Wednesday, December 24, 2008

ԿԱՏՈՒՆ և ԻՐ ՁԱԳԵՐԸ





Կը պատմեն, թէ կատուն իր ձագերուն ուղիղ քալել կը սորվեցնէր, բայց ինքը ծուռ կը քալէր: Ձագերը, իրենց մայրը օրինակ կ'առնէին ու անոր նման կը քալէին:
Երբ մայրը պատժելու սպառնալիքով անոնց ստիպեց ուղիղ քալել, ձագերը ըսին.
-Մենք քեզ օրինակ կ'առնենք: Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:
Մայր մը իր զաւակներուն ուղեցոյցն է: Զաւակի մը իրականութիւններ միմիայն խրատականներով բացատրել բաւարար չէ: Պէտք է մայրն ալ իր խրատածը գործադրէ:
Տղան, մօրը հայելին է:
Մայր մը, միմիայն այս թանկագին հայելին դիտելով, իր գեղեցկութիւնը կրնայ տեսնել:
Մայր կատու, քու ձագերդ որքա՜ն խելացի են: Անոնք ըսին.
-Դուն ինչպէս որ կը քալես, մենք ալ նոյնպէս կը քալենք:

Շուշան Գորտոնճիեան
20-Դեկտեմբեր-2008 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, December 17, 2008

Ո՞Վ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ




Առիւծը, գայլն ու աղուէսը լաւ բարեկամներ են:

Օր մը որսէ վերադարձան՝ խոյ մը, ոչխար մը ու գառնուկ մը որսած:

Առիւծը, գայլը փորձելու համար ըսաւ.

-Որսը մեր մէջ բաժնէ:

Գայլը պատասխանեց.


-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Ես, խոյը քեզի, ոչխարը ինծի, գառնուկն ալ աղուէսին տալու ձեւով բաժնել կը մտածեմ:

Առիւծը զարմացաւ և գայլին գլխուն զարկաւ: Այնպէս մը զարկաւ, որ անոր աչքերը դուրս ինկան: Գայլը նստաւ ու լալ սկսաւ:

Առիւծը, աղուէսին դարձաւ ու ըսաւ.


-Այս կենդանիները մեր մէջ բաժնէ:
Աղուէսը սապէս պատասխանեց.
-Ո՛վ թագաւոր, թող Աստուած մեր մէջ բաժնէ: Խոյը քեզ նախաճաշ, ոչխարը քեզ ցերեկուայ ճաշ, գառնուկն ալ երեկոյեան կերակուրդ թող ըլլայ: Ես այսպէս բաժնել կը մտածեմ:
Առիւծը քմծիծաղով աղուէսին հարցուց.
-Օ՛ ողորմելի, ո՞վ քեզ այսպէս ճիշդ բաժնել սորվեցուց:
Աղուէսը պատասխանեց.
-Գայլին դուրս ինկած աչքերը:
''Այս աշխարհը զօրաւորներու աշխարհն է'' կ'ըսուի: Որքա՛ն ճիշդ է:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Դեկտեմբեր-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, December 15, 2008

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ






Մարդ մը իր խանութին մէջ մեղր կը ծախէր:
Օր մը կաթիլ մը մեղր գետին ինկաւ: Մեղու մը եկաւ ու այդ կաթիլին վրայ թռչիլ սկսաւ: Խանութպանին կատուն մտածեց.
-Պէտք չէ որ այդ կաթիլ մը մեղրը մեղուին կերցնեմ:
Անմիջապէս վրան յարձակեցաւ ու բռնեց: Այս դէպքը շուն մը տեսաւ և կատուն խեղդեց: Խանութպանն ալ շունը սպաննեց: Շունը դրացի գիւղէն էր: Շան տէրը երբ լսեց, եկաւ ու խանութպանը սպաննեց: Երբ երկու գիւղերու բնակիչները այս դէպքը իմացան, իրարու դէմ պատերազմիլ սկսան: Այնպէս մը պատերազմեցան, որ միմիայն մէկ հոգի ողջ մնաց:
Պատերազմին պատճառը կաթիլ մը մեղր էր:
Այս առակը մեզի ցոյց կուտայ, թէ աննշան, անկարեւոր բաներու համար կը պատերազմինք:
Եկէք, քիչ մը մտածենք:
Երբ կը ծնինք՝ թագաւորական պալատի մը մէջ, կամ ամենախեղճուկ խրճիթի մը երդիքին տակ, կը ծնինք բոլորովին մերկ: Մեր կարճատեւ կեանքի վերջաւորութեան միայն այն բաները կը ձքենք, որ ըրած ենք իրարու:
Եկէք, բարիք ընելու առիթ ստեղծենք: Այս աշխարը իր տէրը ունի եւ այդ տէրը Աստուած է: Ան միշտ ուշադիր կը հսկէ հոս ապրողներուն վրայ: Կեանքը շատ կարճ է եւ ով որ օրը գայ ու մեկնի հոսկէ, իր ըրածը կը մնայ ետին՝ լաւ կամ գէշ...
Կաթիլ մը մեղրի համար աշխատէ, շահէ ու երջանկացիր, բայց առանց ուրիշներու երջանկութեան ու խաղաղութեան ընթացքը փոխելու:

Շուշան Գորտոնճիեան
7- Դեկտեմբեր- 2008 Կիրակի
Իսթանպուլ

Thursday, December 4, 2008

ԱՐԱԳԻԼՆԵՐՆ ՈՒ ԿՐԻԱՆ




Լճակի մը եզերք կրիայ մը ու երկու արագիլներ կ'ապրէին: Անոնք մտերիմ ընկերներ էին: Միասին ուրախ ու երջանիկ օրեր կ'անցնէին:
Օր մը անձրեւները դադրեցան եւ երկիրը սով ու երաշտ պատահեցաւ: Արեւու ճառագայթները փոքրիկ լիճը կամաց կամաց ցամաքացուցին:
Երբ արագիլները այդ բոլորը տեսան, որոշեցին ուրիշ երկիր գաղթել:
Կրիային մօտ երթալով ըսին.
-Թէեւ մեզի համար քեզմէ բաժնուիլը շատ դժուար է, սակայն փրկուելու համար ուրիշ ճար չունինք:
Կրիան տխուր տխուր պատասխանեց.
-Սիրելի՛ բարեկամներ, դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ես ձեզմէ աւելի ջրի պահանջ ունիմ: Եթէ այս լճակը բոլորովին ցամքի, վստահ եմ որ ես կը մեռնիմ: Սակայն ձեր կարօտը զիս աւելի շուտ կը մեռցնէ: Խնդրեմ ճար մը գտէք եւ զիս ալ ձեզի հետ տարէք:
Արագիլները ըսին.
-Կ'ուզէինք քեզ ալ մեր հետ տանիլ: Բայց մենք քեզ շատ լաւ կը ճանչնանք: Դուն երբեք ընկերներուդ խրատները լուրջօրէն մտիկ չես ըներ:
-Ես սիրով ձեր ըսածներուն կ'ենթարկուիմ, խոստացաւ կրիան:
Արագիլները վերջապէս համոզուեցան: Փայտէ կտոր մը գտնելով կրիային մօտ եկան ու ըսին.
-Դուն այս փայտին մէջտեղը բերնովդ պիտի բռնես: Մենք ալ երկու ծայրերը պիտի բռնենք: Այսպէսով երեքս միասին պիտի թռչինք: Մեզ տեսնողներ պիտի ըլլան, հարցումներ պիտի հարցնեն, չ'ըլլայ որ բերանդ բանաս ու անոնց պատասխանես:
Կրիան համաձայնեցաւ: Բերնովը ամուր բռնեց փայտի կտորը եւ միասնաբար օդ բարձրացան:
Անոնք թռչելով գիւղերու եւ քաղաքներու վրայէն անցան: Թռչող կրիային տեսնող մարդիկ բացագանչեցին.
-Այս ի՞նչ ժամանակներու հասանք, կրիաներն ալ կը թռչին:
Այս բոլոր բացագանչութիւնները կրիան լսեց, սակայն լուռ մնաց ու պատասխան չտուաւ: Ի վերջոյ չդիմացաւ եւ պատասխանելու համար բերանը բացաւ.
-Լաւ կ'ընեմ: Դուք ձեր աչքերուն չէք հաւատար...
Բայց դեռ խօսքը չէր վերջացուցած, սկսաւ վար իյնալ: Արագիլները ցաւով դիտեցին կրիային մահը եւ մտածեցին:
-Բարի խրատներ տալ ընկերոջ պարտականութիւնն է: Սակայն, աւա՛ղ, միայն իմաստուններն են, որ այդ խրատները մտիկ կ'ընեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Դեկտեմբեր-2008 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ