Thursday, April 8, 2010

ՍԷՐ




Ատենօք ծեր նուագածու մը կար: Ան, այնքան ծեր էր, որ կարծես ծերութեան շրջանն անցընելէ ետք վերստին կը մանկանար:
Ծերուկ նուագածուին ձեռքը գաւազան մը, թեւին տակն ալ իր ջութակը փոշոտ ճամբաներու վրայ կը քալէր: Ան, շատ մը երկիրներու ու շատ մը ժողովուրդներու երգերէն կը նուագէր: Ծերուկը, հին ու նոր, տխուր և զուարթ երգեր կ'երգէր: Այդ երգերուն նիւթն ու իսկական իմաստը սէրն էր:
Ոմանք կը ծաղրէին բարի ծերուկին և անոր «Խենթ Նուագածու» կը կոչէին: Ոմանք գլխիկոր ճամբանին կը շարունակէին, ոմանք կը ժպտէին բարի ու յուսադրիչ ժպիտով մը, ուրիշներ ալ սրտնեղած մէկդի կը դառնային:
Միմիայն մանուկներն էին, որ բարի ծերուկը շատ կը սիրէին:
Մանուկները, բարի ծերուկին իմաստուն աչուկներով կը նայէին: Ծերուկին պատկամը միայն անոնք կը հասկնային:
Ամէն անոնք որ անձկութեան ու վարանումի մէջ էին, բարի ծերուկին կը դիմէին: Ան, իր երգերով կը մխիթարէր զանոնք:
Բարի ծերուկ նուագածուն, իր սիրելիներուն կը նուագէր և կ'երգէր: Իր սիրելիները, անոր երգերուն մէջ միեւնոյն խրատն ու միեւնոյն խորհուրդը կը ստանային:
ՍԷՐ ՈՒ ՍԷՐ:
Կ’ուզեմ այս գրութիւնս Աւետիք Իսահակեանի գրած ժողովրդական երաժշտութիւնով մը վերջացնել:

ՍԻՐԵՑԻ ԵԱՐՍ ՏԱՐԱՆ

Սիրեցի, եարս տարան,
Եարա տուին ու տարան:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս, տարան:

Ցաւս խորն է, ճար չկայ,
Ճար կայ, ճար անող չկայ,
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սրտցաւ ընկեր չկայ:

Լաւ օրերս գնացին,
Ափսոս ասին, գնացին:
-Էս ի՞նչ զուլում աշխարհ է,
Սեւ դարդերս մնացին...

Շուշան Գորտոնճիեան
8-Ապրիլ-2010 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ