Wednesday, October 12, 2016

ՊԷԶԱԶԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ-(ԼԻՍԷ)




ՊԷԶԱԶԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ-(ԼԻՍԷ)

Պէզազեան բարձրագոյն վարժարանը' 1908   թուականին նշանաւոր դաստիարակ, ուսուցիչ Պողոս Պէզազեան Պաքըրգիւղ թաղին մէջ հիմնած է : Այդ տարիներուն վարժարանի շէնքը գործած է  նախակրդարանի և միջնակարգի բաժիններով : Յառաջիկայ թուականներուն վարժարանը կը փոխադրուի Պաքըրգիւղ, Իսթանպուլ Պողոտային վրայ գտնուող շէնքին մէջ և միայն կը գործէ լիսէի բաժինով: Իսկ այսօր Պէզազեան Վարժարանի շէնքը կը գործէ դատարան:

Երկրորդ Աշխարհամարտին, Պէզազեան Վարժարանը նիւթական անբաւաւարութեան պատճառաւ փակուած է: Այդ թուականներուն Պէզազեան Վարժարանի աշակերտութեան թիւը մօտաւորապէս 250 էր: Տարիներ վերջ վարժարանը Գումգաբը թաղին մէջ վերսկսած է դասաւանդութեան: 1943 թուականին վարժարանը կը փոխադրուի  Պէյօղլու: Այդ շրջանին վարժարանի  հոգաբարձուն Պողոս Պէզազեանի որդին Հակոբ Պէզազեանն էր:

1959 թուականին վարժարանը կը փոխադրուի Բանկալթի-Ալթընպաքքալ: Պէզազեան վարժարանը իր նոր շէնքին մէջ կը գործէ նախակրթութեան և մանկապարտէզի բաժիններով: Օտար լեզուն ֆրանսերէն է: Դժբախտաբար վարժարանը 1965 թուականին փակուելով դադրած է գոյատեւելէ:

Պէզազեան Վարժարանի գլխաւոր ուսուցիչներն էին' Արամ Նիկողոսեան, Յարութիւն Կէլիպոլուեան, Պետրոս Ատրունի, Համբարձում Յարութիւնեան, Հրանդ Տէրանթրէասեան, Ստեփան Կուրտիկեան, Օհաննէս Շահնազար:

Շուշան Գորտոնճիեան
28 Սեպտեմբեր 2016 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ