Wednesday, March 24, 2010

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ







ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Յիսուս՝ մեր փրկիչը, իր խաչելութեամբ ու թափած արիւնով մեր մեղքերուն քաւութիւնը ապահովեց:
Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար և բանաւոր են: Տէրը դժուարին բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպէսզի կարող ըլլանք մեր մեղքերուն թողութիւնն առնելու: Պէտք չունինք երկար և տաժանելի ուխտագնացութիւններ ընելու կամ ցաւագին ապաշխարանքներ քաշելու՝ հաճոյ ըլլալու համար երկինքի Աստուծոյն կամ քաւելու մեր անօրէնութիւնները. այլ ան որ կը խոստովանի և մէկդի կը ձգէ իր յանցանքը, ողորմութիւն կը գտնէ:
Մեր արարիչը ո՛չ թէ կուզէ մեր տառապիլը տեսնել այլ կը փափաքի մեզ երջանիկ տեսնել: Ան կը փափաքի որ երջանկութեան դուռ փակող տառապանքներէն և յուսախաբութիւններէն հեռու մնանք:
Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միայն այն պարտականութիւնները որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութեանց բարձրութիւններու որոնց երբեք կարող չէ հասնիլ անհնազանդը:
Հոգիին ճշմարիտ, ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը:
Մենք, մեր կամքը հպատակեցնելով Քրիստոսի, մեր կեանքին մէջ կատարեալ փոփոխութիւն յառաջ կրնանք բերել:
Այս փոփոխութեամբ մենք վերէն կը հաղորդուինք զօրութեամբ մը, որ մեզ կը պահէ հաստատուն հանցնուած Աստուծոյ, որպէսզի ապրինք նոր կեանք մը՝ հաւատքի կեանքը:

Դարերու ընթացքին, սերունդէ սերունդ սովորութիւններ կը փոխանցուին, որոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:
Զատկուայ առթիւ հաւկիթ ներկել ու հաւկթախաղ կազմակերպել այդպիսի սովորութիւններէն են:
Ըստ Տաթեւացիին հաւկիթը երկրին նմանութիւնն է: Կեղեւը կը ներկայացնէ երկինք, սպիտակուցը՝ ջուրը, դեղինը երկիրը:
Ըստ ընկերեալ սովորութեան հաւկիթը կարմիրի կը ներկուի և անցեալին այդ կ'ըլլար որդան կարմիրով: Հաւկիթին կարմիր գոյնի ներկուիլը կը խորհրդանշէ ամբողջ աշխարհին մեղքերէ բրկութիւնը՝ Քրիստոսի արեամբ:
Կարմիր հաւկիթը մեր ափին մէջ, եռանդով ու քաջութեամբ կը կրկնենք դարերու Յաղթական երգը:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
23-Մարտ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Monday, March 8, 2010

ՔԻԼԻՄԱՆԺԱՌՕ ԼԵՌԸ








Քիլիմանժառօ լեռը, 97 քմ. երկայնութեամբ և 64 քմ. լայնութեամբ Ափրիկէ Ցամաքամասին վրայ կը գտնուի:

Քիլիմանժառօ լեռը, Էքուատօրին մօտաւորապէս 340 քմ. Հարաւ կը գտնուի:

Հիւսիսային-Արեւելեան Թանզանիոյ հողամասին վրայ, Տար Էս Սալաամ քաղաքին մօտաւորապէս 500 քմ. Հիւսիս-Արեւմուտք և Վիքթորիա Լճին մօտաւորապէս 560 քմ. Հարաւ-Արեւելք գտնուող Քիլիմանժառօ լեռը մարած հրաբուխ մըն է:

Գիպօն՝ 5895 մեթր, Մավենզին՝ 5149 մեթր և Շիրան՝ 3962 մեթր, Քիլիմանժառօ լերան ամենաբարձր գագաթներն են:

Քիլիմանժառօ լերան կատարը ձիւներով ծածկուած է: Քիլիմաժառօ լերան ստորոտը սառնագետեր կան: Վերջին տարիներուն ջերմութիւնը բարձրացած է: Եթէ ջերմութիւնը բարձրանալ շարունակէ, 50 տարուայ ընթացքին ձիւները բոլորովին պիտի հալին:

Քիլիմանժառօ լերան գիւղերուն մէջ եգիպտացորեն, սուրճ և պանան կը մշակուի:

Քիլիմանժառօ լերան անտառներուն մէջ բնակչութիւնը շատ քիչ է: Անտառներուն մէջ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:



Շուշան Գորտոնճիեան

7-Մարտ-2010 Կիրակի

Իսթանպուլ

Tuesday, March 2, 2010

ԱՆՏԵԱՆ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՅ






Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Վենեզուէլա, Գոլոմպիա, Էքուատօր, Փերու, Պոլիվիա, Արժանթին և Չիլիի հողամասերուն վրայ գտնուող, Խաղաղական Ովկիանոսին զուգահեռ Հիւսիսէն Հարաւ շուրջ 7000 քմ. երկարող Անտեան լեռները աշխարհի ամենաերկայն լեռնաշղթան է:

Ագօնգակուան 6962 մեթր բարձրութեամբ Անտեան լեռնաշղթային ամենաբարձր լեռն է: Անտեան լեռները 60 միլիոն տարի առաջ կազմուած են: Անտեան լեռնաշղթային վրայ մօտաւորապէս 5000մ. 3000մ. և 2000մ. բարձրութեամբ լեռներ կան:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ ինչպէս մարած, նոյնպէս ալ տակաւին ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին: Հարաւային և Կեդրոնական Փերու, Հարաւային Չիլի, Էքուատօր և Գոլոմպիայի հողերուն վրայ 70 ժայթքող հրաբուխներ կը գտնուին:

Անտեան լեռներու ծովու մակարդակէն 914 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող վայրերուն օդի բարեխառնութիւնը մօտաւորապէս 24-էն 28-ի միջեւ կը փոխուի:

Անտեան լեռներու վրայ կարելի է տեսնել զանազան կենդանիներու և բոյսերու տեսակներ:

Անտեան լեռներու հողերէն արծաթ, կապար, զինկ, կլայեկ, պղինձ, ածուխ, երկաթ, զմրուխտ, և ոսկիի մետաղներ կը հանեն: Իսկ քարիւղով հարուստ են Արեւելեան հողամասերը:

Անտեան լեռնաշղթային վրայ կ'ապրին զանազան ցեղերու պատկանող բնակիչներ: Էքուատօրի, Պոլիվիայի և Փերույի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Կարմրամորդ ցեղին կը պատկանին:

Արժանթինի և Չիլիի Անտերու մէջ բնակչութիւնը քիչ է: Իսկ Կեդրոնական և Հիւսիսային Անտերու մէջ բնակչութիւնը խիտ է:



Շուշան Գորտոնճիեան

2-Մարտ-2010 Երեքշաբթի

Իսթանպուլ