Thursday, May 8, 2008

ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ




Երբ ես ու եղբայրս փոքր էինք, մեծմայրս մեզի բարին ու շիտակը սորվեցնելու նպատակով առակներ ու իմաստալից պատմութիւններ կը պատմէր:
Ահա', յիշողութեանս մէջ քանդակուած այդ պատմութիւններէն մին կ'ուզեմ ձեզի փոխանցել:

Անցեալին, հեռաւոր երկրի մը մէջ երկու մտերիմ ընկերներ կապրէին: Այս անբաժան երիտասարդները ջերմ սիրով մը իրարու կապուած էին:
Օր մը այս երիտասարդներէն մին, տագնապալից դէպքի մը պահուն ոճիր մը կը գործէ: Կը ձերբակալուի: Դատաւորութեան ընթացքին չկարենալով ինքզինքը պաշտպանել, մահուան կը դատապարտուի: Երբ երիտասարդը իր մահավճիռը կը լսէ, դատաւորին կ'աղաչէ որ քիչ մը ատեն զինք ազատ ձգէ, որպէսզի իր կարգ մը գործերը կարգադրէ:Բայց կը մերժուի ու բանտ կը տարուի: Քանի մը անգամ եւս խնդրագիր կը ներկայացնէ, սակայն ի զուր:
Երբ իր ընկերը այս կը լսէ, Արդարութեան կը ներկայանայ եւ կը խնդրէ որ զինքը բանտարկեն, մինչեւ որ ընկերը իր գործերը կարգի դնէ:
Երբ թագաւորը այս առաջարկը կը լսէ շատ կը յուզուի ու անոր կ'ըսէ.
-Դուն ճշմարիտ ասպետ մըն ես: Քու անձնուիրութիւնդ զիս հիացուց: Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ քու ընկերդ չվերադառնայ:
Երիտասարդը դէմքը երկինք բարձրացնելով կը պատասխանէ.
-Բարեկամիս տեղ պատրաստ եմ սիրայօժար ես կախաղան ելլելու:
Այս երդման վրայ բանտարկեալ երիտասարդը կ'արձակուի:
Պայմանաժամը կը վերջանայ: Կախաղանի օրը կը հասնի, քանի մը վայրկեան ալ կ'անցնի, սակայն բանտարկեալ երիտասարդը չի գար: Անմեղ երիտասարդը պիտի կախէին:
Վեհաշուք բան մը կը տեսնուի անմեղ երիտասարդին կեցուածքին մէջ: Ան խաղաղ ու անշարժ է:
Ժողովուրդը անձկութեան մէջ, թագաւորը վրդոված...:
Յանկարծ բանտարկեալ երիտասարդը հեռուէն վազելով բազմութիւնը կը ճեղքէ ու իր ընկերոջը կողքին, ճիշդ կախաղանին դիմաց կը կայնի:
Բազմութիւնը կը սկսի խելայեղօրէն ծափահարել: Թագաւորը լալու չափ զգածուած է: Երիտասարդին կը հարցնէ.
-Մենք վախցանք թէ պիտի չգաս: Ի՞նչպէս կ'ըլլայ որ ճիշդ ատենին յօժարեցար վերադառնալ, երբ կրնայիր փախչիլ ու ազատիլ կախաղանէն:
Երիտասարդը ձեռքը կուրծքին տանելով կ'աղաղակէ.
-Օ՛, այդպէս բան չըլլար: Անկարելի էր ինծի համար անհաւատարիմ գտնուիլ մէկու մը որ պատրաստ էր իմ տեղս մեռնելու:
Այդ ի՞նչ վայրկեան... յուզումը աննկարագրելի է: Ամենուն աչքերուն մէջ արցունք կը լեցուի: Բազմութիւնը ուրախութենէն կուլայ: Թագաւորը ոտքի ելլալով կը յայտարարէ.
-Այս երկու երիտասարդին անձնուիրութիւնը ու հաւատարմութիւնը կը ստիպեն զիս ազատ արձակել երկուքն ալ:
Ժողովուրդը.
-Կեցցէ' Արքան...Կեցցէ' Արքան...
կը պոռայ եւ կը խուժէ դէպի կախաղան: Իրենց ուսերուն վրայ կ'առնեն այս երկու երիտասարդ բարեկամները: Մեծ պողոտայէն անցնելով կը սկսին ծափով ու ցնծութեամբ աղաղակել.
-Անձնուէր՝ երիտասարդին պէս, հաւատարիմ՝ երիտասարդին պէս:

Ահա', իրական կեանքէ կենդանի օրինակ մը:
Քսանեւմէկերորդ դարու մէջ այս պատմութեան առջեւ մենք, հեշտասէր, գաղջ եւ թուլամիտ հաւատացեալներս պէտք է կարմրինք ամօթով:
Պէտք է այս օրինակելի պատմուածքին առջեւ ծունկի գալ գլխիկոր ու խղճահար:
Դժբախտաբար այսօր այլեւս ոչ բարեկամութիւն, ոչ ընկերութիւն մնացած է: Մարդիկ իրարու հետ կը բարեկամանան: Այո՝, կը բարեկամանան բայց մեծամասնութիւնը կը տեսնեմ որ կեղծ բարեկամութիւն է:
Մեր բարեկամութիւնը ըլլայ ջերմ սիրով, ինչպէս Դաւիթ ու Յովնաթան:

Շուշան Գորտոնճիեան
29-Ապրիլ-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ