Saturday, December 26, 2009

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ և ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ




ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ



Խորհուրդ մեծ և սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ

Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս տան աւետիս աշխարհի

Ծնաւ նոր Արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի,

Որդիք մարդկան օրհնեցէք զի վասն մեր մարմնացաւ.

Անբաւելի երկնի և երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ

Ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմեցաւ:





Չորս տարեկան էի, մեծ մայրս ձեռքս տետրակ մը ու մատիտ մը տուաւ: Չէի գիտեր, թէ վրան ի՞նչեր գրուած էր: Տարի մը վերջ անդրադարձայ, թէ ես հայերէն տառերը կը գրէի: Հինգ տարեկան հասակիս, թէ հայերէն կարդալ և թէ գրել սորվեցայ:

Շատ լաւ կը յիշեմ, վեց տարեկան էի, Յիսնակի օր մեծ մայրս ձեռքս թուղթ մը տուաւ: Այդ թուղթին վրայ « Խորհուրդ Մեծ »ը գրուած էր:

Ըսաւ.

-«Խորհուրդ Մեծ»ը կարդայ: Լաւ մը սորվէ, յետոյ ինծի արտասանէ:

Մէկ շաբաթ վերջ առանց կարդալու, գոց արտասանել սկսած էի:

Մեր տան մէջ Կաղանդի ու Ս. Ծնունդի պատրաստութիւնները Յիսնակի օրէն կը սկսէր: Երբ Յիսնակի օրը հասնէր, մեծ մայրս ամանի մը մէջ գոյնզգոյն եօթ մոմ կը տեղաւորէր: Ամէն շաբաթ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգելով մոմ մը կը վառէինք:

Յիսնակէ մի քանի շաբաթ վերջ տօնածառը մէջտեղ կ'ելլէր: Հիւրասենեակին ամենալաւ անկիւնը կը տեղաւորուէր: Տօնածառը, ուրախութեամբ կը զարդարէինք: Կաղանդուայ նուէրներ կը գնէինք և այդ նուէրները տօնածառին շուրջ կը տեղաւորէինք:

Մենք, Պաղլարպաշը կը բնակէինք: Մեր տան ճիշդ դէմը Ս. Կարապետ Եկեղեցին, աջ կողմը Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանը, փողոցին անկիւնն ալ Սեմերճեան- Ճեմարան-Ներսէսեան-Երմոնեան Սանուց Միւութիւնը կը գտնուէր:

Մայրս շատ լաւ չէօրեք կը շինէր: Սեմերճեան-Ճեմարան վարժարանի երկու խոշոր ափսէները մեր տունը կը բերէինք: Մայրս չէօրեքները այդ ափսէներուն մէջ կը շարէր և մեր թաղի փուռը կը տանէինք: Չէօրեքները, հոն կ'եփէինք: Եփելէ վերջ տուն կը բերէինք: Մէկ ափսէն, մեր թաղի խանութպաններուն, իսկ միւս ափսէին կէսն ալ դրացիներուն կը բաժնէինք: Ափսէները դպրոց կը վերադարձնէինք՝ չէօրեք լեցուն:

Անուշապուրն ու զէրտէն մեր կաղանդի սեղանին ամենալաւ անկիւնը կը գրաւէր: Խոշոր կրակարան մը ունէինք: Կաղանդէ մէկ շաբաթ առաջ այդ կրակարանը մէջտեղ կ'ելլէր: Անուշապուրը, այդ կրակարանին վրայ կ'եփէր: Մեր տան սովորութիւնն է, անպայման անուշապուրը հարս կ'ընենք: Ցորենը առանց միջուկի խաշելէ յետոյ, գիշերը կրակարանին վրայէն վար կ'առնէինք: Հիւրասենեակի թիկնաթոռին վրայ ճերմակ լաթ մը կը ծածկէինք: Անուշապուրի սանը այդ թիկնաթոռին վրայ կը տեղաւորէինք: Անուշապուրի սանը, մեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն յաջորդ օրուայ հագուելիք հագուստներով կը ծածկուէր: Առաւօտուն, բոլորս անուշապուրի սանին շուրջ կը հաւագուէինք: Մեծ հայրս կամ հայրս մեր հագուստները կը բաժնէր և խաչ մը հանելով սանին կափարիչը կը բանար: Դգալ մը ցորենի հատիկ առնելով իր դրամապանակին մէջ կը նետէր: Նշանակութիւնը պէրէքէդ ու յաջողութիւն է: Ես, այս աւանդութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակեմ:

Ամէն տարի կաղանդը մեր տան մէջ կը տօնէինք, որովհետեւ մեծ հայր ու մեծ մայրեր մեր տան մէջ միասին կ'ապրէինք: Բոլոր ընտանեկան մերձաւորները, մեր տունը կուգային:

Կաղանդի գիշեր անպայման կաղանդ պապուկը մեր տունը կը հանդիպէր: Մեր տան դուռը կը զարնէր ու մենք զայն ներս կը հրաւիրէինք: Ան, մեր հիւրասենեակի ամենալաւ անկիւնը, տօնածառին քով կը նստեցնէինք: Ես կաղանդ պապուկէն շատ կը վախնայի: Տարիներ վերջ սորվեցայ, թէ կաղանդ պապուկը մեծ մայրս է եղեր:

Երբ կը բաղդատեմ այսօրուայ տղաքը և մեր ժամանակի տղայութեան օրերը, երկուքի միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կը տեսնեմ: Այսօրուայ տղաքը շատ արթուն են: Ամէն նիւթէ տեղեակ են: Ոչ վախ ունին, ոչ ալ ուրիշ մի բան: Հարցումներու պատասխանը անմիջապէս կուտան: Մեր ժամանակը այդպէս չէր: Մենք, մեր մեծերուն մեզի պատմած ամէն բանին կը հաւատայինք:

Տարիներ, մօրս ետին կը պահուըտէի և այդպէս կաղանդ պապուկին քովը կը մօտենայի: Այդ տարիներու յիշատակները անմոռանալի են: Վեց տարեկան էի: Կաղանդ պապուկը ձեռքի շարժումով մը ինծի քովը կանչեց: Տոպրակին մէջէն նուէր մը հանեց, որպէսզի ինծի տայ: Ես ձեռքս երկարեցի, որ նուէրս առնեմ, սապէս ըսաւ.

-Ոտանաւոր մը արտասանէ, որպէսզի այս նուէրին արժանանաս:

Ես, մօրս ետին պահուըտելով սկսայ «Խորհուրդ Մեծ»ը երգել: Իմ ընտանեկան բոլոր անդամները, ինծի ուրախութեամբ ծափահարած էին: Կաղանդ պապուկը, մեր տան բոլոր անդամներուն նուէրները բաժնելէ և խրատական պատմութիւնն ալ պատմելէ վերջ, մեր տունէն կը հեռանար:

Կաղանդ պապուկը մեկնելէ վերջ, մեծ հայրս իր թոռնիկներուն ձեռքը լապտերներ կուտար: Մենք փոքրիկներ, մեր ձեռքը լապտերներ դրացիներուն դուռը կը զարնէինք ու մէկ բերան սապէս կ'երգէինք:

-Մելքոն, Գասպար և Պաղտասար, Ա՜ւետիս, Ա՜ւետիս: Շատ Տարիներու Մայրիկ, Շատ Տարիներու Հայրիկ:

Այս դէպքը, ոչ թէ նուէր ստանալու, այլ դրացիները մեր տունը հրաւիրելու օրէնք մըն էր:

Մեր բարեկամներէն մին ձեռնադաշնակ, իսկ միւսն ալ սաքսաֆօն կը նուագէր: Մեր տան մէջ, շատ լաւ կը զուարճանայինք:

Առաւօտուն երբ արթննայինք «Բարիլոյս» ըսել արգիլուած էր: Անպայման «Շնորհաւոր Նոր Տարի» պիտի ըսէինք և մեր մեծերուն ձեռքը պիտի համբուրէինք: Նախաճաշէ առաջ եկեղեցի կ'երթայինք ու կ'աղօթէինք: Մեր աղօթքը, առողջութեան, յաջողութեան ու խաղաղութեան համար կ'ըլլար:

Տուն վերադարձին, բոլոր ընտանեկան անդամները նախաճաշի սեղանին շուրջ կը հաւաքուէինք: «Տէրունական Աղօթք»ով մեր նախաճաշին կը սկսէինք: Նախաճաշէ վերջ, մեծ հայրս մատի շարժումով օրացոյցը ցոյց կուտար: Օրացոյցը, իր քովը կը տանէինք: Առաջին էջը կը բանար և հիւրասենեակի սեղանիկին վրայ կը տեղաւորէր:

Այսպէսով, Նոր Տարի մը ևս կը սկսէր:

Յարգելի ընդերցողներս,

«Կը Շնորհաւորեմ Ձեր Բոլորին Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը»





Շուշան Գորտոնճիեան

23-Դեկտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի