Wednesday, November 25, 2009

Ա. Բ. Գ. Ի ԴԱՍԸ





Թերեւս ինծի պէս շատերն ալ մոռցած ըլլան թէ մանկութեան ո՞ր տարիքին կամ ո՞ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՞ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատները առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՞նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն:

Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ. ի դասիս մոռացումը. անով մտքիս պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը եղծուած կը տեսնեմ. մանկութեանս տարտամ օրերուն վերջամնաց վիշտերէն մէկը եղած է այն, որ երբեմն ստգտանքը կը դառնայ անպատսպար յիշողութեանս:

1898 Հոկտեմբեր 26-ին՝ պիտի այցելէի Օշականի Եկեղեցին՝ Ս. Մեսրոպի դամբարանովը կրկնակի նուիրանակացած այդ սրբավայրը: Երկու օր առաջ սիրտս տրոփման մէջ էր. միամիտ ու անպայման երկիւղածութենէ մը բռնուած՝ գերագոյն վարժապետին ո՜տքը պիտի երթայի:

Գիւղի եկեղեցին հասած՝ ներս մտայ ստորերկեայ փոքրիկ մատուռէն՝ որուն աջակողմը կը տեսնուէր ցած ու անշուք դամբարանը. անդիմադրելի այլայլում մը խռովեց զիս. չէի ուզեր հաւատալ թէ անոր ներքեւ փոշի դարձած ոսկորներ գտնուէին. ինծի համար Մեսրոպը ապրող ու դրապէս ներշնչող հոգի մըն էր. ափ մը հողի տակ ի՞նչպէս կրնայի թաղել կենդանի գիրը:

Անթարգմանելի հակասութեամբ մը ընդվզած բոլոր էութիւնս՝ խուլ քրթմնջիւն մը կը հանէր իր խորերէն. անմահներու ճակատագիրը ծաղրելու համար սարքուած կատակ մը կը թուէր ինծի այդ մարմարիոնէ կափարիչը: Հարկ էր սակայն մօտենալ անոր, ծնրադրել ձոյն հիացումի մը մէջ , ու համբոյրի տաք շրթունքներով քարի մը պաղ երակներուն մէջէն ծծել հոգեկան կայծեր՝ երկար դարերով իրենց կրակը անշէջ պահող նուիրական նշխարներէն:

Զգայական այդ վրդովումին մէջ տխեղծ ու բոպիկ մանկութեանս դեղնած ու վեհերոտ վայրկեանները ետ դարձած էին. այբուբենի առաջին դասիս մոռացման վիշտը՝ կսկիծի մը խայթով արթնցած՝ անհուն տենչանքի մը փոխուած էր կուրծքիս տակ, ու եթէ Մեծ Վարդապետին ստուերագիծ ձեռքը տեսնէի գէթ՝ ոսկի տառերով մագաղաթի մը վրայ, կամ աննման Քահանայապետին գոհար գիրերով զարդարուած լանջապանակ տախտակը տեսնէի գէթ՝ առաջին ու անգիտակից շարժումս պիտի ըլլար անգամ մըն ալ ծնրադրել ու թախանձագին խնդրել իրմէ.

-Աղուոր Ա. Բ. Գ. էն դաս մը տուր ինծի:

ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ


Շուշան Գորտոնճիեան
24-Նոյեմբեր-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Saturday, November 14, 2009

ՊԱՏՃԱՌԸ Ի՞ՆՉ Է




Փոքրիկ տղան Աստուծոյ հանդիպիլ կ'ուզէր: Ան շատ լաւ գիտէր, թէ Աստուած շատ հեռուները կը գտնուէր: Ուստի ճամբորդութեան պիտի ելլէր ու Աստուած պիտի բնտրէր: Պայուսակին մէջ կարկանդակներն ու պտուղի ջուրերը լեցուց և ճամբայ ելաւ:
Երկար ատեն քալելէ յետոյ, ընդարձակ պարտէզի մը մէջ, ծառի մը տակ նստաւ: Շատ անօթեցած էր: Պայուսակին մէջէն կարկանդակ ու պտուղի ջուր հանեց: Այդ միջոցին տարիքոտ մարդ մը տղուն մօտեցաւ և սկսաւ անոր նայիլ: Փոքրիկ տղան, իր ձեռքի պայուսակէն կարկանդակ մը հանեց ու տարիքոտ մարդուն երկարեց: Մարդը ժպտելով փոքրիկ տղուն ձեռքէն կարկանդակը առաւ և անոր քովը նստեցաւ: Այդ ժպիտը այնքան առիքնող էր ու հոյակապ և մարդուն այնպիսի պատկառազդու երեւոյթ մը կու տար, որ տղան փափաքեցաւ մարդուն երեսի այդ ժպիտը անգամ մը եւս տեսնել: Պայուսակին մէջէն պտուղի ջուր մը հանեց ու մարդուն երկարեց: Մարդը իր շնորհակալութիւնը դարձեալ ժպտելով մը յայտնեց: Տղան շատ ուրախ էր և երջանիկ: Բոլոր օրը այդ ծառին տակ նստած կարկանդակ կերան: Բառ մը իսկ չի խօսեցան: Միմիայն իրարու ժպտեցան:
Երբ գիշեր եղաւ փոքրիկ տղան յոգնած զգաց: Ոտքի ելաւ և քանի մը քայլ առնելէ յետոյ ետ դարձաւ: Վազելով մարդուն փաթթուեցաւ: Տղուն հետ առանց խօսելու գրկախառնումի ընթացքին, մարդուն երեսին վրայ իր ամենագեղեցիկ ժպիտը գծագրուեցաւ:
Փոքրիկ տղան տուն վերադարձաւ: Մայրը, իր տղուն երջանկութիւնը տեսնելով զարմացաւ ու հարցուց.
-Քեզի այսօր շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Փոքրիկ տղան պատասխանեց.
-Մայրիկ, այսօր Աստուծոյ հետ ճաշեցի: Աստուած շատ գեղեցկօրէն կը ժպտի:
Տարիքոտ մարդն ալ, փոքրիկ տղուն նման, երջանիկ ու լուսապայծառ դէմքով իր տունը վերադարձաւ:
Մարդուն տղան, հօրը երեսի խաղաղութիւնը տեսնելով զարմացած հարցուց.
-Հայր. այսօր քեզի շատ երջանիկ կը տեսնեմ: Պատճառը ի՞նչ է:
Մարդը սապէս պատասխանեց.
-Պարտէզի մը մէջ Աստուծոյ հետ կարկանդակ կերայ: Ան շատ երիտասարդ է:

Ժպիտ մը, փաղաքշական՝ փայփայիչ բառ մը, ըսուածին ականջ տալ, փոքր հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալ որքա՜ն զօրաւոր ազդեցութիւն կրնան ունենալ: Մարդու մը կեանքի ընթացքը կրնան փոխել:

Արդեօ՞ք կ'անդրադառնանք:

Մեր կեանքի տեւողութեան մարդոց կը հանդիպինք, որոնք մեր ապրումին կը խառնուին որոշ պատճառով մը, որոշ տեւողութեամբ մը, կամ՝ ցկեանս:
Բոլորին հետ ալ սիրով գրկախառնուինք:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Նոյեմբեր-2009 Շաբաթ
Իսթանպուլ