Saturday, December 26, 2009

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ և ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ




ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ



Խորհուրդ մեծ և սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ

Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի

Ծնաւ նոր Արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի,

Որդիք մարդկան օրհնեցէք զի վասն մեր մարմնացաւ.

Անբաւելի երկնի և երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ

Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմեցաւ:





Չորս տարեկան էի, մեծ մայրս ձեռքս տետրակ մը ու մատիտ մը տուաւ: Չէի գիտեր, թէ վրան ի՞նչեր գրուած էր: Տարի մը վերջ անդրադարձայ, թէ ես հայերէն տառերը կը գրէի: Հինգ տարեկան հասակիս, թէ հայերէն կարդալ և թէ գրել սորվեցայ:

Շատ լաւ կը յիշեմ, վեց տարեկան էի, Յիսնակի օր մեծ մայրս ձեռքս թուղթ մը տուաւ: Այդ թուղթին վրայ « Խորհուրդ Մեծ »ը գրուած էր:

Ըսաւ.

-«Խորհուրդ Մեծ»ը կարդայ: Լաւ մը սորվէ, յետոյ ինծի արտասանէ:

Մէկ շաբաթ վերջ առանց կարդալու, գոց արտասանել սկսած էի:

Մեր տան մէջ Կաղանդի ու Ս. Ծնունդի պատրաստութիւնները Յիսնակի օրէն կը սկսէր: Երբ Յիսնակի օրը հասնէր, մեծ մայրս ամանի մը մէջ գոյնզգոյն եօթ մոմ կը տեղաւորէր: Ամէն շաբաթ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգելով մոմ մը կը վառէինք:

Յիսնակէ մի քանի շաբաթ վերջ տօնածառը մէջտեղ կ'ելլէր: Հիւրասենեակին ամենալաւ անկիւնը կը տեղաւորուէր: Տօնածառը, ուրախութեամբ կը զարդարէինք: Կաղանդուայ նուէրներ կը գնէինք և այդ նուէրները տօնածառին շուրջ կը տեղաւորէինք:

Մենք, Պաղլարպաշը կը բնակէինք: Մեր տան ճիշդ դէմը Ս. Կարապետ Եկեղեցին, աջ կողմը Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանը, փողոցին անկիւնն ալ Սեմերճեան- Ճեմարան-Ներսէսեան-Երմոնեան Սանուց Միւութիւնը կը գտնուէր:

Մայրս շատ լաւ չէօրեք կը շինէր: Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանի երկու խոշոր ափսէները մեր տունը կը բերէինք: Մայրս չէօրեքները այդ ափսէներուն մէջ կը շարէր և մեր թաղի փուռը կը տանէինք: Չէօրեքները, հոն կ'եփէինք: Եփելէ վերջ տուն կը բերէինք: Մէկ ափսէն, մեր թաղի խանութպաններուն, իսկ միւս ափսէին կէսն ալ դրացիներուն կը բաժնէինք: Ափսէները դպրոց կը վերադարձնէինք՝ չէօրեք լեցուն:

Անուշապուրն ու զէրտէն մեր կաղանդի սեղանին ամենալաւ անկիւնը կը գրաւէր: Խոշոր կրակարան մը ունէինք: Կաղանդէ մէկ շաբաթ առաջ այդ կրակարանը մէջտեղ կ'ելլէր: Անուշապուրը, այդ կրակարանին վրայ կ'եփէր: Մեր տան սովորութիւնն է, անպայման անուշապուրը հարս կ'ընենք: Ցորենը առանց միջուկի խաշելէ յետոյ, գիշերը կրակարանին վրայէն վար կ'առնէինք: Հիւրասենեակի թիկնաթոռին վրայ ճերմակ լաթ մը կը ծածկէինք: Անուշապուրի սանը այդ թիկնաթոռին վրայ կը տեղաւորէինք: Անուշապուրի սանը, մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն յաջորդ օրուայ հագուելիք հագուստներով կը ծածկուէր: Առաւօտուն, բոլորս անուշապուրի սանին շուրջ կը հաւագուէինք: Մեծ հայրս կամ հայրս մեր հագուստները կը բաժնէր և խաչ մը հանելով սանին կափարիչը կը բանար: Դգալ մը ցորենի հատիկ առնելով իր դրամապանակին մէջ կը նետէր: Նշանակութիւնը պէրէքէդ ու յաջողութիւն է: Ես, այս աւանդութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակեմ:

Ամէն տարի կաղանդը մեր տան մէջ կը տօնէինք, որովհետեւ մեծ հայր ու մեծ մայրեր մեր տան մէջ միասին կ'ապրէինք: Բոլոր ընտանեկան մերձաւորները, մեր տունը կուգային:

Կաղանդի գիշեր անպայման կաղանդ պապուկը մեր տունը կը հանդիպէր: Մեր տան դուռը կը զարնէր ու մենք զայն ներս կը հրաւիրէինք: Ան, մեր հիւրասենեակի ամենալաւ անկիւնը, տօնածառին քով կը նստեցնէինք: Ես կաղանդ պապուկէն շատ կը վախնայի: Տարիներ վերջ սորվեցայ, թէ կաղանդ պապուկը մեծ մայրս է եղեր:

Երբ կը բաղդատեմ այսօրուայ տղաքը և մեր ժամանակի տղայութեան օրերը, երկուքի միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կը տեսնեմ: Այսօրուայ տղաքը շատ արթուն են: Ամէն նիւթէ տեղեակ են: Ոչ վախ ունին, ոչ ալ ուրիշ մի բան: Հարցումներու պատասխանը անմիջապէս կուտան: Մեր ժամանակը այդպէս չէր: Մենք, մեր մեծերուն մեզի պատմած ամէն բանին կը հաւատայինք:

Տարիներ, մօրս ետին կը պահուըտէի և այդպէս կաղանդ պապուկին քովը կը մօտենայի: Այդ տարիներու յիշատակները անմոռանալի են: Վեց տարեկան էի: Կաղանդ պապուկը ձեռքի շարժումով մը ինծի քովը կանչեց: Տոպրակին մէջէն նուէր մը հանեց, որպէսզի ինծի տայ: Ես ձեռքս երկարեցի, որ նուէրս առնեմ, սապէս ըսաւ.

-Ոտանաւոր մը արտասանէ, որպէսզի այս նուէրին արժանանաս:

Ես, մօրս ետին պահուըտելով սկսայ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգել: Իմ ընտանեկան բոլոր անդամները, ինծի ուրախութեամբ ծափահարած էին: Կաղանդ պապուկը, մեր տան բոլոր անդամներուն նուէրները բաժնելէ և խրատական պատմութիւնն ալ պատմելէ վերջ, մեր տունէն կը հեռանար:

Կաղանդ պապուկը մեկնելէ վերջ, մեծ հայրս իր թոռնիկներուն ձեռքը լապտերներ կուտար: Մենք փոքրիկներ, մեր ձեռքը լապտերներ դրացիներուն դուռը կը զարնէինք ու մէկ բերան սապէս կ'երգէինք:

-Մելքոն, Գասպար և Պաղտասար, Ա՜ւետիս, Ա՜ւետիս: Շատ Տարիներու Մայրիկ, Շատ Տարիներու Հայրիկ:

Այս դէպքը, ոչ թէ նուէր ստանալու, այլ դրացիները մեր տունը հրաւիրելու օրէնք մըն էր:

Մեր բարեկամներէն մին ձեռնադաշնակ, իսկ միւսն ալ սաքսաֆօն կը նուագէր: Մեր տան մէջ, շատ լաւ կը զուարճանայինք:

Առաւօտուն երբ արթննայինք «Բարիլոյս» ըսել արգիլուած էր: Անպայման «Շնորհաւոր Նոր Տարի» պիտի ըսէինք և մեր մեծերուն ձեռքը պիտի համբուրէինք: Նախաճաշէ առաջ եկեղեցի կ'երթայինք ու կ'աղօթէինք: Մեր աղօթքը, առողջութեան, յաջողութեան ու խաղաղութեան համար կ'ըլլար:

Տուն վերադարձին, բոլոր ընտանեկան անդամները նախաճաշի սեղանին շուրջ կը հաւաքուէինք: «Տէրունական Աղօթք»ով մեր նախաճաշին կը սկսէինք: Նախաճաշէ վերջ, մեծ հայրս մատի շարժումով օրացոյցը ցոյց կուտար: Օրացոյցը, իր քովը կը տանէինք: Առաջին էջը կը բանար և հիւրասենեակի սեղանիկին վրայ կը տեղաւորէր:

Այսպէսով, Նոր Տարի մը ևս կը սկսէր:

Յարգելի ընդերցողներս,

«Կը Շնորհաւորեմ Ձեր Բոլորին Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը»





Շուշան Գորտոնճիեան

23-Դեկտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի

Wednesday, November 25, 2009

Ա. Բ. Գ. Ի ԴԱՍԸ





Թերեւս ինծի պէս շատերն ալ մոռցած ըլլան թէ մանկութեան ո՞ր տարիքին կամ ո՞ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՞ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատները առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՞նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն:

Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ. ի դասիս մոռացումը. անով մտքիս պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը եղծուած կը տեսնեմ. մանկութեանս տարտամ օրերուն վերջամնաց վիշտերէն մէկը եղած է այն, որ երբեմն ստգտանքը կը դառնայ անպատսպար յիշողութեանս:

1898 Հոկտեմբեր 26-ին՝ պիտի այցելէի Օշականի Եկեղեցին՝ Ս. Մեսրոպի դամբարանովը կրկնակի նուիրանակացած այդ սրբավայրը: Երկու օր առաջ սիրտս տրոփման մէջ էր. միամիտ ու անպայման երկիւղածութենէ մը բռնուած՝ գերագոյն վարժապետին ո՜տքը պիտի երթայի:

Գիւղի եկեղեցին հասած՝ ներս մտայ ստորերկեայ փոքրիկ մատուռէն՝ որուն աջակողմը կը տեսնուէր ցած ու անշուք դամբարանը. անդիմադրելի այլայլում մը խռովեց զիս. չէի ուզեր հաւատալ թէ անոր ներքեւ փոշի դարձած ոսկորներ գտնուէին. ինծի համար Մեսրոպը ապրող ու դրապէս ներշնչող հոգի մըն էր. ափ մը հողի տակ ի՞նչպէս կրնայի թաղել կենդանի գիրը:

Անթարգմանելի հակասութեամբ մը ընդվզած բոլոր էութիւնս՝ խուլ քրթմնջիւն մը կը հանէր իր խորերէն. անմահներու ճակատագիրը ծաղրելու համար սարքուած կատակ մը կը թուէր ինծի այդ մարմարիոնէ կափարիչը: Հարկ էր սակայն մօտենալ անոր, ծնրադրել ձոյն հիացումի մը մէջ , ու համբոյրի տաք շրթունքներով քարի մը պաղ երակներուն մէջէն ծծել հոգեկան կայծեր՝ երկար դարերով իրենց կրակը անշէջ պահող նուիրական նշխարներէն:

Զգայական այդ վրդովումին մէջ տխեղծ ու բոպիկ մանկութեանս դեղնած ու վեհերոտ վայրկեանները ետ դարձած էին. այբուբենի առաջին դասիս մոռացման վիշտը՝ կսկիծի մը խայթով արթնցած՝ անհուն տենչանքի մը փոխուած էր կուրծքիս տակ, ու եթէ Մեծ Վարդապետին ստուերագիծ ձեռքը տեսնէի գէթ՝ ոսկի տառերով մագաղաթի մը վրայ, կամ աննման Քահանայապետին գոհար գիրերով զարդարուած լանջապանակ տախտակը տեսնէի գէթ՝ առաջին ու անգիտակից շարժումս պիտի ըլլար անգամ մըն ալ ծնրադրել ու թախանձագին խնդրել իրմէ.

-Աղուոր Ա. Բ. Գ. էն դաս մը տուր ինծի:

ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ


Շուշան Գորտոնճիեան
24-Նոյեմբեր-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, November 14, 2009

ՊԱՏՃԱՌԸ Ի՞ՆՉ Է




Փոքրիկ տղան Աստուծոյ հանդիպիլ կ'ուզէր: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ Աստուած շատ հեռուները կը գտնուէր: Ուստի ճամբորդութեան պիտի ելլէր ու Աստուած պիտի բնտրէր: Պայուսակին մէջ կարկանդակներն ու պտուղի ջուրերը լեցուց և ճամբայ ելաւ:
Երկար ատեն քալելէ յետոյ, ընդարձակ պարտէզի մը մէջ, ծառի մը տակ նստաւ: Շատ անօթեցած էր: Պայուսակին մէջէն կարկանդակ ու պտուղի ջուր հանեց: Այդ միջոցին տարիքոտ մարդ մը տղուն մօտեցաւ և սկսաւ անոր նայիլ: Փոքրիկ տղան, իր ձեռքի պայուսակէն կարկանդակ մը հանեց ու տարիքոտ մարդուն երկարեց: Մարդը ժպտելով փոքրիկ տղուն ձեռքէն կարկանդակը առաւ և անոր քովը նստեցաւ: Այդ ժպիտը այնքան առիքնող էր ու հոյակապ և մարդուն այնպիսի պատկառազդու երեւոյթ մը կու տար, որ տղան փափաքեցաւ մարդուն երեսի այդ ժպիտը անգամ մը եւս տեսնել: Պայուսակին մէջէն պտուղի ջուր մը հանեց ու մարդուն երկարեց: Մարդը իր շնորհակալութիւնը դարձեալ ժպտելով մը յայտնեց: Տղան շատ ուրախ էր և երջանիկ: Բոլոր օրը այդ ծառին տակ նստած կարկանդակ կերան: Բառ մը իսկ չի խօսեցան: Միմիայն իրարու ժպտեցան:
Երբ գիշեր եղաւ փոքրիկ տղան յոգնած զգաց: Ոտքի ելաւ և քանի մը քայլ առնելէ յետոյ ետ դարձաւ: Վազելով մարդուն փաթթուեցաւ: Տղուն հետ առանց խօսելու գրկախառնումի ընթացքին, մարդուն երեսին վրայ իր ամենագեղեցիկ ժպիտը գծագրուեցաւ:
Փոքրիկ տղան տուն վերադարձաւ: Մայրը, իր տղուն երջանկութիւնը տեսնելով զարմացաւ ու հարցուց.
-Քեզի այսօր շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Փոքրիկ տղան պատասխանեց.
-Մայրիկ, այսօր Աստուծոյ հետ ճաշեցի: Աստուած շատ գեղեցկօրէն կը ժպտի:
Տարիքոտ մարդն ալ, փոքրիկ տղուն նման, երջանիկ ու լուսապայծառ դէմքով իր տունը վերադարձաւ:
Մարդուն տղան, հօրը երեսի խաղաղութիւնը տեսնելով զարմացած հարցուց.
-Հայր. այսօր քեզի շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Մարդը սապէս պատասխանեց.
-Պարտէզի մը մէջ Աստուծոյ հետ կարկանդակ կերայ: Ան շատ երիտասարդ է:

Ժպիտ մը, փաղաքշական՝ փայփայիչ բառ մը, ըսուածին ականջ տալ, փոքր հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալ որքա՜ն զօրաւոր ազդեցութիւն կրնան ունենալ: Մարդու մը կեանքի ընթացքը կրնան փոխել:

Արդեօ՞ք կ'անդրադառնանք:

Մեր կեանքի տեւողութեան մարդոց կը հանդիպինք, որոնք մեր ապրումին կը խառնուին որոշ պատճառով մը, որոշ տեւողութեամբ մը, կամ՝ ցկեանս:
Բոլորին հետ ալ սիրով գրկախառնուինք:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Նոյեմբեր-2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Monday, October 19, 2009

ԵՍ... ԻՄ... ԱՐԴԵՕ՞Ք...




Ես հայերէն կը խօսիմ:
Ես հայերէն կը կարդամ:
Ես հայերէն կը գրեմ:
Ես Հայաստանի հեռատեսիլի կայանէն հայերէն լուրեր մտիկ կ'ընեմ:
Ես ձայնասփիւռի կայաններէ հայերէն երգեր մտիկ կ'ընեմ:
Ես Հայ վարժարանի մէջ ուսանած եմ:
Ես Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի կ'երթամ:
Ես հայերէն խօսակցութիւններ լսել կ'ուզեմ:

Իմ ընտանիքս հայախօս է:
Իմ գրադարանիս գիրքերուն մեծամասնութիւնը հայերէն է:
Իմ տունէս ներս ամէն օր հայերէն օրաթերթ՝«ՄԱՐՄԱՐԱ» կը մտնէ:

«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի խօսիր:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի կարդար:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն չի գրեր:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Հայերէն օրաթերթ մը իսկ իր տունէն ներս չի մտներ:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Իր գրադարանին մէջ հայերէն գիրք մը անգամ չունի:
«Ես Հայ եմ» կ'ըսէ: Եկեղեցական քարոզները օտար լեզուներով լսել կ'ուզէ:
«Ես Հայ եմ, սակայն հայերէն չեմ գիտեր» կ'ըսէ:

Արդեօ՞ք ես հիւանդ եմ:
Արդեօ՞ք ես հոգեբոյժի, դարմանումի պէտք ունիմ:
Արդեօ՞ք ես հանդարտեցուցիչ դեղերու պէտք ունիմ:
Արդեօ՞ք ես հիւանդանոցի մը մէջ երկար դարմանումի մը պէտք ունիմ:

Արդեօ՞ք ես, թէ ոչ ան...

Շուշան Գորտոնճիեան
18-Հոկտեմբեր-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Thursday, September 24, 2009

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽԱՉԻ ՏՕՆԵՐԸ





Ինչպէս բոլոր հին առաքելական եկեղեցիները, Հայ եկեղեցին եւս ունի խաչի յատուկ տօներ:
Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, խաչին յատկացուած են չորս տօներ:
Ա.- Երեւման Ս. Խաչ
Բ.- Խաչվերաց
Գ.- Վարագայ Ս. Խաչ
Դ.- Գիւտ Խաչ

Ա.- Երեւման Ս. Խաչի տօնը Ս. Զատկի տօնէն չորս շաբաթ յետոյ կը կատարուի: Այս տօնը յիշատակումն է 351 թուին Երուսաղեմի երկնակամարին վրայ խաչի նշանին հրաշալի երեւումին:

Բ.- Խաչվերացը խաչի նուիրուած տօներէն մեծագոյնը, որ միաժամանակ տարւոյն վերջին տաղաւար տօնն է: Կը կատարուի Սեպտեմբեր 14-ի մերձաւոր կիրակիին:
622 թուին Պարսիկներու Խոսրով թագաւորը Երուսաղեմը գրաւեց: Քրիստոսի Խաչափայտը, Պարսկաստան գերի տարաւ: Քրիստոնեաներ Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ Պարսիկներու վրայ յարձակեցան և խաչափայտը գերութիւնէ ազատեցին: Գերութիւնէ ազատուած խաչափայտը մեծ թափօրներով և արարողութիւններով քրիստոնեայ գաւառներէ անցնելէ յետոյ Ս. Երուսաղեմ տարուեցաւ:
Այս մեծ թափօրը և խաչի բարձրացումը յիշատակելու համար մեր եկեղեցիներուն մէջ Խաչվերացի Անդաստան կը կատարուի:

Գ.- Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յատուկ է միայն Հայ եկեղեցւոյ: Խաչվերացի տօնէն երկու շաբաթ յետոյ կը կատարուի:
Ս. Հռիփսիմէ և իր ընկերները երբ Հռոմէն հալածուելով եկան բնակեցան Վարագ Լեռը «Վանի մօտ» իրենց հետ բերին խաչափայտի մասունք մը և զայն թաղեցին որպէսզի ոչ-քրիստոնեաներու ձեռքը չանցնի:
Աղօթքի նուիրուած Թոդիկ և Յովել անուն երկու ճգնաւորներու հրաշալի պայմաններու տակ կը յայտնուի մասունքին թաղուած վայրը:
Մասունքին գտնուիլը օրուան Ներսէս Գ. Շինող Իշխանցի Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու ու հաւատացեալ ժողովուրդի համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ եղաւ:

Դ.- Գիւտ Խաչը, Խաչվերացի կիրակիէն վեց շաբաթ յետոյ կիրակի օր կը տօնուի: Խաչին գիւտը տեղի ունեցած է Կոստանդիամոս Կայսեր մօր՝ Հեղինէի ջանքերով:

Խաչը, Քրիստոնեայ հաւատացեալին պահապանն է և չարին դէմ մղուած բարի պատերազմին զէնքը:

Շուշան Գորտոնճիեան
23-Սեպտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Friday, September 18, 2009

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ «1872-1954»ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ և ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԽՈՆՋ ԴՐՕՇԱԿԻՐ




ԳԵՂՕՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ

Ինչպէս գէտ մը անհուն, հինաւուրց լեռներու անմատոյց բարձունքներէն ծնած, և որ անհաշուելի ժամանակներէ ի վեր արեւուն տակ կը պտըտցնէ իր թարմ կեանքը մշտահոս ու երգեցիկ, դուն կը վազես դարերուն մէջէն, ո՜վ գեղեցիկ ու քաղցր Լեզու Հայկական: Քու ակունքդ կը կորսուի Անցեալին ալեւոր սարերուն մշուշին տակ խորհրդասքօղ: Առասպելախառն ստուերներուն վեհութեան ծոցէն, ինչպէս կաղնի մը հաստաբերձ՝ քու նորացայտ ուղխինահոսմանդ վերեւ կանգուն՝ դեռ կը տեսնենք պայծառ դէմքը հսկայ դիցակերպ Հայկին, որ քու վրադ կաթեցուց Բռնութեան դէմ առաջին բազուկը բարձրացնող ըմբոստի իր նայուածքն առնական: Եւ մեր որդիական աչքերուն զմայլած խանդաղատանքը դեռ կը նշմարէ խրոխտ շնորհը գեղեցիկ Արային, որ քու եզերքդ ի վար պահ մը շողաց ինչպէս շուշաններու, ու յետոյ, Սիրոյ և Հայրենիքին հաւատարիմ, արի մահով մը մարեցաւ, մահով մը երփնավառ ու մաքուր ինչպէս կարմիր պարտէզ մը մեծ վարդերու: Ու մեզի աւելի մօտիկ ժամանակներուն ընթացքին մէջ, ի՜նչքան դէմքեր մետաքսէ բամբիշներու, երկաթէ հերոսներու, խունկէ մարգարէներու և կրակէ բանաստեղծներու, որոնք իրենց երազը քու ջուրերուդ մէջ հայելացուցին:

Հարիւր ցեղ, է՜ն հզօրներէն և է՜ն նուրբերէն, է՜ն վայրագներէն և է՜ն ազնիւներէն, քու ափունքներէդ անցան: Անոնցմէ շատերը, որ սեւ մտածումն ունեցան քեզ ցամքեցնելու, իրենց բուռն անցքին յարուցած փոշիին մէջ թաղուելով կորան առյաւէտ, իսկ դուն անոնց անձնիւրէն շող մը, երանդ մը, թոյր մը, զանակներ առիր ու ամփոփեցիր քու ծոցիդ մէջ, քու պատմուճանիդ շքեղութիւնը անոնցմով պերճացուցիր և՝ յամառ ու մշտակայտառ՝ դարերուն մէջէն քու վազքդ շարունակեցիր:

Ո՜վ մեզի վերստին լսելի պիտի ընէ մեծապանծ նուագները, ազնուական տաղերն ու ազատաշունչ յաղթերգները զոր ալիքներդ հնչեցուցին՝ այն ոսկեղէն օրերուն, երբ փառքին երիվարը քու հողիդ վրայ սիգարշաւ կը սուրար՝ Տիգրաններուն և Տրդատներուն հուժկու ձեռքով առաջնորդուած: Ժամանակին խաւարներուն տակ թաղուած՝ կը քնանան անոնք: Բայց մենք անոնց արձագանգը կը գտնենք հզօր ու լիալիր համերգութեանը մէջ զոր դուն բարձրացուցիր Մեսրոպեան հոյլին աստուածային շունչին տակ, երբ աշխարհիս գեղեցկագոյն ծաղիկներով պճնուած ափունքներուդ մէջէն ալիքներդ, բնիկ ծիրանիովդ հագուած և արեւուն բոլոր ոսկիովը լուսաշող, արքայական թափորի մը մեծավայելչութեամբ ծաւալեցան:

Օր մը, մրրիկ մը քեզ սարսրեց, և ջուրերդ, փրփրակուտակ, յարձանապտոյտ և մեծամռունչ, արջնաթոյր ու փայլակներով պատռտուած, անօրինակ երգ մը բարձրացուցին, մոլեգին ու դաշնաթաւալ, վեհօրէն դաժան ու քաղցրօրէն ահաւոր, երգ մը կարծես սարսափով ու գթութեամբ լեցուն հրեշտակապետի մը փողովն հնչուած՝ երախաբաց դժոխքին արհաւիրքներուն վերեւ: Նարեկայ մոնազին հոգին էր որ վրայէդ կ'անցնէր...

Ատեններ յետոյ, լուսնակ գիշեր մը աննման անուշութեամբ քեզ լուսածաղկեցուց. ջուրերդ, անդոյր ալեակներով, երանաւէտ յափշտակութեան մը մէջ մեղմօրօր, արծաթ նշոյլներու մեղրահոս տարափի մը տակ ցոլցլուն, երգեցին նուագ մը սիրոյ և օրհնութեան: Շնորհալիին սիրտն էր որ վրադ կը ճառագայթէր...

Եկան մեծ աղետի օրեր: Փառքն ու զօրութիւնը հեռացան ափերէդ: Թշուառութիւնը ծանրացաւ վրադ: Ժանտ հովեր իրենց սեւ թեւերով ծոցդ բզքտեցին: Արիւնի անձրեւ մը տեղաց վրադ ու քեզ կարմրցուց: Դիակներու աղիողորմ շեղջակոյտեր ալիքներուդ վրայ ծփացին: Ջուրերդ աղարտուեցան, փտութեան պիղծ գոյներ զգեցան: Ու պահ մը մահուան աղջամուղջը զգացիր քու վերեւդ հոլաթեւ: Եւ սակայն քու ներքին կորովդ յաղթեց մահուան, և դուն վերակենդանացար, նորոգուած և աւելի քան երբեք երիտասարդ: Նոր գարուն մը ճաճանչեց, քու ջուրերդ մաքրեց, բիւրեղի թափանցկութիւն և մարգարիտի փայլ տուաւ անոնց, քնքուշ թեւերով զեփիւռ մը ծոցդ զովացուց, ափերուդ վրայ այգիներ փթթեցան, ու սոխակներ եկան՝ անոնց բարի ստուերներուն մէջ թաքչած՝ իրենց գորովոտ խաղերը գեղգեղել: Աշուղներուն երամն էր մելանուշ...

Եւ այսօր, ա՜յնքան այլազան վայրերու, ա՜յնքան բազմաթիւ դարերու ա՜յնքան տարանման իրադարձութեանց մէջէն անցնելէ, է՜ն մաքուր փառքերն ու է՜ն սոսկալի փորձանքները ճանչնալէ յետոյ, դուն հոսիս միշտ, ո՜վ Լեզու Հայկական, կը հոսիս առոյգ և պայծառ: Դարաւոր վազքդ քեզ չէ յոգնեցուցած, քեզ չէ ծերացուցած: Մշտանորոգ երիտասարդութեան գաղտնիքը քու մէջդ է: Դուն հիմայ կը միացնես քու դասական մեծ օրերուդ ոսկեհուռ պատմուճանին պերճութիւնը աշուղական սատափաշող շրջանին փափուկ շնորհին, մերթ անպատում քաղցրութիւնն ունիս մեր մայրերուն գորովով ակաղձուն նայուածքին, մերթ կուռ փայլը մեր հերոսներուն արոյրէ հոգիին, մերթ կը ցոլացնես ահեղ կարմիրը մեր գեհենական աղետներուն և մերթ արեգակնափայլ ճառագայթումը մեր ազնիւ յոյսերուն: Եւ քու ջուրերուդ բոլոր բերաններովը դուն Ազատութիւնը երգեցիր, այնպիսի խոր, ուժեղ և անուշ շեշտով մը, որ Արեւելքն ամբողջ ցնցուեցաւ և զայն գերեզմանող խաւարին մէջէն ահա արդէն կը տեսնենք մեծ Այգու մը առաջին ճաճանչներուն շողիւնը...

Ո՜վ մեր Լեզուն, հայելի՜ մաքրութեան, գորովի և արութեան, դուն մեր հոգին ու մեր արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես: Դուն ամենէն բարձր երեւոյթներէն մէկն ես տիեզերական Ուժին: Որքան ատեն որ Կեանքը երկրիս վրայ տեւէ, դուն պիտի շարունակես յաղթականօրէն քու վեհանձն ու պայծառ գնացքդ Ժամանակին անծայր դաշտերուն մէջէն:

Արշակ Չօպանեան
Կ. Պոլիս, 1908, Հոկտեմբեր

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Սեպտեմբեր-2009 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, August 31, 2009

ԷՋԵՐ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ

Ա. ՀԻՆ ՇՐՋԱՆ

1952 թուականի Յունուարին քանի մը ազգայիններ ազնիւ գաղափարը կ'ունենան «Իսթանպուլի և բոլոր արուարձաններու նիհարակազմ ուսանողներու համար Քամբ մը հիմնելու նախաձեռնութեամբ» միութիւն մը կազմել: Կը պատրաստեն իրենց օրինական ծրագիրը և կը դիմեն կառավարութեան իրենց միութեան վաւերացումը խնդրելով: Միաժամանակ կը գրեն Պօյաճըգիւղի Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, խնդրելով որ իրենց եկեղեցիին շրջափակը տրամադրեն այս նպատակին համար: Անոնցմէ դրական պատասխան առնելէ յետոյ կը դիմեն նաեւ Պէյօղլուի Աղքատախնամ Մարմնին եւ իրենց ծրագրի իրագործման համար նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրեն: Աղքատախնամը կը քաջալերէ զիրենք առաջին առթիւ տրամադրելով իր ժողովատեղին այս նորակազմ Միութեան ժողովներուն համար:
1952 Մարտին, պետութեան մօտ կատարուած դիմումին կը ստանան դրական պատասխան, որով կը վաւերացուի նորակազմ «Տէրնէկը», իր կանոնագիրը և հիմնադիրները յարակից մարմիններով:
Քամբի հիմնադիր անդամները եղած են. Տօքթ.Ա. Լօթիկեան, Մինաս Տիարպէքիրլեան, Հայկ Գալայճեան, Բարսեղ Արապեան «չորսն ալ այժմ վախճանած» և Յարութիւն Հանըմեան, Յարութիւն Սէմէրճեան, Կարպիս Եաղուպեան, և Խորէն Մելիքեան:
Ասոնք 1952-ի ամառը կը բանան «Քամբը» Պօյաճըգիւղի Եկեղեցիի շրջանակին մէջ 20 մանուկներով և կը բոլորին խանդավառ շրջան մը ծախսելով «11.000 Ոսկիի պատկառելի դրամ մը» որուն 6500-ը գոյացած է զանազան նուիրատուութիւններով իսկ 4500-ը պարտք մնացած է, որ ձմրան ամիսներուն պարահանդէսով մը կը փակեն:
1953-ին «աւելի եւս զարգացած էր Քամբին կազմակերպչական աշխատութիւնն ու կարգ կանոնը»: Այս շրջանն ալ կը բոլորեն 27 նիհարակազմ ուսանողներ պատսպարելով:
1954-ին «Քամբ»ի Նոր Վարչութիւնը շինել տուած է քարուկիրշէնք մը և ամբողջացուցած է շինութիւնը արդիական խոհանոցի և ջրհան մեքենայի մը: Քամբի Տէրնէկը կազմակերպած է նաեւ «Հերթական դասախօսութիւններ ընկերային և երաժշտական ունկնդրութիւններ, մարզախաղեր ու զբօսապտոյտներ»: Մինչեւ իսկ Քամբի փոքրիկներէն կազմած է փոքր երգչախումբ մը պատարագի երգեցողութեան: Այս տարին ալ ունեցած է 42 ուսանողներ:
1954-ին վարչութիւնը իրագործած է կարեւոր ծրագիր մը. Թերթ հրատարակած է «ՔԱՄՓ» անունով: Ասոնցմէ ի ձեռին ունինք 5 թիւեր, որոնցմէ կը քաղենք այս շրջանի վերաբերեալ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները: Արդարեւ յանդուգն ձեռնարկ մըն է սա նկատի ունենալով թերթին ծաւալը, պէսպիսուն բովանդակութիւնը և տպագրեալ ըլլալու հանգամանքը: Իւրաքանչիւր թիւ բաղկացած է 32 երբեմն 36 էջերէ և օրուան կարեւոր գրական դէմքեր յօդուածներ ունին անոնց մէջ: Մաքուր տպագրութիւն և յաճախ առատ պատկերազարդում: Տեւած է երկու տարի միայն 1954 և 1955:
1955-ին պատսպարած են 57 ուսանողներ 16.500 լիրա տարեկան պիւտճէով:
1956 թուին «Տէրնէկ»ը ինքնաբերաբար լուծուած է: Քամբին վերին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է այն ատեն գոյութիւն ունեցող Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ կազմած է զօրաւոր Նոր Հոգաբարձութիւն մը ատենապետութեամբ
Պ. Թօկօ Աճէմեանի: Տնօրէն նշանակուած է Գաբրիէլ Գաբրիէլեան, որ պաշտօնի վրայ մնացած է գրեթէ մինչեւ քամբին վերջնական փակումը 1959-ին:
1956-ին Քամբէն օգտուած են 80 աշակերտներ, որոնցմէ 54-ը մնայուն եղած են, իսկ մնացեալ 26-ը հերթով մէկական ամիս մնացած են: Այս տարին բոլորովին նորոքուած է Պօյաճըգիւղի եկեղեցիի շրջակին մէջ գտնուող նախկին վարժարան հին շէնքը և յատկացուած է Քամբի գործածութեան:
Քամբի առօրեայ ծրագիրը եղած է Զարթնում ժամը 7-ին: Նախաճաշէն յետոյ երգի փորձեր կամ հատընտիր գիրքերէ ընթերցումներ: Կէսօրուան ճաշէն յետոյ երկու ժամ հանգիստի քուն. Որմէ յետոյ ձեռային աշխատանք, զբօսանք կամ հանդէսի պատրաստութեան փորձեր: 7.30-ին ընթրիք. 8.30-ին անկողին:
1957-ին Քամբի խնամակալութեան անդամներէն կարեւոր մէկ մասը համայնքային այլ պաշտօններու ընտրուած ըլլալով քաշուած են գործէ: Այս շրջանի ատենապետութիւնը ստանձնած է Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեան որ այդ պաշտօնի պատնէշին վրայ մնացած է մինչեւ 1959-ին: Այս տարի պատսպարած են 120 մանչեր:
1958-ին Քամբը բացուած է գրէթէ անցեալ տարուան չափ աշակերտներով: Քամբի հոգաբարձութիւնը գնած է 40 մահճակալներ և յարակից կազմածները, 5000 ոսկի ծախսելով նորոգել տուած է մաշած վրանները:
1959-ին կազմուած է նաեւ Տիկնանց Յանձնախումբ մը, որոնք սիրայօժար ստանձնած են Քամբի աշակերտութեան բոլոր կարիքներու հոգատարութիւնը: Տնօրէն մը,4-5 ուսուցիչ հսկիչներ խոհարար մը և օգնականները կազմած են գործօն անձնակազմը քամբին: Պիւտճէն առ հասարակ եղած է 40-45 հազար թրքական լիրա, որուն հայթայթումը մեծագոյն մասամբ ծանրացած է Ատենապետ Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեանի և հոգաբարձութեան գործօն անդամ
Պ. Գէորգ Գարամանուկեանի վրայ:
1960 թուականին չէ բացուած Քամբը և անկէ յետոյ փակ մնացած է:

Բ. ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ



1962-ին, Մեր Պատրիարքական գահակալութիւնէն յետոյ մեր անմիջական ծրագիրներէն մէկն ալ եղած էր համայնքը օժտել նոր ամարանոցով մը: Այս մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները կը քաղենք մեր որագրութեան տետրակներէն, քանի որ ամենօրեայ կանոնաւոր օրագրութիւն պահելու սովորութիւն ըրած ենք: Ըստ այսմ չակերտեալ բոլոր հատուածները առնուած են այն օրուան համապատասխան մեր օրագրութենէն:
1962 Մարտ 28-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեանը խորհրդակցելու համար այս ամառ կազմուելիք ամառնային դպրոցի կամ քամբի մը մասին, որուն գլխաւոր վարիչը եղած է ինք անցեալ տարիներուն: Առնուած տեղեկութիւնները պիտի ներկայացնեմ յառաջիկայ Երկուշաբթի գումարուելիք Ճաշի Յանձնախումբերու Նկատառման»
1962 Ապրիլ 1. «Պօյաճըգիւղի եկեղեցին ներկայ եղայ պաշտամունքի… Ապա աչքէ անցուցի եկեղեցիին կից շինութիւնները, որ ժամանակին գործածուած են ամառնային քամբի համար: Նոր շինուած մասերը գոհացուցիչ են, բայց հին մասերը գրեթէ անգործածելի վիճակի մէջ կը գտնուին: Նախ պէտք է տեղը նորոգել և ապա՝ քամբի նպատակին յատկացնել»:
1962 Ապրիլ 2. «Երեկոյին յատուկ հրաւէրով եկած էին –Մեր վարժարաններու- Ճաշի Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները և Պօյաճըգիւղի Թաղականութիւնը և
Պր. Ծերոն Փեշտիմալճեան: Հրաւիրուած էին խորհրդակցելու համար Ամառնային քամբը վերակսելու հարցի մասին: Պօյաճըգիւղի թաղականութիւնը չուզեց ի պաշտօնի ստանձնել քամբին վերին պատասխանատուութիւնը: Այն ատեն ուզեցինք կապել Գարակէօզեան Որբանոցի Խնամակալութեան: Պիւտճէի մասին խորհրդակցեցանք: Իւրաքանչիւր Ճաշի Յանձնախումբ իր կողմէ տրուելիք գումարը խոստացաւ: Պ. Ծերոն Փեշտիմալճեան խոստացաւ (հայթայթել) 10.000 Լիրա. Ուրիշ մը հազար լիրայով ընդհանուր գումարը բարձրացաւ 23-25 հազար լիրայի»:
Անկէ յետոյ ամբողջ 1962 տարուան ընթացքին ոեւէ արձանագրութիւն չենք գտներ մեր օրագրութեան մէջ: Բայց մենք որոշած էինք քամբը չբանալ Պօյաճըգիւղի մէջ, շատ մը պատճառներով, որոնցմէ մէկն էր դրացիներու կողմէ յարուցուած դժուարութիւնները: Մենք որոշումը տուած էինք ի նպաստ Գնալը Կղզիին, նկատի ունենալով անոր օդասուն հանգամանքը և հայ բնակչութեան բազմութիւնը ամառուան եղանակին:
Այս ուղղութեամբ ալ մեր նախնական աշխատանքներուն ձեռնարկեցինք 1963-ի սկիզբները:
1962 Մարտ 28-ին գացած ենք Գնալը Կղզի, քարոզելու համար Արեւագալի Ժամերգութեան: Եկեղեցիէն յետոյ Քամբի մասին խորհրդակցութեան մը ընթացքին «Պ. Ֆերտինանտ Մանուկեան փափաք յայտնեց նիհարակազմ տղայոց Քամբի համար իբրեւ յարմարագոյն վայր նկատի ունեցանք եկեղեցիի արտաքին դրան առջեւի եկեղեցապատկան հողը. Սակայն քչիկ մը պզտիկ գտանք զայն մեր նպատակներուն համար: Տեղեկանալով որ ազգապատկան այս հողին կից կալուածը հայու կը պատկանի, որոշեցինք կալուածատիրոջ հետ շփման մէջ մտնել գնելու համար»:
1963 Մայիս 13-ին «Գնալը Կղզի գացի ամառնային քամբի նոր վայր մը աչքէ անցընելու համար: Մեր հետն էր նաեւ Պր. Ժագ Ապրեվանել, Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչը և Կարպիս Ղազարեան, նաեւ Ֆէրտինանտ Մանուկեան, Ճարտարապետ Գեղամ Մանուէլեան և Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ թաղականութիւնէ երկու անդամներ: Եկեղեցոյ սեպհական հողը յարմար չտեսնուեցաւ: Կարգ մը ուրիշ տեղեր ալ նայուեցան: Յարմարագոյնը մեր գերեզմանատան կից (հիւսիսային կողմը) ընդարձակ հողը նկատուեցաւ: Տեսանք տեղւոյն մուխթարը և պատուիրեցինք որ վերոյիշեալ հողի վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները գտնէ և հաղորդէ մեզի»:
1963 Յունիս 5-ին «Ունեցանք ամառնային քամբի ժողով: Կանչուածներէն քիչեր եկած էին: Ներկայ էր նաեւ Պ. Ժ. Ապրեվանել, պարտականութիւն յանձնեցինք Գնալը Կղզիի Թաղ. Խորհուրդի ներկայացուցիչին, որ կղզիի մէջ մեր վերջին անգամ տեսած «Գերեզմանատան կից» հողի մասին անհրաժեշտ բոլոր պրպտումները կատարուին և զեկոյց բերուի մեր յաջորդ ժողովին»:
Ապա մենք բացակայեցանք երկրէն լման երկու ամիսներ: Որմէ յետոյ սերտօրէն զբաղուած եղանք Ղալաթիոյ և Նառլըգաբուի եկեղեցիներու և Խասգիւղի Ներսէսեան ու Սամաթիոյ Սահակեան վարժարաններու նորոգութեանց գործերով, որով մեր օրագրութեանց մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այս մասին մինչեւ յաջորդ տարին:
1964 Փետրուար 13-ին դարձեալ գացած ենք Գնալը Կղզի Արեւագալի: Եկեղեցիէն յետոյ երբ վերահասու եղանք որ Գերեզմանատան կից հողին տէրը խոշոր գին կը պահանջէ, հրաժարեցանք այդ հողը գնելու գաղափարէն: «Ապա ամառնային քամբին համար ներկաներուն հետ կատարեցինք հետախուզութիւններ: Ի վերջոյ եկանք այն եզրակացութեան, որ օգտագործենք եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ գտնուող անտառակը և եկեղեցիի շրջափակէ անմիջապէս դուրսի եկեղեցապատկան հողը: Դժբախտաբար հողին տարածութիւնը մեծ չէ և մեր նպատակին չի բաւեր, մեր յոյսը դրած ենք քովի հողի կտորին վրայ, զոր կը մտադրենք գնել»: Մինչ այդ գէթ յառաջիկայ ամառ գործը սկսած ըլլալու համար, ճարտարապետ Գեղամ Մանուէլեանի հետ խորհրդակցելէ յետոյ, որոշեցինք որ եկեղեցիի շրջանակին մէջ գտնուող ծառաստան-պարտէզի մէջ առժամեայ քամբ մը հաստատենք, տախտակեայ յատակով և վրանալաթ ծածքով»:
Ըստ այսմ կը նախատեսուէր որ 1964-ի ամառը պիտի ունենայինք մեր քամբը: Արդարեւ նոյն տարին Ապրիլին գնուեցաւ եկեղեցապատկան հողին կից կալուածը, յանուն Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին, երեսուն հազար լիրայի, որ ծախքերով միասին կը բարձրանար շուրջ 35.000-ի, զոր վճարեց Պ. Ֆերտինանտ Մանուկեան: Այս կերպով միացեալ հողամասի տարածութիւնը եղաւ 790 քռ. մեթր:
Թէեւ հողը գնուած էր եկեղեցիի անունով սակայն ներկայիս դժբախտաբար վրան շէնք շինելու արտօնութիւն չի տրուիր: Ուստի 1964 Յունիս 14-ին խորհրդակցեցանք կերպերու և միջոցներու մասին, թէ ի՞նչպէս կրնանք ձեռք ձգուած հողին վրայ շէնք մը շինել: Երեք հաւականութիւններ ներկայացուեցան մեր առչեւ:
1-Տրուած ըլլալով որ հողին գինը վճարուած էր Պ. Ֆ. Մանուկեանի կողմէ, կրկին հողը պաշտօնապէս անոր անունին փոխանցել և շէնքը շինել անոր անունով:
2-Դիմել տեղւոյն «Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Յանձնախումբ»ին, որ ինք ստանձնէ գործին տիրութիւնը «Տէրնէկ»ի ձեւին տակ, նոր շէնքի շինութեան ծախքն ալ Կիւլպէնկեան Հիմնարկէն խնդրուի:
3-Դիմել տեղւոյս կուսակալին, որ մասնաւոր արտօնութիւն մը շնորհէ այս շէնքը Եկեղեցիի անունով շինելու, տրուած ըլլալով որ նպատակը զուտ բարեգործական է և պիտի յատկացուի երկրի նիհարակազմ տղայոց առողջութեան համար»:
Անկէ յետոյ ունեցած ենք բազմաթիւ խորհրդակցական հանդիպումներ ի վերջոյ յանգելու համար այն եղրակացութեան որ «Տէրնէկ»ի մը անունով գործի ձեռնարկուի:
1964 Նոյեմբեր 10-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ֆ. Մանուկեանը և Պ. Գ. Գարամանուկեանը, որոնց հետ միասին պատրաստեցինք անուանացանկը այս ձեռնարկի հիմնադիր անդամներուն: Իսկ շէնքի յատակագիծը պիտի պատրաստէ ճարտարապետ Անդրանիկ Մատոյան: Պատրաստել տուած էի նաեւ սեւագրութիւնը Հիմնադիր Յանձնախումբի ծրագիր-կանոնագրին, զոր կառավարութեան պիտի ներկայացնենք «Տէրնէկ»ի վաւերացումը ապահովելու համար: Ամիս մը յետոյ ժողովին հրաւիրեցի «Տէրնէկի» անդամները. Քիչեր եկան, որոնցմով կազմեցինք «Տէրնէկ»ը: Այսպէս վերջացաւ նաեւ 1964 տարին առանց ունենալու ծրագրուած ամառնային քամբը:
1965-ը աւելի եռուն գործունէութեան տարի մը եղաւ: Մարտ 12-ին դարձեալ գացած ենք Գնալը Կղզի Արեւագալի: Աչքէ անցուցինք եկեղեցիի շրջափակին ծառաստանը, ուր քամբի առժամեայ յարմարութիւնները պիտի շինենք: Երբ այդ մասին վերջնական որոշում տուած էինք, յանկարծ ներկաներէն մէկը փայլուն գաղափար մը յայտնեց «գնել մերձակայ նորաշէն տուն մը», որ կազդուրման կայան ըլլալու պայմանները կը լրացնէր: Շէնքը քննական աչքէ անցուցինք և տեղւոյն վրայ զայն գնելու որոշումը տուինք: Պատրիարքարան կանչել տուի տանտէրը և առաջարկեցի գնել իր տունը. չէ չըսաւ, միայն խնդրեց տիկնոջ հետ ալ տեսակցիլ վերջնական որոշում տալէ առաջ»:
1965 Մարտ 29-ին հրաւիրած էի Պ. Ժ. Ապրեվանելը, Պ. Ֆ. Մանուկեանը և Պ. Գ. Գարամանուկեանը և վերոյիշեալ տանտէրը: Երկար խորհրդակցութենէ յետոյ, նկատի ունենալով որ անմիջական դրամ չունէինք այդ շէնքը գնելու, եկանք այն եզրակացութեան որ վարձենք այդ տունը այս տարուան համար և ապա դիմենք Կիւլպէնկեան Հիմնարկին որպէսզի այս տունը նուիրէ մեր համայնքին:
Եւ արդարեւ սոյն տարւոյ Ապրիլ 1-ին ընդարձակ նամակ մը գրեցինք Կիւլպէնկեան Հիմնարկին, շեշտելով անհրաժեշտութիւնը ամարանոցի մը, մեր համայնքի մանուկներուն համար. կը հաղորդէինք նաեւ որ անհրաժեշտ փոփոխութիւններով և յաւելումներով մեզի պիտի արժէր շուրջ քառասուն հազար տոլար: Ու կը խնդրէինք որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկին նուէրն ըլլայ այս շէնքը մեր կարօտ մանուկներուն:
Նկատի ունենալով որ ամառը կը մօտենար, և տանտէրը մեզի վարձու տալ չէր ուզեր, ուստի քանի մը ազգայնոց առաջարկեցի որ պարտքով գնեն այս շէնքը և Կիւլպէնկեան Հիմնարկէն դրամ գալուն հատուցանենք այս պարտքը, հակառակ պարագային հանգանակենք համայնքէն: Գաղափարին շատ քիչեր մօտեցան, որոնց խօստացած գումարներն ալ անբաւական էին շէնքը գնելու: Երբ մենք կը տնտնայինք, տանտէրը հարկադրուեցաւ այդ ամառ ուրիշներու վարձել իր տունը, որով 1965-ին ալ չունեցանք ամէնքիս այնքան ակնկալած քամբը:
Վերջապէս Յունիս 11-ին եկաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի պատասխանը, որ թէեւ դրական էր, բայց փոխանակ 40 հազարի 28 հազար տոլար կը յատկացնէր այս նպատակին: Այս գումարը ի վերջոյ մեր դիմումներուն վրայ բարձրացաւ 35 հազար տոլարի:
1965 Յուլիս 10-ին «Հրաւիրած էի Պ. Ապրելվանելը և Գնալը Կղզիի թաղականութեան ներկայացուցիչը և գնուելիք տունին տէրը. Խորհրդակցեցանք թէ ի՞նչպէս պէտք է գնենք այս տունը, որ դժուարութեանց չբախինք: Որոշուեցաւ որ Պատրիարքարանիս փաստաբանը Պր. Մ. Ագըլլը տեսնուի պատկան անձերու հետ և ըստ իր քաղած ցուցմունքներուն ընենք գնումը»: Ցուցմունքները այն եղած էին որ «Տէրնէկ»ի մը անունով գնուի: Պահ մը կ'որոշենք Թօքաթլեան Խանի Շինութեան վերջին Յանձնախումբով «Տէրնէկ» մը կազմել: Սակայն կ'երեւի թէ հնարաւոր չեղաւ անդամներուն հաւանութիւնը ապահովել, կամ այս գաղափարը շատ գործնական չթուեցաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչին որ կը պնդէր թէ գնումը ըլլայ անպատճառ համայնքային հաստատութեան մը անունին: Այնպէս որ Օգոստոս 5-ին և 28-ին տակաւին խորհրդակցութեան նիւթ կ'ընենք «քամբը եկեղեցիի անունին գնելու հարցը»:
Նոյն տարին Սեպտեմբերի սկիզբը պէտք եղաւ որ մենք Ամերիկա մեկնինք: Մեկնելէ առաջ մենք թելադրած էինք Պ. Ժ. Ապրեվանելի և Գարամանուկեանին լաւագոյն ճամբայ մը գտնել և շէնքը անպատճառ գնել մինչեւ մեր վերադարձը, քանի որ դրամը պատրաստ էր:
Վերադարձանք 1966 Փետրուար 14-ին: Յաջորդ օր «Պ. Գարամանուկեան եկաւ ըսելու որ Գնալը Կղզիի ամառնային քամբ ըլլալիք շէնքը տակաւին չէ գնուած և Կիւլպէնկեան Հիմնարկի ներկայացուցիչ Պ. Ժ. Ապրելվանել ըսած է, որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի այս նպատակով ղրկած դրամը Մարտի վերջը կրնայ ետ ղրկուիլ» քանի որ 9-10 ամիսներ անցած էին և դրամը դեռ իր նպատակին չէր յատկացուած: «Հրահանգեցի որ անմիջապէս սկսուի գնման գործողութեան»:
1966 Փետրուար 20 «Երեկոյին եկաւ Պ. Գարամանուկեան, զոր այսօր ղրկած էի Գնալը Կղզի նայելու համար երկրորդ շէնքի մը, ամառնային քամբի համար, քանի որ առաջին շէնքի տանտէրը, որ խոստացած էր ծախել, ներկայիս դժկամակութիւն կը յայտնէ վաճառելու: Պ. Գարամանուկեան նայած է այս երկրորդ շէնքին, զայն յարմար գտած է Պատրիարքարանի իբրեւ ամարանոց. մինչեւ իսկ սակարկած է: Նախորդ շէնքի տիրոջ ալ հանդիպած է և զայն ալ համոզած է, որ ծախէ» մեզի:
1966 Փետրուար 21 «Պ. Գարամանուկեան այսօր կարգ մը պատկան պաշտօնատուներ գնաց ստուգելու թէ Թաղային Խորհուրդ մը կալուած կրնա՞յ նուէր ընդունիլ, թէ ոչ»: Ասով մեր նպատակն էր անհատի մը անունին գնել շէնքը և ապա՝ եկեղեցիին «հիպէ» ընել:
Փետրուար 24 «Երեկոյին Պ. Գարամանուկեան բերաւ Գնալը Կղզիի այն տանտէրը, որուն տունը պիտի գնենք իբրեւ ամառնային քամբ: Վերջնականօրէն համաձայնեցանք: Բերել տուինք նաեւ նօտար մը, և (Պատրիարքարանի Աւագ Քարտուղար) Պ. Գր. Ապաճեանը ինծի փոխանորդ կարգելով «հրահանգեցինք որ վաղը այդ շէնքի գնման պաշտօնական գործողութիւնները լրանան» յանուն օրուան Պատրիարքին:
Փետրուար 25 «Պ. Ապաճեան և Գարամանուկեան Մեծ Կղզի գացին լրացնելու համար երկու տուներու գնման գործողութիւնները»:
Փետրուար 26 եկան Պ. Գարամանուկեան և թափուի պետական պաշտօնեան և Եազմաճեաններ (երկրորդ տունին տէրերը) և իրենց տան գնման գործողութիւնը ամբողջացաւ: Չեկան Չեմքերթենեանները, որոնց տունը եւս պիտի գնէինք իբրեւ տղայոց ամարանոց: Սակայն գիշերը Պ. Գարամանուկեան գացած է իրենց տունը և ի գին մեծ դժուարութեան համոզած է զանոնք և յաջողած է գնել նաեւ անոնց տունը»:
Այս կերպով աւարտեցաւ գրեթէ 4 տարիներէ ի վեր քաշքշուած հարց մը: Խմդրին այսքան երկարաձգուելուն գլխաւոր պատճառը վերջերս մէջտեղ դրուած պետական այն արգելքն էր, որով եկեղեցիներուն իրաւունք չէր տրուեր նոր կալուած գնելու և կամ իրենց սեպհական կալուածին վրայ նոր շէնք շինելու:
Որով: 1) Մենք ալ տեսնելով որ անկարելի էր ուրիշ համայնքային հաստատութեան մը անունով գնել այս երկու տուները, 2) և նկատի ունենալով որ այդ օրերուն եթէ գնած չըլլայինք քամբ ըլլալիք տունը, անկարելի պիտի ըլլար ուրիշ ոեւէ ատեն ձեռք ձգել զայն, քանի որ տանտէրը միտքը բոլորովին փոխած էր, և Պ. Գարամանուկեանի յարատեւ ու յամառ աշխատանքն էր, որ յաղթահարած էր տանտիրոջ չկամութիւնը, 3)Միւս կողմէն նկատի ունենալով որ Կիւլպէնկեան Հիմնարկը առ հասարակ ետ կը պահանջէ իր նուիրատուութիւնները, եթէ անոնք փութով իրենց նպատակին չծառայեն, ուստի մենք ամէն պատասխանատուութիւնը մեր վրայ առնելով՝ շէնքերը գնել հրահանքեցինք օրուան Պատրիարքին անունով: Ասիկա կարգ մը շրջանակներու մէջ դուռ բացաւ իրաւացի կամ անիրաւ քննադատութեանց, զոր մենք նախատեսած էինք արդէն: Բայց մեզի համար ելքի ուրիշ ճամբայ չէր մնացած, կամ այս տարի պէտք էր սկսէինք այս գործին, կամ ի սպառ հրաժարէինք անկէ: Մենք սակայն որոշած էինք ի գին ամէն զոհողութեան կամ դժուարութեան բանալ ամառնային քամբը այդ տարին: Շէնքը գնելէ յետոյ մենք նօտարով յատուկ պաշտօնագիր պատրաստել տուինք, որ այս զոյգ շէնքերը թէեւ գնուած են մեր անունով, սակայն չեն պատկանիր մեզի, այլ համայնքային շէնքեր են գնուած Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նուիրատուութեամբ: Հետեւաբար մենք կամ մեր ժառանգորդները որեւէ իրաւունք չունին այս շէնքին վրայ ու մենք «հիպէ» ըրած էինք զայն Գարակէօզեան Որբանոցին: Ի վերջոյ յարատեւ դիմումներով 1968 Օգոստոս 8-ին բացառիկ պաշտօնական տնօրինութեամբ հնարաւոր եղաւ այս շէնքերը փոխանցել Գարակէօզեան Որբանոցի անունին և ազատել զմեզ այս տաղտկալի բեռէն:
Գնումէն յետոյ սկսուեցաւ քամբի շէնքին մէջ ստեղծել բոլոր անհրաժեշտութիւնները, մեծ խոհանոց, հաւաքական ճաշարան, լուացարան, պաշտօնէից սենեակներ ևլն.: Պ. Գեղամ Ալիքսանեան կարեւոր դեր կատարեց այս գործերուն յաջողութեամբ պսակուելուն մէջ, սկզբնական շրջաններուն:
Իսկ քամբին օրինական պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան, որոնց կողմէ ընտրուեցաւ յատուկ Յանձնախումբ մը, որ լծուեցաւ եռանդուն աշխատանքի, ապահովելով անհրաժեշտ կահ-կարասիները, մահճակալ, անկողին, ամանեղէն ևլն.:
1966 Յունիս 20-ին «սկսանք ընդունիլ աշակերտները քամբ, զոր սկսանք պաշտօնապէս կոչել «ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ»: Շաբաթ մը վերջ յատուկ հաւաքական սեղանով մը կատարեցինք անոր պաշտօնական բացումը: Սեպտեմբերի կէսին փակեցինք քամբը: Պատսպարուած էին 220 աշակերտներ, երկու շրջաններով, առաջին շրջանը յատկացուեցաւ մանչերու, իսկ երկրորդ շրջանը աղջիկներու: Հին շրջանին՝ քամբէն կ'օգտուէին լոկ մանչերը:
1967 Յունուարին սկսուեցան նախապատրաստական աշխատանքներու քամբի երկրորդ շրջանի համար: Քամբը բացուեցաւ Յունիս 15-ին:
Այս տարին ալ պատսպարուեցան 240 աշակերտ:
1968-ին գնուեցան քամբին կից երկու հողեր, մին արեւելեան կողմը, միւսը արեւմուտք: Առաջինը գնուեցաւ համայնքային դրամով Պ. Գարամանուկեանի անունով, իսկ երկրորդը գնեց Պ. Ֆ. Մանուկեան և վրան շէնք մըն ալ շինեց իր ծախքով ու նուիրեց Քամբին ի գործածութիւն: Շէնքը կը մնայ իր անունին արձանագրեալ տակաւին:
1968-ին շրջանը բացինք Յունիսի կէսին և ունեցանք երկու շրջանի համար 250 աշակերտութիւն:
1969-ին աշնան աւարտեցաւ Պ. Ֆէրտինանտ Մանուկեանի շինել տուած քամբի երկրորդ շէնքը: Շրջանակուեցաւ կրաղիւսէ պատերով: Խոշոր ջրամբար մը շինուեցաւ նոյն հողին վրայ: Շրջապատը սալարկուեցաւ և երկու շէնքերը իրարու կապող անցք մը շինուեցաւ:
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1970 Յունիսին ձեռամբ բարերարներուն՝ Տէր և Տիկին Ֆէրտինանտ Մանուկեաններուն:
Հարթուեցաւ նաեւ խաղավայրի յատկացուելիք արեւելեան հողը և երկու մասի բաժնուեցաւ. բարձր մասը ծածկուեցաւ արեւի և անձրեւի դէմ պաշտպանելու համար փոքրիկները, իսկ միւս մասը բաց ձգուեցաւ: Շինուեցաւ երկու ջրհորներ խաղավայրին ներքեւ և «ֆօսեբթիքը» ծայրագոյն մէկ անկիւնը: Ասոնք խոշոր ծախքեր պահանջեցին, որուն կէսը
հարիւր-հազար լիրա- նուիրեց արժանթինահայ և նախկին Պոլսեցի Պ. Գր. Ճամպազեան, որուն անունով կոչեցինք խաղավայրը, որուն վրայ շինուեցան նաեւ սահելու եւ օրօրուելու գործիքներ: Խաղավայրին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 1970 Յուլիսին ի ներկայութեան և ձեռամբ բարերարին Պ. Գր. Ճամպազեանին:
1971 և 1972 տարիներուն արդէն իսկ քամբը իր բոլոր կարիքները լրացուցած էր. և շատ խաղաղ ու բարգաւաճ շրջաններ բոլորեց կարող Յանձնախումբի և Տնօրէնութեան մը վարջութեան ներքեւ և իւրաքանչիւր շրջանին պատսպարելով շուրջ 400 աշակերտներ: Գտած է ան արդէն հունը և կը յուսանք թէ պիտի շարունակէ իր ընթացքը նոյն արդիւնաւորութեամբ և նոյն ու առաւել օգտակարութեամբ ամառնային կազդոյրի պէտք ունեցող մեր համայնքի զաւակներուն համար:

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ



(Քաղուած 1971-1972 թուակիր «Շողակաթ» Տարեգիրքէն)

Շուշան Գորտոնճիեան
31-Օգոստոս-2009- Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Friday, August 28, 2009

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ


Մանուկները ազգի մը և ժողովուրդի մը մեծագոյն գանձերն են, անկէ աւելի թանկագինը չկայ եւ ինչպէս որ ամէն անձ իր գանձերուն վրայ կը գուրգուրայ, մենք ալ պէտք է գուրգուրանք մեր զաւակներուն վրայ:
ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
«Ծնեալ՝ 1913, Պատրիարք՝ 1962-1990»
Իսկական Հիմնադիր Գնալըի Կազդուրման Կայանի

Իսթանպուլահայ համայնքը իր բարեսիրական հաստատութեանց կողքին ունեցաւ նաեւ նիհարակազմ մանկանց ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ մը, որ ժողովրդական շրջանակներու մէջ ծանօթ է «Ամառնային Քամբ» կամ պարզապէս «Քամբ» անունով: Այս հաստատութեան նպատակն է պատեհութիւն տալ համայնքիս կարօտ զաւակներուն, որ ամառնային կազդոյրի շրջան մը բոլորեն օդասուն վայրի մը՝ և առողջապահական լրիւ պայմաններու մէջ:
Այսօրուան «Քամբ»ը կը գտնուի Մարմարա ծովու երբեմնի հռչակաւոր «Իշխանաց Կղզիներ»էն փոքրագոյնին՝ Գնալըին վրայ և այս իսկ պատճառով աւելի ծանօթ է «Գնալը Քամբ»ը ժողովրդային կոջումով:

Շուշան Գորտոնճիեան
28-Օգոստոս-2009 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Tuesday, August 25, 2009

ԲԱԺԱԿ ՄԸ ԳԻՆԻ




Գիտնականը արքայական խնճոյքի մը հրաւիրած էին: Թագաւորը, թագուհին, հիւրերը և գիտնականը սեղանին շուրջ նստած թէ կը ճաշէին և թէ գինի կը խմէին: Պահ մը գիտնականը ոտքի կանգնեցաւ և գինիին բաժակը վեր բարձրացնելով թագաւորին ու թագուհիին ըսաւ.
-Այս գինին ձեր փառքին համար պիտի խմեմ:
Իր խօսակցութիւնը վերջացուց և բաժակ մը գինին գետին թափեց:
Հիւրերը զայրացան: Ծիծաղիլով գիտնականին հարցուցին.
-Դուն խելքդ կորսնցուցիր: Ինչո՞ւ գինին գետին թափեցիր:
Գիտնականը սապէս պատասխանեց.
-Դուք ծիծաղի արժանի էք: Եթէ ես գինին գետին չթափէի, քանի մը ժամ վերջ ան ինծի գետին պիտի թափէր:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Օգոստոս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, August 17, 2009

ԲԱՐՁՐ ՈԳԻ




Հայ երիտասարդ մը, եւրոպական քաղաքի մը համալսարանը ուսանելու գնաց: Երբ երիտասարդը համալսարան հասաւ, իր դէմը գործաւորի հագուստով մարդ մը ելաւ: Մարդը, անմիջապէս երիտասարդին պայուսակները շալկեց և զինքը ներս առաջնորդեց:
Երիտասարդը, մարդուն հարցուց.
-Այս համալսարանի տնօրէնը ո՞ւր է:
Մարդը պատասխանեց.
-Ես եմ այս համալսարանի տնօրէնը:
Երիտասարդը նախ եւ առաջ շատ զարմացաւ, յետոյ հասկցաւ թէ տնօրէնը ամէն օր դասարաններու վառարանները ածուխով կը լեցնէ, պարտէզը կը ջրէ, ճաշարանի սեղաններուն սպասարկութիւնը կ'ընէ եւ ամանները կը լուայ:
Երիտասարդ ուսանողը նախ ամչցաւ նման գործեր ընելէ, բայց յետոյ վարժուեցաւ: Ատեն մը վերջ տեսաւ թէ «ցած» ու «բարձր» գործ գոյութիւն չունի և որեւէ գործ «բարձր ոգիով» կատարել կարելի է:

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Օգոստոս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, July 13, 2009

ՀԱՅՐ ՈՒ ՈՐԴԻ





Փաստաբան մը զաւակ մը ունեցաւ: Ծնած օրէն իսկ այդ զաւակը արժեց մօրը մահը: Փաստաբանը մեծ սիրով մը կապուած էր իր կնոջ: Եւ այդ կորուստը խորապէս ցնցեց իր բարոյական աշխարհը: Իր երիտասարդութեան շրջանին ան եղած էր կրօնասէր մէկը: Սակայն այդ մեծ կորուստէն յետոյ բոլորովին կորսնցուց իր հաւատքը:
-Աստուած ի՞նչ իրաւունք ունէր իր կինը խլելու ձեռքէն:
Այս էր իր տրամաբանելու եղանակը: Եւ աստիճանաբար խրեցաւ անաստուածութեան մօրուտին մէջ: Դառնագին հեգնանքով մը սկսաւ ծաղրել ուրիշներու հաւատքը: Այդ ծաղրանքէն մեծ հաճոյք կ'առնէր: Իր բոլոր ծանօթները գիտէին, թէ կեանքի վրայ կը նայէր ծայրագոյն յոռետեսութեամբ: Իր սիրած միակ զբաղումն էր ուրիշներու յոյսն ու խանդավառութիւնը ոտքի տակ առնել, ուր որ ալ ըլլար, որու հետ ալ որ տեսնուեր: Երբ իր տան մէջ հիւրեր ըլլային եւ խօսքը դառնար անմահութեան շուրջ, ահռելի ծաղրանքով մը կ'ըսէր:
-Անգամ մը որ մեռար, կը նշանակէ հող դարձար գացիր ալ ի՞նչ անիմաստ յոյսեր սնուցանելու հարկ կայ որ:
Մինչ այդ իր մանչուկը կը մեծնար խնամակալուհիի մը հոգածութեամբ: Պզտիկը շատ յաճախ կը լսէր հօրը այդ կարծիքը եւ այդ գաղափարով ալ հասակ կը քշէր:
Օրին մէկը խնամակալուհին խնդրեց, որ մտերիմ տեսակցութիւն մը ունենար փաստաբանին հետ: Այդ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց,թէ իր զաւակը սկսած էր գէշ հայհոյանքներ ընել եւ ըմբոստանալ իր դէմ:
-Հարկ է իր հետ խօսիք անգամ մը այս ուղղութեամբ:
Եզրակացուց խնամակալուհին:
-Ինծի ղրկեցէք զինքը, ըսաւ փաստաբանը:
Հայր ու զաւակ չափչփեցին զիրար:
-Որքան կը նմանի իր մեռած մօրը, անցաւ հօրը մտքէն:
Տղուն հետ լրջօրէն խօսեցաւ անոր թերութիւններուն շուրջ եւ ճամբեց զինքը:Սակայն ոչ մէկ ազդեցութիւն էին գործած իր ազդարարութիւններն ու խրատները:
Քանի մը օր յետոյ խնամակալուհին կը ստիպուէր վերստին գանգատիլ իր մասին:
Վերջապէս տղուն սրտին դպչելիք բան մը գտնելու յոյսով փաստաբանը ըսաւ իր զաւկին.
-Գիտե՞ս տղաս եթէ մայրիկը ողջ ըլլար պիտի չուզէր
երբեք բերնէդ այդպիսի անճոռնի խօսքեր լսել:
-Սակայն մայրիկը մեռած գացած է:Անգամ մը որ մէկըմեռնի հող դարձած գացած է: Ալ ի՞նչ անիմաստ յոյսեր սնուցանելու հարկ կայ որ:
Պատասխանեց տղան, ապահովաբար հպարտ հօրը այդ ծանօթ խօսքերը կրկնելուն համար: Այդ խօսքերը դպան փաստաբանի սրտին: Անոր զաւկին բերնէն լսել այդ խօսքերը: Որքան հաւատացեալ աղջիկ էր իր կինը:
Ոտքի նետուելով ըսաւ տղուն.
-Չէ տղաս քու մայրդ ողջ է:Կ'ապրի եւ կը լսէ ամէն մէկ խօսքդ: Ես յիմարութիւն ըրած եմ ցարդ եւ ըսած խօսքեր որոնք չէին համապատասխաներ ճշմարտութեան:Ասկէ յետոյ երկուքս ալ պիտի ապրինք այնպիսի կեանք մը,որ մայրիկիդ կողմէ տեսնուելու արժանի ըլլալ:
Մեծ փոփոխութիւն մըն էր այդ: Անհաւատ փաստաբանը չէր կրնար հանդուրժել որ իր անհաւատութեան տգեղ արդիւնքները անդրադարձ ունենային նաեւ իր զաւկին վրայ:
Իսկական սիրոյ աղբիւրը իսկական հաւատքին մէջ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, May 23, 2009

ՏՕՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ




«Հայր մեր, որ երկինքն ես. թող սուրբ ըլլայ քու անունդ. քու թագաւորութիւնդ թող գայ. քու կամքդ թող ըլլայ երկրի վրայ, ինչպէս որ է երկինքի մէջ. մեր հանապազորեայ հացը տուր մեզի այսօր. ներէ մեզի մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն և մի թոյլ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք, այլ փրկէ մեզ չարէն. որովհետեւ քուկդ է թագաւորութիւնը և զօրութիւնը և փառքը յաւիտեանս. ամէն:

Վասնզի եթէ դուք մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ: Իսկ եթէ դուք մարդոց չներէք իրենց յանցանքները ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»:

ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԶԱՒԱԿՍ

Ո՞վ Քեզ նախատեց ու մտրակեց այն աստիճան որ վշտահար, անկերպարան և անճանաչելի դարձած ես, ով Ամենագեղեցիկը:
Քու մեղքերդ, զաւակս:

Ինչո՞ւ արեւափայլ ճակատդ փուշերով վիրաւորուած է, ով Սուրբ:
Քու սրտիդ կարծրութիւնը, հպարտութիւնը և ստորին փափաքներդ խորտակելու համար, զաւակս:

Ինչո՞ւ յուսալքուած այնքան խեղճեր սփոփող այդ ազնիւ ձեռքերդ ծակուած են գամերով, ով Բարերար:
Որպէսզի Աստուծոյ և Անոր Եկեղեցիին իրաւունքները գողցող քու անմաքուր ձեռքերդ մաքրուին զաւակս: Դուն սորվիս աշխատիլ, տալու համար և ոչ թէ դիտելու:
«Աւելի երանելի է տալը, քան թէ առնելը»:

Երկինքէն երկիր ճամբորդող լուսասփիւռ ոտքերդ ինչո՞ւ ծածկուած են արիւնոտ վէրքերով, ով փառաց թագաւոր:
Որպէսզի կործանումի ճամբայէն ոտքերդ ետ դարձնեմ դէպի «Հօրս տունը», զաւակս:

Ոհ, նիզակով խոցուած է կողդ, ո՜վ օրհնեալ Տէր:
Այդ աղբիւրը քեզի համար բացուած է, զաւակս, որպէսզի դուն ամբողջովին մաքրուիս և ամբիծ ու անարատ իմ առջեւս կայնիս ցնծութիւնով:

Իմ Տէրս և իմ Աստուածս:
Այո, այո բոլորը քեզի համար են, զաւակս, միայն եթէ հաւատաս և ընդունիս:

Կը հաւատամ, Տէր, օգնէ իմ անհաւատութեանս:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Մայիս-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, May 18, 2009

ՊԱՐԱՊ ԲԱՆԵՐ




Մեր վարժարաններու, եկեղեցիներու և միութիւններու գանձանակները:

Հայկական թերթերու պարունակութիւնը:

Հայ գրողին գրպանները:

Հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալը:

Շնորհակալութիւն յայտնելը:

Ներողութիւն խնդրելը:

Գնած ընկոյզներս:

«ՌԱՄԻԶ» երգելով հայ երգը պահել կարծողին գլուխը և զայն ունկնդրողին ճաշակը:

Շատ աշխատելով հարուստ ըլլալու գաղափարը:

Նոր ճաշարան բացողին անօթի անցորդներ սպասելու յոյսը:

Ձկնորս Համբիկին ծախած ուլականջները:

Հարազատ մօրը հայհոյողին նման, բեմերէն Հայաստանը ոտքի տակ առնողին, զայն քաջալերողին և չդիմադարձողին «Հայրենասիրութիւն»ը:

Բեմ հրաւիրուած երգիչին երգելէ առաջ կէս ժամ խօսիլը:

Պետական աթոռներու թեկնածուներուն ընտրութիւններէն առաջ ժողովուրդին ըրած խոստումները:

«Օր մը, դրութիւնէն բան մը կը շտկուի»: Մտածելով, սպասելու յոյսս...

Որքա՜ն պարապ բաներ գրեցի, այնպէս չէ՞:

Շուշան Գորտոնճիեան
17-Մայիս-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Tuesday, May 12, 2009

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐ Է




Բնութիւն եւ յայտարարութիւն՝ հաւասարապէս Աստուծոյ նկատմամբ կը վկայեն: Մեր երկնաւոր հայրը աղբիւրն է կեանքի, իմաստութեան եւ ուրախութեան: Դիտէ՝ բնութեան բիւրաւոր հրաշալի եւ գեղեցիկ բաները եւ տես ի՞նչ զարմանալի կատարելութեամբ կը յարմարին անոնք ոչ միայն մարդուն, այլ եւ բոլոր կենդանի արարածոց պէտքերուն եւ երջանկութեան:
Լեռները եւ ծովերը ամէն բան մեզի Արարչին սէրը կը պատմէ: Աստուած է որ Իր բոլոր արարածոց ամենօրեայ պիտոյքները կը հոգայ: Սաղմոսերգուն, այս հոգեյոյզ մտածումը հետագայ գեղեցիկ խօսքերով կ'արտայայտէ.

«Ամենուն աչքերը Քեզի կը սպասեն,
Ու ժամանակին անոնց կերակուրը Դուն անոնց կուտաս,
Քու ձեռքդ կը բանաս,
Ու ամէն կենդանիին փափաքը կը լեցնես»:

«Աստուած սէր է»:
Այս բառերը գրուած կը տեսնենք ծաղիկներու կոկոններուն եւ մատաղածիլ խոտերուն վրայ: Սիրագեղգեղ թռչուններու, որ իրենց զուարթ դայլայլիկներով օդը դաշնակութեամբ կը յորդեցնեն: Փափուկ ծաղիկներու, որ իրենց անուշահոտ բոյրերով մթնոլորտը կը խնկեն: Ամէնքն ալ մեր Աստուծոյն հայրական հոգածութիւնն ու իր զաւակներն երջանկացնելու փափաքը կը պատմեն մեզի:
Աստուծոյ խօսքը կը յայտնէ իր նկարագիրը: Բնութեան իրերուն եւ մարդկային սրտին ճանչցած ամենէն խորին եւ խանդակաթ սիրոյ կապերու միջոցաւ, Ան ջանացած է Ինքզինքը յայտնել մեզի:
Աստուծոյ անսահման սէրը յայտնելու համար էր որ Յիսուս մարդոց մէջ ապրելու եկաւ: Աստուածորդին իջաւ երկինքէն, հայրը ցուցնելու համար:
Յիսուս, ժողովրդին հետ Իր յարաբերութիւններու մէջ ամենամեծ նրբադատութիւն եւ խոհեմ, անուաբանոյ ուշադրութիւն կը գործածէր: Ան խստաբարոյ չեղաւ երբէք ու բնաւ պէտք չեղած ատեն խիստ խօսք մը չլսուեցաւ Իր բերնէն, ոչ ալ զգայուն սիրտ մը ցաւցուց ընդունայն: Ճշմարտութիւնը կը խօսէր, սակայն միշտ սիրով: Կը հրապարակէր կեղծաւորութիւնը, բայց արցունքներ կային Իր ձայնին մէջ: Լացա՜ւ Իր սիրելի քաղաքին, Երուսաղեմի վրայ, որ մերժեց ընդունիլ զԻնքը:
Աստուածորդին միայն կարող էր մեզ փրկել: Ան կարող էր ճանչցնել Աստուծոյ սէրը:
Որքան աւելի ջանանք ճանչնալ աստուածային նկարագիրը խաչին լոյսովը, այնքան աւելի կը տեսնենք ողորմութիւն, քաղցրութիւն եւ ներողութիւն, միացած արդարութեան եւ իրաւանց հետ:

«Ամէն մարդկային կապ կրնայ խզուիլ,
Բարեկամ բարեկամի անհաւատարմանալ,
Մայրեր կրնան իրենց զաւակը սիրելէ դադրիլ,
Երկինք երկիր տեղափոխուիլ,
Բայց ո եւ է փոփոխութիւն չի կրեր
Աստուծոյ սէրը»:

Շուշան Գորտոնճիեան
11-Մայիս-2009 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, May 9, 2009

ՈՉ ԴՈՒՆ ԳՆԱ, ՈՉ ԱԼ ԵՍ ԵՐԹԱՄ




Տարիներ առաջ, քաղաքի մը մէջ հարուստ ընտանիք մը կ'ապրէր: Այդ ընտանիքը աղջիկ զաւակով մը բախտաւորուեցաւ: Աղջիկը ծառաներով մեծցաւ ու ամենալաւ դպրոցներ յաճախեցաւ:
Երբ ամուսնանալու տարիքի հասաւ, իր հօր ըսաւ.
-Ես երիտասարդի մը սիրահարուած եմ: Ան, հարուստ ընտանիքի անդամ չէ, բայց իմ կեանքս անոր հետ պիտի բաժնեմ:
Հայրը, երիտասարդը տեսաւ եւ ընդունեց: Տղան, շատ բարի ու պարկեշտ երիտասարդ մըն էր: Հայրը, աղջիկը այդ տղուն հետ ամուսնացուց եւ իր գործէն ալ բաժին մը տուաւ:
Երիտասարդը շատ աշխատասէր էր: Աներհօր գործը կարճ ժամանակի մը մէջ յառաջացուց: Յետոյ, տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղային անդամ ընտրուեցաւ: Իր շուրջ գտնուող բոլոր անձերը, զինքը կը սիրէին ու կը յարգէին:
Պատերազմի սովը սկսած էր: Գործերը հետզհետէ կը կայուննային: Աղջկան հայրը մեռաւ, ամուսինն ալ պատերազմի կանչուեցաւ: Գործերը բոլորովին անհետացաւ ու այս յարգելի ընտանիքը բճացաւ:
Ամուսինը, պատերազմի մէջ իր կեանքը կորսնցուց: Դժբախտ կինը, իր մանչ զաւակով առանձին մնաց:
Թշուառ կինը, ուրիշներու տան մաքրութիւն, լաթ ու ճաշ եփելով օրական հացին դրամը հանելու եւ իր մէկ հատիկ զաւակը մեծցնելու ջանքի մը մէջ մտաւ:
Քանի մը ատեն վերջ, պատերազմը վերջացաւ ու երկիրը խաղաղ վիճակ տիրապետեց:
Կինը, իր կարողութեան չափով, զաւակը լաւ դպրոցներ ղրկեց: Տղուն ուսումը վերջանալէ յետոյ, լաւ գործի մը մէջ աշխատիլ եւ լաւ դրամ շահիլ սկսաւ:
Օր մը մօրը ըսաւ.
-Ես օրիորդի մը սիրահարուած եմ: Անոր հետ ամուսնանալ կ'ուզեմ:
Մայրը շատ ուրախացաւ: Տղան, իր սիրած աղջկան հետ ամուսնացաւ:
Կինը երթալիք ուրիշ տեղ չուներ: Այդ պատճառաւ ալ, բոլորը միասին պիտի ապրէին:
Նոր հարսն ու փեսան մեղրալուսինէ վերադարձան: Քանի մը օր վերջ հարսը զոքանչին մօտենալով ըսաւ.
-Մայրիկ, այլեւս մանչդ ամուսնացած եւ երջանիկ բոյն մը կազմած է: Ան, քիզի պէտք չունի: Ես կամ, դուն գնա:
Կինը, առանց դիրքը փոխելու, տարիներու հասունութեամբ, հարսին սապէս պատասխանեց.
-Շատ ճիշդ կը մտածես հարսնուկս: Այո', ամենակարճ ժամանակի մէջ ձեր քովէն պիտի հեռանամ, բայց դուն նոր հարս ես եւ տան գործերու մէջ անփորձ ես: Ես, քեզի փորձառու ընեմ, անկէ յետոյ կ'երթամ:
Հարսը, իր զոքանչին խօսքերուն համոզուեցաւ ու շարունակեցին միասին ապրիլ: Քանի մը ատեն վերջ, հարսը զոքանչին մօտենալով ըսաւ.
-Մայրիկ, քեզի աւետիս լուր մը պիտի տամ: Ես յղի եմ: Քանի մը ամիս վերջ զաւակ մը պիտի ունենամ: Ես տան գործերու մէջ փորձառու եղած եմ: Այլեւս տղադ եւ ես, քեզի պէտք չունինք: Ես կամ, դուն գնա:
Զոքանչը փորձառութեամբ պատասխանեց.
-Շատ ճիշդ կը մտածես հարսնուկս: Նոր տուն մը պիտի գնեմ ու անմիջապէս հոն պիտի տեղաւորուիմ: Նախ եւ առաջ դուն ծննդաբերութիւնդ կ'ընես, յետոյ ալ՝ ես կ'երթամ: Դուն մի մտահոգուիր:
Զոքանչը, դարձեալ հարսը համոզած էր: Քանի մը ամիս վերջ, իր մանչն ու հարսը, մանչ զաւակով մը բախտաւորուեցան:
Զոքանչը, մանչն ու հարսը շնորհաւորեց եւ շարունակեց անոնց քով ապրիլ:
Օր մը, հարսը զոքանչին մօտենալով ըսաւ.
-Մայրիկ, ես զաւակս ծննդաբերեցի: Ինծի խօսք տուած էիր: Մեր քովէն պիտի հեռանյիր: Քեզի պէտք չունինք: Ես կամ, դուն գնա:
Զոքանչը գմծիծաղ պատասխանեց.
-Այո', հարսնուկս շատ ճիշդ կ'ըսես: Ես պիտի երթամ, սակայն այս երախան շատ գործ կ'ուզէ: Թէ տան գործ եւ թէ այս երախային ի՞նչպէս պիտի հասնիս: Օգնականի մը պէտք ունիս: Երախան քիչ մը մեծնայ, անկէ յետոյ ես կ'երթամ:
Հարսը մտածեց եւ զոքանչին իրաւունք տուաւ: Օրերը կ'անցնէին: Երախան քալել ու խօսիլ սկսաւ: Պառաւ կինը շատ երջանիկ էր: Օր մը, կինը նստած թոռան հետ կը զբաղէր: Հարսը, անոր մօտեցաւ ու ըսաւ.
-Մայրիկ, ես երկրորդ զաւկիս յղի եմ: Այս թոռդ մեծցաւ, ես փորձառու եղայ: Տղադ եւ թոռնիկդ քեզի պէտք չունին: Ես կամ, դուն գնա:
Կինը հարսին ճակտէն համբուրելով ըսաւ.
-Ի՞նչպէս երթամ հարսնուկս: Դուն, յղի վիճակով, ի՞նչպէս այս մանչուկդ պիտի հսկես: Տան գործերը ի՞նչպէս պիտի ընես: Ծննդաբերութիւնդ կ'ընես, յետոյ ես կ'երթամ:
Հարսը սրտնեղած, իր ննջասենեակը մտաւ ու մտածել սկսաւ: Վերջապէս, իր զոքանչին իրաւունք տուաւ:
Ամէն առիթով հարսը զոքանչին կ'ըսէր. «Ես կամ, դուն գնա»: Զոքանչն ալ պատճառաբանութիւններ գտնելով իր հարսը կը համոզէր:
Օրերը, ամիսները ու տարիները շատ շուտ անցան: Պառաւ կնոջ անդրանիկ թոռնիկը ամուսնանալու տարիքի հասած էր: Ան, իր ընտրած աղջիկը տուն բերաւ ու իր ընտանիքին ներկայացուց:
Պառաւ կինը, իր անդրանիկ թոռան հարսանիքը տեսնելու արժանացաւ: Աստուած իմ, այս ի՞նչ երջանկութիւն էր: Բազմանդամ ընտանիք մը եղած էին: Պառաւ կնոջ հարստութիւնը, իր ընտանիքն էր: Անոնց երջանկութիւնը, իր երջանկութիւնն էր: Ան, իր ընտանիքը նոյն տան մէջ բռնելու համար ջանք կը թափէր:
Երիտասարդները մեղրալուսինէ նոր վերադարձած էին: Այդ օր, մեծմայրը նոր հարսը քովը կանչեց ու ըսաւ.
-Բարի եկար: Այլեւս, դուն ալ այս տան անդամն ես: Բոլորս այս տան մէջ երջանիկ կ'ապրինք: Յուսամ, թէ դուն ալ մեզ նման երջանիկ ըլլաս: Միայն թէ բան մը կայ, որ քեզի պատմել կ'ուզեմ:
Նոր հարսը խանդաւարուած վիճակով մեծմօրը հարցուց.
-Ի՞նչ բան մեծմայրիկ:
Մեծմայրը պատմել սկսաւ.
-Այս տան մէջ օրէնք մը կայ: Դուն գործադրելու պարտաւոր ես: Վաղը առաւօտ երեսդ պիտի լուաս ու զոքանչիդ քով պիտի երթաս: Անոր ձեռքը պիտի համբուրես ու պիտի ըսես: «Մայրիկ, տղադ քեզի պէտք չունի: Ես կամ, դուն գնա»:
Նոր հարսը նախ եւ առաջ քիչ մը շուարեցաւ, յետոյ ալ՝ մեծմօրը խօսքերուն հնազանդեցաւ: Յաջորդ առաւօտ, երեսը լուաց ու իր զոքանչին քով մօտեցաւ: Անոր ձեռքը համբուրեց եւ ըսաւ.
-Մայրիկ, տղադ քեզի պէտք չունի: Ես կամ, դուն գնա:
Երբ զոքանչը, նոր հարսին բերնէն այս խօսքերը իմացաւ, անմիջապէս իր պառաւ զոքանչին քով վազեց: Անոր վիզը փաթթուեցաւ ու ըսաւ.
-Մայրիկ, ոչ դուն գնա, ոչ ալ ես երթամ:

Շուշան Գորտոնճիեան
9-Մայիս-2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Friday, April 24, 2009

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ՍԻՐԵ՞ՆՔ, ԹԷ ՈՉ...




Խօսակցութիւնը հաղորդակցութիւն է: Խօսակցութիւնը իրար հասկնալու միջոց է: Ամէն անձ ազատ է իր փափաքած լեզուով խօսելու, դիմացինին հետ հաղորդակցելու: Պայմանաւ որ դիմացինն ալ այդ լեզուն գիտնայ և հասկնայ:
Մեր լեզուն հայերէնն է, որ չորս - հինգ հազար տարիներու տեւողութեան խօսուած ու մինջեւ մեր օրերը հասած է: Մեր ալ պարտականութիւնը, սուրբ պարտականութիւնը, այդ լեզուն յաջորդ սերունդներուն փոխանցել, անոր շարունակութիւնը, գոյատեւումը ապահովել է:
Անշուշտ չենք պարտադրեր և ոչ ոք կրնայ պարտադրել որ ամէն անձ անպայման հայերէն խօսի, բայց ցանկալի է որ, երբ կարելի է հայերէն խօսիլ, խօսինք հայերէն: Հայերէնի գոյատեւումը մեզի համար հացի չափ, օդի չափ կարեւոր է: Որովհետեւ հայերէնով է որ մենք ուրիշներէն կը զանազանուինք:
Ոմանք պայմաններու բերումով, չեն կրցած հայերէն սորվիլ: Իրենց պատճառները յարգելի են: Հայերէն չգիտցող և հայերէն չխօսող մը որպէս պատճառաբանութիւն «Ես հայերէն չեմ սիրեր, այդ պատճառով ալ չեմ խօսիր» պէտք չէ ըսէ: Երբ բանի մը տէր չենք, ի՞նչպէս կրնանք վճռել, թէ ատիկա կը սիրենք կամ չենք սիրեր:
Հայերէն գիտնալով հանդերձ, հայերէն չխօսող անձ մըն ալ «Ես հայերէնը չեմ սիրեր, այդ պատճառով ալ չեմ խօսիր» պէտք չէ ըսէ: Ասիկա տրամաբանական պատճառաբանութիւն մը չէ: Հայերէնը մեր մայրենի լեզուն է, մօր կաթով մեզի եկած է: Մօր կաթով եկածը ի՞նչպէս չի սիրուիր:
«Անգլերէնը չեմ սիրեր, ֆրանսերէնը չեմ սիրեր, գերմաներէնը չեմ սիրեր, այդ պատճառով ալ չեմ խօսիր» կարելի է ըսել, որովհետեւ անոնք օտար լեզուներ են և մենք հայերս իրարու հետ այդ լեզուներով խօսելու պարտաւորութիւնը չունինք: Բայց և այնպէս իւրաքանչիւր լեզու մեր առջեւ նոր հորիզոններ կը բանայ:
Հայերէնը պէտք է սիրենք: Ան մերն է: Մեր սեփականութիւնն է:

Շուշան Գորտոնճիեան
15-Ապրիլ-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, April 2, 2009

ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆ




Թագաւորը, կը փափաքի ամէն առաւօտ աքաղաղի ձայնով արթննալ: Ան, իր ծառային կը հրահանքէ աքլոր մը գնել:
Ծառան, ամիջապէս աքլոր մը կը գնէ ու պալատ կը բերէ:
Թագաւորը, աքաղաղին քովը երթալով կ'ըսէ.
-Ինչ բանի որ կարիք զգաս, ես քեզի պիտի տամ: Միայն, թէ դուն քեզ մաքուր պահէ, որպէսզի պալատը չաղտոտի:
Թագաւորը, ամէն առաւօտ աքլորը կը հետապնդէ, ու կը տեսնէ, որ ան աղբերու մէջ կը պտըտի: Յետոյ աղտոտ ոտքերով պալատ կը մտնէ: Թագաւորը, աքլորին բարկանալով, բարձրաձայն կը գոչէ.
-Յիմա՛ր, ես քեզի չըսի, որ մաքուր պիտի մնաս: Դուն մշտատեւ աղբերու մէջ կը պտըտիս ու աղտոտ ոտքերով պալատ կը մտնես:
Աքաղաղը, թագաւորին սքանչելի պատասխան մը կուտայ.
-Սովորութիւն դարձած գործերէ հրաժարիլ դժուար է:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Մարտ-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, March 25, 2009

ՄԻԱՄԻՏ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԵՐԵՔ ԳՈՂԵՐ




Միամիտ մարդ մը, ոչխար մը գնեց: Պարանը ոչխարին վզին անցուց և իր գիւղը վերադառնալու համար ճամբայ ելաւ: Քանի մը ժամ վերջ, երեք գողեր միամիտ մարդը տեսան: Մարդը խաբել ու ոչխարը ձեռքէն խլելու համար հնարքներ մտածեցին:
Առաջին գողը մարդուն մօտենալով ըսաւ.
-Ո՛վ բարի մարդ, ես մեծ տուն մը ունիմ: Այդ տան հսկելու համար շան մը կարիքը կը զգամ: Քու շունդ ինծի կը ծախե՞ս:
Մարդը պատասխանեց.
-Ես շուն չունիմ:
Գողը ըսաւ.
-Մի՞թէ այս ձեռքինդ շուն չէ:
-Ոչխար է, ոչ թէ շուն. սրտնեղած պատասխանեց միամիտ մարդը և իր ճամբան շարունակեց:
Երկրորդ գողը, միամիտ մարդուն մօտեցաւ եւ ըսաւ.
-Այդ շունը որսի՞ կը տանիս:
Մարդը շուարեցաւ: Կասկածելով ոչխարին նայեցաւ ու առանց պատասխանելու դարձեալ իր ճամբան շարունակեց:
Յետոյ երրորդ գողը միամիտ մարդուն մօտեցաւ, բայց ան ալ՝ իր սուտով չի յաջողեցաւ մարդը խաբել:
Երրորդ գողը իր ընկերներուն դառնալով սապէս ըսաւ.
-Ես զարմացայ: Այս մարդը բարեպաշտ ու խելացի տպաւորութիւնը կը թողու, բայց ինչո՞ւ իր ձեռքի շան համար ոչխար կ'ըսէ: Մի՞թէ շուն պտըտցնելով բարեպաշտ ու Աստուածավախ մարդն իր հոգին ու մարմինը կը պղծէ:
Գողերը, այսպէս անընդհատ նոյն բաները խօսելով շարունակեցին միամիտ մարդուն քովէն քալել:
Գողերէն մին, հանկարծ ծառի մը տակ պառկած կատու մը տեսաւ: Դանդաղկեցուց իր քայլերը ու իր ընկերներէն ետ մնաց: Գետնէն քար մը առաւ և կատուին նետեց: Խեղճ կատուն, այդ ցաւով հեռու փախչեցաւ:
Գողը միամիտ մարդուն քովը եկաւ ու ըսաւ.
-Հիմա համոզուեցա՞ր, որ շուն է: Տեսա՞ր կատուն անկէ վախցաւ ու հեռու փախաւ:
Մարդը զարմանքով փախչող կատուին ետեւէն նայեցաւ ու մտածեց:
«Վաճառականը, որ այս շունը ինծի ծախեց, հաստատ կախարդ էր: Ի՞նչ ըրաւ, որ շունը աչքիս ոչխար կ'երեւի:
Միամիտ մարդը արդէն իսկ համոզուած էր, որ գնածը շուն է: Պարանը քակեց, կենդանին ազատ թողուց եւ իր ճամբան շարունակեց:
Խաբեբայ գողերը ոչխարը առին ու տարին:

Ճշմարիտը խորհիլ, գեղեցիկը զգալ եւ բարին կամենալ. ասոնց միջոցաւ է, որ միտքը կը ճանչնայ գիտակից կեանքին նպատակը:

Շուշան Գորտոնճիեան
18-Մարտ-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Sunday, March 15, 2009

ՀԱՊԱ ԴՈ՞ՒՔ




Կը պատմուի, թէ թագաւոր մը շինել տուաւ հսկայ զանգակ մը: Զայն կախել տուաւ աշտարակէն և յայտարարեց ժողովուրդին թէ այդ զանգակը զարնել պիտի տար միայն այն ատեն, երբ ինքզինք ճշմարտապէս երջանիկ զգար:
Ժողովուրդը ի զուր սպասեց այդ զանգակին ձայնին: Տարիներ անցան: Օր մը լուր տարածուեցաւ, թէ թագաւորը մահամերձ հիւանդ էր: Վշտահար ժողովուրդը պալատը շրջապատեց և սկսաւ դառնապէս արտասուել: Թագաւորը լսեց և հնչել տուաւ զանգակը:
Սգաւոր ժողովուրդը ապշած՝ գաղտնիքը հասկնալ ուզեց:
Թագաւորը սապէս պատասխանեց.
-Իմ կեանքին ամբողջ ընթացքին, գիտութիւնս, հարստութիւնս, պալատական զուարճութիւններս ու արքայական փառքս, ոչ մէկ օր չկրցաւ զիս գոհացնել: Մահուանս խայթերը փարատելու աստիճան, այսօր ժողովուրդիս անկեղծ և տաք սէրը զիս երջանիկ կ'ընէ: Ահա թէ ինչու կը հնչէ զանգակը և պիտի հնչէ, մինչեւ որ աչքերս գոցեմ:
Թագաւորը ուրախացաւ իր մահուան խայթերը մոռնալու աստիճան և երջանիկ զգաց ինքզինք, երբ համոզուեցաւ թէ ժողովուրդը զինք կը սիրէր:

Կեանքի մէջ ամենամեծ հարստութիւնը սէրն է: Առանց սիրոյ ոչ մէկ բան իր յաջողութեան գագաթը կրնայ հասնիլ:
Ձեր մօտէն սէրը անցա՞ւ:
Դուք սէրը ճանչցա՞ք:
Ինծի կը հաճիք պատմե՞լ սէրը:

Այո', բոլորիս մօտէն անցաւ սէրը: Արդեօք արժէքաւորեցի՞նք:
Այո', բոլորս ճանչցանք սէրը: Արդեօք թանկագին գոհարեղենի մը նման, մեր սրտի տուփին խորերը կրցա՞նք պատսպարել զայն:
Սէրը կը պատմուի՞: Ոչ', ան միմիայն կը գործադրուի:
Ես այսպէս կը մտածեմ: Հապա դո՞ւք:

Շուշան Գորտոնճիեան
7- Մարտ- 2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Thursday, January 29, 2009

ԾԵՐՈՒՆԻՆ և ԻՐ ԽԵԼԱՄՈՒՏ ԿԻՆԸ



Ծեր մարդ մը, երիտասարդ ու խելացի կին մը ունէր: Անոնք շատ երջանիկ էին, սակայն զաւակ չ'ունէին:
Ծերունին, որպէսզի իր օճախը վառ մնայ, զաւակ մը ունենալու երազանքը ունէր: Տարիներ կ'անցնէին, սակայն ծերունիին երազանքը չէր իրականանար:
Օր մը, ան ձեռքերը երկինք բարձրացուց, աղօթեց ու խնդրեց, որ Աստուած իրեն արու զաւակ մը պարգեւէ:
Աստուած, ծերունիին աղօթքը լսեց և կարճ ժամանակ մը վերջ իր կինը յղացաւ: Ան շատ ուրախ էր:
Կնոջ ըսաւ.
- Մենք մանչ զաւակ մը պիտի ունենանք: Ես անոր անուն մը պիտի ընտրեմ: Լաւ դաստիարակութիւն պիտի տամ, որպէսզի ան պատուարժան մարդ դառնայ: Կ'ամուսնացնենք, յետոյ զաւակներ կ'ունենայ և այդ երախաները մեր հոգւոյ մխիթարութիւնն ու աչքի լոյսը կը դառնան:
Ծերուկին կինը խելամուտ անձ մըն էր, ըսաւ.
- Նախ և առաջ ծննդաբերեմ, ծննդաբերելէ յետոյ ալ՝ մանչ կը ծնի, թէ ոչ: Եթէ որդի մը ունենանք, այնքան կապրի՞նք, որ անոր երախաները տեսնենք: Քու խօսքերը, մօրս ինծի պատմած մէկ պատմութիւնը կը յիշեցնեն:
Ծերունին հետաքրքրութեամբ հարցուց.
- Մայրդ ի՞նչ պատմած էր:
Կինը պատմել սկսաւ.
- Դարեր առաջ, ճգնաւոր մը առանձին կ'ապրի: Ան վաճառական բարեկամ մը ունի: Այդ վաճառականը, բարի գործ կատարելու և դատաստանի օրը Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, ճգնաւորին ամէն օր քիչ մը մեղր ու քիչ մըն ալ կարագ կը նուիրէ: Ճգնաւորը, կարագին ու մեղրին մէկ մասը կ'ուտէ, իսկ մնացեալը կարասի մը մէջ կը լեցնէ:
Օր մը սապէս կը մտածէ.
«Եթէ այս մեղրն ու կարագը շուկայ տանիմ, լաւ գինով կը ծախեմ: Այդ դրամով ալ հինգ ոչխար կը գնեմ: Այդ ոչխարներէ ամէն ամիս գառնուկ մը կը ծնանի: Ես ալ մեծ հօտի մը տէր կը դառնամ և վերջապէս կը հարստանամ: Հարուստ ընտանիքի մը սիրուն աղջիկը կ'ուզեմ և անոր հետ կ'ամուսնանամ: Կինս ինծի մանչ զաւակ մը կը պարգեւէ: Զաւակս լաւ կը դաստիարակեմ, իսկ եթէ իմ խրատականներս մտիկ չընէ այս ձեռնափայտով անոր լաւ դաս կու տամ»:
Երբ ճգնաւորը այսպէս կ'երազէ, ձեռնափայտը կը բարձրացնէ, որպէսզի իր զաւկին դասը տայ, կարասին կը զարնէ: Կարասը կը կոտրի և մեղրն ու կարագը գետին կը թափին:
Ծերունին, իր կնոջ պատմութիւնը ուշի ուշով մտիկ ըրաւ ու ամօթով մնաց: Այլեւս չեղած բանի մասին չխօսեցաւ:
Միջոց մը վերջ, կինը գեղեցիկ մանչ զաւակ մը աշխարհ բերաւ: Ծերուկը և կինը փառք տուին, որ Աստուած իրենց զաւակ մը պարգեւած է:
Օր մը, կինը երախան ծերունիին յանձնեց և ընկերուհիին այցելութեան գնաց: Հայր ու որդի տան մէջ առանձին մնացին: Այդ միջոցին դրան զանգակը հնչեց: Ծերունին դուռը բացաւ: Դէմը, թագաւորին պատգամաւորը կեցած էր:
Պատգամաւորը ըսաւ.
- Թագաւորը մանչ զաւակ մը ունեցաւ: Քեզ ալ պալատ կը հրաւիրենք, որպէսզի երախային համար միասնաբար աղօթենք:
Ծերունին ըսաւ.
- Ես ալ երախայ մը ունիմ: Կինս տունը չէ: Չեմ կրնար գալ:
- Ոչ', ըսաւ պատգամաւորը և շարունակեց.
- Թագաւորն ու հիւրերը քեզ կը սպասեն:
Ծերունին ճարահատ, իր երախան տան պահապան շնիկին թողուց և պատգամաւորին հետ միասին թագաւորին մօտ գնաց: Քիչ վերջ, մեծ օձ մը սողալով երախային օրօրոցին մօտեցաւ: Պահապան շունը անմիջապէս օձին վրայ յարձակեցաւ և սպաննեց:
Որոշ ժամանակ մը վերջ ծերունին տուն վերադարձաւ: Պահապան շնիկը, արիւնաթաթախ, իր տիրոջ առջեւ կանգնեցաւ՝ իր նուիրածութիւնն ու հաւատարմութիւնը ցոյց տալով: Ծերունին արիւնաթաթախ շնիկը տեսնելով, կարծեց թէ ան իր երախան սպաննած էր: Խելագարուած ծերունին՝ վշտով ու ցաւով, առանց երկար մտածելու, իր ձեռնափայտով խեղճ կենդանին ծեծեց ու մեռցուց: Երախային մօտ վազեց: Զարմանքով քարացաւ, որովհետեւ իր երախան ողջ առողջ օրօրոցին մէջ հօրը կը խնդար: Ծերուկը օրօրոցին կողքին, սատկած օձը տեսաւ և երկու ձեռքը գլխին տանելով սկսաւ լալ ու ողբալ:
« Երանի' որդի չունենայի ու այս անմեղ և հաւատարիմ շնիկս չսպաննէի: Ինչ մեծ վիշտ ու դժբախտութիւն, որ որդուս կեանքը փրկած այս անմեղ ու հաւատարիմ կենդանին, իմ ձեռքերով սպաննեցի»:
Երբ կինը տուն վերադարձաւ, ամուսինը զինքը լալով ու ողբալով դիմաւորեց:
Պատահածը անոր պատմեց: Կինը շատ յուզուեցաւ և յետոյ ծերուկին դառնալով ըսաւ.
- Թող այս դէպքը քեզի դաս ըլլայ: Ով որ իր կեանքի մէջ անհարկի կը շտապի, յաւիտենական չարաչար կը զղջայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Յունուար-2009 Ուրբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, January 7, 2009

ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ


Այս օրերուն ամուսնութեան խնդիրը շատ մեծ հարց մըն է: Բոլոր հայ մայրերու և հայրերու գլխուն մէջ հարցական մը կայ: «Արեօ՞ք, իմ զաւակս հայ աղջկան կամ հայ մանչու մը հետ պիտի կրնայ ամուսնանալ»:
Դժբախտաբար խառն ամուսնութիւններու թիւը աւելցած է: Երիտասարդներ կ'ամուսնանան առանց իրենց ապագան մտածելու: Խառն ամուսնութիւն մը, յետագային ի՞նչ տեսակ վտանքներ պիտի պատճառէ: Երիտասարդը ոչ մի բան մտածելով, կոյր վիճակի մը մէջ, իր ընտանիքը ոտնակոխ ընելու աստիճան կը պայքարի: Վերջապէս կը յաջողի ու կ'ամուսնանայ իր ընտրած այլազգի աղջկան կամ մանչուն հետ:
Քանի մը տարի առաջ էր: Ընկերուհիիս այցելութեան գացած էի: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին, ընկերուհիս ըսաւ.
-Բարեկամուհիիս հարսը հայ չէ, բայց տասը հայ աղջիկէ աւելի լաւ է:
Զայրացայ: Չէի գիտեր, թէ ինչպէս պատասխանէի իրեն:
Միջոց մը վերջ, այս այլազգի հարսը զաւակ մը ունեցաւ: Քանի մը ամիս առաջ լսեցի, որ անոնք անհամաձայնութեան պատճառաւ ամուսնալուծուեր են:
Անհամաձայնութեան պատճառը կրօնքի խնդիրն էր: Երբ իրենց զաւկին մկրտութեան օրը կը հասնի, հարսը չընդունիր, որ իր զաւակը մկրտուի:
Ամոլը ամուսնալուծուեցաւ, սակայն ամենամեծ հարցը ասկէ վերջ պիտի սկսի: Այդ զոյգը, իրենց նոր ճամբայ մը պիտի գծեն: Փոքրիկ տղուն վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Մօրը կրօնքին, թէ ոչ հօրը կրօնքին պիտի պատկանի:
Նախ և առաջ այսպիսի ապրելակերպով, այդ անմեղ փոքրիկ տղուն հոգեկան վիճակը պիտի խանգարուի, յետոյ ալ անլուծելի հարցերու պիտի մատնուի:
Մեր երիտասարդները պէտք է լաւ մտածեն և անկէ յետոյ առողջ որոշումներ առնեն:
Կ'ուզեմ այս գրութիւնս առակով մը վերջացնել:
Ջորիին կը հանդիմանէին այն բանի համար, որ ան էշուն որդին է: Ան, միշտ կը պարծենար, որ ձին իր մայրն է:
Ջորին կը պարտուի այդ վէճի մէջ, քանի որ հօր ցեղը, մօր ցեղէն աւելի կարեւոր է:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յունուար-2009 Կիրակի
Իսթանպուլ

Saturday, January 3, 2009

ԶԻՍ ՉԵ՞Ս ՅԻՇԵՐ







Դարեր առաջ, մեծ արուեստագէտի մը պարտականութիւն տրուեցաւ տաճարի մը համար Յիսուսի կեանքը ներկայացնող իւղանկար մը պատրաստել:
Երկար տարիներ արուեստագէտը համբերութեամբ պատրաստեց այս նկարը, որուն մէջ կը պակսէր Յիսուս մանուկի և Յուդայի դիմանկարները: Այս երկուքին յարմարագոյն նմանակ մը գտնելու համար ամէն կողմ երկար պրպտումներ կատարեց:
Օր մը, աղքատ թաղի մը մէջ հանդիպեցաւ փոքր մանչուկի մը, որուն դէմքը ցնցեց նկարչին սիրտն ու ամբողջ էութիւնը:
Տղեկը, հին ու աղտոտ հագուստներուն մէջ լուսաւոր և հրեշտակային դէմք մը ունէր: Արուեստագէտը, վերջապէս իր փնտռած դէմքը գտած էր: Տղեկը գնաց նկարչին հետ և մեծ համբերութեամբ նստաւ որպէս օրինակ Յիսուս մանուկին դէմքին:
Այժմ կը մնար Յուդայի դէմքը: Նկարչին տխուր վիճակի լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Շատեր կարծելով որ չարութիւն և վատութիւն պատկերացնող դէմք ունին, ներկայացան նկարչին, սակայն ան ոչ մէկն ալ չհաւնեցաւ:
Տարիներ անցան: Ի զուր ան կը փնտռէր մատնիչ Յուդայի արտայայտութեամբ մէկը: Օր մը, մուրացկան մը տեսաւ: Մուրացկանը, դողդոջուն քայլերով գետին փռուեցաւ ու աղաղակեց.
-Գինի՛, գինի՛:
Նկարչին երակներուն մէջէն ահաւոր սարսուր մը անցաւ. այդ կեղտոտ գինովը իր դէմքին վրայ կը կրէր մարդկութեան բոլոր մեղքերը: Վերջապէս գտած էր Յուդան:
Միասին գացին իր աշխատանոցը, ուր գիշեր ցերեկ տենդագին գործի լծուեցաւ՝ լրացնելու համար տարիներէ ի վեր իր անաւարտ գլուխ գործոցը:
Մինչ ինք կ'աշխատէր, գինեմոլը զարմանալի վիճակներէ կ'անցնէր: Նախկին թոյլ վիճակը տեղի տուած էր շփոթ ու շուարուն հեւքի մը, իսկ իր արիւնոտ, կարմրած աչքերը սոսկումով մը գամուած կը մնային իրեն նմանող նկարին վրայ:
Նկարիչը զգալով ենթակային վիճակը, հարցուց, թէ որեւէ կերպով կրնա՞ր իրեն օգնել: Գինեմոլը չկրցաւ զսպել իր արցունքները և դէմքը ձեռքերուն մէջ առած, սկսաւ հեծկլտալ ու ըսել.
-Ուրեմն զիս չե՞ս յիշեր: Ես տարիներ առաջ քեզի օրինակ եղայ որպէս տիպար Յիսուս Մանուկին, իսկ այսօր... Յուդան կը ներկայացնեմ քեզի...

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Դեկտեմբեր-2008 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ