Thursday, May 8, 2008

ԵՐԿՈՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ




Երբ ես ու եղբայրս փոքր էինք, մեծմայրս մեզի բարին ու շիտակը սորվեցնելու նպատակով առակներ ու իմաստալից պատմութիւններ կը պատմէր:
Ահա', յիշողութեանս մէջ քանդակուած այդ պատմութիւններէն մին կ'ուզեմ ձեզի փոխանցել:

Անցեալին, հեռաւոր երկրի մը մէջ երկու մտերիմ ընկերներ կապրէին: Այս անբաժան երիտասարդները ջերմ սիրով մը իրարու կապուած էին:
Օր մը այս երիտասարդներէն մին, տագնապալից դէպքի մը պահուն ոճիր մը կը գործէ: Կը ձերբակալուի: Դատաւորութեան ընթացքին չկարենալով ինքզինքը պաշտպանել, մահուան կը դատապարտուի: Երբ երիտասարդը իր մահավճիռը կը լսէ, դատաւորին կ'աղաչէ որ քիչ մը ատեն զինք ազատ ձգէ, որպէսզի իր կարգ մը գործերը կարգադրէ:Բայց կը մերժուի ու բանտ կը տարուի: Քանի մը անգամ եւս խնդրագիր կը ներկայացնէ, սակայն ի զուր:
Երբ իր ընկերը այս կը լսէ, Արդարութեան կը ներկայանայ եւ կը խնդրէ որ զինքը բանտարկեն, մինչեւ որ ընկերը իր գործերը կարգի դնէ:
Երբ թագաւորը այս առաջարկը կը լսէ շատ կը յուզուի ու անոր կ'ըսէ.
-Դուն ճշմարիտ ասպետ մըն ես: Քու անձնուիրութիւնդ զիս հիացուց: Սակայն ի՞նչ պիտի ընենք եթէ քու ընկերդ չվերադառնայ:
Երիտասարդը դէմքը երկինք բարձրացնելով կը պատասխանէ.
-Բարեկամիս տեղ պատրաստ եմ սիրայօժար ես կախաղան ելլելու:
Այս երդման վրայ բանտարկեալ երիտասարդը կ'արձակուի:
Պայմանաժամը կը վերջանայ: Կախաղանի օրը կը հասնի, քանի մը վայրկեան ալ կ'անցնի, սակայն բանտարկեալ երիտասարդը չի գար: Անմեղ երիտասարդը պիտի կախէին:
Վեհաշուք բան մը կը տեսնուի անմեղ երիտասարդին կեցուածքին մէջ: Ան խաղաղ ու անշարժ է:
Ժողովուրդը անձկութեան մէջ, թագաւորը վրդոված...:
Յանկարծ բանտարկեալ երիտասարդը հեռուէն վազելով բազմութիւնը կը ճեղքէ ու իր ընկերոջը կողքին, ճիշդ կախաղանին դիմաց կը կայնի:
Բազմութիւնը կը սկսի խելայեղօրէն ծափահարել: Թագաւորը լալու չափ զգածուած է: Երիտասարդին կը հարցնէ.
-Մենք վախցանք թէ պիտի չգաս: Ի՞նչպէս կ'ըլլայ որ ճիշդ ատենին յօժարեցար վերադառնալ, երբ կրնայիր փախչիլ ու ազատիլ կախաղանէն:
Երիտասարդը ձեռքը կուրծքին տանելով կ'աղաղակէ.
-Օ՛, այդպէս բան չըլլար: Անկարելի էր ինծի համար անհաւատարիմ գտնուիլ մէկու մը որ պատրաստ էր իմ տեղս մեռնելու:
Այդ ի՞նչ վայրկեան... յուզումը աննկարագրելի է: Ամենուն աչքերուն մէջ արցունք կը լեցուի: Բազմութիւնը ուրախութենէն կուլայ: Թագաւորը ոտքի ելլալով կը յայտարարէ.
-Այս երկու երիտասարդին անձնուիրութիւնը ու հաւատարմութիւնը կը ստիպեն զիս ազատ արձակել երկուքն ալ:
Ժողովուրդը.
-Կեցցէ' Արքան...Կեցցէ' Արքան...
կը պոռայ եւ կը խուժէ դէպի կախաղան: Իրենց ուսերուն վրայ կ'առնեն այս երկու երիտասարդ բարեկամները: Մեծ պողոտայէն անցնելով կը սկսին ծափով ու ցնծութեամբ աղաղակել.
-Անձնուէր՝ երիտասարդին պէս, հաւատարիմ՝ երիտասարդին պէս:

Ահա', իրական կեանքէ կենդանի օրինակ մը:
Քսանեւմէկերորդ դարու մէջ այս պատմութեան առջեւ մենք, հեշտասէր, գաղջ եւ թուլամիտ հաւատացեալներս պէտք է կարմրինք ամօթով:
Պէտք է այս օրինակելի պատմուածքին առջեւ ծունկի գալ գլխիկոր ու խղճահար:
Դժբախտաբար այսօր այլեւս ոչ բարեկամութիւն, ոչ ընկերութիւն մնացած է: Մարդիկ իրարու հետ կը բարեկամանան: Այո՝, կը բարեկամանան բայց մեծամասնութիւնը կը տեսնեմ որ կեղծ բարեկամութիւն է:
Մեր բարեկամութիւնը ըլլայ ջերմ սիրով, ինչպէս Դաւիթ ու Յովնաթան:

Շուշան Գորտոնճիեան
29-Ապրիլ-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, April 23, 2008

Ո՞Վ ՉՈՒԶԵՐ




Փոքրիկ աղջիկ մը, քառակուսի ու խորանարդ փայտերով շինուած խաղալիք մը ունէր: Օր մը այս փայտիկներով պզտիկ տիպար գիւղ մը շինեց՝ եկեղեցիով, տուներով եւ զանազան շէնքերով:
Կանչեց իր հայրը ու անոր ցուցուց: Հայրը հարցուց, թէ այդ ինչ տեսակ գիւղ մըն էր:
Փոքրիկ աղջիկը պատասխանեց.
-Հայրիկ, ես որպէս քրիստոնեայ, քրիստոնեայ գիւղ մը շինեցի: Բնակիչներն ալ անշուշտ քրիստոնեայ են:
Հայրը աղջկան հարցուց:
-Եթէ այս գիւղը, հեթանոս գիւղի մը վերածել ուզենք, ի՞նչ բաներ պէտք է վերցնենք:
-Նախ պէտք է եկեղեցին վերցնենք: Որովհետեւ հեթանոսներու գիւղին մէջ եկեղեցի չ'ըլլար: Արդէն անոնք ալ եկեղեցի չեն ուզեր:
Աղջիկը այսպէս ըսաւ ու եկեղեցին գիւղէն դուրս հանեց:
Հայրը հարցուց, թէ միայն ա՞յդ հանել պէտք էր:
Աղջիկը զայրացած հօրը հարցուց.
-Ուրիշ ի՞նչ վերցնել պէտք է:
-Պէտք է վերցնես եկեղեցիի կողմէ կառուցուած այդ դպրոցը, ուր քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը տրուի և գրադարանը, ուր կան կրօնագիտութեան ու բարոյագիտութեան գիրքեր:
Աղջիկը զանոնք վերցուց: Յուզուած վիճակով մը իր հօրը հարցուց.
-Ուրիշ բան մը կա՞յ որ պէտք է վերցուի:
Հայրը ըսաւ.
-Սա դիմացի շէնքը հիւանդանոց է: Այնպէս չէ՞:
-Բայց հեթանոսները հիւանդանոց չո՞ւնին:
Հարցուց աղջիկը իր հօր:
-Ոչ՛, երբեք: Քրիստոս էր որ մեզի սորվեցուց ծերերու և հիւանդներու հոգ տանիլ:
-Ուրեմն, այս երկու շէնքերն ալ պէտք է վերցնեմ:
Ըսաւ աղջիկը, աչքերուն մէջ արցունքներ լեցուած:
Հայրը մատովը ցուցուց որբանոցը եւ ըսաւ.
-Հիմա այդ որբանոցն ալ պէտք է վերցնես:
Աղջիկը որբանոցն ալ վերցուց ու ոտքի ելաւ: Երկու ձեռքերը քով բացած, քիչ մըն ալ ձայնը բարձրացնելով հօրը ըսաւ.
-Հայրիկ, լաւ բան մը չմնաց այս գիւղին մէջ: Ես այսպէս տեղ մը ապրիլ չեմ ուզեր:

Ո՞ր քրիստոնեան կ'ուզէ այսպէս գիւղի մը մէջ ապրիլ:
Լաւ քրիստոնեայ մը կ'ուզէ եկեղեցի մը, մէջն ալ լաւ պատրաստուած հոգեւորականներով:
Լաւ քրիստոնեայ մը կ'ուզէ դպրոց մը, հոգատար դաստիարակներով:

Լաւ քրիստոնեայ մը կ'ուզէ գրադարան մը՝, լեցուն ամենալաւագոյն գրողներու և բանաստեղծներու գիրքերով:
Լաւ քրիստոնեայ մը կուզէ հիւանդանոց մը, մէջն ալ իր ճիւղին մէջ մասնագէտ խնամատար բժիշկներով:
Այո՛, պատասխան մըն է որ կը բնտրեմ:
Ո՞վ չուզեր:

Շուշան Գորտոնճիեան
5-Ապրիլ-2008 Շաբաթ
Իսթանպուլ

Wednesday, April 2, 2008

ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՍՈՒՐՃԸ




Խումբ մը աշակերտներ կը հաւաքուին ու իրենց ուսուցչին այցելութեան կ'երթան:
Կարգ մը խօսակցութիւններու ընթացքին խօսքը կեանքի մասին գաղափարի փոխանակումներու կու գայ: Կը խօսոուի գործի կեանքի դժուարութիւններուն եւ ասոնց բերած անհանգստութիւններու մասին:
Այդ միջոցին ուսուցիչը խոհանոց կ'երթայ: Քիչ վերջ ձեռքը ափսէ մը, մէջն ալ սրճաման մը ու գոյնզգոյն գաւաթներ, սենեակ կը վերադառնայ: Ափսէին մէջ դրուած են զանազան շքեղութեամբ գաւաթներ, նաեւ նոյն քանակութեամբ պարզ գաւաթներ՝ յախճապակիէ, պարզ ապակիէ, կաւային եւ բլասթիք:
Ուսուցիչը իր ձեռքի ափսէն սեղանին վրայ կը դնէ ու տղոց դառնալով կ'ըսէ.
-Տղաք խնդրեմ, դուք ձեր սուրճերը լեցուցէք:
Իւրաքանչիւր աշակերտ գաւաթ մը կը զատէ ու իր սուրճը կը լեցնէ եւ կը վերադառնայ իր տեղը: Այս անգամ ուսուցիչն է որ խօսքի կը սկսի:
- Եթէ ուշադրութիւն ըրիք ափսէին մէջ գտնուող շատ նուրբ, դանկագին ու գեղեցիկ գաւաթները զատեցիք: Հոն մնացին միայն պարզ ու անարժէք գաւաթներ: Իրաւունք ունիք: Անձ մը իրեն համար կ'ուզէ ամէն բանի գեղեցիկը: Սակայն քիչ առաջուայ մեր խօսակցութեան հարցերու եւ անոնց բերած անհանգստութիւններու պատճառն ալ այս է: Իսկութեան մէջ բոլորդ ալ սուրճ խմել ուզեցիք, սակայն իրարու նայելով աւելի լաւ, աւելի գեղեցիկ գաւաթ զատեցիք: Այս գործին համար ալ ջանք մը թափեցիք: Այո', ենթադրենք թէ կեանքը սուրճն է: Գործը, դրամը ու դիրքն ալ գաւաթն է: Ասոնց բոլորն ալ միմիայն կեանքը ձեռքիդ մէջ բռնելու միջոցներն են: Սակայն կեանքի որակը ասոնց համապատասխան չէ: Երբեմն միմիայն գաւաթը մտածելով, մէջի սուրճին հաճոյքը, համն ու ճաշակը վայելել կը մոռնանք:
Շուշան Գորտոնճիեան
26-Մարտ-2008 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ

Thursday, March 6, 2008

ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ




Ճշմարիտ քրիստոնեայ ազնուական մը, իր նկարը գծել կուտար հրեայ արձանագործի մը: Երբ կարգը աչքերուն եկաւ, արձանագործը ազնուականին աչքին նայելով ըսաւ.
-Պարոն, դուք շատ երջանիկ կ'երեւաք, ասիկա ձեր աչքերէն կը կարդամ:
-Այո, ես շատ երջանիկ եմ:
Ըսաւ ազնուականը:
-Խնդրեմ, ըսէք ինծի թէ ո՞ւր կը կայանայ ձեր երջանկութեան գաղտնիքը:
Հարցուց արձանագործը:
Ազնուականը պատասխանեց.
-Իմ երջանկութեանս գաղտնիքը լոկ Յիսուսի անունն է:

Երբ այս գրութիւնս բարեկամիս կարդացի ինծի ըսաւ.
-Արձանագործ մը նկարիչ չի կրնար ըլլալ:
Ինչո՞ւ արձանագործ մը նկարիչ չ'ըլլայ: Ես իմ յարգելի բարեկամիս ուզեցի քիչ մը բացատրութիւն տալ:
Երբ մեծմայրս ինծի այս պատմութիւնը կը պատմէր ու կը վերջացնէր, ձեռքս փոշիի լաթ մը կուտար ու կ'ըսէր.
-Աղջիկ պատմութիւնս վերջացաւ: Հիմա կարգը եկաւ տան մաքրութեան:
Ես շատ կը զարմանայի, թէ այս պատմութիւնէ վերջ մեծմայրս ինծի ինչո՞ւ մաքրութեան գործ կուտար: Օր մը իրեն այս հարցումը հարցուցի: Պատասխանը գոհացուցիչ էր:
-Դուն օր մը պիտի ամուսնանաս: Կրնայ ըլլալ որ հարուստ ամուսին ունենաս եւ տանդ մէջ սպասաւորներ: Բայց եւ այնպէս եթէ մաքրութեան կարգն ու կանոնը չգիտնաս, ի՞նչպէս պիտի աշխատցնես այդ սպասաւորները: Կեանքի մէջ որքան որ կարելիութիւնը ունիս այդքան շատ բան պէտք է որ սորվիս: Կեանքը քու դէմդ ինչ կը բերէ չես կրնար գիտնալ:
Տարիներ անցան, ես ամուսնացայ: Ամուսինս եւ ես միասին աշխատեցանք: Շատ լաւ կարուհի մըն եմ, նաեւ շարադրութիւն գրելու յատկութիւնը ունիմ : Շատ լաւ կարուհի մըն եմ,նաեւ աշակերտներ ունիմ, որոնց հայերէն կը դասաւանդեմ: Շատ լաւ կարուհի մըն եմ, նաեւ աշխատանոցիս մէջ քսանեւհինգ գործաւորներ կը կառավարեմ: Եթէ ժամանակ ունէնայի ուրիշ արուեստներ ալ պիտի սորվէի:
Այո՛ յարգելի բարեկամս, ես ժամանակ չունեցայ ուրիշ արուեստներ կամ արհեստներ սորվելու:
Մեծմօրս խրատները նկատի առնելով, փափաքեցայ որ զաւակս մի քանի արհեստ սորվի: Այսօր զաւակս ունի երկու արհեստ: Նախ ոսկերչութիւն, ապա՝ դերձակութիւն: Այսպէսով իմ երազս ալ իրականացաւ:
Այս օրինակը իմ սիրելի բարեկամիս պատմելով զինքը որքան կրցայ համոզել չեմ գիտեր: Ինչո՞ւ արձանագործ մը լաւ նկարիչ մը չ'ըլլայ: Եթէ անձ մը բանով մը զբաղիլ կ'ուզէ, պէտք է իր յատկութեան ջափով նոր նոր արուեստներ սորվի:
Մեծմօրս խրատականը յիշելով պիտի ըսեմ.
«Չենք գիտեր թէ կեանքի մէջ ի՛նչ-ի՛նչ անակնկալներով դէմ յանդիման պիտի գանք»:


Շուշան Գորտոնճիեան
12-Փետրուար-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Tuesday, February 12, 2008

ԲԱՐԵՐԱՐ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԸ




Ժամանակին մեծ վաճառականի մը գործերը ձախորդ կ'երթան: Կը սնանկանայ: Պարտատէրերը զինք կը նեղեն: Վաճառականը, արժանապատուութեան տէր անձ, շատ կ'ամչնայ ու կը նեղուի: Պարտքերը վճարելու նպատակով, փոխառութեան համար, ուր որ ալ դիմէ կը մերժուի:
Վերջապէս ճարահատ, օր մը իր սենեակին մէջ կ'առանձնանայ եւ կ'որոշէ անձնասպան ըլլալ: Այն վայրկեանին երբ կը պատրաստուի ատրճանակին բլթակը քաշելու, դուռը կը զարնուի: Նախ կը կարծէ թէ պարտատէր մըն է եկողը եւ կը խորհի չբանալ: Սակայն երբ դուռը մեղմօրէն կրկին կը զարնուի, կը բանայ: Նամակաբերը պահարան մը կը յանձնէ իրեն: Վախով ու դողով կը բանայ զայն: Մէջէն կ'ելլէ նամակ մը ու մեծ քանակութեամբ դրամ: Նամակին մէջ գրուած է հետեւեալը.
-Սիրելի բարերարս, տարիներ առաջ ես որբ տղայ մըն էի: Դուք զիս ձեր տունը ընդունեցիք: Դպրոց ղրկեցիք եւ մարդ ըրիք: Յետոյ, ձեր օգնութեամբ այս հեռաւոր երկիրը եկայ: Հոս Աստուած ինծի օգնեց եւ հարստացայ: Առ ի երախտագիտութիւն ընդունեցէք այս դրամական նուէրս: Եթէ տակաւին պէտք ունենաք գրեցէք, սիրով կը ղրկեմ:
Բարերար վաճառականը կը սկսի ուրախութեան արցունքներ թափել: Իր ըրած բարիքը, որպէս նախախնամական օրհնութիւն, այսօր իր օգնութեան կը հասնէր:
Ան իր բոլոր պարտքերը անմիջապէս կը վճարէ ու փոքր գործի մը կը ձեռնարկէ:
Այս պատմութիւնը բոլորիս օրինակ պէտք է ըլլայ:
Եկէք ամէն առիթով իրարու բարիք ընենք: Անպայման օր մը Տէրը պիտի վարձատրէ:

Շուշան Գորտոնճիեան
22-Յունուար-2008 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ

Friday, January 25, 2008

ԵՐԱԶ




Բոլորս ալ երազ կը տեսնենք: Եւ յաճախ կը տեսնենք, բայց նոյն յաճախանութեամբ զանոնք չենք յիշեր:
Բաբախումով աչքս բացի: Տակաւին տեսած երազիս ազդեցութեան տակն էի:
Ճաշասեղան պատրաստած էի: Տանս մէջ հիւրեր ընդունեցի: Բայց ես ներկաներուն մեծամասնութիւնը չէի ճանչնար: Աթոռ մը պարապ մնացած էր՝ սեղանին մէկ անկիւնը: Ճաշը խնջոյք մը եղաւ՝ կերուխումի:
Երբ ճաշը վերջացաւ, բոլոր հիւրերս սկսան մէկ-մէկ մեկնիլ:
Առանձին մնացի: Սկսայ սեղանը հաւաքել: Սեղանի անկիւնը, ուր աթոռը պարապ մնացած էր, սպասներուն քով թղթիկ մը կար: Վերցուցի ու կարդացի: Վրան Աստուծոյ հրաւէր գրուած էր: Շուարեցայ: Այդ պահուն ձայն մը լսեցի.
-Ես հրաւէրի պէտք չունիմ: Արդէն միշտ ձեզի հետ եմ:
Առաւօտեան ժամը 3-ն էր ու ես անկողնիս մէջն էի: Քունս փախաւ: Ելայ: Սուրճ մը եփեցի: Երազին ազդեցութիւնը բաւական տեւեց: Երկար ատեն արթուն մնացի:
Յաջորդ օր եկեղեցի գացի: Մոմ մը վառեցի: Նստարանի մը վրայ նստած սկսայ խորհիլ: Ի՞նչ կը նշանակէր «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի»:
Իսթանպուլի մէջ 36 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներ կան, որով Իսթանպուլի բոլոր թաղերուն մէջ մենք մէկ-մէկ փոքր Հայաստաններ ունինք: Երբ մեր եկեղեցիներէն ներս կը մտնենք Հայաստանի օդը կը շնչենք: Արդեօք քանինե՞ր այսպէս կը մտածեն:
Եկեղեցի կուգան, պատարագն ու քարոզը օտար լեզուով իմանալ կ'ուզեն:
Ինչո՞ւ:
Հայաստան ներշնչուելու համար եկեղեցի կ'երթանք: Հոս, հոգ չէ թէ ծիսակատարութենէն բան չհասկնանք, հոգ չէ թէ քարոզէն ալ բան չհասկնանք, բաւ է որ մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի օդը շնչենք: Զգանք, թէ ոչ միայն եկեղեցի եկած ենք, այլ եկեղեցի գալով Հայաստանը այցելած ենք:
Օր մը եկեղեցիի մը մէջ տիկին մը քահանային կ'ըսէր.
-Տէր Հայր ես քու քարոզէդ բան չեմ հասկնար: Ասկէ յետոյ թրքերէն քարոզէ:
Յաջորդ շաբաթ դարձեալ եկեղեցի գացի: Քահանան թրքերէն քարոզեց: Արձակումէ վերջ, պարտէզը, կնոջ դէմ կանգնեցայ ու ըսի.
-Տիկին, յուսամ Տէր Հօր քարոզը ըմբռնեցիք:
-Ո՛չ, դարձեալ բան մը չհասկցայ, պատասխանեց:
Զայրացած ըսի.
-Քանի որ դարձեալ բան մը պիտի չհասկնայիք, ինչո՞ւ եկեղեցւոյ կանոնին փոխուելուն պատճառ եղաք:
Ոստումով մը սթափեցայ: Իմ յաճախակի երազներէն մին էր: Այս երազը դարձեալ տեսնել կ'ուզեմ: Երազիս իրականանալը կը փափաքիմ: Ե՞րբ, չեմ գիտեր:

Շուշան Գորտոնճիեան
13- Դեկտեմբեր -2007 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ

Wednesday, January 16, 2008

ԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄ ԹՌՉՈՒՆՍ «ՊԱՉԻԿ»


Տարիներ առաջ էր: Ամուսինս տուն թռչուն մը բերաւ: Ըսի.
-Ես կ'աշխատիմ: Ի՞նչպէս հոգ պիտի տանիմ այս թռչունին:
-Միասին հոգ կը տանինք: Ըսաւ ամուսինս:
Նախ, տան մէջ անկիւն մը զատեցինք եւ թռչունին անունը որոշեցինք: Մեր թռչունին անունը «Պաչիկ» եղաւ: Տակաւին մէկ կամ երկու ամսուան էր: Կապոյտ եւ սեւ փետուրներ ունէր: Շատ սիրուն էր մեր «Պաչիկ»ը: Սիրել սկսած էինք զինքը: Բարեկամներս ըսին.
-Այս թռչունը կը խօսի: Քանի մը բառ սորվեցուցէք:
Մեր տան մէջ իմ անունս շատ կը գործածուի: Օր մը երբ գործէ վերադաձայ «Պաչիկ»ը ըսաւ.
-Շուշան, Շուշան, Շուշան...
Այդ օր շատ ուրախացած էի: Յետոյ իր անունը սորվեցաւ եւ ըսաւ.
-Պաչիկ, Պաչիկ, Պաչիկ...
Երկու տարի անցած էր: «Պաչիկ»ը վանդակէն դուրս, տան մէջ թռչիլ սկսաւ: Գլխուս վրայ կը կենար եւ սորված բոլոր բառերը կը սկսէր գեղգեղել:
-Ի՞նչ է, ի՞նչ է, չեմ գիտեր, զանգակ... եւլն.:
Երբ գիշերները գործէ տուն կը վերադառնայինք, մեր դրան զանգակը կը հնչեցնէինք, որպէսզի զոքանչս դուռը բանայ: «Պաչիկ»ը կը զգար, թէ մենք եկած ենք: Կը սկսէր թեւերը իրար զարնել եւ իր գիտցած բոլոր բառերը գեղգեղել:
-Շուշան, Շուշան, զանգակ, զանգակ...
Ի՛նչքան կ'ուրախանայի երբ անոր ձայնը կ'իմանայի: Բոլոր յոգնութիւնս կը մոռնայի:Խաղալ կը սկսէի անոր հետ:
Տարիներ անցան: Օր մը երբ տուն եկանք, զոքանչս ըսաւ.
-«Պաչիկ»ը մեռեր է:
Որքա՛ն յուզուած էինք:
Օրերով վանդակը շոյեցի եւ լացի: Ան շատ սիրցուցած էր ինքզինքը: Անոր մասնայատկութիւնն էր խօսիլ: Սորվեցաւ հայերէն եւ տարիներ մի միայն խօսեցաւ հայերէն:
Իմ գեղեցիկ, բարեկամ թռչունս: Իմ «Պաչիկ»ս:
Երա՛նի, մենք՝ Հայերս քիչ մը նմանէինք «Պաչիկ»ին եւ մի միայն խօսէինք «Հայերէն»:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Դեկտեմբեր-2007 Երկուշաբթի
Իսթանպուլ