Wednesday, November 19, 2008

ՄԻԱՄԻՏՆ ՈՒ ԽՈՐԱՄԱՆԿԸ




Անցեալին երկու վաճառականներ կային, մին խորամանկ ու ճարպիկ էր, միւսը՝ միամիտ ու բարի:
Օր մը ճամբորդութեան ընդացքին, ճամբան սնտուկ մը ոսկի գտան:
Միամիտը առաջարկեց սնտուկի պարունակութիւնը կիսել: Սակայն խորամանկը առարկեց ու ըսաւ.
-Պէտք չէ որ ոսկին կիսենք: Մեր ծախսերուն համար մէջէն քիչ մը առնենք, յետոյ ալ մնացածը ապահով տեղ մը պահենք:
Միամիտը համաձայնեցաւ: Քիչ մը ոսկի վերցուցին ու մնացածը ծառի մը տակ թաղեցին: Յաջորդ օր խորամանկը սնտուկը ծառին տակէն հանելով տուն տարաւ:
Օր մը միամիտը դրամի կարիք ունեցաւ: Ընկերոջը մօտ գնաց ու ըսաւ.
-Եկուր սնտուկէն քիչ մը ոսկի առնենք: Դրամի պէտք ունիմ:
Գացին ծառին մօտ, սկսան հողը փորել, սակայն սնտուկը չգտան: Խորամանկը աղմուկ - աղաղակ բարձրացուց, զայրացած ընկերոջ վրայ յարձակեցաւ:
-Հաստատ, ոսկիները դուն գողցած ես: Մեզմէ զատ ոչ-ոք ոսկիներուն տեղը չէր գիտեր:
Խեղճ միամիտը երդումներ ըրաւ, թէ ինք անտեղեակ է: Բայց անօգուտ: Ի վերջոյ, խորամանկը դատարան դիմեց:
-Ո՞վ կը հաստատէ, թէ ընկերդ ոսկին գողցած է: Վկայ ունի՞ս:
Հարց տուաւ դատաւորը:
-Այն ծառը, որուն տակ սնտուկը թաղած էինք, այդ մասին կրնայ վկայել:
Պատասխանեց խորամանկը:
Դատաւորը զարմացաւ: Երկար ու երկար զրուցելէ յետոյ որոշեց յաջորդ օր երթալ և ծառին վկայութիւնը լսել:
Խորամանկը տուն վազեց ու իր հօր մօտ նստելով ըսաւ.
-Եթէ ինձ օգնես և իմ ըսածները կատարես, մենք կը հարստանանք:
Հայրը շուարեցաւ և իր տղուն ըսածները չհասկցաւ: Խորամանկը վազեց իր սենեակը ու սնտուկ մը ոսկին իր հօրը առջեւ թափելով ըսաւ:
-Տես', այս հարստութիւնը մերը պիտի ըլլայ:
-Իսկ ես ի՞նչ պէտք է ընեմ:
Հարց տուաւ հայրը:
Խորամանկը պատասխանեց.
-Ծառը, ուր ոսկիները պահած էինք, մեծ խոռոչ մը ունի: Դուն գիշերը կ'երթաս ու այդ խոռոչին մէջ կը պահուըտիս: Ծառին վկայութիւնը լսելու համար, վաղը դատաւորը հոն պիտի գայ: Դուն պիտի ըսես. «Այո՝, ես ինքս տեսայ, որ այդ մարդը եկաւ ու ոսկիները առաւ»:
Ծերունին իր տղուն խրատեց հեռու մնալ այդպիսի անազնիւ գործէ, ու ըսաւ, թէ խարդախը ինքն է և փորձանքի մէջ իյնալով կրնայ խայտառակուիլ: Սակայն որդին իր հօր խրատները մտիկ չըրաւ ու ըսաւ.
-Հայրիկ, մենք քիչ տանջանքով մեծ գործ մը պիտի կարգադրենք: Երջանիկ ու հանգիստ կեանք մը պիտի ապրինք:
Ի վերջոյ հայրական սէրն ու ոսկիի փայլը ծերունիին աչքը կուրացուցին: Որոշեց իր զաւկին օգնել:
Հետեւեալ օր դատաւորը, խումբ մը անձերով ծառին մօտ եկաւ: Ծառին հետ խօսիլ սկսաւ: Նախ մատովը միամիտ վաճառականը ցոյց տուաւ ու հարցուց.
-Ծառ, այս մարդը սնտուկը գողցա՞ւ: Դուն այսպէս բան մը տեսա՞ր:
Յանկարծ ծառը խօսիլ սկսաւ.
-Այո', այս մարդը օր մը հոս եկաւ, մտահոգ վիճակով հողը փորեց ու սնտուկը առաւ:
Դատաւորը ապշեցաւ: Մտածեց. «Ծառը չի խօսիր, ասոնք խորամանկութիւն կ'ընեն»:
Ծառին մօտեցաւ, քիչ մը գննելէ յետոյ հրամայեց, ծառը այրել:
Խեղճ ծերունին կեանքը փրկելու համար ծառին խոռոչէն դուրս ելաւ: Յետոյ գլխիկոր ու ամօթահար կանգնեցաւ դատաւորին առջեւ:
Ըսաւ.
-Այս մարդը անմեղ է: Իմ որդիս խարդախ մըն է: Բոլորս խաբեց, որպէսզի սնտուկ մը ոսկիին տիրանայ:
Այս խոստովանութենէն յետոյ, ծերունին, ամօթէն և իր որդւոյն խայտառակութեան չդիմանալով հոգին աւանդեց:
Դատաւորը հրամայեց խորամանկը մտրակահարելու տանչել:
Հետեւեալ օր ան, որ ինքզինք ճարպիկ ու խելացի կը համարէր, իր հօր անշունչ մարմինը շալկած տուն վերադարձաւ:
«Խայտառակ ըլլալու արժանի են բոլոր անոնք, որոնք կը դաւաճանեն իրենց հաւատարիմ ընկերոջ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Նոյեմբեր-2008 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ