Wednesday, March 24, 2010

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ







ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Յիսուս՝ մեր փրկիչը, իր խաչելութեամբ ու թափած արիւնով մեր մեղքերուն քաւութիւնը ապահովեց:
Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար և բանաւոր են: Տէրը դժուարին բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպէսզի կարող ըլլանք մեր մեղքերուն թողութիւնն առնելու: Պէտք չունինք երկար և տաժանելի ուխտագնացութիւններ ընելու կամ ցաւագին ապաշխարանքներ քաշելու՝ հաճոյ ըլլալու համար երկինքի Աստուծոյն կամ քաւելու մեր անօրէնութիւնները. այլ ան որ կը խոստովանի և մէկդի կը ձգէ իր յանցանքը, ողորմութիւն կը գտնէ:
Մեր արարիչը ո՛չ թէ կուզէ մեր տառապիլը տեսնել այլ կը փափաքի մեզ երջանիկ տեսնել: Ան կը փափաքի որ երջանկութեան դուռ փակող տառապանքներէն և յուսախաբութիւններէն հեռու մնանք:
Ան մեզմէ կը պահանջէ կատարել միայն այն պարտականութիւնները որոնք մեր քայլերը պիտի առաջնորդեն երանութեանց բարձրութիւններու որոնց երբեք կարող չէ հասնիլ անհնազանդը:
Հոգիին ճշմարիտ, ուրախալի կեանքն է իր մէջ կազմուած ունենալ Քրիստոսը՝ փառաց յոյսը:
Մենք, մեր կամքը հպատակեցնելով Քրիստոսի, մեր կեանքին մէջ կատարեալ փոփոխութիւն յառաջ կրնանք բերել:
Այս փոփոխութեամբ մենք վերէն կը հաղորդուինք զօրութեամբ մը, որ մեզ կը պահէ հաստատուն հանցնուած Աստուծոյ, որպէսզի ապրինք նոր կեանք մը՝ հաւատքի կեանքը:

Դարերու ընթացքին, սերունդէ սերունդ սովորութիւններ կը փոխանցուին, որոնք մաս կը կազմեն մեր մշակոյթին:
Զատկուայ առթիւ հաւկիթ ներկել ու հաւկթախաղ կազմակերպել այդպիսի սովորութիւններէն են:
Ըստ Տաթեւացիին հաւկիթը երկրին նմանութիւնն է: Կեղեւը կը ներկայացնէ երկինք, սպիտակուցը՝ ջուրը, դեղինը երկիրը:
Ըստ ընկերեալ սովորութեան հաւկիթը կարմիրի կը ներկուի և անցեալին այդ կ'ըլլար որդան կարմիրով: Հաւկիթին կարմիր գոյնի ներկուիլը կը խորհրդանշէ ամբողջ աշխարհին մեղքերէ բրկութիւնը՝ Քրիստոսի արեամբ:
Կարմիր հաւկիթը մեր ափին մէջ, եռանդով ու քաջութեամբ կը կրկնենք դարերու Յաղթական երգը:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

Քաղեց՝ Շուշան Գորտոնճիեան
23-Մարտ-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ