Saturday, February 6, 2016

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ




ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


10.10.1848–6.04.1907


 


ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ


 


Ռեթէոս Պէրպէրեան, Պէրպէրեան վարժարանը 1 Հոկտեմբեր 1876 թուականին հիմնած էր: Պէրպէրեան վարժարանը, Գատըգիւղ թաղամասին մէջ հռոմէական եկեղեցւոյ փողոցին մուտքը կը գտնուէր: Աշակերտութեան թիւը առագօրէն աւելնալով և դպրոցական շէնքին պայմանները սահմանափակ ըլլալով 1878-1879 տարեշրջանին վարժարանը փոխադրուեցաւ Սկիւտար, Իճատիէ:


1879–1880ին այս շէնքն ալ անբաւարար ըլլալուն պատճառաւ, վարճարանը փոխադրուեցաւ Սկիւտար, Սէլամսըզ Էքմէքճիեան Նորատունքեան ընտանիքի փառաւոր շէնքը: Գիշերօթիկ աշակերտութեան թիւը երբ 80ի բարձրացաւ, վարժարանին կից Օտեաններուն շէնքը վարձեցին և այդ շէնքը գործածուեցաւ ննջարան:


Պէրպէրեան վարժարանի ուսուցումը կը տարուէր հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն և արաբերէն լեզուներով: Շրջանաւարտները կը ստանային դպրութեան կամ գիտութեան պսակաւորի աստիճան: Պէրպէրեանի կրթական մակարդակը կը համապատասխանէր եւրոպական կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու մակարդակին: Պէրպէրեան վարժարանէ շրջանաւարտ աշակերտները իրաւունք կը ստանային իրենց ուսումը շարունակել եւրոպական համալսարաններու մէջ: Ձրիավարժ բաժինը աւարտող աշակերտները պարտաւոր էին ուսուցչական ասպարէզ նետուելու և ծառայելու իրենց բնական թաղի, քաղաքի կամ գիւղի վարժարանին մէջ:


Աւելի քան 30 տարի իր հիմնած և պաշտած վարժարանին տնօրէնութիւնը վարելէն ետք, Ռեթէոս Պէրպէրեան մահացաւ 1907 թուականին: 1910 թուականին Ռեթէոս Պէրպէրեանի անդրանիկ զաւակը Օննիկ Պէրպէրեան տնօրէնութիւնը ստանձնեց: Ան 1915 թուականին Ֆրանսա հաստատուեցաւ: Իր եղբայրը Շահան Պէրպէրեան տնօրէնութիւնը ստանձնեց: Ան ալ 1919 թուականին Ֆրանսա հաստատուեցաւ: 1919-1922 թուականներու միջեւ Յովհաննէս Եկէնեան և Զարեհ Ռիսեան վարժարանին տնօրէններն էին:


1927 թուականին դպրոցը փոխադրուեցաւ Եգիպտոս և շարունակեց գործել Գահիրէի մէջ, կրթական նոյն ծրագիրով: Անիկա փակուեցաւ 1934 թուականին, նիւթական դժուարութիւններու պատճառաւ:


Վարժարանի ուսոցիչնրն էին' Միհրան Աբիկեան, Միհրան Ասկան, Տիմիթրի Ջոլաքիտիս, Մարքիս Տէ Թէմիսլէր, Յովհաննէս Հինդլեան, Յովհաննէս Շահնազար, Գալուստ Մադատեան, Յարութիւն Մըրմըրեան, Մարտիրոս Նալպանտեան, Պետրոս Կարապետեան, Գարեգին Գավաֆեան, Նշան Գալֆաեան, Թոմաս Աճեմեան, Ստեփան Կուրտիքեան, Տիրան Ջրաքեան, Գեղամ Գավաֆեան, Էտկար Մանաս, Սիմոն Յակոբեան, Արամ Նիկողոսեան, Երուանդ Տէր Անդրէասեան:


Պէրպէրեան վարժարանը իր շուրջ կիսադարեան գոյութեան ընթացքին տուաւ մօտաւորապէս 450 շրջանաւարտ, որոնցմէ շատեր անուանի մտաւորականներ, ուսուցիչներ, ազգային և հասարակական գործիչներ դարձան: Յարգանքով յիշենք' Ռուբէն Սեւակը, Շահան Շահնուրը, Վահան Թէքէեանը, Միհրան Մալեանը, Լեւոն Թաշճեանը, Միքէ Արապեանը, բճիշկներ' Պետրոս Մախոխեանը և Պողոս Քոլոլեանը:


 


Շուշան Գորտոնճիեան

6-Փետրուար-2016 Շաբաթ

Իսթանպուլ