս տեսած տաղարանին մէջ իր տաղերուն ալ կը հանդիպինք:
Իսկ անտիպ մնացած գլխաւոր գործերն ալ, այբուբենական կարգով հետեւեալներն են.

1. «Աստուածաբանութիւն», բուն ձեռագիրը կը գտնուի Երուսաղէմ («Ստուերք հին դէմքերու», էջ՝ 23):
2. «Գիրք եօթն խորհրդոց», ձեռագիր թիւ 24 Ազգ. Մատենադարանի, 1754, 571 էջ:
3. «Համաբարբառ Նարեկի», ձեռագիր թիւ 28 Ազգ. Մատենադարանի, անթուակիր, 234 էջ:
ԾԱՆՕԹ.- Հեղինակը թէեւ չէ յիշուած, սակայն ըստ Կիւլէսէրեանի՝ գրչութիւնը Նալեանինն է:
4. «Հաւաքումն թարգմանօրէն ի Ճիհաննիւմայէն», ձեռագիր թիւ 60 Ազգ. Մատենադարանի, 1757, 472 էջ:
5. «Մեկնութիւն Սիրաքայ», ձեռագիր թիւ 1052 Վիեննայի Մխիթարեանց, 1823, 896 էջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ղուկաս Վրդ.ի թարգմանութեամբ ալ «Մեկնութիւն Սիրաքայ» անունը կրող գործ մը կայ (Տե՛ս ձեռագիր թիւ 17 Ազգ. Մատենադարանի):
6. «Ողբ կամ կտակ Աւագ Ուրբաթու», ձեռագիր թիւ 276 Ազգ. Մատենադարանի, անթուակիր, 14 էջ:
7. «Փոքր քարոզգիրք», ձեռագիր թիւ 34 Ազգ. Մատենադարանի, անթուակիր, 80 էջ:
ԾԱՆՕԹ.- Հեղինակին Նալեան ըլլալը որոշապէս չէ նշուած:
8. «Քարոզգիրք Կիւրակէից», ձեռագիր թիւ 36 Ազգ. Մատենադարանի, 1755-1758, 856 էջ: Բ. օրինակ ձեռագիր թիւ 52-374 Նոր Ջուղայի, Պոլիս, 1770, 418 թերթ: Գ. օրինակ Ռուսճուքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Եւդոկիա, 1789, 1024 էջ:
9. «Քարոզգիրք արտաքոյ Կիւրակէից», ձեռագիր թիւ 37 Ազգ. Մատենադարանի, անթուակիր, 512 էջ:
Յակոբ Պատրիարք Նալեան, 1 Մարտ 1737ին տեղի ունեցած Արքունի ճարտարապետ Կեսարացի Սարգիս Խալֆայի մահէն ետք, Երուսաղէմի վագֆի միւթէվէլլի ալ եղած է:

«ԺԲ» ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱԼԱԹԵՑԻ «1705-1752»

Ծնած է Պոլիս մօտաւորապէս 1705ին և վախճանած անդ 15 Դեկտ. 1752ին, Երեքշաբթի օր ժամը 10ին, ինչպէս որ արձանագրուած է Պալըգլըի գերեզմանատան իր տապանաքարին վրայ, որ մեր կողմէ երեւան հանուած է 1950ական թուականներուն:
Աբեղայ ձեռնադրուած է 1726 տարւոյ աշնան: 1730ին արդէն վարդապետ, պատրիարքական փոխանորդ և Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ քարոզիչ էր («Երեքդարեան պատմութիւն Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ», էջ՝ 90 և 347): 1733ին ալ եպիսկոպոս ըլլալով յիշուած է Նոր Ջուղայի թիւ 51 ձեռագիրը եղող «Բանք ոսկիականք»ի յիշատակարանին մէջ: Իսկ 1738ին ալ արքեպիսկոպոս ըլլալով յիշուած է («Պատմութիւն Մայր Եկեղեցւոյ», էջ՝ 58-59): 1741ին, Կոլոտի մահէն ետք, Նալեանի օրով ալ պատրիարքական փոխանորդ եղած է: Իսկ երրորդ անգամ՝ Մինաս Ակնեցիի ընտրութենէն ետք, 8 Ապրիլ 1749ին, պետական վաւերացումով պատրիարքական փոխանորդ եղած է («Ազգապատում» գլ. 2029), որովհետեւ Մինաս Ակնեցին այդ միջոցին Էրզուրում գտնուելով, անմիջապէս չէ կարողացած գահակալել:
Յարութիւն Արք. ծանօթ է նաեւ իբր մեկենաս՝ տպագիր ու ձեռագիր մատեաններու, որոնց միջեւ կ'արժէ յիշել մանաւանդ 1745ին Գաբրիէլ Դպիր Բարսեղեանի տպարանէն լոյս տեսած «Մեկնութիւն Նարեկի» ստուարածաւալ հատորը:
Ան թողած է նաեւ քանի մը կրօնական տաղեր, որոնք լոյս տեսած են 1734ին տպագրուած տաղարանին մէջ:
Ունեցած է երկու աշակերտներ, որոնցմէ առաջինն է Յովհաննէս եպսկ. Պալաթեցին (+ 1750), իսկ երկրորդը՝ Եւդոկիացի Սարգիս Աւագ Սարկաւագ (1720-1800): Առաջինը թաղուած է Էտիրնէգաբու, իսկ երկրորդը՝ Բանկալթը:
Յարութիւն Արք. Պալաթեցի իր բարեհամբոյր բնաւորութեան պատճառաւ «հեզահոգի» յորջորջուած է: Իսկ տապանագիրը զինքը կը նմանցնէ տատրակի:

«ԺԳ» ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՍԱՆՏԱԼՃԸՕՂԼՈՒ

Այս աշակերտն ալ իր մականունով ծանօթ չէ: Կոլոտի և Նալեանի օրով Յարութիւն անունը կրող քանի մը եկեղեցականներ եւս կը յիշուին, բացի Պալաթեցիէն: Ասոնցմէ ամէնէն հաւանականը Յարութիւն Արք. Կրետացին է, որ 1737ին Երուսաղէմի Աթոռին Ռումանիոյ նուիրակն էր («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 342): 1741ին ալ Նալեան պատրիարքի կողմէ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ ընտրուած է («Շողակաթ», 1957, էջ՝ 143): Հաւանաբար նոյն անձն է Գր. Շղթայակիր Պատրիարքի 18 Փետր. և 24 Օգոստ. 1739, նաեւ 15 Փետր. 1740 թթ. Պոլսէն Երուսաղէմ գրած նամակներուն մէջ յիշուած Յարութիւն վարդապետը («Սիոն», 1973, էջ՝ 261, 262, 270):

«ԺԴ» ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ «ԺԵ» ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. Սէտէֆճիօղլու «ԺԶ» ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԱՂԱՒՆԻ

Վերոյիշեալ երեք Յովհաննէս վարդապետներն ալ կարելի չեղաւ ճշդել իրենց մականուններով: Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտն ըլլալով կը յիշուին երկու Յովհաննէս վարդապետներ, որոնցմէ առաջինը Կեսարացի է, իսկ երկրորդը՝ Պոլսեցի:
Կոլոտ Պատրիարքի աշակերտներէն Յովհաննէս վարդապետի մը յիշատակութեան կը հանդիպինք առաջին անգամ 1733 տարւոյ Յուլիսին, երբ ան Նալեանի և Պողոս ու Ղուկաս վարդապետներուն հետ գինքն ալ Երուսաղէմ կը ղրկէ, Հաննա Եպսկ.ի մահուան առթիւ Շղթայակիր Պատրիարքը մխիթարելու համար (Սաւալանեանց, էջ՝ 713):
Յետոյ՝ 1734ին լոյս տեսած Կոլոտի աշակերտներուն տաղարանին մէջ Յովհաննէս աբեղայի մը տաղերուն ալ կը հանդիպինք: Այս վերջինը պէտք է որ Կեսարացի ըլլայ, որովհետեւ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, գրական գործունէութիւն ալ ունեցած է:
Նաեւ Շղթայակիր Պատրիարքի 1736-1740 թթ. Պոլսէն Երուսաղէմ գրած նամակները, ի մէջ այլոց ուղղուած են նաեւ Յովհաննէս վարդապետի մը, որ հաւանաբար Կեսարացին է:

Յովհաննէս վրդ. Կեսարացի 1749ին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան փոխանորդ և աթոռակալ եղած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 381): Հրաժարած է 1752 տարւոյ Մայիսին կամ Յունիսին (Սաւալանեանց, էջ՝ 758): 1756 տարւոյ Մայիսին սկիզբները Նալեանի խնդրանքով դարձեալ սոյն պաշտօնները ստանձնած է (անդ, էջ՝ 759): Երուսաղէմի թիւ 14 ձեռագրին մէջ, 1765ին «վէքիլ» և ծերունի ըլլալով յիշուած է:
Իր գործերը հետեւեալներն են. 1750ին Նալեանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան օրով և անոր թելադրութեամբ, հայատառ թրքերէնի վերածած է Քեաթիպ Չէլէպիի «Պատմութեան Ճերմակ Ծովուն» (Թուհֆէթ իւլ քիպար ֆի էսֆար իլ պիհար) գործը (ձեռագիր թիւ 2066 Երուսաղէմի): 1753ին թրքերէնէ հայերէնի թարգմանած է «Պատմութիւն գիւտոյ Ամերիկայի» գիրքը (Ձեռագիր թիւ 14 Երուսաղեմի Բ. մաս): 1765ին ալ Կարապետ Պատրիարքի (1761-1768) խնդրանքով Քեաթիպ Չէլէպիի «Օսմանեան թագաւորներու պատմութիւն»ը հայատառ թրքերէնի վերածած է (Ձեռագիր թիւ 14 Երուսաղէմի, նաեւ «Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 381): Իսկ 1767ին գրի առած է «Պատմութիւն վիճոյն վասն գերեզմանին Ս. Աստուածածնի» շուրջ 25 էջնոց աշխատութիւնը (Ձեռագիր թիւ 532 Երուսաղէմի):
Երուսաղէմի թիւ 2726 ձեռագիր խորհրդատետրին մէջ 1718ին Կեսարիոյ Եւքառայ գիւղաքաղաքը կը յիշուի Կեսարացի Յովհաննէս վարդապետ մը: Եթէ այս երկուքը նոյն անձն են, զայն կրնանք նկատել Կոլոտ Պատրիարքի հնագոյն աշակերտը:
Իսկ Յովհաննէս վրդ. Պոլսեցի, ըստ Սաւալանեանցի՝ հասած է Սկիւտարի Դպրատունէն (էջ՝ 736): 1740ին ընդօրինակած է Երուսաղէմի թիւ 789 ձեռագիր ժողովածուն:

«ԺԷ» ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՏԻՎՐԻԿՑԻ

1756ին Երուսաղէմի Միջագետքի նուիրակ ըլլալով յիշուած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 418): Հաւանաբար նոյն անձն է՝ իրմէ առաջ յիշուող Երուսաղէմի միաբան Պետրոս վարդապետը, որ պաշտօնով 1745ին Պաղտատ գտնուած է:

«ԺԸ» ՊԵՏՕ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ի յիշատակութեան կարելի չեղաւ հանդիպիլ:

«ԺԹ» ՊՕՂՈՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ծնած է շուրջ 1710ին: 1734ին աբեղայ ըլլալով յիշուած է Պոլսատիպ տաղարանին մէջ: 1733 տարւոյ Յուլիսին, Նալեանի և Յովհաննէս ու Ղազար վարդապետներուն հետ, Կոլոտ Պատրիարքի կողմէ Երուսաղէմ ղրկուած է, Հաննա վարդապետի մահուան առթիւ Շղթայակիր Պատրիարքը մխիթարելու համար (Սաւալանեանց, էջ՝ 713):

«Ի» ՍԱՀԱԿ ԱՐՔ. ՔՂԵՑԻ

Ծննդեան թուականը անծանօթ է: 1736ին Յարութիւն Պալաթեցիի, Նալեան և Յակոբ վրդ. Պալաթեցիի հետ, Կոլոտ Պատրիարքի կողմէ Քիւթահիա ղրկուած է, Շղթայակիր Պատրիարքը դիմաւորելու համար: 1737ին Էրզուրումի առաջնորդ էր («Ազգապատում», գլ. 1992): 1754ին ալ Իզմիրի առաջնորդ էր («Կենս. Սարգիս Արք.ի Սարրաֆեան» էջ՝ 260): 1755ին Պոլիս եկած է (անդ. էջ՝ 276): 1756 տարւոյ Փետր.ին («Ազգապատում» գլ. 2043) և կամ 20 Յունիս 1756ին («Կենս.» էջ՝ 359) Պոլսոյ մէջ Էջմիածնի կաթողիկոս ընտրուած է: Սակայն օծում չէ կատարուած և 21 ամիս Պոլիս (Չամիչեան, Գ. հտ. Էջ՝ 865, նաեւ «Կ. Պոլսոյ Հայերը», էջ՝ 142) և վերջն ալ Կարին մնացած է: Վախճանած է 22 Փետրուար 1763ին: Թաղուած է Մուտուրկա գիւղի Ս. Լուսաւորիչ վանքին բակը:
Իր թելադրութեամբ, Սարգիս Արք. Սարրաֆեան 1750ին Վենետիկի մէջ լոյս ընծայած է «Գիրք օրինակաց և նմանութեանց» հատորը: Բարձրաձայն քարոզելուն համար «Ահագին» կոչուած է:

«ԻԱ» ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՐՔ. ԵՐԶՆԿԱՑԻ «1706-1786»

Ծնած է 1706ին և վախճանած Խասգիւղ 1786ին: Թաղուած է տեղւոյն գերեզմանատունը: Դամբարանը մինչեւ օրս պահպանուած է:
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1749ին («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 446): 1752-1756 թթ. միջեւ Երուսաղէմի Պոլսոյ փոխանորդութիւնը վարած է: Նոյն թուականներուն Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ ալ եղած է: 1756ին Պրուսայի առաջնորդ ընտրուած է: 1754ին մերժած է Պոլսոյ պատրիարքութիւնը («Շողակաթ» 1957, էջ՝ 270 բ): Նոյնպէս 1764ին Նալեանի կողմէ Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռը իրեն առաջարկուած է, սակայն չէ ընդունած («Ազգապատում», գլ. 2080): 1767ին Երուսաղէմ այցելած և Կարապետ պատրիարք Գանձակեցիին յուղարկաւորութեան նախագահած է («Միաբանք և Այցելուք» էջ՝ 446):
7 Նոյ. 1772ին Պրուսայէն Պոլիս եկած է («Կենս. Սարգիս Արք. Սարրաֆեան», էջ՝ 265): 4 Դեկտ. 1772ին Մարսիլիա մեկնած է: 22 Դեկտեմբերին Մալթա կղզին հասած է («Ազգապատում», գլ. 2144): 3 Մայիս 1773ին Հռովմ ժամանած է («Կենս.», էջ՝ 272): 18 Հոկտ. 1773ին Վենետիկ գտնուած է (անդ. էջ՝ 273): 1774-1775 թթ. Հրովմի ձեռնագրիչ եպիսկոպոս ըլլալով յիշուած է («Ազգապատում», գլ. 2144): Պոլիս վերադարձած է 1775 տարւոյ վերջերը, կամ 1776ի սկիզբները («Կենս.», էջ՝ 314): 1776 տարւոյ Ապրիլ-Յունիս ամիսներուն Պրուսայի մէջ յիշուած է (անդ.): 1780էն մինչեւ մահը Խասգիւղի քարոզիչ եղած է:
1780ին յօրինած է «Կրթութիւն մտածական», «Ջերմեռանդութեան աղօթից տետր» և «Կրթութիւն եօթանց խորհրդոց» աշխատութիւնները («Լոյս» 1905, էջ՝ 967, նաեւ «Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 447):
Ըստ Կիւլէսէրեանի (Լոյս», 1905, էջ՝ 967) ինք է որ Պրուսայի մէջ մկրտութեան տոմարը հաստատած է: Ըստ Գալէմքեարեանի ալ «Լաճեան» մականունը կրած է («Կենս., էջ՝ 314):

«ԻԲ» ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՔ. ՍԱՐՐԱՖԵԱՆ «1699-1773»

Որդին է Ակնցի սարրաֆ Ալեքսանի և Պոլսեցի Թագուհիի: Աշխարհական եղած ատեն ալ Սարգիս անունը կրած է: Ծնած է Էտիրնէ 1699 տարւոյ Փետրուար ամսուն և վախճանած՝ Լիվոռնօ 2 Հոկտ. 1773ին: Թաղուած է տեղւոյն Հայոց Եկեղեցին:
Փոքր տարիքին ծնողքին հետ Պոլիս վերադարձած է: Ուսանելէ և չափահաս ըլլալէ ետք՝ միջոց մը ոսկերչութեամբ զբաղած է: 1719ին Կոլոտ Պատրիարքի հիմնած դպրոցը մուտք գործած է («Միաբանք և Այցելուք», էջ՝ 463): Նոյն տարին դպրութեան չորս աստիճանները ստացած է: 1722ին Աւագ Սարկաւագ, 1725ին աբեղայ և 1726ին ալ վարդապետ ձեռնադրուած է: Այնուհետեւ Պոլսոյ եկեղեցիներուն քարոզիչ եղած է: 1730ին Պոլսոյ Կեսարացիներուն խնդրանքով Կեսարիոյ առաջնորդ ընտրուած է: 1731ին Նալեանի հետ Կեսարիա մեկնած է: Ս. Կարապետ Վանքին պարտքերը վճարելու համար Ատանայի և Հալէպի կողմերը նուիրահաւաքութիւն կատարած է: 25 Նոյ. 1734ին, նորօծ Աբրահամ Կաթողիկոսէն Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս օծուած է: 1735ին Պոլիս վերադառնալով Կեսարիա մեկնած է: 1736ին, Երուսաղէմի Յունաց խնդրին պատճառաւ Կոլոտ և Շղթայակիր Պատրիարքներու հրահանգով Պոլիս եկած է: 1738ին Նալեանի տեղ Գաղատիոյ առաջնորդ կարգուած է: 1741ին, Կոլոտի մահէն քիչ առաջ Պոլիս վերադարձած է: Ապա հրաժարած է Գաղատիոյ առաջնորդութենէն: 1742ին, Շղթայակիր Պատրիարքի կողմէ իբր Երուսաղէմի Աթոռին Զմիւռնիոյ նուիրակ նշանակուած է: 1744ին այնտեղէն Վենետիկ մեկնած, 1745ին ալ Վենետիկէն Հռովմ անցած է: Ծրագրած է հոն հայկական վարժարան մը հաստատել, սակայն չէ յաջողած: Ասոր փոխարէն՝ 1749ին տպարան մը հաստատած և քանի մը գիրքեր տպագրած է:

1754ին ծերունի մայրը տեսնելու նպատակով կ’որոշէ Պոլիս վերադառնալ: Նախ կ'անցնի Լիվոռնօ: Յետոյ Իզմիր կը ժամանէ: Նոյն տարւոյ աշնան Պրուսա կը մեկնի: Անկէ ալ Պոլիս կը վերադառնայ: Վենետիկէն քաղաքս բերել կու տայ իր տպարանը: Ապա Ռոտոսթոյի (Թէքիրտաղ) առաջնորդ կ'ընտրուի: Յետոյ Պոլիս կուգայ՝ Նալեան պատրիարքի դէմ գրած ծանր մէկ գրութեան համար շքեղանք յայտնելու: Անբաստանութեան մը պատճառով Նալեան զինքը Թէքիրտաղի և Իզմիրի ճամբով աքսորել կուտայ Կիպրոս կղզին, ուր կը մնայ ամիս մը: Յետոյ կը ժամանէ Քիոս կղզին (Սագըզ ատասը): Հոն ոչ կալանաւորեալ մնալու համար նոր հրաման մը կուգայ Նալեան պատրիարքի միջամտութեամբ: Քիչ ետք Պոլսոյ հայ իշխանաւորներու միջամտութեամբ ազատ արձակուելով, տարի մը ետք Պոլիս կը վերադառնայ: Նալեան զինքը Եւդոկիոյ առաջնորդ կը նշանակէ, սակայն ան կը մերժէ: Ապա Սկիւտարի, 1756ին Պալաթու («Երեքդարեան պատմ. Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ», էջ՝ 347) և յետոյ Ղալաթիոյ թաղերուն քարոզիչ կը կարգուի: Մերձ ի մահ, Նալեան պատրիարքական աթոռը իրեն կ'առաջարկէ, սակայն դարձեալ կը մերժուի: Նալեան պատրիարքի յուղարկաւորութեան դամբանախօս կ'ըլլայ: 1766ին Էջմիածնի նուիրակ Յարութիւն Արք. Բասենցիի Ղալաթիա բնակիլը անհրաժեշտ դառնալով, ինք կը ստիպուի լքել իր խուցը և կը հաստատուի Օրթագիւղ, ուր քարոզիչ կ'ըլլայ: Հոն իրեն կ'աշակերտէ Յովհ. Վրդ. Նուրտինեան (1747-1803), որ տաղաչափեալ կերպով գրի առած է իր կենսագրութիւնը: 1908ին Հ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Գալէմքեարեան ընդարձակ ծանօթագրութիւններով զայն լոյս ընծայած է Վիեննայի մէջ: 1771ին Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցի իրեն կ’առաջարկէ Էջմիածնի Պոլսոյ նուիրակութիւնը, սակայն ծերութեանը պատճառով կը մերժէ:
29 Սեպտ. 1772ին գաղտնօրէն կը մեկնի Մարսիլիա, ուր կը հասնի 24 օր ետք: Քառասուն օր հոն մնալէ վերջ կը ժամանէ Անթիպ, Ճենովա, Բիզա և վերջապէս Լիվոռնօ: Կը տառապի ջրգողութենէ: Նուրտինեան պատրաստել կուտայ իր փոքրագիր և մեծագիր կենդանագիրները, որոնք դժբախտաբար անյայտացած են: Տապանագիրն ալ ինք գրի առած է:
Սարգիս Արք. Սարրաֆեան նշանաւոր հանդիսացած է իբր պերճախօս քարոզիչ և «Շնորհալի» անուանուած է:

«ԻԳ» ՍՏԵՓԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ «1710-1781»

Ծնած է մօտաւորապէս 1710ին: 1734 թուակիր տաղարանին մէջ ինք ալ հրատարակուած տաղեր ունի: Սոյն թուականին աբեղայ ըլլալով յիշուած է: 1763ին իբր Գաղատիոյ առաջնորդ կը յիշուի Ստեփան վարդապետ մը, զոր Գալէմքեարեան հաւանական կը նկատէ Կոլոտի աշակերտ եղող այս անձն ըլլալը («Կենս.», էջ՝ 384): Վախճանած է 1781 տարւոյ սկիզբները («Ազգապատում», Գլ. 2155):
Սարգիս դպիր յանուանէ յիշած է նաեւ Կոլոտ պատրիարքի չորս սարկաւագ աշակերտները, ՄԱՐՏԻՐՈՍ, որ սարկաւագ մնաց, ՊԵՏՐՈՍ Սրկ. Թերզիօղլու, ՊՕՂՈՍ Սրկ. Ախըրդրան, ԿԱՐԱՊԵՏ Սրկ. Չիլինկիրեան: Այս վերջին երեքը Նալեան Պատրիարքէն ձեռնադրուած են:

ԿԱՐԾԵՑԵԱԼ ԱՇԱԿԵՐՏ ՄԸ ՅԱԿՈԲ ՎՐԴ. ՊԱԼԱԹԵՑԻ

Այս աշակերտը Սարգիս Դպրի կողմէ չէ յիշուած: Զայն Կոլոտի աշակերտը նկատած են Աղաւնունի և Օրմանեան, հիմնուելով հետեւեալ իրողութեան վրայ:
Շղթայակիր Պատրիարք 1736ին Պոլիս եկած ատեն, երբ Քիւթահիա կը հասնի, Կոլոտ պատրիարք զինքը դիմաւորելու համար հոն կը ղրկէ չորս վարդապետներ, որոնք են՝ Յարութիւն Պալաթեցին, Նալեանը, Սահակ Ահագինը և Յակոբ Պալաթեցին («Սիօն», 1866, էջ՝ 125): Նկատելով որ առաջին երեքը իր աշակերտներն են, վերջինն ալ իր աշակերտը կարծուած է: Մինչդեռ Շղթայակիր աշակերտի խօսք չէ ըրած, այլ միայն «զչորսին զգլխաւոր վարդապետն» բառերը գործած է:
Յակոբ Պալաթեցիին, Կոլոտի աշակերտ ըլլալը արդէն հնարաւոր չէ, որովհետեւ Կոլոտի վարդապետ ձեռնադրութենէն երեք տարի առաջ, այսինքն 1697ին, ան արդէն վարդապետ ըլլալով յիշուած է, երբ Գալուստ Կայծակ պատրիարքը զինքը փոխանորդ ըլլալով Երուսաղէմ կը ղրկէ (Սաւալանեանց, էջ՝ 652):
Յակոբ վրդ. Պալաթեցի վախճանած է 1738ին Երուսաղէմ, ուր և թաղուած է (անդ, էջ՝ 1269): Տապանագրին մէջ լուսարար և բազմախատ նուիրակ ըլլալով յիշուած է: Տարիքը դժբախտաբար չէ արձանագրուած:

Օրհնեա՜լ ըլլայ բոլորին ալ յիշատակը:

Friday, September 3, 2010

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ԲԱՂԻՇԵՑԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԵԱՆՔԻ ԼՈՒՍԱՇԱՒԻՂԸ 1678-1741


Յարգելի ընթերցող,

Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը իր գոյութեան տեւողութեան ունեցած է շատ արժէքաւոր գահակալներ:
Այդ արժէքներու մէջ բացառիկներէն մին է Աթոռին՝ ըստ Օրմանեանի Ազգապատումին 72-րդ, ըստ Պատրիարքարանի ցանկին 49-րդ գահակալը՝ Տէր Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցին, որ տակաւին 37 տարեկան ու վարդապետ, իր վարչական կարողութիւններուն և պայծառամտութեան պատճառով, 1715-ին գահ կը բարձրացուի: 1726-ին Պոլսոյ մէջ, Կարապետ Բ. Ուլեցի կաթողիկոսէ «1726-1729» եպիսկոպոս կ'օծուի: Որպէս գահակալ կը վախճանի 1741-ին, երբ տակաւին 63 տարու էր: Եթէ երկար կեանք ունենար Աթոռը կրնար շատ աւելի բարգաւաճիլ:
Այսպէս փայլուն անձեր յիշատակել մեր հաւաքական յիշողութիւնը կը թարմացնէ, որով յարմար նկատեցի 1978-ին հրատարակուած գրութիւն մը կայքէջիս միջոցաւ ձեր ուշադրութեան յանձնել:


Շուշան Գորտոնճիեան

* * *


Յովհաննէս Կոլոտ ծնած է Բաղէշ «Պիթլիս» 1678-ին: Իր մանկութեան, ծնողներուն և ընտանեկան պարագաներուն մասին ծանօթութիւններ չունինք: Գիտենք միայն հօրը անունը՝ Մխիթար:
Կոլոտի կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Ամրտօլի նշանաւոր վանքին մէջ, որուն բարեհամբաւ վանահայրն էր Վարդան Վրդ. Բաղիշեցի:
Յովհաննու Կարապետ Ամլորդւոյ այս վանքը, ծանօթ նաեւ Ամրտօլի վանք անունով, շատ կարեւոր դեր խաղացած է Հայ դպրութեան պատմութեան մէջ ԺԶ-ԺԸ. դարերու ընթացքին, կերպով մը համալսարանի դեր կատարելով, ուր Սուրբ Գրոց դասաւանդութեանց առընթեր, մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր նաեւ իմաստասիրութեան և տրամաբանութեան ճիւղերուն:
Հակառակ վանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պահպանողական և յետադիմական մտայնութեան, մենաստանը, շնորհիւ կորովի վանահօր՝ Վարդան Վրդ.ի անձնդիր ջանքերուն, կրցած է առողջ և հիմնական դաստիարակութիւն մը տալ հոյլ մը ուսումնատենչ աշակերտներու, որոնց մէջ էր նաեւ Կոլոտ:
Աբեղայ ձեռնադրուած ըլլալը կ'ենթադրուի 1698-ին՝ Վարդան Վրդ.է, իսկ վարդապետական գաւազանը առած՝ 1708-ին, Գրիգոր Շիրվանցի Վրդ.է, Մուշի Ս. Կարապետ Վանքին մէջ:
Վանահայր Վարդան Վրդ. կը վախճանի 1704 Մարտ 31-ին, յառաջացած տարիքի մէջ: Կոլոտ ու իր ուսումնակից ընկերները՝ ընկճուած սուգի մորմոքէն, երբ կը խորհէին Ամրտօլի ապագային մասին, խաւարամիտ խմբակը, արդէն իսկ դուրս ելած իր թաքստոցէն, համարձակօրէն հանդէս կուգար գործադրելու համար իր մութ ծրագիրը, որ էր՝ «Հայ վարդապետը բանտուած պահել իր սահմանափակ ծիրին մէջ»:
Ամրտօլի վանքը իրերամերժ ներքին հոսանքներէն պարտասած՝ կը սկսի գահաւիժիլ իր երբեմնի նախանձելի բարձունքէն, ու Կոլոտ դեռ 27 տարեկան երիտասարդ վարդապետ, սրտաբեկ բայց վճռակամ՝ կ'արհամարհէ խուլ պայքարին դժբախտ հեղինակները ու կը հեռանայ իր սրբազան օճախէն, փոքրաթիւ խումբով մը:
«Եւ յետ որոյ վեհազն հովուիս մերոյ առ Տէր գնալոյ, ցրուեցան գառինք ողջամիտք» կ'ըսէ Կոլոտ:
Լուսամիտ խմբակը, գլխաւորութեամբ Գրիգոր Վրդ. Շիրվանցիի, կը դիմէ Մշոյ Ս. Կարապետ «Գլակայ» վանքը, ուր կը վայելէ հայրական հովանաւորութիւնը Կարապետ Եպիսկոպոս Վանահօր: Հոս գնահատուելով իրենց կարողութիւնը, նոյն և յաջորդ քանի մը ձմեռները քարոզչութեան կը ղրկուին մօտագայ վիճակները ու սրտեռանդն կ'աշխատին վանքին պարտքերը բառնալու: Ջանքերը կը սկսի իրենց բարերար արդիւնքները պարքեւել ու վանքը տակաւ կը թեթեւնայ պարտքերու ծանրութենէն, երբ 1708 Մայիս 16-ին երկրաշարժ մը վերստին կը կործանէ տաճարին գմբէթը և վանքին գլխաւոր մասերը:
Գրեթէ նոյն ժամանակին կը զուգադիպի վանահօր Կարապետ Սրբազանի վախճանումը, և նոյն պաշտօնին կ'ընտրուի Շիրվանցի Գրիգոր Վրդ.ը, միաբանութեան համախորհուրդ հաւանութեամբ:
Քանդուած կամ վնասուած տեղերուն շուտափոյթ նորոգութեան ձեռնարկը նոր պարտքերու դուռ կը բանայ: Նորընտիր վանահայր Գրիգոր Վրդ. կ'անցնի Խրիմ, իսկ Կոլոտ՝ Կ. Պոլիս «1712», հանգանակութեան համար: Կոլոտ Պոլսոյ մէջ ասպնջանակութիւն կը գտնէ Սեբաստացի Գասպարի քով, որ ժամանակի ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն մէկը պէտք է եղած ըլլայ: Օրուան Պատրիարքը Սահակ Ապուչեխցի աջակից կ'ըլլայ Կոլոտի, որ Պոլսոյ մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին աչքառու կը դառնայ որպէս եռանդուն ու պերճախօս վարդապետ: Իր շնորհալի անձին ու բարեմասնութիւններուն հմայքը, ինչպէս նաեւ անկեղծ նուիրումը իր ընդգրկած հոգեւոր ասպարէզին, սիրելի կը դարձնեն զինքը ազգային բոլոր խաւերուն: Հանգանակութիւնը կ'ըլլայ անսպասելիօրէն արդիւնաւոր, այս մասին Կոլոտ հետեւեալ բառերով կ'արտայայտուի.
«զԱստուածասէր ժողովուրդսն, որք ետուն զողորմութիւն լիալիր և զբազում յիշատակս զարդուց սրբոյ տաճարին. որովք և ազատեցաւՍուրբ վանքն ի բազմատոկոս պարտուցն»:
Ալեկոծ ու խառնակ վիճակ մը կը ներկայացնէ Պոլիսը այդ օրերուն, որով Կոլոտի համակրական շրջանակը չի թողուր որ ան Տարօն վերադառնայ: Հայոց Պատրիարքութիւնը, ազդեցիկ ամիրաներու, դիրքի տէր մեծահարուստներու կամայական կարգադրութիւններով կը կառավարուէր: Եպիսկոպոսներ փառատենչիկ նկատումներով իրարու ձեռքէ կը խլէին Աթոռը:
Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնն ալ անփառունակ վիճակի մը մատնուած էր, մասնաւորաբար աշխարհական գործակալներու պատճառով, որոնք սահման չէին դներ իրենց չարաշահութիւններուն մէջ: Անոնք լիազօրուած Պոլսոյ Պատրիարքարանէն՝ ծանօթ էին Վէքիլ, Նազըր կամ Պապա յորջորջումներով: Վտանքաւոր ու վնասակար դէմքեր եղան ասոնք. գձուձ և շուկայիկ նկատումներով ձեռք երկարեցին վանքին տոմարներուն, կուտակուած պարտքերու վրայ նոր պարտքեր բարդեցին անհամար զեղծումներով, միշտ իրենց անձնական շահը գերադաս համարելով:
Այս անկազմակերպ ու անկերպարան վիճակը լրջօրէն կը մտահոգէր Սահակ Պատրիարքը, որ իր խորհրդականներով կ'որոշէ Կոլոտը ղրկել Երուսաղէմ, վստահելով անոր վարչական անվիճելի կարողութիւններուն: Կոլոտ, «Աթոռակալ և Վէքիլ» ըլլալով 1713-ին կ'ուղեւորի Երուսաղէմ, հոն վերահասու կը դառնայ աղիտալի կացութեան, շուտափոյթ ժողով կը գումարէ սրտցաւ միաբաններու հետ, յարմարագոյն ու արմատական դարմանը գտնելու համար: Այս շրջանին կը զուգադիպի Պատրիարքի փոփոխութիւնը Պոլսոյ մէջ. Սահակ Ամուչեխցիի հրաժարումով՝ իրեն կը յաջորդէ Յովհաննէս Գանձակեցի, 28 Մարտ 1714-ին:
Նոր Պատրիարքը առաջնահերթ կարգադրութեամբ Երուսաղէմ կ'ուղարկէ չորս գործակալներ՝ իբր Պապա կամ ղապզի մալ, որոնք իրենց նախորդներուն պէս չեն վարանիր ըստ կամս գործելէ, նոյնիսկ կը ծախեն վանքին վերաբերեալ ինչքերը: Միւս կողմէ պահանջատէրերն ալ ամէն միջոցներու դիմելով կ'ապահովեն Երուսաղէմի կալուածներուն վաճառման վճիռը: Կոլոտ առանց յուսալքուելու կը դիմէ պատկան իշխանութեան և անձամբ հետապնդելով գործը՝ վերջապէս դատարանի «հէօճէթ»ով երաշխաւոր կ'ըլլայ չորս տարի յետաձգելու վճռին գործադրութիւնը: Քաջալերուած այս նպաստաւոր արդիւնքէն, Կոլոտ կը կոտրէ «օրթայի մէօհիւր» ըսուած հասարակաց կնիքը, զոր անբարեխիղճ ձեռքեր սանձարձակ ու անհաշիւ կը գործածէին ի վնաս վանքին:
Կոլոտ վանքէն ներս ալ տեղին միջոցառումներով ու տնօրինութիւններով բարեկարգումները լրացնելէ վերջ, ղեկը կը յանձնէ իրեն հաւատարիմ ու համախոհ միաբաններու, և 1715-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Սրբազան բեմերէն իրապաշտ գիծերով կը նկարագրէ Երուսաղէմի անկեալ վիճակը, միանգամայն կոչում ընելով Պոլսահայ նուիրատու ոգիին: Ասկէ զատ, բառնալու համար Երուսաղէմի Պատրիարքութեան տնտեսական անկանոն և կամայական մատակարարութիւնը, ջերմօրէն կը ջատագովէ Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ երկու Աթոռներուն իրարմէ անկախ Պատրիարքութիւններու վերածումի անհրաժեշտութիւնը, մինչ այս երկուքը Աւետիք Պատրիարքէն ի վեր միացեալ միակ Աթոռ մը կը ձեւացնէին:
Առաջարկը կը քննուի և կ'ընդունուի, պայմանաւ որ Կոլոտ յօժարի ստանձնել Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը և Երուսաղէմի Պատրիարքը ինք ընտրէ՝ համաձայն իր փափաքին: Կոլոտ նախ անդուրդուելի կը մնայ՝ մերժելով այս պատասխանատու պաշտօնը, բայց յետոյ տեղի կուտայ՝ թաբանձագին խնդրանքներու առջեւ: Իսկ նախորդ Պատրիարք Յովհաննէս Գանձակեցին կը հարկադրուի հրաժարիլ, առանց դժկամակութեան:
Կոլոտ, 37 տարեկան ժողովրդական դէմք մը, հանդիսաւորապէս կը բարձրանայ Պատրիարքական Աթոռը՝ 9 Սեպտ. 1715 Ուրբաթ օր: Հետեւեալ օրն իսկ կը պատարագէ և իբր Երուսաղէմի Պատրիարք կը յիշատակէ «Տէր Գրիգոր Աստուածաբան վարդապետը» Մշոյ Ս. Կարապետին վանահայրը: Կոլոտ, կանխելու համար որեւէ հաւանական մերժում Գրիգորի կողմէ, կը դիմէ Ս. Էջմիածնի Աստուածատուր Կաթողիկոսին, խնդրելով որ անյապաղ վաւերացնէ այդ պաշտօնը: Որով, Գրիգոր, որ հետագային «Շղթայակիր» կոչումը պիտի առնէ, տեղի կուտայ և կ'ընդունի պարտադիր պաշտօնը:
Կոլոտ իր հետեւորդներով Էտիրնէ կ'երթայ՝ թէ՛ իր և թէ՛ Գրիգորի ընտրութեան զոյգ վաւերացումները «Կայսերական Իրատէ»ով պաշտօնականացնելու համար: Երուսաղէմի նորընտիր Պատրիարքը Գրիգոր Շիրվանցի, 1717 Օգոստոս 18ին, Վերափոխման տօնին Պոլիս կը հասնի ու կը դիմաւորուի իր նախկին ընկերոջ՝ Յովհաննէս Պատրիարքի կողմէ:
Այսպէսով Երուսաղէմի և Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները պատմական ու խիզախ որոշումով մը թէեւ կը բաժնուին իրարմէ, բայց երկու մեծանուն Պատրիարքները, սրտով ու մտքով միացած, ռահվիրաները կը հանդիսանան անվհատ ու համերաշխ գործակծութեան մը: Գրիգոր Պատրիարք շղթայ մը կ'անցնէ վիզէն և կ'ուխտէ այդ շղթան չհանել, մինչեւ որ Երուսաղէմի մեծագումար պարտքը վճարուի: Ութ տարի շարունակ այն շղթան համբերատարութեամբ կրելէ վերջ, Գրիգոր Շղթայակիր, Կարապետ Ուլնեցի Կաթողիկոսին հրամանով, 1726-ին միայն կը հանէ զայն: Երուսաղէմ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ Շղթայակիրի կատարած բարերար դերը, բայց պէտք է ընդունիլ որ, այն շինարար գործը զոր կատարեց Շղթայակիր, հետեւանքն է մանաւանդ Կոլոտ Պատրիարքի հեռատես ու համակարգող ջանքերուն:
Կոլոտի և Շղթայակիրի սերտ գործակցութիւնը լաւագոյն առիթ մը եղաւ, որ Երուսաղէմի միաբանութիւնը կրթական ու վարչական զարթօնք մը ստեղծէ ու վանքը տանի մշակութային բարձրութեան մը: Այս վերելքին քովն ի վեր ազդու միջոցներ ձեռք կ'առնուին Ս. Յակոբայ իրաւունքները բռնաբարող Յունաց ոտնձգութիւններուն դէմ: Կոլոտ 23 Դեկտեմբեր 1739ին Շղթայակիրին հետ Սուլթան Մահմուտ Ա. Կայսրէն կ'ապահովէ նոյն իրաւունքները վերահաստատող հրովարտակը:
Կոլոտի Պատրիարքութիւնը կը շարունակուի եկեղացական, կրթական, շինարարական ու մշակութային կալուածներու մէջ յարաշխատ գործունէութեամբ: 11 տարիներ կ'անցնին և դեռ վարդապետական աստիճան միայն ունի Կոլոտ. բազմազբաղ վիճակը առիթ չի տար Էջմիածին երթալով եպիսկոպոսանալու:
1725 Հոկտեմբեր 10ին կը վախճանի Ս. Էջմիածնի Աստուածատուր Կաթողիկոսը: Կոլոտ ժողով կը գումարէ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ կ'ըլլան Պոլիս գտնուող եպիսկոպոսներ, վարդապետներ ու երեւելի աշխարհականներ և Կաթողիկոս կ'ընտրեն Անկիւրիոյ «Անգարա» առաջնորդ՝ Ուլնեցի Կարապետ եպիսկոպոսը, որ 1726 Փետրուար 27ին, Մայր եկեղեցւոյ մէջ 12 եպիսկոպոսներով կաթողիկոս կ'օծուի մեծ հանդիսաւորութեամբ: Երեք օր վերջ «12 Մարտ» նորընտիր Հայրապետը, եպիսկոպոս կ'օծէ Պոլսոյ Պատրիարք Յովհաննէս Կոլոտ վարդապետը:
Կոլոտի կեանքի հատորը ծաւալուն է ու պերճաբան: Ան մեզի կը ներկայանայ մերթ իբր յանդուգն բարենորոգիչ կամ անխոնջ շինարար, մերթ իբր հեռատես քաղաքաքէտ գործիչ կամ ներհուն գրասէր: Այս բոլոր մարզերէն ներս ալ ան նախախնամական դեր ունեցած է ԺԷ. դարու Արեւմտահայ կեանքին մէջ:
Իր բազմակողմանի ձեռքերուն քով կայ և կը մնայ այն մէկը՝ զոր Կոլոտ իրաւամբ կ'արժեցնէ իբր անբասիր ու նուիրեալ հայ հոգեւորական: Ամրտօլի երբեմնի խոնարհ վարդապետն է ան, որ բարձրագոյն պաշտօնի բարձունքէն ալ չ'ուզեր անտեսել կրօնքի ու հաւատքի ճշմարիտ սերմանող մը ըլլալու աւագ պարտականութիւնը:
Իր հաղորդական բնաւորութեամբ, խոհականութեամբ ու գիտակից վարուելակերպով կը գնահատուի ու կը սիրուի Սուլթան Ահմէթ Գ. և Սուլթան Մահմուտ Ա. կայսրերէն, անոնց Եպարքոսներէն ու Պետական բարձր պաշտօնատարներէն, կը սիրուի ու կը յարգուի ժողովրդային բոլոր խաւերէն և օտար շրջանակներէն:
1741 Փետրուար 12ին, Կոլոտ Պատրիարք կը վախճանի 63 տարեկան, երբ դեռ ազգը շատ բաներ կ'ակնկալէր իր հովուապետէն, անոր անվիճելի փորձառութիւններէն:
Մեծահանդէս կը թաղուի Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւագ դրան հարաւային կողմը: Կոլոտ մասնաւոր սէր ու հոգածութիւն ունեցած է այս պատմական եկեղեցիին հանդէպ, որուն վերաշինութեան աշխատանքներուն անձամբ հսկած է նոյնիսկ, անուանի ճարտարապետ Սարգիս Խալֆային հետ: Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին երբ կրկին կը վերաշինուի 1965ին, մեծանուն Պատրիարքին գերեզմանը կը տեղափոխուի ու կ'ամփոփուի զանգակատան ներքեւ յատկապէս շինուած դամբարանին մէջ:

1-Սեպտեմբեր-2010 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, August 24, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ







Ոգելից ըմպելիին դիմելու գլխաւոր պատճառը, սրտանց ու անկեղծ վարուելու ցանկութիւնն է: Վերջապէս առիթէն օգտուելով յանցանքը անոր վրայ նետելու հնարաւորութիւնն ալ անվարձ...
ՄԻԿՆՕՆ ՄՔԼՕԺԼԻՆ

Այգիներուն մէջ երեք տեսակ խաղող կը մշակուի:
Առաջինը հաճոյք, երկրորդը գինովութիւն իսկ վերջինը պժգանք է:
ԱՆԱՐՇԻՍ

Ընդունիլ պէտք է, որ ոգելից ըմպելին կեանքի գործողութեան տոկալու ամենալաւ զգայազրկութիւնն է:
ՊԷՐՆԱՐՏ ՇԱՎ

Միշտ իմանալ ուզած եմ: Արդեօք, գինիի վաճառական մը իր ծախած գինիէն աւելի թանկագին ի՞նչ բան գնել կ'ուզէ:
ԷՕՄԷՐ ՀԱՅՅԱՄ

Աստուած մեզ շատ կը սիրէ և երջանիկ տեսնել կ'ուզէ: Աստուծոյ այս ցանկութեան ամենալաւ փաստը գինին է:
ՊԷՆԺԱՄԻՆ ՖՐԱՆՔԼԻՆ

Մարդ արարածը իր ապրած կեանքին մէջ, անպայման որեւէ բանի մը կը հաւատայ: Օրինակի համար, ես վստահ եմ և կը հաւատամ թէ բաժակ մը եւս ոգելից ըմպելի պիտի խմեմ:
Վ. ՖԻԷԼՏՍ

Ոգելից ըմպելին, մեր ամենամեծ թշնամին կրնայ ըլլալ, բայց Սուրբ Գիրքը կ'ըսէ. «Ձեր թշնամին սիրեցէք»:
ՖՐԱՆՔ ՍԻՆԱԹՐԱ

Ես շատ կը նախանձիմ այն մարդիկը, որ հնարաւորութիւնը ունին ոգելից ըմպելին խմելու: Անոնք, նուազագոյն իւրաքանչիւր վնասակար գործի համար, ինչ բան յանցաւոր պիտի հանեն շատ լաւ գիտեն:
ՕՍՔԱՐ ԼԷՎԱՆԹ

Ընդունիլ պէտք է, որ ոգելից ըմպելին իմ կեանքէն շատ բան յափշտակեց: Սակայն ես, իր յափշտակածէն շատ աւելին ստացայ:
ՈՒԻՆՍԹՕՆ ՋԷՕՐՋԻԼ

Ոգելից ըմպելին, մարդոց կեանքին վրայ երբեք բան մը չաւելցներ: Ան, միմիայն այդ տպաւորութիւնը կուտայ:
ՖԻՆԼԷՅ ՓԷԹԷՐ ՏՕՆՆԷ

Եթէ գինովութեան վերջաւորութիւնը գլխացաւ չըլլար, ոգելից ըմպելին լաւ վարք ու բարք պիտի նկատուէր:
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՒԹԼԷՐ

Երբ երիտասարդ էի, յօժարակամ, իրիկուան ճաշէն առաջ ուժեղ բաներ մը խմելու սովորութիւնը ունէի: Ներկայիս, այս սովորութիւնը նախաճաշէն առաջ չկատարելու համար ճիգ կը թափեմ:
ՈՒԻՆՍԹՕՆ ՋԷՕՐՋԻԼ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
20-Օգոստոս-2010 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Saturday, July 31, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ




Սովորութիւնները, կամ ծառաներուն ամենալաւն է կամ թէ զարգացած անձերուն ամենավատը:
ՆԱԹԱՆԷԼ ԷՄՄՕՆՍ

Բնութեան համաձայն կը մտածենք, կանոններու համաձայն կը խօսինք: Սակայն մեր սովորութիւններուն ուղղութեամբ կը շարժինք:
ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՍՕՆ

Մեր սովորութիւններն են, որ աշխարհը կը կառաւարեն: Մեր զգացումներուն և վարմունքներուն ստեղծած անգութ բռնակալութիւնը բոլոր աշխարհի վրայ կ'իշխէ:
ՃՈՆ ՊԱՐԹԼԷԹ

Մաքուր բանի մը տիրանալու համար, անպայման ուրիշ բան մը կ'աղտոտենք:
ՍԷՍԻԼ ՊԱՔՍԹԷՐ

Հարկաւորութիւնները, ոչ թէ բնական միտումէ յառաջ կու գան, այլ մեր դաստիարակութիւններէ և սովորութիւններէ մէջտեղ կ'ելլեն:
ՀԷՆՐԻ ՖԷԼՏԻՆԿ

Մարդկային բնութիւնը բոլորովին իրար կը նմանի: Մեր սովորութիւններն են որ անոնք կ'անջատեն:
ՔՈՆՖԻՉՅԻՒՍ

Լաւ սովորութիւններ ստացէք, որպէսզի անոնք ալ ձեզի մէջտեղ հանեն:
ՓԱՐՔՍ ՔՈՒՍԻՆՍ

Սովորութիւնները նկարագրի կը ձեւափոխուին:
ՕՎԻՏ

Յոգնութիւնը, գինովութենէն շատ աւելի բարձր գովասանքի չարժանանար: Որովհետեւ երկուքն ալ վնասակար սովորութիւններու ապացոյցերն են:
Լ. Ժ. ՖՐԷՄԱՆ

Այս աշխարհը շահագրգռող ամենադժբախտ դէպքը սա է.
Լաւ սովորութիւններէ հրաժարիլ շատ աւելի դիւրին է, քան թէ վնասակար սովորութիւններէ:
ՍՕՄԷՐՍԷԹ ՄՈՒԿՀԱՄ

Եթէ վնասակար սովորութենէ մը փրկուիլ կ'ուզես, երբեք անոր մի հանդիպիր:
ՃԷՅՄՍ ԲԷՆՆԷՅ

Սովորութիւններու շղթան մինչեւ որ չկոտրելու չափ ուժեղ վիճակի չհասնի, անոր տկարութիւնը չենք զգար:
ՃՈՆՍԸՆ

Սովորութիւնը, բանալին կորսուած ձեռնակապ մըն է:
ԱՄՕՍ ԲԱՐԻՇ

Մարդ արարածին սովորութիւներն ու վարվելակերպը, ճիւղի մը տերեւներուն կը նմանի: Մէկը կ'երթայ, նորը կու գայ:
ՏԱՆԹԷ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
27-Յուլիս-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, July 7, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ











ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ

Երբ հանգստեան կոչուիք, ձեր տնօրէնը կը փոխուի: Ձեր գործի տնօրէնին իշխանութենէն կ'ազատիք, սակայն ձեզի հետ ամուսնացողին իշխանութեան տակ կը մտնէք:
ՃԷՆԻ ՓԵՐՐԷԹ

Հանգստեան կոչուիլ, ձեր կեանքին ամենալաւագոյն գործը կրնայ ըլլալ:
ՃՈՐՃ ՖՈՒԼՄՕՐ

Հանգստեան կոչուելուն ամենամեծ հարցը, արձակուրդի իրաւունքէն զրկուելու հարցն է:
ԱՊԷ ԼԷՄՕՆՍ

Հանգստեան կոչուելէ վերջ, բազմաթիւ դասընթացքներու մասնակցեցայ: Անոնց «թեթեւ մրափ» կ'ըսեն:
ՄԵՐԻ ՊՐՕՎՆՎՕՐԹ

Նշմարեցի, որ հանգստեան կոչուիլ կրկնապատիկ յոգնութիւն մըն է եղեր: Նախ և առաջ աշխատելէ, յետոյ ալ՝ չաշխատելէ կը յոգնիմ:
ՌԻՋԱՐՏ ԱՐՄՈՒՐ

Ուշ կամ կանուխ, օր մը պիտի մեռնիմ, բայց երբեք հանգստեան չի պիտի կոչուիմ:
ՄԱՐԿԱՐԷԹ ՄԷՏ

Հանգստեան կոչուած մէկու մը համար ժամանակը մեծ արժէք ուենալէ կը դադրի, սակայն բարեկամները ընդհանրապէս իրեն ժամացոյց կը նուիրեն:
Ռ. ՇԷՐԻՖ

Հանգստեան պիտի կոչուիմ, բայց «շաբաթավերջ հասկացողութիւնը» բոլորովին պիտի ոչնչացնեմ:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆԾԱՆՕԹ

Հանգստեան կոչուէ աշխատած գործէդ, և ոչ թէ կեանքէն:
Մ. Ք. ՍՕՆԻ

Եթէ քիչ մը աւելի յառաջացեալ ժամանակաշրջանի մը մէջ իմ կեանքս ապրէի, երիտասարդութիւնս օգտագործելու կատարեալ դիրք մը կ'ունենայի:
ՀԱՐՊԷՐԹ ԱՍԳՈԻԹ

Հանգստեան կոչուիլ, մեր լեզուին ամենավատ բառն է:
ԷՐՆԷՍԹ ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅ

Կարք մը մարդիկ գործէ դադրելէ առաջ իսկ հանգստեան կը կոչուին:
ՌՈՊԷՐԹ ՀԱԼՖ

Հանգստեան կոչուիլ կը նշանակէ՝ մեռնելու սկսիլ:
ՓԱՊԼՕ ԳԱՍԱԼ

Հարցը ոչ թէ քանի տարեկանին, այլ ինչքան եկամուտով հանգստեան կոչուիլն է:
ՃՈՐՃ ՖՕՐԷՄԱՆ

Երբ արթննամ կը յիշեմ, թէ հանգստեան կոչուած եմ, որով գործի չի պիտի երթամ, ինչ - որ ինծի կ'ուրախացնէ: Այդ պատճառաւ ալ այս գործողութիւնը օրը երեք կամ չորս անգամ կը կրկնեմ:
ՃԷՆԻ ՓԵՐՐԷԹ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
7-Յուլիս-2010 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Friday, June 11, 2010

ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ և ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ




Հայ Եկեղեցւոյ օրհներգու քնարը իր ամենէն զգայուն թելերը կը շարժէ, առոյգ և ցնծուն ներդաշնակութիւնները ընծայելու Թարգմանչաց յիշատակին, որուն երփներանգ ճառագայթներուն բոյլքը ա՜յնքան գեղեցկապէս կը շողայ երկու շքեղ դէմքերու վրայ:
Ի՜նչ խորհուրդաւոր, հմայիչ բան մը ունի յիշատակին ոսկի թելը, որ անցեալին մէջ երկարելով՝ անոր փայլուն գոհարներովը կ'ընդելուզէ ինքզինքը:
Մեր եկեղեցական յիշատակներուն ամենէն սրտագինը և կենդանին՝ Սահակայ և Մեսրոպայ նախաձեռնութեամբ ծաղկած գրական գործունէութիւնն է: Տիեզերական յատկանիշ մը չունի անիկա, այլ փոքրիկ ժողովուրդի մը հոգեւոր և մտաւոր պէտքերուն գոհացումն է: Աւետարանի իմաստութիւնը կը բեղմնաւորէ զայն, որուն գրական համայնքը կրօնական ձուլուած մըն է:
Թարգմանչաց հոյլը կեդրոնն է այդ հոգեւոր վերածնութեան, որ իր ազդեցութեան շրջանակը կ'ընդլայնէ մեր Եկեղեցւոյ ամբողջ տարեգրութեանց մէջ: Գրական ոյժերու այլազան քանակութիւն մը խտացած է հոն, բայց դարերու փոշին ծածկած է անոնց գործը և աննշմար թողուցած անոնց ճշգրիտ դիմագծութիւնը:
Այդ գրական փունջին է՜ն շքեղ ու անուշահոտ ծաղիկներն են Սահակ և Մեսրոպ, սիրակցորդ հոգիներ, հրաշալի միտքեր,խստակրօն կրօնաւորներ: Ո՛չ իր հայեցողական զմայլումները, ո՛չ իր հոգեսէր տենչերուն կրակները չկրցան պահել Հացեկացի վարդապետը իր մենաւորի խցիկին մէջ, այլ հանճարին ուժգին սլացքը՝ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքին ստիպողականութեանը հետ, դուրս մղեց զայն իր մենարանէն, դէպի իր գործունեայ կեանքի կոչումները: Բայց հոգեկան ի՜նչ մեծութիւն, որ ժողովուրդին բարոյական վատթարացումը և տգեղութիւնները հակազդեցիկ ոյժով մը չընկրկեցին զայն նորէն դէպի իր ճգնարանը, վասնզի հանճարները չեն վախնար քաոսներու վրայ նայելէ:
Աւետարանը հայացնելու պէտքը միակ խթանըն եղաւ այդ սաւառնումին, որուն սխրալի փթթումն է մեր դասական գրականութիւնը: Սակայն մտաւորական այդ տենդոտ գործունէութիւնը վայրկենական ոգեւորութեան մը արդիւնքը չէ, այլ երեք չորս դարերու ճիգերու կուտակում մը, որ գերազանցապէս կը ծաղկի Սահակայ և Մեսրոպայ մէջ: Վասնզի բարձրագոյն կրօնք մը խորունկ արմատներ ձգած է հոն, և առաջին առիթով, կատարելագործուած լեզուի մը կը հանդիպինք, իր յստակութեամբն ու ճոխութեամբը նշանակելի:
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը իսկապէս, քրիստոնէութեան արդիւնաւոր ներգործութեան պսակն եղաւ մեզի համար: Հայ Եկեղեցին արտաքին և հեռաւոր մարմին մը պիտի մնար, առանց ուղղակի շփուելու իր ժողովուրդին կեանքին հետ, ցորչափ Աստուծոյ Խօսքը խեցփեկ ասորերէնի և յունարէնի անթափանցիկ ծածկոյթովը հասնէր իրեն և հայ հաւատաւորը անկարող ըլլար՝ առանց միջնորդի՝ արտայայտել իր հոգիին բխումները, իրենց թարմութեամբը, ջերմութեամբը և ներշնչումովը:
Ահա թէ ինչո՞ւ Գիրին գիւտը որ թէեւ մեզմէ աւելի օժտուած և քաղաքակրթուած ազգերու կեանքին մէջ մեծագոյն թուական մը չի ներկայացներ սակայն կենսական պայման մը եղաւ մեր Եկեղեցւոյ ինքնակացութեան և մեր հոգեւոր զարգացման համար:
Ուրեմն, քրիստոնէութեան պարգեւն է մեր գրականութիւնը: Եւ կրօնական ներշնչումը ա՛յնքան հզօր, թափանցիկ ու շինիչ եղած է մեր ցեղին համար, որ լայնօրէն կ'ոգեւորէ մեր մտաւորականութիւնը: Այդ ծաւալուն, մտաւորական ոյժը կարծես թէ այլամերժօրէն իր մէջ ընկլուզած է ամբողջ մարդը, ու ատոր համար, հայեցի գրական արժէքաւոր արտադրութիւններուն ատաղձը կրօնական է ընդհանրապէս:
Ինչո՞ւ տխրիլ թէ գրական ինքնատիպ նշխար մը չունինք յայտնապէս Ս. Սահակի և Ս. Մեսրոպի ընծայուած, թէպէտեւ իրենց աշխատութեան բաժինը մեծագոյնն ըլլայ Ս. Գրոց թարգմանութեան մէջ. միթէ իրենց ներշնչումներուն վայրկենական բիւրեղացումը անբաւական և աննշանակ պիտի չըլլա՞ր ցոլացընելու իրենց անհուն և մաքուր հոգին որ դարեր կը լեցնէ: Մեր եկեղեցականութեան ոգին կազմող երկթերթի մատեաններն են անոնք. զոյգ հայելիները ուր կը ցոլանայ իտէալ կրօնաւորութիւնը:
Ո՜րքան ներշնչում, ո՜րքան հաւատք կը ճառագայթէ իրենց լուսաւոր դիմագիծերէն. ժամանակի անջրպետը գեղեցկացուցած է զանոնք:
Ի՜նչ պիտի ըլլայ մեր սրտագին նուէրը իրենց յիշատակին: Նրբակերտ արձաններու բարձրաքանդակները շա՜տ անարժան և սահմանափակ պաշտամունք մըն են իրենց յաւերժացմանը համար: Վասնզի ժամանակի ամենածախ ժանիքը դիւրաւ մը պիտի փշրէր այդ ձիւնափայլ մարմարները: Անոնց արժանի յուշարձանը թո՛ղ մեր գիտակցութիւնն ըլլայ, որ այբուբենով կը խօսի մեր մէջ:

ՀԱՐՄԱԿ
«Մեսրոպ վրդ. Նարոյեան»
Արմաշ, 1 Յուլիս 1902

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Յունիս-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, May 26, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ




Քաղաքագէտի մը լրատուամիջոցէն գանգատիլը, նաւապետի մը ծովէն գանգատելուն կը նմանի:
ԷՆՕՇ ԲՕՎԷԼ

Ժողովրդավարութեան որակն ու լրագրողի մասնագիտութեան որակը երկար և մանրամասն յարաբերութիւն է:
ՊԻԼ ՄՈՅԷՐՍ

Լրատուամիջոցը, մեր կեանքին արուեստական նայուածք համաչափելու և հակաճառութեան արժանիքներ բաղադրելու համար կայ:
ՄԱՐՇԱԼ ՄՔԼՈՒՀԱՆ

Շարժանկար, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, պարբերաթերթեր «անզգուշութեան դպրոցներ են»: Մարդ արարածը կոյրի պէս կը նայի, մտիկ չըրած կը լսէ:
ՌՈՊԷՐԹ ՊՐԷՍՕՆ

Ոչ մի բան չկարդացող անձը, միմիայն լրագիր կարդացող անձէ աւելի ուսեալ է:
ԹՈՄԱՍ ՃԷՖՐՍՕՆ

Ես, ամէն ոքի հաւասարութեան կը հաւատամ: Ի բաց առեալ լուր հաղորդողներէն և լուսանկարիչներէն:
ԿԱՆՏԻ

Ով որ կը քննէ լրատուամիջոցը և լուսապատկերները, նաեւ կը քննէ մշակոյթը:
ԱԼԷՆ ԿԻՆՍՊԷՐԿ

Անցեալ դարու վերջաւորութեան, աշխարհի լրատուամիջոցը հինգ հոգի կը քննէր: Մարդիկ, այս դէպքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին: Պատճառը հեռատեսիլներն էին, որովհետեւ անոնք այդպէս կ'ուզէին:
ՄԻՇԷԼ ՄՕՐ

Լրագրողի մասնագիտութեան և մատենագրութեան միջեւ տարբերութիւնը սա է.
Լրագիրները կարելի չէ ընթերցանել, իսկ մատենագրութիւնը ընթերցող չունի:
ՕՍՔԱՐ ՎԻԼՏ

Հեռատեսիլը շատ շինիչ կը գտնեմ: Երբ մէկը հեռատեսիլը կը բանայ, ես անմիջապէս ուրիշ սենեակ մը կ'անցնիմ և լաւ գիրք մը կը կարդամ:
ԿՐՈՒՇՕ ՄԱՐՔՍ

Ըստ իս, լրագրողներ, հեծանիւի արկածի մը և քաղաքակրթութեան մը կործանումի միջեւ մեծ տարբերութիւնը չեն կրնար զանազանել:
ԺՈՐԺ ՊԷՐՆԱՐՏ ՇԱՎ

Չորս զանազան լրագիր, հազար ձիաւոր զինուորէ աւելի մեծ վտանք կը ստեղծէ:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Լրատուամիջոցը մի ատեր: Լրատուամիջոցին ինքն եղիր:
ՃԷԼԼՕ ՊԻԱՖՐԱ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
25-Մայիս-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, May 11, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ





Կեանքի մէջ ամենագէշ կսկիծները, ոչ թէ կորուստներէ կամ անբախտութիւններէ, այլ վախերէ յառաջ կու գան:
ԱՐԹԻՒՐ ՔՐԻՍՏՈՖՐ ՊԷՆՍՕՆ

Յուսահատ վախ, անվախ յոյս չկայ:
ՊԱՐՈՒՇ ՍԲԻՆՕԶԱ

Վախը, նոյնիսկ անմիտներուն ալ խելք կու տայ:
ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆԾԱՆՕԹ

Մեր վախին կէսը անտեղի է: Իսկ վախին միւս կէսը արժանապատուութիւն կը ոչնչացնէ:
ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՊՕՎԷ

Աշխարհի մէջ միմիայն կը վախնամ, վախէն:
ՄԻՇԷԼ ՏԸ ՄՕՆԹԷՅՆ

Երբեք ձեր վախերէն խրատ մի առնէք:
ԱՆՏՐԷ ՃԷՔՍԸՆ

Այս մոլորակին մէջ, միմիայն մարդ արարածէն պէտք է վախնալ:
ՔԱՐԼ ՃՈՒՆԿ

Աշխարհը երկու բանէ պէտք է ազատի: Վախ և տգիտութիւն:
ՃԱՆ ՄԱՍԱՐՅՔ

Վախը այնպիսի փորձառութիւն մըն է, որ գնել անկարելի է:
ԱՆԹՈՆԻ ԲՐԻՔ

Երբ քաղաքականութեան վախով կը սկսիս, յիմարութիւնով կը վերջանաս:
ՔՈԼԷՐԻՏԺԷ

Ապագային վախկոտ աչքով նայիլ, անվստահութիւն կը պատճառէ :
Է. Հ. ՀԱՐՐԻՄԱՆ

Աշխարհի մէջ, միմիայն երկու ուժ կը յաջողի մարդ արարածը միացնել: Վախ և շահ:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Իրականութեան մէջ վախը զէնք մըն է:
ԵԱՆ ՐՈՒՇ

Մեծագոյն մարդը, վախերէ և կասկածներէ փրկուած անձն է:
ՔՕՆՖԻՉՅԻՒՍ

Մարդ արարածը սարսափելի կացութեան կը մատնեն՝ ոչ թէ միւս աշխարհի տեղը, այլ այս աշխարհի շահերը:
ԷՏԷՆ ՓԻԼԻՓՕԹՍ

Ստէպ զօրաւոր վախ մը, կարծիք յայտնելէ շատ աւելի ազդեցիկ կ'ըլլայ:
ԷՏԿԱՐ ՎԱԹՍՕՆ ՀՈՎ

Երբ ճշմարտութեան հետ կը ծանօթանաս, վախերդ կը գունատին:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
11-Մայիս-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, May 6, 2010

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ


ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

ՄԱՅՐՍ

Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրօրոցն է մայրս,
Մեր տան ամրոցն է մայրս,
Մեր հերն ու մերն է մայրս,
Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս,
Մեր տան անտունն է մայրս,
Մեր արծիւի բոյնն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան անճարն է մայրս,
Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր ծարաւ քոյրն է մայրս,
Մեր տան անքունն է մայրս,
Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արեգակն է մայրս:
Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան Աստուածն է մայրս...

Մօրս սրտին հետ աշխարհն եմ չափել՝
Էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին
Արեւ աչքերի լոյսն է նա թափել՝
Լուսնակ դառնալով՝ որդոց օրօրոցին...
Եւ հիմա քիչ է, թէ աչքերս տամ,
Թէ սիրտս հանեմ ու տամ մայրիկիս
Ախ, մայր երգելուց ի՞նչպէս կշտանամ,
Մայրս պատկերն է մայր հայրենիքիս:

Շիրազ

ՆՈՐԱ-ԵՐԱԶին մեծմայրիկը՝ Շուշան Գորտոնճիեան
6-Մայիս-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Sunday, May 2, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ


Հաճելի խօսակցութեամբ, գեղեցիկ ժամանակ անցընել արուեստ մըն է: Իսկ բարեկամութեան ամենալաւ գաղտնիքը մտիկ ընելն է:
ՄԱԼՔՈԼՄ ՖՕՐՊԷՍ

Հնազանդիլ, ոեւէ մէկը համոզելու ամենալաւ գաղտնիքն է:
ՏԷԱՆ ՐՈՒՍՔ

Երբ կը խօսիմ, գիտութիւնս է որ կը կրկնեմ: Իսկ երբ մտիկ կ'ընեմ, բաներ մը կը սորվիմ:
ՃԱՐԷՏ ՍԲԱՐՔՍ

Իրականութեան մէջ ոչ ոք իրար մտիկ կ'ընէ: Պատճառը հասկնալու համար, ժամանակամիջոց մը մտիկ ընել աշխատեցէք:
ՄԻԿՆՈՆ ՄԷՔԼՕԺԼԻՆ

Նախ և առաջ ուրիշը հասկնալու աշխատեցէք, որպէսզի ուրիշն ալ ձեզի լաւ հասկնայ:
ՍԹԷՖԱՆ Ռ. ՔՈՎԷՅ

Մեր հինգ զգայարանքներէն մէկն ալ լսելն է: Սակայն մտիկ ընել արուեստ մըն է:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Խօսելու համար անպատճառ զարգացում պէտք է ունենալ: Իսկ մտիկ ընելու համար պէտք է իմաստուն ըլլալ:
ՕԼԻՎԷՐ ՎԷՆՏԷԼ ՀՈԼՄՍ

Բնութիւնը, մեր խօսակցութեան կրկնապատիկը տուաւ: Համեստ ըլլալու համար մէկ լեզու և երկու ականջ:
ԷՓԻՔԹԷԹՈՒՍ

Ինծի ծանօթ, յաջող բարեկամներ ունիմ: Անոնց մեծամասնութիւնը շատ չեն խօսիր, այլ մտիկ կ'ընեն:
ՊԷՐՆԱՐՏ Մ. ՊԱՐՈՒՀ

Անձայնութիւնը մեծ ուժի մը աղբիւրն է:
ԼԱՕ ԹԶՈՒ

Յոտնկայս խօսելու համար պէտք է քաջասիրտ ըլլալ: Կարեւորը այն է, որ նոյն քաջասրտութեամբ նստիլ և ուրիշները մտիկ ընել:
ՎԻՆՍԹՕՆ ՋՈՒՐՋԻԼ

Խօսողը կը սերմանէ, մտիկ ընողը կը հնձէ:
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԱՌԱԾ

Լաւ ունկնդիր մը եղէք, որպէսզի ձեր ականջները ձեզի հարց չ'ստեղծեն:
ՖՐԱՆՔ ԹՅԿԷՐ

Մտիկ ըրէք, պիտի սորվիք: Մտիկ ըրէք, պիտի շահիք: Պիտի շահիք՝ ոչ թէ միայն դրամ, այլ յարգանք:
ՀԱՐՎԷՅ ՄԱՔԱՅ

Ամէն ոք սուտ կը խօսի: Կարեւոր չէ, որովհետեւ մտիկ ընող չկայ:
ՎԻԼՍՕՆ ՄԻՆԶԷՐ

Չխօսուածը լսել, հաղորդակցութեան ամենակարեւոր տարրն է:
ԲԷԹԷՐ Ֆ. ՏՐՈՒՔԷՐ

Մեծ եսասէրներ փոքր ականջներ կ'ունենան:
ՌՈՊԷՐԹ ՇՈՒԼԼԷՐ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
1-Մայիս-2010 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Thursday, April 22, 2010

ԿԵԱՆՔԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ





Քաոսը բնութեան օրէնք մըն էր: Իսկ կարգուսարքը մարդ արարածին երազը:
ՀԷՆՐԻ ԷՏԸՄՍ

Քաոսը մեր ուղեղին մէջ բարդութիւն ստեղծող որեւէ բանի մը անունն է:
ՃՈՐՃ ՍԱՆԹԱՅԱՆԱ

Քաոսը ամենալաւ ընկերս է:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իսկական հետազօտութիւնը քաոսով, այսինքն սխալ և խենթ ու խելառ շինծու տեղեր երթալով կը սկսի:
ՇՈՒՔ ՓԱԼԱՆՅՈՒՔ

Քաղաքակրթութիւնը կարգ կանոնով կը սկսի, ինքնիշխանութեամբ կ'աճի և քաոսով կը մեռնի:
ՎԻԼ ՏԻՒՐԱՆԹ

Քաոսը կենցաղ կը ստեղծէ, իսկ կարգուսարքը սովորութիւն յառաջ կը բերէ:
ՀԷՆՐԻ ՊՐՕՔՍ ԱՏԱՄՍ

Քաոսին ստեղծած ծիածանի մը մէջ կ'ապրինք:
ԲԱՈՒԼ ՔԷԶԱՆ

Պատերազմի վայրը, երկարատեւ քաոսի մթնոլորտ մըն է: Ան, որ իր և իր թշնամիին քաոսը կը քննէ, անպայման կը շահի:
ՆԱԲՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱԲԱՐԹ

Արուեստը քաոսի դէմ շահուած յաղթանակ մըն է:
ՃՈՆ ՇԷՎԷՐ

Քաոս կը նշանակէ, մեր ուսումը մերժել: Քաոսը ուղիղ տրամաբանել պէտք է:
ԷՄԻԼ ՔՈՐԱՆ

Ես, քաոսը կ'ընդունիմ: Չեմ գիտեր, ան ինծի պիտի ընդունի, թէ ոչ:
ՊՈՊ ՏԸՅԼԱՆ

Իմացականութիւն կը նշանակէ, քաոսի և գաղտնիքի գրաւում:
ՕԹԹՕ ՎԷՆԻՆԿԷՐ

Քաոսի միջավայրին մէջ, քաոսը ծիծաղելի գտնել անտեղի է: Իսկ կարգուսարքին մէջի քաոսը ծիծաղելի է:
ՍԹԻՎ ՄԱՐԹԻՆ

Քաոսը շատ կը սիրենք, որովհետեւ իրականութեան մէջ կարգուսարքը վերստին կազմել կը սիրենք:
Մ. Ս. ԷՍՔԷՐ

Պարող արուեստագէտի մը կեանք տալու համար, մեր հոգիին մէջ քաոսի կարիքը կը զգանք:
ՖՐԷՏԷՐԻՔ ՆԷԹԶՔ

Միտքը երբ իր մէջ կը չէզոքանայ և ճշմարտութիւններէ կը հեռանայ, միմիայն քաոս կը ստեղծէ:
ԷՏԻԹ ՀԱՄԻԼԹՈՆ

Քաղեց ու թարգմանեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
20-Ապրիլ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, April 8, 2010

ՍԷՐ




Ատենօք ծեր նուագածու մը կար: Ան, այնքան ծեր էր, որ կարծես ծերութեան շրջանն անցընելէ ետք վերստին կը մանկանար:
Ծերուկ նուագածուին ձեռքը գաւազան մը, թեւին տակն ալ իր ջութակը փոշոտ ճամբաներու վրայ կը քալէր: Ան, շատ մը երկիրներու ու շատ մը ժողովուրդներու երգերէն կը նուագէր: Ծերուկը, հին ու նոր, տխուր և զուարթ երգեր կ'երգէր: Այդ երգերուն նիւթն ու իսկական իմաստը սէրն էր:
Ոմանք կը ծաղրէին բարի ծերուկին և անոր «Խենթ Նուագածու» կը կոչէին: Ոմանք գլխիկոր ճամբանին կը շարունակէին, ոմանք կը ժպտէին բարի ու յուսադրիչ ժպիտով մը, ուրիշներ ալ սրտնեղած մէկդի կը դառնային:
Միմիայն մանուկներն էին, որ բարի ծերուկը շատ կը սիրէին:
Մանուկները, բարի ծերուկին իմաստուն աչուկներով կը նայէին: Ծերուկին պատկամը միայն անոնք կը հասկնային:
Ամէն անոնք որ անձկութեան ու վարանումի մէջ էին, բարի ծերուկին կը դիմէին: Ան, իր երգերով կը մխիթարէր զանոնք:
Բարի ծերուկ նուագածուն, իր սիրելիներուն կը նուագէր և կ'երգէր: Իր սիրելիները, անոր երգերուն մէջ միեւնոյն խրատն ու միեւնոյն խորհուրդը կը ստանային:
ՍԷՐ ՈՒ ՍԷՐ:
Կ’ուզեմ այս գրութիւնս Աւետիք Իսահակեանի գրած ժողովրդական երաժշտութիւնով մը վերջացնել:

ՍԻՐԵՑԻ ԵԱՐՍ ՏԱՐԱՆ

Սիրեցի, եարս տարան,
Եարա տուին ու տարան:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս, տարան:

Ցաւս խորն է, ճար չկայ,
Ճար կայ, ճար անող չկայ,
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սրտցաւ ընկեր չկայ:

Լաւ օրերս գնացին,
Ափսոս ասին, գնացին:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սեւ դարդերս մնացին...

Շուշան Գորտոնճիեան
8-Ապրիլ-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, March 24, 2010

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ







ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Յիսուս՝ մեր փրկիչը, իր խաչելութեամբ ու թափած արիւնով մեր մեղքերուն քաւութիւնը ապահովեց:
Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար և բանաւոր են: Տէրը դժուարին բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպէսզի կարող ըլլանք մեր մեղքերուն թողութիւնն առնելու: Պէտք չունինք երկար և տաժանելի ուխտագնացութիւններ ընելու կամ ցաւագին ապաշխարանքներ քաշելու՝ հաճոյ ըլլալու համար երկինքի Աստուծոյն կամ քաւելու մեր անօրէնութիւնները. այլ ան որ կը խոստովանի և մէկդի կը ձգէ իր յանցանքը, ողորմութիւն կը գտնէ:
Մեր արարիչը ո՛չ թէ կուզէ մեր տառապիլը տեսնել այլ կը փափաքի մեզ երջանիկ տեսնել: Ան կը փափաքի որ երջանկութեան դուռ փակող տառապանքներէն և յուսախաբութիւններէն հեռու մնանք:
Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միայն այն պարտականութիւնները որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութեանց բարձրութիւններու որոնց երբեք կարող չէ հասնիլ անհնազանդը:
Հոգիին ճշմարիտ, ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը:
Մենք, մեր կամքը հպատակեցնելով Քրիստոսի, մեր կեանքին մէջ կատարեալ փոփոխութիւն յառաջ կրնանք բերել:
Այս փոփոխութեամբ մենք վերէն կը հաղորդուինք զօրութեամբ մը, որ մեզ կը պահէ հաստատուն հանցնուած Աստուծոյ, որպէսզի ապրինք նոր կեանք մը՝ հաւատքի կեանքը:

Դարերու ընթացքին, սերունդէ սերունդ սովորութիւններ կը փոխանցուին, որոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:
Զատկուայ առթիւ հաւկիթ ներկել ու հաւկթախաղ կազմակերպել այդպիսի սովորութիւններէն են:
Ըստ Տաթեւացիին հաւկիթը երկրին նմանութիւնն է: Կեղեւը կը ներկայացնէ երկինք, սպիտակուցը՝ ջուրը, դեղինը երկիրը:
Ըստ ընկերեալ սովորութեան հաւկիթը կարմիրի կը ներկուի և անցեալին այդ կ'ըլլար որդան կարմիրով: Հաւկիթին կարմիր գոյնի ներկուիլը կը խորհրդանշէ ամբողջ աշխարհին մեղքերէ բրկութիւնը՝ Քրիստոսի արեամբ:
Կարմիր հաւկիթը մեր ափին մէջ, եռանդով ու քաջութեամբ կը կրկնենք դարերու Յաղթական երգը:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
23-Մարտ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, March 8, 2010

ՔԻԼԻՄԱՆԺԱՌՕ ԼԵՌԸ








Քիլիմանժառօ լեռը, 97 քմ. երկայնութեամբ և 64 քմ. լայնութեամբ Ափրիկէ Ցամաքամասին վրայ կը գտնուի:

Քիլիմանժառօ լեռը, Էքուատօրին մօտաւորապէս 340 քմ. Հարաւ կը գտնուի:

Հիւսիսային-Արեւելեան Թանզանիոյ հողամասին վրայ, Տար Էս Սալաամ քաղաքին մօտաւորապէս 500 քմ. Հիւսիս-Արեւմուտք և Վիքթորիա Լճին մօտաւորապէս 560 քմ. Հարաւ-Արեւելք գտնուող Քիլիմանժառօ լեռը մարած հրաբուխ մըն է:

Գիպօն՝ 5895 մեթր, Մավենզին՝ 5149 մեթր և Շիրան՝ 3962 մեթր, Քիլիմանժառօ լերան ամենաբարձր գագաթներն են:

Քիլիմանժառօ լերան կատարը ձիւներով ծածկուած է: Քիլիմաժառօ լերան ստորոտը սառնագետեր կան: Վերջին տարիներուն ջերմութիւնը բարձրացած է: Եթէ ջերմութիւնը բարձրանալ շարունակէ, 50 տարուայ ընթացքին ձիւները բոլորովին պիտի հալին:

Քիլիմանժառօ լերան գիւղերուն մէջ եգիպտացորեն, սուրճ և պանան կը մշակուի:

Քիլիմանժառօ լերան անտառներուն մէջ բնակչութիւնը շատ քիչ է: Անտառներուն մէջ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:



Շուշան Գորտոնճիեան

7-Մարտ-2010 Կիրակի

Իսթանպուլ

Tuesday, March 2, 2010

ԱՆՏԵԱՆ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅ






Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Վենեզուէլա, Գոլոմպիա, Էքուատօր, Փերու, Պոլիվիա, Արժանթին և Չիլիի հողամասերուն վրայ գտնուող, Խաղաղական Ովկիանոսին զուգահեռ Հիւսիսէն Հարաւ շուրջ 7000 քմ. երկարող Անտեան լեռները աշխարհի ամենաերկայն լեռնաշղթան է:

Ագօնգակուան 6962 մեթր բարձրութեամբ Անտեան լեռնաշղթային ամենաբարձր լեռն է: Անտեան լեռները 60 միլիոն տարի առաջ կազմուած են: Անտեան լեռնաշղթային վրայ մօտաւորապէս 5000մ. 3000մ. և 2000մ. բարձրութեամբ լեռներ կան:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ ինչպէս մարած, նոյնպէս ալ տակաւին ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին: Հարաւային և Կեդրոնական Փերու, Հարաւային Չիլի, Էքուատօր և Գոլոմպիայի հողերուն վրայ 70 ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին:

Անտեան լեռներու ծովու մակարդակէն 914 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող վայրերուն օդի բարեխառնութիւնը մօտաւորապէս 24-էն 28-ի միջեւ կը փոխուի:

Անտեան լեռներու վրայ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:

Անտեան լեռներու հողերէն արծաթ, կապար, զինկ, կլայեկ, պղինձ, ածուխ, երկաթ, զմրուխտ, և ոսկիի մետաղներ կը հանեն: Իսկ քարիւղով հարուստ են Արեւելեան հողամասերը:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ կ'ապրին զանազան ցեղերու պատկանող բնակիչներ: Էքուատօրի, Պոլիվիայի և Փերույի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Կարմրամորդ ցեղին կը պատկանին:

Արժանթինի և Չիլիի Անտերու մէջ բնակչութիւնը քիչ է: Իսկ Կեդրոնական և Հիւսիսային Անտերու մէջ բնակչութիւնը խիտ է:



Շուշան Գորտոնճիեան

2-Մարտ-2010 Երեքշաբթի

Իսթանպուլ

Friday, February 26, 2010

ՖՈՒԺԻԵԱՄԱ ԼԵՌԸ






Ֆուժիեամա լեռը, Ճաբոնիոյ ամենաբարձր լեռն է:

Ֆուժիեամա լեռը, մայրաքաղաք Թոքիոյին 115 քմ. Հարաւ-արեւմուտք գտնուող մարած հրաբուխ մըն է: Ֆուժիեաման, երրորդ երկրաբանութեան շրջանին կազմուած է: Ֆուժիեամա լերան խարիսխը 40 քմ. շրջագիծ ունի, իսկ բարձրութիւնը 3776 մ. է:

Ֆուժիեամա լեռը, վերջին անգամ 1707 թուականին ժայթքեցաւ: Հրաբուխէն ելած մոխիիրները, Թոքիօն 15սմ. հաստութեամբ ծածկեցին:

Ֆուժիեամայի Հիւսիսային մասի գետերու գնացքը հրաբուխէն ելած մոխիր ու լաւաներով փակուելուն հետեւանք լիճեր գոյացած են:

Ֆուժիեաման, բանաստեղծներու և նկարիչներու ներշնչման աղբիւրն է: Այս լեռը, Շինթոիզմին՝ Ճաբոն ազգային կրօնքին, սրբազան վայրն է, որով կրօնական արժէք ալ ունի: Ճաբոնացիներ ու կարգ մը ուրիշ ազգերու պատկանող Շինթոիստներ, Յուլիս և Օգոստոս ամիսներուն իրենց կրօնական պարտականութիւնը կատարելու համար մինչեւ կատար կը մագլցին:



Շուշան Գորտոնճիեան

26-Փետրուար-2010 Ուրբաթ

Իսթանպուլ

Sunday, February 21, 2010

ԷՎԷՐԷՍՏ





Էվէրէստը՝ 8850 մեթր բարձրութեամբ, երկրագունդի ամենաբարձր գագաթն է: Էվէրէստ գագաթը, Հիմալաեա լեռներու մէջ մօտաւորապէս Հիւսիսային լայնութեամբ 28 աստիճան, Արեւելեան երկայնութեամբ 87 աստիճան, Չինաստանի և Նէբալի սահմանագծին վրայ կը գտնուի:

Էվէրէստի ջերմութիւնը -70 աստիճան ըլլալուն, անոր բարձր կողերուն վրայ որեւէ բոյս չի բուսանիր և կենդանի չապրիր:

Էվէրէստի վրայ ամառնային մուսոններու տեղացուցած ձիւնը, հովի պատճառով կը մանրանայ և կը տարածուի: Այս տարածուած ձիւնը, շոգիացման գծին վրայ ըլլալուն, ընդհանրապէս Էվէրէստի սառնագետերը սնուցանող խոշոր սառնագունդեր չի կազմուիր, որով Էվէրէստի սառնագետերը սնուցող ակերը լեռներէն յաճախ փրթող ձիւնագունդերն են: Ձմեռը, Էվէրէստ լերան Հիւսիս-Արեւմտեան կողմէ փչող հովերը, անոր գագաթնամասի ձիւնը կը ցրուէ, այդ պատճառաւ ալ գագաթը մերկ երեւոյթ մը կը ստանայ:

Էվէրէստ լերան գլխաւոր սառնակոյտերն են՝ Գանկշանկ, Արեւելեան և Արեւմտեան Ռօնկպուք, Բումօրի և Խումպու:

Թիպէթի ճամբան բացուելէ վերջ, մարզիկներ 1920 թուականին Էվէրէստ լեռը կրցան մագլցիլ: 1953 թուականէն վերջ, զանազան երկիրներ մարզական խումբերու զօրավիգ հանդիսացան և այս խումբերը յաջողեցան հասնիլ Էվէրէստ լերան գագաթնակէտը:



Շուշան Գորտոնճիեան

20-Փետրուար-2010 Շաբաթ

Իսթանպուլ