Friday, January 25, 2008

ԵՐԱԶ




Բոլորս ալ երազ կը տեսնենք: Եւ յաճախ կը տեսնենք, բայց նոյն յաճախանութեամբ զանոնք չենք յիշեր:
Բաբախումով աչքս բացի: Տակաւին տեսած երազիս ազդեցութեան տակն էի:
Ճաշասեղան պատրաստած էի: Տանս մէջ հիւրեր ընդունեցի: Բայց ես ներկաներուն մեծամասնութիւնը չէի ճանչնար: Աթոռ մը պարապ մնացած էր՝ սեղանին մէկ անկիւնը: Ճաշը խնջոյք մը եղաւ՝ կերուխումի:
Երբ ճաշը վերջացաւ, բոլոր հիւրերս սկսան մէկ-մէկ մեկնիլ:
Առանձին մնացի: Սկսայ սեղանը հաւաքել: Սեղանի անկիւնը, ուր աթոռը պարապ մնացած էր, սպասներուն քով թղթիկ մը կար: Վերցուցի ու կարդացի: Վրան Աստուծոյ հրաւէր գրուած էր: Շուարեցայ: Այդ պահուն ձայն մը լսեցի.
-Ես հրաւէրի պէտք չունիմ: Արդէն միշտ ձեզի հետ եմ:
Առաւօտեան ժամը 3-ն էր ու ես անկողնիս մէջն էի: Քունս փախաւ: Ելայ: Սուրճ մը եփեցի: Երազին ազդեցութիւնը բաւական տեւեց: Երկար ատեն արթուն մնացի:
Յաջորդ օր եկեղեցի գացի: Մոմ մը վառեցի: Նստարանի մը վրայ նստած սկսայ խորհիլ: Ի՞նչ կը նշանակէր «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի»:
Իսթանպուլի մէջ 36 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներ կան, որով Իսթանպուլի բոլոր թաղերուն մէջ մենք մէկ-մէկ փոքր Հայաստաններ ունինք: Երբ մեր եկեղեցիներէն ներս կը մտնենք Հայաստանի օդը կը շնչենք: Արդեօք քանինե՞ր այսպէս կը մտածեն:
Եկեղեցի կուգան, պատարագն ու քարոզը օտար լեզուով իմանալ կ'ուզեն:
Ինչո՞ւ:
Հայաստան ներշնչուելու համար եկեղեցի կ'երթանք: Հոս, հոգ չէ թէ ծիսակատարութենէն բան չհասկնանք, հոգ չէ թէ քարոզէն ալ բան չհասկնանք, բաւ է որ մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի օդը շնչենք: Զգանք, թէ ոչ միայն եկեղեցի եկած ենք, այլ եկեղեցի գալով Հայաստանը այցելած ենք:
Օր մը եկեղեցիի մը մէջ տիկին մը քահանային կ'ըսէր.
-Տէր Հայր ես քու քարոզէդ բան չեմ հասկնար: Ասկէ յետոյ թրքերէն քարոզէ:
Յաջորդ շաբաթ դարձեալ եկեղեցի գացի: Քահանան թրքերէն քարոզեց: Արձակումէ վերջ, պարտէզը, կնոջ դէմ կանգնեցայ ու ըսի.
-Տիկին, յուսամ Տէր Հօր քարոզը ըմբռնեցիք:
-Ո՛չ, դարձեալ բան մը չհասկցայ, պատասխանեց:
Զայրացած ըսի.
-Քանի որ դարձեալ բան մը պիտի չհասկնայիք, ինչո՞ւ եկեղեցւոյ կանոնին փոխուելուն պատճառ եղաք:
Ոստումով մը սթափեցայ: Իմ յաճախակի երազներէն մին էր: Այս երազը դարձեալ տեսնել կ'ուզեմ: Երազիս իրականանալը կը փափաքիմ: Ե՞րբ, չեմ գիտեր:

Շուշան Գորտոնճիեան
13- Դեկտեմբեր -2007 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 16, 2008

ԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄ ԹՌՉՈՒՆՍ «ՊԱՉԻԿ»


Տարիներ առաջ էր: Ամուսինս տուն թռչուն մը բերաւ: Ըսի.
-Ես կ'աշխատիմ: Ի՞նչպէս հոգ պիտի տանիմ այս թռչունին:
-Միասին հոգ կը տանինք: Ըսաւ ամուսինս:
Նախ, տան մէջ անկիւն մը զատեցինք եւ թռչունին անունը որոշեցինք: Մեր թռչունին անունը «Պաչիկ» եղաւ: Տակաւին մէկ կամ երկու ամսուան էր: Կապոյտ եւ սեւ փետուրներ ունէր: Շատ սիրուն էր մեր «Պաչիկ»ը: Սիրել սկսած էինք զինքը: Բարեկամներս ըսին.
-Այս թռչունը կը խօսի: Քանի մը բառ սորվեցուցէք:
Մեր տան մէջ իմ անունս շատ կը գործածուի: Օր մը երբ գործէ վերադաձայ «Պաչիկ»ը ըսաւ.
-Շուշան, Շուշան, Շուշան...
Այդ օր շատ ուրախացած էի: Յետոյ իր անունը սորվեցաւ եւ ըսաւ.
-Պաչիկ, Պաչիկ, Պաչիկ...
Երկու տարի անցած էր: «Պաչիկ»ը վանդակէն դուրս, տան մէջ թռչիլ սկսաւ: Գլխուս վրայ կը կենար եւ սորված բոլոր բառերը կը սկսէր գեղգեղել:
-Ի՞նչ է, ի՞նչ է, չեմ գիտեր, զանգակ... եւլն.:
Երբ գիշերները գործէ տուն կը վերադառնայինք, մեր դրան զանգակը կը հնչեցնէինք, որպէսզի զոքանչս դուռը բանայ: «Պաչիկ»ը կը զգար, թէ մենք եկած ենք: Կը սկսէր թեւերը իրար զարնել եւ իր գիտցած բոլոր բառերը գեղգեղել:
-Շուշան, Շուշան, զանգակ, զանգակ...
Ի՛նչքան կ'ուրախանայի երբ անոր ձայնը կ'իմանայի: Բոլոր յոգնութիւնս կը մոռնայի:Խաղալ կը սկսէի անոր հետ:
Տարիներ անցան: Օր մը երբ տուն եկանք, զոքանչս ըսաւ.
-«Պաչիկ»ը մեռեր է:
Որքա՛ն յուզուած էինք:
Օրերով վանդակը շոյեցի եւ լացի: Ան շատ սիրցուցած էր ինքզինքը: Անոր մասնայատկութիւնն էր խօսիլ: Սորվեցաւ հայերէն եւ տարիներ մի միայն խօսեցաւ հայերէն:
Իմ գեղեցիկ, բարեկամ թռչունս: Իմ «Պաչիկ»ս:
Երա՛նի, մենք՝ Հայերս քիչ մը նմանէինք «Պաչիկ»ին եւ մի միայն խօսէինք «Հայերէն»:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Դեկտեմբեր-2007 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, January 15, 2008

«ԱՅՍ ՀԱԳՈՒՍՏԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ Է,ԴՈՒՔ ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԳՆԵԼ»




Տարիներ առաջ, օր մը յաճախորդ մը մտաւ խանութէս ներս: Ան հագուած էր անխնամ ու մաշած հագուստներ: Ակնարկ մը նետեցի իր վրայ: Նախ կարծեցի որ մուրացկան մըն էր ան: Կրկին ուշադրութեամբ նայեցայ իրեն եւ տեսայ որ անոր կօշիկները լաւ վաճառանիշէ էին: Հետեւցուցի որ մարդը մուրացկան չէր: Անմիջամէս մօտեցայ իրեն եւ հետաքրքրուեցայ իրեն հետ: Քանի մը վայրկեան ետք բարեկամացանք յաճախորդիս հետ: Հրաւիրեցի որ նստի ան եւ սուրճ մը ապսպրեցի: Բաւական երկար ատեն խօսակցեցանք իրարու հետ: Վերջապէս ժամ մը վերջ, մարդը ոտքի ելաւ ու երթալ պատրաստուեցաւ: Վեց տոպրակ լեցուն ապրանք ծախած էի իրեն: Երբ ան խանութիս դռնէն դուրս կ'ելլէր, ձեռքս սեղմեց ու ըսաւ.
-Կը շնորհաւորեմ ձեզ: Այս պողոտային վրայ ո՛ր խանութէն որ ներս մտայ, ո՛չ մէկը հետաքրքրուեցաւ ինծի հետ այնպէս, ինչպէս դուք հետաքրքրուեցաք: Վաճառորդները իմ վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք, ըսին. «Այդ հագուստը շատ սուղ է. դուք չէք կրնար գնել»:
Վերջապէս, այդ մարդը մեր խանութին լաւ յաճախորդներէն մին դարձաւ: Այնուհետեւ ան երկար տարիներ իր գնումները մեր խանութէն ըրաւ:
Եթէ մենք մեր խանութէն ներս մտնող բոլոր յաճախորդներու հագուստը նկատի առնելով կարեւորութիւն տայինք իրենց, չեմ գիտեր թէ հիմա ի՞նչ կ'ըլլայինք:
Սակայն դժբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը այդպէս է: Թէ՛ խանութի եւ թէ տուներու մէջ ըմբռնումները միեւնոյնն են: Կան կարգ մը մարդիկ, եւ վստահ եմ թէ քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք կը սիրեն լաւ վաճառանիշ կրող հագուստներ ունեցող մարդոց հետ տեսնուիլ: Եւ կամ կը մտերմանան միայն այնպիսի անձերու կամ ընտանիքներու հետ, որոնք պերճաշուք շէնքերու մէջ փարթամ կեանք մը կ'ապրին: Այսօր դարը այսպէս եղած է դժբախտաբար: Ցուցամոլութեան եւ փուճ արժէքներու դար: Մարդոց գաղափարներուն կարեւորութիւն տուող չկայ: Բաւ է որ գրպանդ լեցուն ըլլայ: Այն ատեն շուրջդ կարգի սպասող բազմաթիւ բարեկամներ կ'ունենաս:
Շատ փոքր տարիքէս ի վեր Սիրոյ Սեղաններու մասնակից կը դառնամ: Մինչեւ մօտաւոր անցեալ, Սիրոյ Սեղաններու վրայ կատարուած նուիրատուութիւնները պոռալով-կանչելով կը յայտարարէին: Եթէ նուիրատու անձը խոշոր գումար մը նուիրած էր, չափազանց յարգանքով կը դիմաւորուէր: Հաւաքոյթի աւարտին հաստատութեան թաղականը այդ մեծագումար նուիրատուութիւն կատարող անձին կը մօտենար ու անոր դիմաց երկար ու երկար երկրպագութիւն ընելով կ'ըսէր.
-Յարգելի պարոն դա՛րձեալ կը սպասենք:
Յարգելի պարոնը կը պատասխանէր.
-Եղբայր. եթէ պէտք ունենաք, ես դա՛րձեալ կուգամ:
Այստեղ ամէն ինչ կը վերջանար: Յարգելի պարոնը մինչեւ յաջորդ տարի կը կորսուէր մէջտեղէն: Յաջորդ տարի, երկրպագութիւն տեսնելու ակնկալութեամբ, ան դա՛րձեալ կը մասնակցէր այդ Սիրոյ Սեղանին:

Անցեալ տարի հաստատութեան մը համար սարքուած Սիրոյ Սեղանի մը մասնակցեցանք: Այլեւս պոռալ-կանչել չկար: Եկեղեցիի մուտքին ցուցատախտակ մը զետեղուած էր: Նուիրատուներու անունները այդ ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած էին: Այդ տեսարանը ինծի, եւ ինծի պէս մտածող բոլոր անձերուն ուրախութիւն պատճառած էր: Սակայն այս անգամ ալ ուրիշ հարց մը կար: Երբ ցուցատախտակին նայեցայ, ապշեցայ: Որովհետեւ այդ ցուցատախտակին վրայ մեծագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները մեծատառ, իսկ փոքրագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները փոքրատառ արձանագրուած էր:
Ամէն անձ իր նիւթական կարելիութիւններուն համաձայն կը մասնակցի Սիրոյ Սեղանին: Պզտիկ նուիրատուն մեծ նուիրատուին հասնելու եւ երկրպագութեան արժանանալու համար ի՞նչ պէտք է որ ընէ:
Կայ նաեւ ուրիշ հարց մը, որ խիստ կարեւոր ու կենսական է: Ինչո՞ւ նուիրատու անձեր իրենց գումարը յանձնելէ ետք չեն հետաքրքրուիր թէ ի՞նչ բաներու պիտի յատկացուի իրենց տրամադրած գումարը: Ինչո՞ւ նուիրատուն չի հարցներ, ու չհարցափորձեր կամ իր գաղափարը չի յայտներ: Ո՛չ մէկ կասկած թէ ներկայ դարուս մարդիկ չեն կրնար դիւրութեամբ դրամ շահիլ: Մեր պոլսահայերն ալ, ներառեալ մեծ նուիրատուները, չեմ յուսար որ դիւրին կը շահին դրամը: Ուստի պէտք է տրամադրուած գումարները տեղին գործածուին:
Յետոյ... ի՞նչ տարբերութիւն կ'ընէ մեծ գումար, կամ փոքր գումար: Կարեւորը դրամին հաւաքուիլն ու տեղին գործածութիւնն է: Պէտք է փոքրագումար նուիրատուն ալ յարգանքի արժանանայ այնպէս, ինչպէս յարգանքի կ'արժանանայ մեծագումար նուիրատուն: Բայց ի՞նչ մեղք որ համայնքիս մէջ, մանաւանդ վերջին տարիներուն, մակարդակը այնքա՛ն թաւալագլոր անկում արձանագրած է որ, ո՛չ ոք կ'ուզէ այս նիւթին մասին մտածել եւ ըստ այնմ գործել:
Աստուած մեր Պոլսահայութեան հետ թող ըլլայ: Սպասենք եւ տեսնենք թէ յաջորդ տարուան Սիրոյ Սեղանները ի՞նչ տեսակ նորութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի թողուն մեզ:
Մանրավէպով մը կ'ուզեմ վերջացնել այս նիւթը, մեկնաբանութիւնը թողելով ընթերցողներուն:

Թագաւորը բաղնիք երթալ կ'ուզէ: Ան իր ծառային կ'ըսէ.
-Եթէ բաղնիքը մարդ չկայ, երթանք ու լոգնանք:
Ծառան կ'երթայ կը նայի բաղնիքէն ներս, ու վերադառնալով կ'ըսէ թագաւորին:
-Մարդ չկայ, կրնանք երթալ:
Երբ թագաւորը բաղնիքի դռնէն ներս կը մտնէ, կը տեսնէ որ ներսը մարդոցմով լեցուն է: Ան ծառային կ'ըսէ.
-Ըսիր որ ներսը մարդ չկայ: Ի՞նչ է այս բազմութիւնը:
Ծառան բաղնիքին սանդուխին առջեւ քար մը ցոյց տալով, կը պատասխանէ.
-Տէր արքայ. եկայ ու ժամ մը այստեղ կեցայ: Բոլոր անոնք, որոնք բաղնիքէն ներս կը մտնէին, իրենց ոտքը այս քարին զարկին ու գետին գլորեցան: Բայց ո՛չ մէկը փորձեց այդ քարը վերցնել ու անկիւն մը դնել:
Ես ալ տեսնելով պատահածը, հետեւցուցի թէ բաղնիքին մէջ մարդ չկայ, ուստի կրնաք հանգիստ սրտով լոգնալ:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Օգոստոս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ