Saturday, December 29, 2007

ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵԼԻ ԵՆ




Առաքինազարդ Մայր Սրբուհի Գալֆաեան որբանոցը հիմներ է 1866-ին: Աղքատութեան եւ հիւանդութիւններու հետ մաքառեր է: Իր ձեռագործները նիւթականի վերածեր, որբերուն հացի, գիրքի, մատիտի դրամ ըրեր է: Երբ իր ձեռագործներէն ձեռք ձգուած գումարը անբաւարար մնացեր է, ան մեծահարուստի մը դիմեր է:
-Որբերուս նիւթական օգնութիւն կը հաճի՞ք ընել, ըսեր է ան:
Մեծահարուստը Սրբուհի Գալֆաեանի երեսին ապտակ մը իջեցուցեր է: Առաքինազարդ Մայրը, հարուստին դիմաց գլուխը չէ ծռեր: Ան քաջասրտութեամբ ըսեր է.
-Այս իմ բաժինս էր: Իսկ որբերուս համար ի՞նչ պիտի տաք:
1866-էն հասանք 2000-ական թուականներուն: Այս դէպքը մեր բոլորին պէտք է օրինակ ըլլայ:
-Այո՛, այսօր մեր տղոց ի՞նչեր կուտանք: Ի՞նչպէս կը պատրաստենք զանոնք ապագայ կեանքի:
Մեր կեանքին առաջին մասը երեք սուրբ շէնքերէ կը բաղկանայ: Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց:
Հիմա կ'ուզեմ այս սուրբ շէնքերը քիչ մը բանալ:
Նախ եւ առաջ պէտք է սկսինք տունէն:
Երկու երիտասարդներ կ'ամուսնանան եւ բոյն մը կը կազմեն: Այր եւ կին կ'աշխատին: Օր կուգայ, աշխարհ կը բերեն իրենց զաւակը: Տան մէջ ո՛չ մեծմայրիկ կայ, ոչ ալ կեսուր կայ: Օտար կին մը կը բռնուի: Նոյն ցեղէ չէ այդ կինը: Ան երախային ի՞նչ տեսակ դաստիարակութիւն պիտի կարենայ տալ: Չէ՞ որ ան ո՛չ թէ այդ երախային համար ինքզինքը զոհելու, այլ ամսավերջին իր դրամը առնելու ջանք կը թափէ: Շաբաթ-Կիրակի արձակուրդի օր է: Մայրը-հայրը այդ օր գործի չեն երթար: Սակայն, այդ օր ալ տան մէջ աշխատանք կայ: Մայրը տղան կը նստեցնէ հեռատեսիլին դիմաց: Անճաշակ կայան մը կը բանայ: Տղան ժամերով կը դիտէ այդ կայանի յայտագիրը: Մայրը չի խորհիր թէ այդ յայտագիրը դաստիարակիչ որեւէ օգուտ ունի՞: Մօր համար կարեւորը տղուն անձայն նստիլն է:
Մեր օրերուն մեծմայրեր ու մեծհայրեր կային տան մէջ: Պատմութիւններ կը լսէինք մեր մեծմայրերէն: Մեր մեծհայրերը նկարներ կը գծէին ու մեզի մատիտի խաղեր կը սորվեցնէին: Մեր հոգիները կ'երջանկացնէին: Կարճ խօսքով, մեր տան մէջ խնջոյք կար: Նոյն խնջոյքը իմ զաւակս ալ ապրեցաւ:
Երկրորդ սուրբ շէնքն է եկեղեցին:
Իսթանպուլի մէջ ունինք 36 Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցիներ: Ես եկեղեցիի սիրահար եմ: Բայց աշխարհական եմ: Պէտք է որ կրօնաւոր մը գրէ եկեղեցիին մասին: Ես եկեղեցիի մասին շատ բան չեմ գիտեր: Սակայն զաւկիս հետեւեալ աղօթքը սորվեցուցած եմ.
«Երբ աղօթելու ըլլաս, մտիր սենեակդ, փակէ դուռդ եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու հօրդ եւ քու հայրդ, որ կը տեսնէ ծածկապէս, պիտի հատուցանէ քեզի յայտնապէս»:
Գալով դպրոցին: Դպրոցը մեր ամենակարեւոր շէնքերէն մէկն է:
Իմ աշակերտութեան շրջանին, մեր դասարանին մէջ ածուխի վառարաններ կային: Վառարանին քով դոյլ մը կար, ածուխով լեցուն: Մեր ուսուցչուհիներն էին որ կը լեցնէին ածուխը՝ վառարանին մէջ: Դասարանը շատ տաք կ'ըլլար: Սակայն այս տաքութիւնը վառարանին տուած տաքութիւնը չէր, այլ ուսուցչուհիին տաքութիւնն էր: Երբ ան կը սկսէր դաս մը բացատրել, իր աչքերէն մեր հոգիներուն տաքութիւն կը փոխանցուէր: Այս տաքութիւնը կեանքիս մինչեւ վերջը պիտի զգամ:
Այսօրուան ուսուցչուհիները, թուղթերու վրայ հարցումներ կը պատրաստեն ու տղոց ձեռքը կուտան:
-Այս հարցումներուն պատասխանները գրեցէք, վաղը թիւ պիտի տամ, կ'ըսեն:
Յետոյ կը նստեցնեն պաղ ապակիի մը առջեւ: Այդ պաղ ապակին ամէնքս ալ գիտենք. համակարգիչն է: Ապագային տղան շատ լաւ պիտի յիշէ այդ պաղ մեքենան եւ պիտի ըսէ.
-Շատ լաւ կը յիշեմ քեզ, պաղ ապակի: Աչքիս ակնոցները, որ կը կրեմ երեսիս վրայ, քու պատճառովդ է:
Նուիրատուութիւն...: Մեր բարերարները սիրոյ սեղաններու վրայ մեծագումար նուիրատուութիւններ կ'ընեն: Բոլորին վարձքը կատար թող ըլլայ: Բարերարներու շնորհիւ է որ մեր վարժարանները ոտքի վրայ կը մնան: Սակայն հարց մը կայ. այս դրամները ի՞նչերու համար կը գործածուին: Ես պատասխանը կրնամ տալ. դպրոցին պատի ներկերուն, ճաշարանի ու դասարաններու աթոռի, սեղանի նորոգութեան: Պարտէզի ծաղիկներուն եւ ծառերուն եւլն.: Կարճ խօսքով, վարժարանի արտաքին երեւոյթին:
Հապա դասարանի նստարաններուն վրայ նստող մեր ծաղիկներուն համար ե՞րբ պիտի սկսինք բաներ մը ընել:
Օրինակ, լաւ գիրքերով լեցուն գրադարաններ, կամ լաւ պատրաստուած ուսուցչուհիներ: Մեր հաստատութիւններուն գլուխը գտնուող պատասխանատուները ե՞րբ պիտի արժէքաւորեն բարերարներու կատարած այդ նուիրատուութիւնները: Ծնողքներն ալ յանցաւոր են: Երբ իրենց զաւակները արձանագրելու կ'երթան, կարծես վարժարանի շէնքը ծախու պիտի առնեն: Կը նային պատերուն, նստարաններուն, սեղաններուն...:
Եթէ ես դպրոցական տղայ մը ունենայի, ուղղակի տնօրէնութեան սենեակը կը մտնէի եւ կը հարցնէի:
-Այս վարժարանէն քանի աշակերտ այս տարի համալսարանի քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրեց:
Այո՛, այս բոլոր սուրբ շէնքերուն մէջ՝ տուն, եկեղեցի, դպրոց, եթէ մեր նորահաս սերունդին լաւ դաստիարակութիւն չկարողանանք տալ, ապագային, գործի կեանքին մէջ, անոնք ի՞նչպիսի յաջողութիւններ պիտի կարենան արձանագրել:
Անշուշտ, ամէն մարզէ ներս, միշտ կան բացառութիւններ: Այդ պատճառով ալ գրութեանս խորագիրն է. «Բացառութիւնները յարգելի են»:
Ես կը խորհիմ, թէ բացառութիւն կազմող բացառիկները արժանի են յարգանքի, բայց անոնք յարգանք չեն փնտռեր. անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ յարգանք ցոյց տուող մարդ չէ մնացած:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-2003 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, December 26, 2007

ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄԱՊԱՆԱԿՍ ԳՈՂՑՈՒՑԻ




Գործս վերջացուցած, Սիրքէճիէն օթօպիւսով Գուրթուլուշ վերադառնալ ուզեցի: Օթօպիւսը պարապ էր: Տոմսակս նետեցի տուփին մէջ եւ նստարաններէն մէկուն վրայ նստայ: Այդ պահուն անդրադարձայ որ պայուսակս բաց էր: Տեսայ որ դրամապանակս մէջը չէր: Ճիչ մը ելաւ բերնէս: Վարորդը հասկցած էր որ գողութիւն մը պատահած էր: Անմիջապէս օթօպիւսը կեցուց եւ ըսաւ.
-Պիտի իջնէ՞ք, թէ ոչ շարունակեմ:
Պահ մը մտածեցի եւ ըսի.
-Շարունակեցէք:
Եթէ իջնէի, գիտէի որ ուրիշ փոխադրամիջոց պիտի չկարենայի նստիլ, որովհետեւ առանց դրամի մնացած էի: Կէս ժամ վերջ խանութս հասայ: Դրան առջեւ ամուսինս կանգնած էր: Մօտեցայ անոր եւ ըսի.
-Մի՛ վախնար բայց... դրամապանակս գողցուցի:
Պէտք է ոստիկանատուն երթայի, որովհետեւ դրամապանակիս մէջ ունէի ինքնութեան թուղթ եւ արտօնագիր: Ոստիկանատան մէջ մօտեցայ պաշտօնեային եւ ըսի.
-Պարոն ոստիկանապետ «բօրթֆէօյս» գողցուցի:
Ոստիկանը պատասխանեց.
-Տիկին այդ ի՞նչ ըսել է:
Շուարած մնացի. յետոյ դարձեալ ըսի.
-Բօրթֆէօ՛յ, բօրթֆէօ՛յ:
Ոստիկանապետը ըսաւ.
Տիկին թրքերէն կրնա՞ք խօսիլ: Չեմ հասկնար ձեր ըսածը:
-Ներեցէք ըսի: Շատ յուզուած եմ: Պէտք է դրամապանակ ըսէի:
Վերջապէս ոստիկանապետը կորսուած դրամապանակիս համար օրինական թուղթը պատրաստեց, ստորագրեց եւ ձեռքս տուաւ:
Խանութս վերադարձայ: Յաճախորդս նստած, իր գործին վերջանալուն կը սպասէր: Իմացած էր որ դրամապանակս գողցուցած էի:
-Մի՛ նեղուիք, ըսաւ: Փառք տուէք որ դուք ողջ ու առողջ էք:
Սկսաւ Գուրթուլուշի մեծ մարքէթներէն մէկուն մէջ պատահած դէպք մը պատմել:
«Երիտասարդ կին մը իր գնումը ըրած միջոցին, տարիքոտ մարդ մը կը մօտենայ իրեն ու կ'ըսէ:
-Ձեր տարիքը աղջիկ մը ունիմ: Անուշհատութիւն մը գնել կ'ուզեմ իրեն: Ինծի կրնա՞ք օգնել:
Կինը կը պատասխանէ:
-Ամենայն սիրով, ինչո՞ւ չըլլայ:
Միասնաբար կ'երթան անուշահոտութիւններու բաժինը: Մարդը գրպանէն կը հանէ մարեցուցիչ հոտ մը եւ կնոջ երեսին կը սրսկէ: Կինը քիչ վերջ կը նուաղի: Մարդը կը սկսի պոռալ:
-Աղջիկս մարեցա՛ւ, աղջիկս մարեցա՛ւ:
Բազմութիւն մը կը հաւաքուի կնոջ գլուխը: Վերջապէս թաքսի մը կը դնեն: Տարիքոտ մարդն ալ կը նստի կնոջ քով ու կը մեկնին դէպի հիւանդանոց: Կէս ճամբուն վրայ մարդը վարորդին կ'ըսէ:
-Պր. վարորդ, իմ աղջիկս տեւաբար կը մարի: Մենք Ֆաթիհի կողմը կը բնակինք: Կրնա՞ս մեզ մեր տունը տանիլ:
Վարորդը կ'ըսէ.
-Ձեր աղջիկը, շատ գէշ վիճակի մէջ է: Պէտք է, որ հիւանդանոց երթաք:
Տարեց մարդը վարորդը կը համոզէ եւ վերջապէս Ֆաթիհ կը հասնին: Վարորդը այս տարիքոտ մարդէն կը կասկածի եւ ուղղակի ոստիկանատուն կ'երթայ: Քանի մը ոստիկաններ իր քով առնելով, կը վերադառնայ այդ հասցէին: Դուռը կը բացուի, ներս կը մտնեն: Տարիքոտ մարդէն զատ կը տեսնեն ուրիշ երեք մարդիկ եւս: Կինը գետինը պառկած է՝ զգայագիրկ: Վերջաւոդութիւնը շատ յուզիջ է:
Տարեցները, դէպքը կը սկսին պատմել ոստիկանին:
-Կնոջ երիկամունքները պիտի գողնայինք ու լաւ գինով պիտի ծախէինք: Կինն ալ ամայի տեղ մը պիտի նետէինք:
Այս դէպքը որ լսեցի, ինքզինքս բախտաւոր զգացի:
Հետեւեալ օր բարեկամներս «անցեալ ըլլայի» եկան: Բարեկամներէս մէկուն պատմած դէպքը ա՛լ աւելի հետաքրքրաշարժ էր:
«Երիտասարդ մը կ'երթայ տիսքօթէք: Գեղեցիկ աղջիկ մը կը մօտենայ երիտասարդին: Կ'ընկերանան: Քիչ վերջ աղջիկը կ'ըսէ:
-Ես այստեղէն աւելի լաւ տեղ մը գիտեմ: Հոն երթա՞նք:
Երիտասարդը համոզուելով, կ'երթայ աղջկան ուզած տիսքօն: Խմիչք կ'ապսպրեն եւ կը սկսին խմել: Տղան այդ խմիչքէն վերջ ո՛չ մէկ բան կը յիշէ:
Աչքերը կը բանայ լականի մը մէջ: Շուրջը սառերով լեցուն է: Ոտքի ելլել կը ջանայ: Բայց չի յաջողիր: Կը տեսնէ հեռաձայնը եւ անոր քով դրուած պզտիկ ծանօթագրութիւն մը: Վրան՝ ոստիկանատան հեռաձայնի թիւ մը գրուած է : Անմիջապէս այդ թիւին կը հեռաձայնէ: Ոստիկանները կուգան ու երիտասարդ տղան կը տանին հիւանդանոց:
Դժբախտաբար տղուն երիկամունքները գողցուած են»: Մեր երիտասարդ տղաքը պէտք է զգուշանան այդպիսի գեղեցիկ աղջիկներէ:
Բացի այս տեսակ գողութիւններէ, կան նաեւ այլ հիւանդագին գողութիւններ: Ատոնցմէ մէկն ալ մեր խանութին մէջ պատահեցաւ: Խաչեղբայրն ու փեսան եկան իրենց հագուստ վարձելու: Ամէն ինչ պատրաստուեցաւ եւ յաջորդ օր խաչեղբօր տիկինը հագուստները առնելու եկաւ: Ես յաճախորդի մը հետ կը զբաղ էի: Ամուսինս ալ խաչեղբօր ու փեսին հագուստները պատրաստելով զբաղած էր: Տիկինը իր տեղէն ելաւ ու դարաններէն մէկուն մօտեցաւ: Կը կարծէր, որ մենք իր շարժումները չէինք տեսներ: Վերջապէս դարանէն բաճկոն մը առաւ ու իր պայուսակին մէջ նետեց:
Ամուսինս հագուստները պատրաստած էր: Երբ կինը պարտքը վճարելու համար մօտեցաւ, ամուսինս ըսաւ անոր.
-Տիկին. այդ պայուսակիդ մէջ նետած բաճկոնին վճարումն ալ պիտի ընե՞ս:
Կինը պատասխանեց.
-Այո՛, բայց... նախ կրնա՞մ փորձել: Նեղ կամ լայն կրնայ գալ ինծի:
Ամուսինս կնոջ ձեռքէն առաւ բաճկոնը ու նետեց դարանին մէջ, ըսելով.
-Տիկին այդ բաճկոնը, եթէ դուք ինծի հարցնելով ձեր պայուսակին մէջ դրած ըլլայիք, ճիշդ ձեր վրային յարմար պիտի ըլլար: Բայց հիմա նեղ կուգայ:
Աներես կինը պատասխանեց.
-Ի՞նչ հետաքրքրական խանութ է: Ապրանք ծախել ալ չեն ուզեր:
Հետեւեալ օր խաչեղբայրը եկաւ ու մեզմէ ներողութիւն խնդրեց ու ըսաւ.
-Կինս գողնալու հիւանդութիւն ունի: Ներեցէք: Բժիշկի խնամքի տակ է, դարմանում կը տեսնէ:
Այս դէպքն ալ ուրիշ հարց մըն է: Հարուստը հիւանդ, աղքատը գող կ'ըլլայ:
Հարուստը մեծ գումարներ վճարելով կը բուժուի: Իսկ աղքա՞տը:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-2003 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, December 24, 2007

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ




Մեր բոլորին առօրեայ կեանքը այլեւս փոխուած է: Տնտեսական տագնապը մեծ վնաս կը պատճառէ մեր ապրելակերպին: Նիւթականը մարդոց բարոյականին վրայ ալ ունի իր ներգործութիւնը: Այլեւս մարդոց ճակտի քրտինքով շահած դրամը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Շահն ու ծախսը իրարու հետ համահաւասար համեմատութիւն չունին:
Ընտանիք մը աչքի առջեւ բերենք: Այր ու կին կ'աշխատին որպէս պաշտօնեաներ: Իրենց ստացած գումարը երբեք չի դիմագրաւեր ծախսերը:
Տան վարձք, ելեկտրականութիւն, ջուրի դրամ, վառելանիւթի հաշուեցոյցեր այնքան բարձր գումարներով մեր առջեւ կուգան, որ այդ գումարին հասնելու կարելիութիւն չկայ: Այսպէս նիւթական հարցերը մարդոց բարոյական կեանքն ալ կը խաթարեն:
Մարդիկ իրենց տնտեսական վիճակը կարգի դնելու համար մեծ ջանք կը վատնեն: Հիմա այլեւս պատերազմ մըն ալ ելած է: Ո՛չ մէկը տեղէն շարժիլ եւ գործի մը ձեռնարկել կ'ուզէ:
Հրապարակի գործերը արդէն փայլուն վիճակ չէին պարզեր, իսկ հիմա հետզհետէ կը վատթարանան: Եթէ զբօսաշրջիկներ այցելութեան չգան, տնտեսական հրապարակը ճգնաժամ պիտի ապրի: Իսկ այս օրերուս դժբախտաբար պակսած է զբօսաշրջիկներու թիւը:
Պատերազմը մեր բոլորին վրայ գէշ ազդեցութիւն գործեց: Երկիրներու կառավարիչներ ուրիշ ձեւով չէի՞ն կրնար կարգադրել իրենց հարցերը: Անոնք քաղաքական շահերու համար մարդոց թէ՛ տնտեսական եւ թէ բարոյական վիճակը խանգարեցին, խաթարելով նաեւ հազարաւոր փոքրիկներու հոգեկան աշխարհը:
Անցեալ օր, Գուրթուլուշի մեծ «մարքէթ»ներէն մէկուն մէջ առեւտուր կ'ընէի: Երիտասարդ մարդ մը ու իր տասը տարեկան զաւակը ուշադրութիւնս գրաւեցին:
Տղուն ձեռքը «Քինտըր սըփրայզ» մը կար: Ան դառնալով հօրը՝ ըսաւ.
-Հայրիկ, բացի ասկէ, «շոքէլլա» ալ կրնա՞նք առնել: Դուն ալ նախաճաշին կ'ուտես անկէ:
Հայրը չպատասխանեց: Միայն ժպիտով մը գլուխը շարժեց: Իսկ զաւակը քաջալերուած, «շոքէլլան» առաւ եւ զայն դրաւ իր կողովին մէջ: Յետոյ քանի մը շաքարներու տեսակներ ալ առին: Իմ ալ գործս վերջացած էր: Միասնաբար մօտեցանք դրամարկղին: Հայր ու տղայ իմ առջեւս էին: Կարգը իրենց եկաւ: Երիտասարդ հայրը հարցուց.
-Որքա՞ն է մեր պարտքը:
-8 միլիոն 750 հազար, ըսաւ վաճառորդուհին:
-Հայրիկ, ի՞նչ առինք որ այսքան դրամ բռնեց: Եթէ կ'ուզես, այս «Քինտըր»ը կրնամ տեղը դնել: Հիմա պատերազմի ժամանակ է: Այսքան պերճանք ընելու պէտք չկայ: Անոր տեղ, մեր տան համար, ուրիշ պակաս մը կրնանք լրացնել:
Հայրը ժպտելով ըսաւ.
-Ո՛չ տղաս, ո՛չ, կրնանք առնել:
Տղան կարգէն ելաւ, գնաց «քինտըր»ներու դարանին մօտ, նայեցաւ գինը եւ հօր մօտ վերադարձաւ:
Տասը տարեկան տղան յանցաւոր կը զգար ինքզինք: Ան զղջացած էր «Քինտըր» առնելուն համար: Իսկ ես ազդեցութեան տակ մնացած էի այս միջադէպին:
Կրնա՞ք երեւակայել. եթէ տասը տարեկան տղեկ մը կը ճնշուի նիւթականի ազդեցութեան տակ, ան յառաջիկայ տարիներուն իր զաւկին համար ի՞նչպիսի պատասխանատուութիւններ պիտի կարենայ ստանձնել:
Մեր երկրին մէջ ամէն ինչ տոլարի կը համապատասխանէ, կ'ըսեն: Տոլարը եթէ բարձրանայ, ամէն ինչ կը սղէ: Տարիէ մը ի վեր տոլարի գինը գրեթէ անփոփոխ կը մնայ, սակայն ամէն ինչ կը սղէ:
Երկիրը կառավարող անձեր ի՞նչպիսի ճար մը պիտի գտնեն այս կացութեան: Այլեւս փոքրաքանակ առեւտուրի դասակարգ գոյութիւն չունի երկրէն ներս: Երկիրը կազմող տարրերն են հարուստներն ու չքաւորները, այսինքն միջին դասակարգ գոյութիւն չունի:
Մենք դարձեալ փառք կուտանք մեր կեանքին որովհետեւ ընելիք բան չկայ:
Յաջողութիւն եւ առողջութիւն բոլորիդ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, December 21, 2007

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ԷՐ- ԱՅՍՕՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ՉԷ




Ժամանակին, տուները փայտաշէն էին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չեն:

Ժամանակին, տուներու մէջ հարս կ'առնէին, տուն փեսայ կ'երթային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հարսանիքներու ընթացքին եկեղեցիին կեդրոնը սեղանիկ մը կը գտնուէր: Հարս ու փեսին մատանիները այդ սեղանին վրայ կ'օրհնուէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, տաղաւարի օրերուն քահանաները թաղեցիներու տուները տնօրհնէնքի կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պզտիկները մեծերու յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ աղջիկներ իրենց մօրը հետ կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, աղջիկներ ձեռագործներ կ'աշխատէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ տղան գործի սկսէր, հայրը վարպետին կ'ըսէր. «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի»:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պատիւը ո՛չ թէ գրպանի մէջ, այլ ճակտի վրայ կը պտըտցուէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց ունեցած ժառանգութեան, դրամին մասին չէին խօսեր: Ամօթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը կը խօսէին, պզտիկները մտիկ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայերը տուներու եւ դպրոցներու մէջ հայերէն կը խօսէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեր մեծ հայրերը մէկ լօքումի փոխարէն նարտ կը խաղային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ լաւ դրացութիւններ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ խանութպանը իր առաջին գործը ընէր, երկրորդ յաճախորդը դրացի խանութպանին կը ղրկէր, որպէսզի դրացին ալ իր առաջին գործը ընէ:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, դրամը «պէրէքէթ» ունէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդոց գաղափարներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ տղաք իրենց ականջին օղ չէին կախեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայը տէր կը կանգնէր «Հայու բարոյական արժէքներ, հայու սէր» գաղափարներուն:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց լաւ ու տխուր օրերը իրարու հետ կը բաժնէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ հայերէն օրաթերթ կարդալ կը սիրէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, խօսքը փաստաթուղթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, եկեղեցիներու պարտէզներուն մէջ կրակարաններու վրայ երշիկի, միսի խորովածի հաւաքոյթներ չէին սարքուեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, կրօնաւորներ Նասրէտտին Հօճայի խրատականներով քարոզներ չէին տար:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը պզտիկներու քով ամէն նիւթի մասին չէին խօսեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին...- Ժամանակին...-
Այսօր...- Այսօր...-
Ժամանակին ինչո՞ւ այդպէս չէր:
Ժամանակին էշն ալ ծորակը մտեր էր:


Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ մը կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէ մը վերջ, իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւնը առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած ոտքի կ'ելլէ եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն որ մարդը խենթեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: Երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ ու քնատ է: Ան ծորակին առջեւ դարձեալ էշ մը կը տեսնէ: Էշը անոր նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն, մտածելով որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուարին կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպիտով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Է՛շ, գիտեմ որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ, որովհետեւ վերջաւորութիւնը ծեծ է»:
Ես ալ պէտք է լռեմ այսօր: Եթէ չլռեմ եւ ձայն բարձրացնեմ, գիտեմ որ ծեծ պիտի ուտեմ քանի մը անձերու կողմէ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, December 18, 2007

ԵԹԷ ԿԱՐԴԱԼ - ԳՐԵԼ ԳԻՏՆԱՅԻ...




Թերեւս դուք ալ գիտէք վարի պատմութիւնը, որ թերեւս ալ պատմութիւն չէ, այլ իրական դէպք մը:
Եկեղեցիի մը Թաղային Խորհուրդի անդամները կը փոխուին: Անոնք օր մը եկեղեցիին ժամկոչը իրենց քով կը կանչեն ու ձեռքը պահարաններ կուտան, որպէսզի ան այդ պահարանները թաղեցիներուն բաժնէ: Ժամկոչը կ'ըսէ.
-Ես այս պահարանները չեմ կրնար բաժնել, որովհետեւ գրել - կարդալ չեմ գիտեր:
Թաղականները կը զայրանան եւ կը պատասխանեն.
-Այն ատեն քու գործիդ վերջ պիտի տանք:
Ժամկոչն ու իր կինը եկեղեցիէն կը բաժնուին եւ իրենց համար տուն մը կը վարձեն: Մարդը անհանգիստ հոգեվիճակով անկողին կը մտնէ, սակայն չի կրնար քնանալ. քունը կը փախի: Փողոց կ'ելլէ ծխախոտ մը գնելու, սակայն ո՛չ մէկ տեղէ կրնայ գտնել, բոլոր կրպակները գոց են գիշերուան այդ ուշ ժամերուն: Ժամկոչը տուն կը դառնայ եւ իր կնոջ հետ միասին կ'որոշէ ծխավաճառի խանութ մը բանալ:
Այսպէս ժամկոչն ու իր կինը իրենց առաջին խանութը կը բանան թաղին մէջ: Անոնց գործերը յաջող ընթացք կ'ունենան: Ատեն մը վերջ կը բացուի երկրորդ, երրորդ խանութը: Յետոյ ծխախոտի գործատուն կը սկսին բանեցնել: Երկարատեւ աշխատութեան որպէս արդիւնք, ժամկոչը կը դառնայ մեծահարուստ: Իրենց որդին կ'ուսանի եւ կը վկայուի որպէս յաջող տնտեսագէտ, անցնելով իր հօրը գործին գլուխը: Բայց դրամատնային բոլոր փաստաթուղթերը արձանագրուած են հօրը անունին:
Օր մը դրամատան տնօրէնը նամակով մը նախկին ժամկոչը դրամատուն կը հրաւիրէ: Հօրը փոխարէն. տղան տնօրէնին մօտ կ'երթայ եւ կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ կը կանչէք հայրս:
Տնօրէնը կ'ըսէ.
-Պէտք է որ ան ստորագրէ փաստաթուղթի մը տակ:
Տղան կը պատասխանէ.
-Ես կը ստորագրեմ բոլոր փաստաթուղթերը, ի՞նչ կարիք կայ հայրս կանչելու:
Բայց տնօրէնը կ'առարկէ, ըսելով որ հայրը անպայման պէտք է անձամբ ներկայանայ դրամատուն եւ ստորագրէ:
Վերջապէս ժամկոչը կուգայ տնօրէնին մօտ: Տնօրէնը փաստաթուղթ մը կ'երկարէ անոր ու կ'ըսէ.
-Պարոն, կարդացէք եւ ստորագրեցէք այս փաստաթուղթը:
Ժամկոչը կ'ըսէ.
-Ներեցէք, բայց ես կարդալ-գրել չեմ գիտեր:
Տնօրէնը կը շուարի եւ խնդալով կ'ըսէ.
-Ի՞նչպէս կ'ըլլայ: Դուք այսքան մեծահարուստ եւ խելացի անձ մըն էք եւ գրել-կարդալ չէ՞ք գիտեր: Եթէ գրել-կարդալ գիտնայիք, ո՛վ գիտէ ի՞նչ պիտի ըլլայիք:
Այս անգամ ժամկոչն է որ կը խնդայ ու կ'ըսէ.
-Եթէ ես կարդալ-գրել գիտնայի, եկեղեցիի մը ժամկոչը պիտի ըլլայի:

Մեր երկրին մէջ ալ կան բազում երիտասարդներ, որոնք ուսանած են համալսարաններու մէջ, վկայականներ ունին ի ձեռին, սակայն անոնց վկայականը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Անոնք անգործ կը պտըտին հոս ու հոն: Եթէ երիտասարդի մը հայրը հարուստ մէկը չէ եւ ընկերային լայն շրջանակ մը չունի, ան անպայման անգործ կը մնայ: Երիտասարդներու մեծամասնութիւնը ներկայիս չի կրնար կիրարկել իր ուսանած ասպարէզը: Ոեւէ երիտասարդ կա՛մ իր հօր գործն է որ կը շարունակէ, եւ կամ կ'աշխատի ուրիշ մէկու մը քով, առանց սիրելու այդ գործը եւ առանց փորձառութիւն ունենալու այդ գործին մասին: Այդպիսի աշխատանքներ վնաս կը պատճառեն երիտասարդներու հոգեվիճակին: Անոնք հակառակ իրենց ստացած բարձրագոյն ուսման, չեն կրնար գոնէ նիւթական լաւ վարձատրութիւն մը ստանալ: Այսօրուայ պայմաններով, աղբահաւաք մը եւ պետական հիւանդանոցի մը մէջ պաշտոնավարող բժիշկ մը նոյն աշխատավարձքը կը ստանան:
Անցեալները թաքսի մը նստանք: Թաքսիին վարորդը ուսեալ երիտասարդ մըն էր, որ կը գանգատէր իր վիճակէն.
-Ես ճարտարապետ եմ, բայց անգործ ըլլալու պատճառաւ նախընտրեցի վարորդութիւնը, որովհետեւ չկրցայ գործ գտնել իմ ասպարէզիս մէջ: Այս երկրին մէջ համալսարանական ուսումը գործի չի ծառայիր: Ահաւասիկ ա՛յս է վիճակս:
Ա՛յո, երիտասարդները կ'ուսանին, բայց անոնք մեծ մասամբ անփորձ են իրենց գործին մէջ: Կ'ուզեն գործատեղիի մը մէջ կամ ընկերութեան մը մօտ ամենալաւ պաշտօնը ստանցնել, սակայն չեն գիտակցիր որ պէտք է սկսիլ սանդուխի մը ամենավարի աստիճանէն եւ կամաց-կամաց բարձրանալ:
Ա՛յո, այս է կացութիւնը եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր երիտասարդ սերունդին: Պէտք չէ որ անոնք միայն ուսանելու համար ուսանին: Անհրաժեշտ է որ անոնք գիտակցաբար իրենց ասպարէզը կիրարկեն գործնական կեանգի մէջ: Ասոնց առընթեր, ընտանիքներուն ալ պարտականութիւն կը վիճակի: Դժբախտաբար, ներկայիս կարգ մը ծնողներ կ'ուզեն որ իրենց զաւակը իր աշխատած ընկերութեան մօտ առանց աւելին կոթը սեղմելու, յաճախորդին ձեռքը սեղմէ: Այսպիսի մտածում մը միայն դժուարութիւններու ճամբայ կը բանայ:
Է՛հ, համալսարանական անգործ երիտասարդներ. ինչո՞ւ չէք ընտրեր ժամկոչութիւնը: Ձեր կեանքի առաջին փորձառութիւնը թող սկսի եկեղեցիի մը մէջ:

Շուշան Գորտոնճիեան
27-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Saturday, December 15, 2007

ԹԷ՛ ԼԱՆՔ ԵՒ ԹԷ ԵՐԹԱՆՔ...




Երբ Շիշլիէ Սկիւտար փոխադրուեցանք, երկ՛ար տարիներ բնակութիւն հաստատեցինք Չիչէքչի անուն թաղամասին մէջ:
Վեց տարեկան հասակիս արձանագրուեցայ Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարան: Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ դպրոց երթալ չէի ուզեր: Տեւական կուլայի որպէսզի զիս դպրոց չղրկէին:
Մեծ հայրս է որ զիս դպրոց կը տանէր Չիչէքչիէն մինչեւ Պաղլարպաշը: Ճամբու ամբողջ տեւողութեան անդադար կուլայի:
Օր մը, մեծ հայրս այս վիճակէս շատ նեղուեցաւ: Փողոցին մէջ կեցած ոստիկանին քով տարաւ զիս եւ ըսաւ.
-Հիմա նախընտրէ՛, տո՞ւն թէ դպրոց:
Ես մեծ հօրս երեսը նայեցայ եւ սապէս ըսի.
-Ո՛չ մեծ հայր, թէ՛ կուլամ եւ թէ կ'երթամ:
Տարեց մանկապարտիզպանուհի մը ունէինք: Տիկին Գեղանոյշ էր անունը: Ճերմակ մազերով գիրուկ կին մըն էր: Իր ողբացեալ ամուսինը մեծհօրս ուսուցիչը եղած էր Կեդրոնական վարժարանին մէջ:
Սէմէրճեան-Ճեմարանի մանկապարտէզը դպրոցին ամէնէն մեծ յարկաբաժինը կը զբաղեցնէր: Ներկայիս այդ սենեակը վերածուած է երկու դասարաններու: Մանկապարտէզը կը գտնուէր ճիշդ տնօրէնի սենեակին դիմաց:
Դասրանին մէկ մասին մէջ նստարաններ ու գրադարաններ շարուած էին: Տիկին Գեղանոյշի դաշնակն ալ տեղ գրաւած էր անկիւն մը: «Այսօր այդ դաշնակը Գալֆաեանի ննջարանի կողմը կը գտնուի»: Խոշոր քառակուսի պարապ միջոց մը կը մնար դասարանին մէջ: Ճաշէն ետք հոն բազկաթոռներ կը զետեղուէին եւ մենք կ'երկարէինք անոնց վրայ: Գոյնզգոյն բազկաթոռներ էին ատոնք, կարմիր, կանանչ, կապոյտ, դեղին, նարնջագոյն եւլն. եւլն.: Իրարու հետ կը կռուէինք գոյնի համար: Օր մը ուսուցչուհին պզտիկ թուղթեր պատրաստեց: Բոլորին անունները գրելով բազկաթոռներու վրայ փակցուց եւ ասկէ ետք կռիւը վերջացաւ: Երբ բազկաթոռներու վրայ կ'երկարէինք, Տիկին Գեղանոյշ դաշնակի առջեւ կ'անցնէր եւ կը սկսէր մեղմ երաժշտութիւն նուագել:
Կռիւը վերջացած էր, բայց իմ լացը չէր վերջացած: Մեծ հայրս, դպրոցին պարտէզին ճիշդ քովը պարապ հողամաս մը գնած էր, առաջին յարկի վրայ խանութ մը, իսկ անոր վրայ ալ յարկաբաժիններ շինելու համար: Այդ տարի խանութի յարկը պատրաստ էր արդէն եւ մեծ հօրս գործատեղին Մէճիտիյէգիւղէն Սկիւտար փոխադրուած էր:
Տիկին Գեղանոյշ իմ լացի պատճառաւ շուարումի մատնուած էր: Այլեւս դպրոցին մէջ ուր որ երթար, զիս ալ իրեն հետ կը տանէր: Օր մը մառան մտանք միասին: Պահ մը կռնակը դարձուց եւ ես ատիկա առիթ համարելով, դուրս փախայ: Պարտէզի դռնէն փողոց եւ հոնկէ ալ մեծ հօրս խանութը հասայ: Մեծ հայրս զարմանքով երեսս նայեցաւ ու ըսաւ.
-Այս ժամուն ի՞նչ գործ ունիս հոս:
Յանցաւորի պէս իր աչքերուն մէջ նայեցայ: Հասկցած էր որ դպրոցէն խոյս տուած էի: Ձեռքէս բռնեց եւ զիս դպրոց տարաւ: Այդ դէպքին պատճառաւ սակայն դպրոցը տակնուվրայ եղած էր:
Վերջապէս առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարան հասայ: Չորրորդ դասարանի ուսումնական շրջանէն շատ յիշատակներ ունիմ: Բոլորն ալ կը յիշեմ մէկ առ մէկ: Կարծեմ թէ ուսուցչուհիս շատ կը սիրէի եւ այդ էր պատճառը որ դպրոցական այդ տարուայ անցուդարձերը դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ:
Օրիորդ Սիրանոյշ Նշանեանն էր դասարանի ուսուցչուհիս: Զիս շատ կը սիրէր եւ կարծես առիթ կը փնտռէր իմ լացս դիտելու համար: Այդ օր 1 Ապրիլ էր: Օր. Սիրանոյշ ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ.
-Դուն երէկ ինչո՞ւ փողոցները պտըտեցար:
-Ո՛չ ըսի, ես փողոց չելայ:
-Սուտ մի՛ խօսիր ըսաւ եւ սաստեց զիս:
Յուզուեցայ: Աչքերս արցունքով լեցուեցան: Բայց ուսուցչուհիիս դէմքի արտայայտութիւնը փոխուեցաւ եւ ան խնդալով ըսաւ.
-Խենթ աղջիկ, այսօր Ապրիլ մէկն է: Չե՞ս գիտեր: Բոլորը զիրար կը խաբեն եւ շատ ուրախ եմ որ կրցայ քեզ խաբել եւ լացնել:
Այդ օր մեր գիտութեան դասի նիւթը ձուկի մասին էր: Օր. Սիրանոյշ ակնարկ նետեց մեր բոլորին վրայ եւ ընկերուհիս Ալիսը դասի հանեց.
-Պատմէ՛ նայիմ ձուկի մասին:
Ընկերուհիս այդ օր չէր պատրաստած դասը: Սկսաւ սա խօսքերով.
-Օրիորդ, ձուկը...: Օրիորդ, ձուկը...:
Օրիորդ Սիրանոյշ բարկանալով ըսաւ.
-Այլեւս «օրիորդ ձուկ»ը սորվեցանք, քիչ մըն ալ «տիկին ձուկ»ի մասին պատմէ՛:
Ե. դասարանէ շրջանաւարտ պիտի ըլլայի: Որոշուած էր որ դասարանի բոլոր աղջիկները ճերմակ հագուստներ հագուէին: Օրինակները յանձնուած էին աղջիկ աշակերտուհիներու մայրերուն: Ճիշդ չորս ժամ ոտքի կեցած մնացի, մինչեւ որ մայրս պատրաստեց հագուստս: Վերջապէս շրջանաւարտութեան օրը հագուեցայ այդ հագուստը:
Մենք այդ տարիներուն մեր մեծերուն նախընտրած զգեստներով կը գոհանայինք: Իրենք ինչ որ ուզէին, պէտք է որ մենք ալ գոհանայինք անոնցմով:
Այսօրուան երիտասարդները նորաձեւութեան ետեւէն կը վազեն: Նշանաւոր վաճառանիշէ պէտք է որ ըլլան իրենց հագուստները: Թէ ոչ չե՛ն հագուիր: Ո՛չ միայն փողոցի մէջ, այլ դպրոցներէ ներս ալ նոյնն է պարագան:
Վերջերս ԹՌԹ հեռատեսիլի կայանէն այս նիւթի մասին հետաքրքրական թատերախաղ մը սփռուեցաւ:
Աղջիկ մը մօրը կ'ըսէր:
-Ես այս զգե՞ստը պիտի հագնիմ: Ո՛չ մէկու վրայ վաճառանիշ կայ: Եթէ ես այս հագուստով դպրոց երթամ, ընկերուհիներս կը խնդան վրաս եւ չեն խօսիր ինծի հետ, ես ալ հետզհետէ կը պաղիմ դպրոցէն, չեմ կրնար համալսարան երթալ եւ ի վերջոյ չեմ ըլլար այն աղջիկը, զոր դուք տեսնել պիտի ուզէիք ապագային:
Այ՛ո, ատիկա թատերախաղ մըն էր: Բայց իրական կեանքն ալ նոյնն է:
Ո՞վ է հանցաւորը: Ծնողնե՞րը թէ ոչ երիտասարդութիւնը: Այս ալ ուրիշ հարց մըն է: Կարծեմ թէ կարելի չէ լուծել այս հարցը: Է՛հ, ի՞նչ ըսինք.
Թէ՛ լանք եւ թէ երթանք...:


Շուշան Գորտոնճիեան
13-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, December 14, 2007

ԵՍ ԱԼ ՔՈՒԿԴ...




Մանչս ծնած է Զատկուայ օրերու մօտ: Մէկ քանի տարին անգամ մը իր տարեդարձը կը տօնենք Զատկին: Չորս տարեկան էր ան, երբ իր առաջին նախադասութիւնը կազմեց: Շատ ուշ սկսած էր խօսիլ: Այդ տարուան տարեդարձը զուգադիպած էր Զատկուայ օրին: Երեսուն հոգի հիւր պիտի ընդունէինք: Եկող հիւրերը մանչուս ձեռքը սեղմեցին եւ սապէս ըսին.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Արդէն ես ալ քանի մը շաբաթ շարունակ, իրեն սորվեցուցած էի Զատկուայ յատուկ հետեւեալ նախադասութիւնը.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
-Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Այո՛, այս երկու նախադասութիւնները, զորս կ'արտասանենք Զատկին եւ Զատկուան յաջորդող քառասուն օրերու ընթացքին, կը խորհրդանշեն Քրիստոնէութիւնը:
Քանի մը տարի վերջ մանչս դպրոցական տարիքի հասաւ: Զայն արձանագրեցինք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզը: Այդ տարի մեր զաւկին տարեդարձը դարձեալ պիտի տօնէինք Զատկին օրը:
Մանչս Զատկուան այդ օրը ուսուցչուհիին մօտ կ'երթայ ու կ'ըսէ.
-Օրիորդ, Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Ուսուցչուհին կը շուարի:
Երբ ես արձակուրդին մանչս դպրոցէն առնելու գացի, ուսուցչուհին մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
-Ձեր մանչը շատ սքանչելի արտասանութեամբ մը իմ Զատիկս շնորհաւորեց: Բայց շնորհաւորութեան յաջորդող նախադասութիւնը չհասկցայ: Ի՞նչ ըսել է «տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ»:
Խնդացի եւ ըսի.
-Իմ մանչուս տարեդարձը Զատկի օրերուն կը զուգադիպի: Բերնի վարժութիւն եղած է:
Այսպէս անցան տարիներ: Այս տարի դարձեալ մանչուս տարեդարձը զուգադիպեցաւ Զատկի օրուան: Ճաշասեղանին վրայ կարկանդակ մը դրինք: Կտրած պահուն, մանչս ըսաւ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Մենք այդ գիշեր բաւական խնդացինք եւ հին օրերը յիշեցինք:
Այս տարի, Զատկին առաւոտուն մանչս ըսաւ.
-Մա՛յր. դուն բնաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին չես գացած: Կ'ուզե՞ս որ հոն տանիմ քեզ:
Շատ ուրախ էի: Ամուսինս, ես եւ մանչս միասնաբար գացինք Սամաթիա: Խուրներամ բազմութիւն կար եկեղեցոյ մէջ: Դժուարաւ ներս մտանք: Բայց այնքան բազմութիւն կար եկեղեցիէն ներս, որ զիրար կորսնցուցինք: Առջեւ յառաջացայ, Թաղումին քով մոմս վառեցի: Սկսայ արարողութեան հետեւիլ: Բայց իսկապէս հետեւելու հնարքը չկար: Կիները ո՛չ թէ աղօթելու, այլ աթոռ գրաւելու կռիւի բռնուած էին մէկզմէկու հետ:
Արարողութիւնը, պատարագիչին տուած քարոզը, ամէն ինչ սքանչելի էր: Կարծես հոգիդ կը կշտանար: Սակայն քանի՞ հոգի է որ այդ զգացողութիւնը կ'ունենար: Մարդիկ եկեղեցի եկած էին զիրար տեսնելու, իրարու հետ խօսելու եւ կարօտներ բաժնելու:
Վերջապէս եկեղեցիի արարողութիւնը աւարտեցաւ: Նստարանները պարպուիլ սկսան: Պարապ նստարանի մը վրայ նստայ: Խորանը դիտել սկսայ: Շատ գեղեցկօրէն շտկուած էր: Որքա՞ն նստայ, չեմ գիտեր: Ամուսինս մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
-Այլեւս պէտք է երթանք:
Միասին եկեղեցիին պարտէզը ելանք: Տակաւին բազմութիւնը չէր ցրուած: Ետեւէս ձայն մը լսեցի, որ կ'ըսէր.
-Հայըրլը պայրամլար, քարտաշ:
Ուրիշ ձայն մը պատասխանեց.
-Հայըրլը պայրամլար:
Շուարեցայ: Մենք իրարու երես նայելով խնդացինք:
Յաջորդ օր Մեռելոց էր: Մենք միասնաբար Գնալը կղզի երթալով մեր գերեզմանը օրհնեցինք: Դժբախտաբար հոն ո՛չ քահանայ մը, ոչ ալ լուսարար մը կայ: Մենք մեր աղօթքը կ'ընենք եւ կը հեռանանք գերեզմանէն:
Արդէն Երջանկայիշատակ Գալուստեան Պատրիարք Հօր վախճանումէն ետք լուսարարը եկեղեցիին Թաղումը շտկելու ձանձրոյթն իսկ յանձն չ'առներ:
Կէսօրէ վերջ մեր խանութը բացինք : Քիչ յետոյ հայ յաճախորդ մը մտաւ: Հետաքրքրուեցանք: Յետոյ իր գործը վերջացաւ: Մանչս յաճախորդին ձեռքը սեղմելով ըսաւ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
Յաճախորդին տուած պատասխանը սապէս էր.
-Ես ալ քուկդ:
Ի՞նչ կ'ըլլայ այսպէս մեր հայ ազգին: Ի՞նչ տեսակ պատասխան մըն էր այդ:
Երեկոյան ուրիշ հայ յաճախորդ մը եւս մտաւ մեր խանութէն ներս: Յաճախորդին առաջին նախադասութիւնը ա՛յս եղաւ.
-Կէչմիշ պայրամընըզը քութլարըմ:
Ես զգացի որ մանչս շատ լեցուած էր: Ան ըսաւ կանգ առնելով իւրաքանչիւր բառին վրայ.
-Պէն տէ սէնին, պէն տէ սէնին:
Դժբախտաբար մեր պոլսահայութեան ապագան այսպէս պիտի շարունակուի:
Բայց մեր ընտանիքը կրօնաւորներու խրատականին հետեւելով քառասուն օր պիտի ըսէ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
-Օրհնեա՛լ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Շուշան Գորտոնճիեան
13-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Thursday, December 13, 2007

Ո՞Վ ԸՍԱՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԱՅ. ՄԱՆՉՍ ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՐԴ ՂՐԿԵՑ




15 Յունիս 1999 թուականին մեր համայնքի վարժարաններէն մէկուն պզտիկ մէկ գործը կարգադրեցի: Կարծեմ թէ յաջողեցայ:
Գործը կարգադրուելէ վերջ, ազգային շատ յարգելի աղբարիկներէն մէկը խանութս եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելու: Իրեն ըսի.
-Ո՛չ շնորհակալութիւն, ոչ ալ ուրիշ բան կ'ուզեմ: Այս ըրածս ուխտ մըն էր: Մանչս վեց ամիս վերջ զինուոր պիտի երթայ: Իմ աչքէս երբեք արցունք պիտի չգայ:
Այս խօսակցութեան վրայէն վեց ամիս անցաւ: Մանչս զինուորական ծառայութեան թուղթը առաւ ու եկաւ: Շատ ուրախ էր: Որովհետեւ իր փափաքը իրագործուած էր: Այլեւս տասնեւութ ամիս ծովային պիտի ըլլար:
Շիտակը եթէ ուզէք, տասնեւութ ամսուան մէջ աչքէս երկու անգամ միայն արցունք եկաւ:
Առաջինը, գացած օրն էր, երբ ես ետեւէն ջուր թափեցի, առանց կարենալ զսպելու արցունքներս:
Կարծեմ իրաւունք ալ ունէի: Մէկ հատիկս տունէն հեռու Իսկէնտէրուն պիտի երթար: Նոյեմբեր ամիս էր: Ամիս մը վերջ ալ Կաղանդ էր: Մենք այդ տարուան Կաղանդը առանձին պիտի անցընէինք:
Ծովայինները առաջին շրջանին, այսինքն իրենց ամփորձութեան շրջանին քառասունեւհինգ օր կ'ընեն իրենց զինուորութիւնը: Քառասունեւհինգ օր վերջ մեր որդին տուն եկաւ եւ գլխէն անցածները սկսաւ պատմել:
Զինուորական խումբը հինգհազար հոգիէ կը բաղկանայ եղեր: Այս հինգհազար հոգիին մէջ միմիայն տասը հոգի քրիստոնեայ է եղեր: Կաղանդի գիշեր, ծովակալը այդ տասը քրիստոնեայ տղաքը իր սենեակը կը հրաւիրէ: Ծովակալին մօտ այլ աստիճանի զինուորներ ալ կան եղեր: Ծովակալը ոտքի կ'ելլէ եւ կ'ըսէ:
-Դուք բոլորդ ալ քրիստոնեայ էք: Բայց այս երկրին ծառայելու համար հոս կը գտնուիք: Ես շատ ուրախ եմ: Ձեր ըրածը պատուական գործ մըն է: Այո՛, դուք քրիստոնեայ էք: Բայց հոս խտրականութիւն չկայ: Դուք ալ այս երկրին զաւակներն էք: Հիմա ձեր մայրերէն ու հայրերէն հեռու կը գտնուիք: Բայց զիս ձեր հօր տեղ դրէք եւ ձեր նեղութիւնները ինծի պատմեցէք:
Տասը քրիստոնեայ տղաքը շատ կը շուարին: Բարեւի կենալով իրենց հրամանատարին դիմաց՝ կ'ըսեն.
-Ոչ մէկ նեղութիւն ունինք Պր. ծովակալ:
Ծովակալը կը շարունակէ:
-Ես ձեզ հոս կանչեցի, որովհետեւ այսօր ձեր Կաղանդն է: Ձեր Կաղանդը կը շնորհաւորեմ: Հիմա կարգաւ եկէք ձեր ճակատներէն պիտի համբուրեմ:
Տղաքը կարգաւ ծովակալին ձեռքը կը համբուրեն: Ան ալ կը համբուրէ անոնց ճակտէն: Յետոյ որպէս Կաղանդի նուէր, անոնց մէկմէկ գլխարկ կը նուիրէ:
Մանչս ըսաւ.
-Մա՛յր. այդ օր, ծովակալիս խօսքերը ինծի բարոյական հանգստութիւն, միաժամանակ մեծ քաջալերութիւն ներշնչեցին:
Այո՛, գործ մը կատարելէ ետք, քեզմէ աւելի բարձրաստիճան մէկը եթէ քեզ քաջալերէ, ա՛լ աւելի աշխատելու փափաք կ'արթննայ քու մէջ:
Տասը օրը ինչ էր որ. շուտով անցաւ: Այս անգամ ալ մանչս Իզմիր «Ֆօչա» գնաց: Շատ հանգիստ էր: Լաւ լուրերը առնելով կ'ուրախանայի:
Օր մը, խանութիս մէջ շատ բազմութիւն կար: Դուռը բացուեցաւ: Ներս տղայ մը մտաւ: Ձեռքը, տուփի մը մէջ զարդարուած վարդ մը կար:
Հարցուց.
-Տիկին Շուշան Գորտոնճիեանը ո՞վ է:
-Ես եմ: Ի՞նչ ուզեցիք, հարցուցի:
-Ձեր զինուոր տղուն կողմէ ուղարկուած է այս ծաղիկը: Կարծեմ թէ ձեր տարեդարձն է եղեր այսօր:
Ինչպէ՞ս կրնայի զսպել ինքզինքս: Կարծեմ իմ ձայնը մանչուս հասցնել կ'ուզէի: Այնպէս մը լացի, որ յաճախորդներս ալ լացին ինծի հետ միատեղ:
Այսքան է աչքէս վազած արցունքը: Տասնեւութ ամսուան մէջ զինուոր որդւոյս համար այլեւս արցունք չթափեցի:
Փառք Աստուծոյ, ուխտս ընդունական եղած էր: Բարիով, մէկ հատիկս զինուորութիւնը վերջացուցած եւ տուն վերադարձած էր: Աստուած զիս քաջալերած էր: Շնորհակալութիւն Աստուծոյ:
Այսօր պատերազմ կայ աշխարհի մէջ: Բայց արդէն ամէն օր մարդիկ նիւթական պատերազմի մէջ չե՞ն տառապիր: Տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող միլիառաւոր մարդիկը շատ մեծ պատերազմի մը մէջ չ՞են արդեօք:
Ամբողջ աշխարհի բնակիչները իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ այս պատերազմին «Ո՛չ» կ'ըսեն: Երեւակայեցէք երկիր մը, որ զէնքի սպառումով, երիտասարդներու կեանքի գնով դրամ պիտի շահի: Ես ալ, իմ կարգին, իմ ձայնս միացնելով աշխարհի բոլոր մայրերուն, պիտի աղաղակեմ.
-Պատեազմի ո՛չ, խաղաղութեան՝ այո՛:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Ապրիլ-2003 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, December 12, 2007

ՕՁԻՔԴ ԽԱԾ




Ունիմ շատ սիրելի բարեկամուհի մը, որ անցեալ օր խանութս եկած էր: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին, բարեկամուհիս ըսաւ.
-Տղադ, որ այլեւս լրացուցած է իր զինուորական ծառայութիւնը, հասած կը նկատուի ամուսնութեան տարիքին:
Ես պատասխանեցի իրեն.
-Առա՛ջ Աստուած: Ո՛չ դրամ եւ ոչ ալ ուրիշ բան կը ցանկամ: Կը ցանկամ որ տղուս ներկայացող աղջիկը ըլլայ մեր ընտանիքին պատիւ բերող աղջիկ մը:
Բարեկամուհիս, որ ինձմէ աւելի մեծ տարիք ունի, փորձառու եւ շատ լաւատես կին մըն է, ըսաւ.
-Եթէ տղադ խրատես ամուսնութեան մասին, անոր սապէս ըսէ: «Այն աղջիկը որուն հետ պիտի միացնես քու կեանքդ, մօրդ հետ երբեք մի՛ բաղդատեր: Որովհետեւ եթէ բաղդատես, բնաւ երջանիկ չես կրնար ըլլալ»:
Քիչ մը եւս խօսեցանք: Այդ միջոցին խանութիս դուռը բացուեցաւ եւ յաճախորդ մը ներս մտաւ: Բարեկամուհիս կամացուկ մը տեղէն ելաւ: Ձեռք շարժելով մեկնեցաւ: Քանի մը վայրկեան վերջ, յաճախորդիս ալ գործը վերջացած էր:
Հիմա խանութիս մէջ առանձին էի: Թիկնաթոռիս մէջ թաղուեցայ: Մտածեցի բարեկամուհիիս այդ սքանչելի խրատականի մասին: Երբ կը մտածէի, ուրիշ բան մը յիշեցի: Եթէ աղջիկ մը ունենայի, ի՞նչպէս պիտի խրատէի զայն: Կը խորհիմ թէ սապէս պիտի ըսէի անոր:
-Աղջիկս, այլեւս ամուսնանալու տարիքին հասած ես: Այն տղան զոր դուն պիտի ընտրես, չըլլայ որ հօրդ հետ բաղդատես: Եթէ բաղդատես, կեանքիդ մինչեւ վերջը չես կրնար երջանիկ ըլլալ:
Յետոյ, հարսանեկան հագուստներու մէջ, տունէն դուրս ելլելիք օրը, աղջկանս գլուխը կուրծքիս պիտի սեղմէի եւ սապէս պիտի ըսէի անոր.
-Հիմա այս դռնէն թիթեռնիկի մը պէս դուրս պիտի ելլես: Օր պիտի գայ, դարձեալ այս դռնէն ներս պիտի մտնես: Բայց պիտի մտնես այս անգամ որպէս իմ հիւրը: Տաճարին մէջ, Սուրբ Խորանին առջեւ գլուխդ պիտի միացնես ամուսնիդ գլխուն: Հոն, Աստուծոյ տան մէջ պիտի խոստանաս հաւատարիմ մնալ քու ամուսնոյդ: Այն երդումը զոր դուն կ'ընես Աստուծոյ առջեւ, կեանքիդ մինչեւ վերջը մի՛ մոռնար: Աստուծոյ առջեւ ըրած այդ երդումդ, քու երջանկութենէդ անգամ աւելի կարեւոր պէտք է ըլլայ:
Դժբախտաբար այս երազս պիտի չիրականանայ: Որովհետեւ աղջիկ զաւակ չունիմ:
Այդ գիշեր մանչուս ընկերներէն մէկը հանդիպեցաւ խանութ: Տղան տխուր վիճակ մը ունէր:
-Ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ տխուր ես, հարցուցի:
-Նշանածէս բաժնուեցայ, ըսաւ:
-Ինչո՞ւ բաժնուեցաք: Շատ կը սիրէիք զիրար:
-Պատճառը մայրն է, նշանածիս մայրը, ըսաւ:
Ան յաճախ կ'ըսէր. «Եթէ տասը տարի ալ անցնի ձեր ամուսնութեան վրայէն, եթէ աղջիկս նեղես, կը քաշեմ քու քովէդ կ'առնեմ»: Յետոյ աղջկան դարձաւ եւ սապէս շարունակեց. «Քու ամուսնիդ երկու օձիքը քով քովի պէտք չէ որ բերես»:
Այս ի՛նչ ամօթ խօսակցութիւն է: Աղջկան մօր մը վայե՞լ է այս խօսակցութիւնը: Մանչուս ընկերը շատ բարի, աշխատասէր եւ պատուաւոր տղայ մըն է: Մխիթարելու համար զայն, ըսի:
-Լաւ եղեր է որ կարճ ճամբէն անոնք իրենց անկրթութիւնը ցոյց տուեր են: Այսպիսի ընտանիքի աղջիկ մը քու ձեռքիդ աղտը թող ըլլայ: Մի՛ յուզուիր:
Եթէ այդ միջոցին զոքանչս քովս ըլլար, կ'ըսէր:
-Աղջի՛կ. օտարի պիտի խառնուիս: Մեծ մի՛ խօսիր: Օձիքդ խած:
Կարծեմ թէ տղան քիչ մը մխիթարուեցաւ: Ոտքի ելաւ եւ ըսաւ:
-Տրամադրութիւնս քիչ մը շտկուեցաւ: Փորս շատ անօթեցաւ: Հիմա երթամ մայրս ինծի կը սպասէ:
Տղան երթալէ վերջ ամուսինս կատակել սկսաւ: Քովս եկաւ, ձեռքս սեղմեց ու ըսաւ.
-Ապրի՛ս, լաւ խօսեցար: Տղան մխիթարեցիր: Լաւ տրամադրութեամբ գնաց իր մօրը մօտ:
Կատակը մէկ կողմ դնենք:
Այդ գիշեր ամուսնիս ալ քունը փախաւ: Որովհետեւ այս օրերուս շատ մեծ հարց է ամուսնութեան խնդիրը: Մեզի պէս մտածող բոլոր մայրերու եւ հայրերու գլխուն մէջ հարցման նշան մը կայ: Դժբախտաբար ամուսնալուծումներու թիւը աւելցած է:
Տղուս ընկերները անպայման ամէն օր, գործէ արձակուելէ վերջ, մեր խանութը կը հանդիպին: Անոնք իրենց յուզումն ու երջանկութիւնը մեզի հետ կը բաժնեն: Գիտեն որ, ես զանոնք պիտի մխիթարեմ:
Քանի մը ամիս առաջ էր: Դարձեալ տղուս ընկերներէն մէկը խանութ հանդիպեցաւ: Մանչուս հետ սկսան փսփսալով խօսիլ: Հասկցայ որ բան մը կար: Բայց անտարբեր մնալ ձեւացուցի: Վերջապէս ան չկրցաւ դիմանալ, մօտեցաւ ինծի:
-Ի՞նչ կայ, նեղութիւնդ ի՞նչ է, պատմէ՛ նայիմ, ըսի.
-Հայրս խանութ մը բացաւ ինծի: Շատ երջանիկ ու շատ խաղաղ էի: Բայց հիմա երջանիկ չեմ:
-Ինչո՞ւ, հարց տուի տղուն:
-Որովհետեւ, ընկերներս խանութիս մէջ կը մտնեն-կ'ելլեն: Իմ անդորրութիւնս եւ գործիս կանոնաւորութիւնը կը խանգարեն: Ի՞նչ պէտք է ընեմ:
Շուարած մնացի:
Տղուն երեսը նայելով խնդացի: Յանձնարարեցի որ նստի: Յեսոյ ըսի.
-Հիմա քեզի պատմութիւն մը պիտի պատմեմ: Դուն ալ նոյն բանը ըրէ: Պիտի տեսնես, որ ժամանակ մը վերջ շատ երջանիկ պիտի ըլլաս:
«Մարդ մը իր տղուն խանութ մը կը բանայ: Տղան շատ երջանիկ է: Բայց միջոց մը վերջ տղուն դէմքի արտայայտութիւնը կը փոխուի: Հայրը տղուն վիճակը կը հասկնայ: Իր մօտ կանչելով զայն, հարց կուտայ իրեն.
-Քեզ այս օրերուս տխուր կը տեսնեմ: Ի՞նչ է հարցը:
-Շատ ուրախ էի հայր, երբ դուն խանութ մը բացիր ինծի: Բայց հիմա ընկերներս զիս հանգիստ չեն ձգեր: Խանութիս մէջ ծխիկներ, սուրճեր, թէյեր, հոս հոն խառնշտկելներ...: Ես շատ անհանգիստ եմ:
-Ա՞յդ է քու նեղութիւնդ, կ'ըսէ հայրը: Հիմա քեզի յանձնարարութիւն մը պիտի ընեմ: Հարուստ ընկերներուդ պիտի ըսես. «Գործերս լաւ չեն: Ինծի դրամ կուտա՞ք»: Իսկ աղքատ ընկերներուդ պիտի ըսես. «Իմ գործերս շատ յաջող են: Ձեզի դրամ տալ կ'ուզեմ»:
Տղան հետեւեալ օր խանութ կ'երթայ եւ հօրը պատմածը կը գործադրէ: Հարուստ ընկերները «Գործ ունինք» կ'ըսեն ու կը փախչին: Իսկ աղքատները տղուն դրամը առնելով խանութէն կը հեռանան: Քանի մը օր վերջ ալ կը տեսնէ, որ խանութին մէջ միայն իրեն սրտակից բարեկամ ընկերները մնացած են: Տղան այլեւս երջանիկ է:
Ամիս մը անցած էր: Տղուս ընկերը դարձեալ խանութս եկաւ: Բայց այս անգամ երջանիկ էր ան: Մօտեցաւ, ձեռքը ուսիս դրաւ եւ ըսաւ:
-Ըրի այնպէս, ինչպէս յանձնարարած էիր ինծի: Խանութիս մէջ արեւ ծագեցաւ: Այլեւս չար ընկերներս զիս չեն անհանգստացներ:
Ուրախ էի: Այդ գիշերուան աղօթքս այսպէս վերջացուցի:
«Աստուծոյ սէրը աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն հետ թող ըլլայ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Ապրիլ-2003 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, December 11, 2007

ՉԳԻՏՆԱԼԸ ԱՄՕԹ ՉԷ, ՉՍՈՐՎԻԼԸ ԱՄՕԹ Է




Մեր մեծերը երբ խրատական մը տալ սկսէին, կ'ըսէին. «Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է»:
Աղջկան մէկը, կ'ամուսնանայ: Նոր հարս է եւ ո՛չ մէկ բան գիտէ: Բայց ան գիտոսիկի ձեւերով, ինքզինքը ամենագէտ կը ձեւացնէ:
Կերակուր մը պիտի եփէ, իր դրկիցին մօտ կ'երթայ, կերակուրին բացատրութիւնը կ'ուզէ: սորվելէ վերջ ալ սապէս կ'ըսէ. «Այո՛, ես ալ արդէն գիտէի»:
Այսպէս, երկար ժամանակ ան նոյն բանը կը շարունակէ: Ինչ որ սորվիլ կ'ուզէ, նախ բացատրութիւնը կ'առնէ, յետոյ «ես գիտէի» կ'ըսէ:
-Օր մը դրացուհին շատ կը ջղայնանայ եւ կ'որոշէ այս աղջկան խաղ մը խաղալ:
Նոր հարսը դրացիին մօտ կուգայ եւ կ'ըսէ.
-Ես այսօր ուլականջ ծախու առի, որպէսզի ձէթով լիցք եփեմ: Բայց ուլականջները ինչպէ՞ս մաքրեմ:
Կինը կ'ըսէ.
-Նախ եւ առաջ գուլպաներդ պիտի հանես: Ոտքերդ լաւ մը պիտի լուաս: Յետոյ ուլականջները ոտքիդ տակ պիտի դնես: Առանց դադարի, ոտքերդ աջ ու ձախ պիտի շարժես:
Աղջիկը կը պատասխանէ:
-Այո՛, արդէն գիտէի:
Ան անմիջապէս իր տան խոհանոցը կը վազէ եւ կը սկսի դրացուհիին ըսածը կիրարկել: Քանի մը վայրկեան ետք, կը սկսին ոտքերը սաստիկ արիւնիլ: Գիշերը ամուսինը կուգայ եւ կնոջը վիճակը կը տեսնէ: Նոր հարսը իր ըրած ամօթը կը հասկնայ եւ ամուսնին ո՛չ մէկ բան կրնայ ըսել:
Ես ալ մեծերուս ըսածին պէս, նոյն բանը պիտի ըսեմ.
«Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է»:
Ամառուան եղանակի Շաբաթ առաւօտ մըն էր: Ամուսինս եւ մանչս շոգենաւի պիտի հասնէին: Ես ալ անոնց հետ միասին փողոց ելայ:
Շաբաթ գիշերներ ընդհանրապէս ձուկ կ'ուտենք: Այդ օր ալ ձուկ պիտի տապկէի:
Ձկնորսին մօտ շատ երկար պոչ մը կար: Քիչ մը ձուկերը դիտեցի: Սնտուկներու մէջ արքայաձուկ, իսքորբիթ, սթաւրիթ կար: Ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ ալ խեցգետիններ կային:
Մարդուն մէկը ձկնորսին մօտեցաւ եւ սապէս ըսաւ.
-Սա միջատները մեր տունը կը ղրկե՞ս:
Դրամն ալ տուաւ եւ հոնկէ հեռացաւ:
Շատ պիտի սպասէի: Եկեղեցիս գացի, մոմս վառեցի: Յետոյ ուրիշ գնումներ ունէի, անոնք ըրի: Ձեռքս շատ լեցուն էր: Տուն տարի, ձգեցի: Բաւական ժամանակ անցած էր: Մտածեցի որ ձկնորսին մօտ պոչը կարճցած է: Դարձեալ գացի ձկնորսին մօտ: Այդ միջոցին մարդ մը պոռալով, կանչելով ձկնորսին մօտեցաւ: Ուշադրութեամբ նայեցայ մարդուն երեսը: Առաւօտուն խեցգետինները ծախու առնող մարդն էր: Ձեռքի ծրարը ձկնորսին ոտքերուն տակ նետելով, ան սապէս ըսաւ.
-Ա՛ռ այս միջատները, քո՛ւկդ թող ըլլան: Այս ի՞նչ տեսակ բան է: Կինս ծրարը բացաւ, միջատները քալել սկսան: Կինս ճանճին փաթ-փաթը ձեռքը առաւ, զարկաւ, չմեռան: Շելթոքսը սեղմեց, նորէն չմեռան: Ինծի սրճարան հեռաձայնեց: Տուն գացի, բոլոր ասոնք հաւաքեցի եւ հիմա եկայ քեզմէ դրամս ետ պահանջելու: Զիս խաբեցիր:
Եթէ այդ անձը, ձկնորսէն խեցգետինը եփելու բացատրութիւնը ուզէր, այսպէս խայտառակ պիտի չըլլար:

Խեցգետինը եփելու համար, կերակուրի խոշոր սանի մը մէջ ջուր պիտի լեցուի: Ջուրին մէջ երկու ապուրի դգալ աղ, մէկ ապուրի դգալ շաքար, մէկ ապուրի դգալ քացախ, հատ մը չստկուած սոխ պիտի դրուի «կեղեւներով»: Ջուրը լաւ մը պիտի եռայ: Յետոյ խեցգետինները եռացած ջուրին մէջ պիտի նետուին եւ 45 վայրկեան պիտի եփին: Ուտելու ատեն ընկոյզի կոտրելիքով պիտի կոտրուին: Անո՛յշ ըլլայ:
«Պարապ տեղ բացատրութիւն տուի. ես արդէն գիտէի»:

Շուշան Գորտոնճիեան
26-Մարտ-2003 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, December 10, 2007

ԵՍ ՇԱՊԻԿ ՉՈՒՆԻՄ




Թագաւոր մը օր մը կը հիւանդանայ: Բժիշկները որեւէ դարմանում չեն գտներ իր հիւանդութեան: Օր մը թագաւորին մօտ գիտուն մը կուգայ: Ան թագաւորին մարմինը, դէմքը կը քննէ եւ ծառաներուն դառնալով կ'ըսէ.
-Ձեր թագաւորը պիտի բժշկուի. միայն թէ ան պէտք է որ երջանիկ մէկու մը շապիկը հագնի:
Ծառաները քաղաքի եւ գիւղի բոլոր տուները կը պտըտին երջանիկ մարդ մը գտնելու համար: Բայց դժբախտաբար երջանիկ մարդ չեն գտներ: Յուսահատած, երբ պիտի վերադառնան իրենց թագաւորին մօտ, ճամբան կը հանդիպին հովիւի մը:
Կը մօտենան ու կը հարցնեն անոր.
-Դուն երջանի՞կ ես:
-Այո՛, շատ երջանիկ եմ: Բնաւ նեղութիւն չունիմ կը պատասխանէ հովիւը:
Թագաւորին ծառաները իրար կ'անցնին, կը հարձակին հովիւին վրայ, ըսելով.
-Շո՛ւտ շապիկդ տուր:
Հովիւը շուարած, կը պատասխանէ.
-Ես շապիկ չունիմ որ...:

Մեծ մայրս այս պատմութիւնը պատմելէ ետք կը շարունակէր.
-Աստուած աշխարհ ստեղծելէ ետք խորհեր է որ պակաս բան մը մնացած է: Այդ պակասներն են երջանկութիւնն ու դժբախտութիւնը:
Աստուած դժբախտութիւնը նախ եւ առաջ տուեր է ծաղիկին: Օր մը վերջ ծաղիկը քարի վերածուեր է: Այս անգամ ան այդ դժբախտութիւնը տուեր է քարին: Միջոց մը վերջ քարն ալ փշուր-փշուր եղեր է: Վերջապէս Աստուած դժբախտութիւնը փորձել ուզեր է մարդոց վրայ: Տեսեր է որ մարդոց ո՛չ մէկ բան կ'ըլլայ: Ժամանակ մը վերջ մարդը մխիթարութիւն մը գտեր ու երջանկանալ սկսեր է:

Ես ամէն Երեքշաբթի Գուրթուլուշէն դէպի Պէյօղլու կը քալեմ: Կ'երթամ Մարմարա-ի խմբագրատունը, գրութիւնս կը ձգեմ եւ դարձեալ քալելով կը վերադառնամ: Երբեմն մարդոց երեսը կը դիտեմ: Կը տեսնեմ որ առանց բացառութեան, անոնցմէ ո՛չ մէկուն երեսը կը խնդայ: Ամէն մարդ լրջօրէն կը քալէ, խոժոռադէմ:
Կը մտածեմ:
«Այս մարդիկը երջանիկ չ՞են, թէ ոչ իրենց դիմագիծը լուրջ ձեւացնել կը ջանան»:
Երբեմն միտքս ծիծաղելի դէպք մը կուգայ: Ժպտիլ կը սկսիմ: Այս անգամ ալ երեսս վզնոցիս մէջ կը պահեմ, որպէսզի մարդ չտեսնէ:
Ես այնպէս կը կարծեմ, որ մարդիկ այս խոշոր քաղաքի մէջ ապրելէ գոհ չեն: Իսթանպուլի մէջ ապրիլը այնքան դիւրին բան չէ: Մարդիկ Անատօլուէն կը գաղթեն եւ այս քաղաքին մէջ ապրելու համար ջանք կը թափեն:
Եթէ հարցնէք, այս քաղաքին մէջ, հարիւր առ հարիւր տոկոսով, բոլոր մարդիկ չեն կրնար ըսել թէ, «ես Պոլսեցի եմ»: Որովհետեւ անոնք շատ լաւ գիտեն թէ Պոլսեցի ըլլալը շատ մեծ առաւելութիւն է: Արուեստներու դժուարագոյնը, այսինքն խօսիլը, ճաշելը, քալելը, նստիլը եւլն. ամէն ինչ Պոլսեցիի առաւելութիւն է:
Մեծ հայրս լիքօրինոզի մը գլուխով, կէս շիշ օղի կը խմէր: Ժամերով ալ սեղանին գլոգխէն չէր ելլեր եւ շատ մեծ քէյֆ կ'ընէր: Յեսոյ մեզի կ'ըսէր:
-Օղի խմելն ալ արուեստ մըն է:
Քանի մը տարի առաջ էր: Անգարայէն մեր մէկ բարեկամը Պոլիս եկաւ: Զինքը կղզի, ճաշի հրաւիրեցինք: Մեզ չմերժեց եւ եկաւ: Ճաշի սեղանին վրայ Պոլսոյ մասին խօսակցութիւն մը անցաւ: Ամուսինս ըսաւ.
-Ես շատ փոքր տարիքիս Պէյօղլուի մէջ աշխատիլ սկսայ: Երբ աշխատած խանութիս դրան առջեւ կը կենայի, Իսթիքլալ Պողոտան անուշահոտութիւն կը բուրեր: Ես խանութիս դռնէն ներս մտնել չէի ուզեր:
Ես ամուսնիս խօսակցութիւնը շարունակեցի եւ ըսի:
-Այսօր այլեւս Պէյօղլուն լահմաճուն եւ տէօնէր կը հոտի:
Մեր բարեկամը ըսաւ.
-Ինչո՞ւ լահմաճունն ու տէօնէրը այդքան կը ստորադասէք:
-Ո՛չ ըսի, չեմ ստորադասեր: Նոյնիսկ այդ ուտելիքները շատ կը սիրեմ: Ամէն օր նոյն ախորժակով կ'ուտեմ: Սակայն ուրիշ հարց մը կայ: Քանի որ Պէյօղլուի համար նօսթալժի բերել ուզեցին պէտք է որ պատասխանատուները Լըպօն, Մարքիզ ծաղարաններու նման խանութներ բանային եւ ո՛չ թէ լահմաճունի, տէօնէրի խանութներ: Լահմաճունը եւ տէօնէրը մեր Իսթիքլալ պողոտային նօսթալժին չէ:
Բարեկամս իրաւացի գտաւ զիս:
Ուրանալ չեմ ուզեր: Իմ ընտանիքս ալ չեմ գիտեր ո՞ր թուականին, չեմ գիտեր ուրտեղներէ եկած է Պոլիս: Սակայն անոնք ընդունելով որ այլեւս Պոլիսի մէջ պիտի ապրին, Պոլիսի ապրելակերպը որդեգրեր են: Մենք Պոլիսի ապրելակերպը փոխելու իրաւունք չունինք: Պէտք է, որ մենք Պոլսեցիի ոտք յարմարցնենք: Շատ կարճ ժամանակի մէջ մենք ալ Պոլսեցի եղեր ու մէջտեղ ելեր ենք: Ես միշտ կ'ըսեմ հպարտութեամբ:
-Ես Պոլսեցի եմ:
.Ներեցէք: Ես շա՛տ շապիկ ունիմ: Բայց ձրի չեմ կրնար տալ: Կը ծախեմ: Որովհետեւ իմ շապիկներս ինծի հացի դրամ կ'ապահովեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
26-Մարտ-2003 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, December 7, 2007

ԿԱԹԻԼ ՄԸ ԻՒ՞Ղ, ԹԷ ԿԱԹԻԼ ՄԸ ԱՐՑՈՒՆՔ




1971 թուականին շրջանաւարտ եղած էի Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանէ:
Երկու տարի յաճախեցի հինգերորդ դասարան, բայց բնաւ իմաստ մը չկրցայ տալ այդ օրուայ պզտիկ գլուխովս թէ ինչո՞ւ կրկնած էի դասարանս, քանի որ շատ յաջող աշակերտուհի մըն էի: Ես որ եկեղեցիէն դուրս չէի ելլեր, կրօնքի դասէ դասարանս կրկնած էի: Վերջը սորվեցայ: Եղբայրս ալ դպրոցէն շրջանաւարտ պիտի ըլլար եւ միասնաբար Արամեան-Ունճեան վարժարան պիտի երթայինք: Մեր ժամանակ այսօրուան պէս դպրոցական անձնական փոխադրամիջոցներ չկային: 11 տարեկան աղջկան մը համար հարց պիտի ըլլար Սկիւտարէ Գատըգիւղ երթալ:
1972 թուականին մենք եղբօրս հետ միասին արձանագրուեցանք Արամեան-Ունճեան վարժարան:
Դասարանի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը Սկիւտարցի էր: Վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարանի հայերէնի ուսուցչուհին Տիկին Ալիս Թաշճըն էր: Այդ ուսուցչուհիին օրէնքն էր, որ վեցերորդ դասարանի առաջին դասը ըլլար «Բարի սեւ կովը՝ Նուարոն»:
Այդ շրջանի բոլոր Արամեանցիները շատ լաւ գիտեն այդ դասը:
Մեր դասարանի աշակերտութիւնը ճիշդ երեք տարի դպրոցին ամենալաւ խումբը կազմած էր: Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Իրմա Աճէմեանն էր: Հայերէնի, թրքերէնի, թուաբանութեան, երաժշտութեան, մարզանքի, գծագրութեան ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիները, դպրոցի ամբողջ համակարգը արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանէր:
Վերջին դասարան երբ հասանք, Տիկին Իրմա Աճեմեանն է որ սկսաւ հայերէն դասաւանդել մեզի:
Ամավերջը մօտեցած էր: Տիկին Իրման այդ օր վերջին դասի համար է որ մտած էր դասարան: Գրատախտակին առջեւ կանգնեցաւ եւ մէկ առ մէկ բոլորիս երեսը նայեցաւ: Յետոյ սապէս ըսաւ:
-Թէ՛ վերջացաւ, թէ չվերջացաւ:
Շարունակեց.
-Այսօր բոլորդ ալ, գիրգերը, տետրակները ձեր պայուսակներու մէջ պահեցէք: Ձեր սեղանները պարապ տեսնել կ'ուզեմ:
Մենք անմիջապէս կատարեցինք իր փափաքը:
-«Հիմա ձեզի խրատական մը պիտի պատմեմ», ըսաւ եւ սկսաւ պատմել:
«Մարդ մը որպէսզի տղան ուսում առնէ, զայն լաւ վարժարաններու մէջ կը կարդացնէ,համալսարանի մէջ իր ընտրած մասնագիտական ճիւղին բարձր դասարանները, լրացուցիչ դասընթացքներ, եւլն., եւլն.: Վերջապէս տղուն դպրոցի կեանքը կը վերջանայ: Հայրը տղան քովը կը կանչէ եւ կ'ըսէ: «Այլեւս դպրոցը վերջացաւ, ասկէ յետոյ պէտք է, որ ուսանիս կեանքի դպրոցի մէջ: Քեզ պիտի ղրկեմ գիտունի մը մօտ եւ ան քեզի կեանքը պիտի սորվեցնէ»:
Տղան երկար ճամբորդութենէ մը վերջ կը հասնի գիտունին տունը: Կը տեսնէ ընդարձակ պարտէզի մը մէջ խոշոր պալատ մը: Պարտէզը կ'անցնի եւ պալատին դուռը կը զարնէ: Սպասաւոր մը տղան ներս կ'առնէ: Տղան սենեակ մը կը մտնէ: Խոշոր դաշնակ մը կը տեսնէ: Քանի մը հոգիներ նստած կը ճառեն: Տղան անկիւն մը կը նստի եւ կը սկսի սպասել:
Ժամանակ մը վերջ սպասաւորը տղուն քով կուգայ եւ միասնաբար գիտունին սենեակը կը մտնեն:
Հիմա այլեւս տղան եւ գիտունը դէմ դիմաց եկած են:
Գիտունը կ'ըսէ.
-Հոս կեանքը սորվելու եկած ես: Այսօր քեզ կեանքի առաջին դասը պիտի սորվեցնեմ:
Դարակը կը բանայ, մէջէն դգալ մը կը հանէ եւ մէջը իւղ կը լեցնէ:
-Ա՛ռ ասիկա եւ իմ պալատս, իմ պարտէզս պտըտէ: Բայց ուշադիր եղիր որ դգալին մէջի իւղը չթափի:
Տղան իւղով լեցուն դգալը կ'առնէ գիտունին ձեռքէն եւ կը սկսի ամբողջ պալատը պտըտիլ: Քանի մը ժամ վերջ գիտունին քով կուգայ եւ կ'ըսէ.
-Ամբողջ պալատը պտըտեցայ: Տեսէք դգալին մէջի իւղը չթափեցաւ:
Գիտունը կը խնդայ:
-Շատ լաւ կ'ըսէ: Իմ պալատիս պատերուն վրայ նկարները, սենեակներու մէջ գետնի գորգերը, ձեղունը կախուած լուսամփոփները տեսար: Դրոշմաթուղթի հաւաքածոս, գիրքերս քննեցի՞ր: Պարտէզիս մէջի ծաղիկներս, աւազանի մէջի ձուկերը, ծառերը եւ թռչուններս, բոլոր ասոնք տեսա՞ր:
Տղան ամչնալով պատասխանեց.
-Ո՛չ, ես միայն դգալիս մէջի իւղին նայեցայ, որպէսզի չթափեմ:
Գիտունը ըսաւ.
-Հիմա գնա՛ եւ այս պատմածներս դիտէ եւ եկուր ինծի պատմէ:
Տղան գնաց, ամէն ինչ տեսաւ եւ գիտունին տունը սորվեցաւ: Աճապարանքով գիտունին մօտ եկաւ եւ ըսաւ:
-Այլեւս ձեր տունը շատ լաւ սորվեցայ եւ բոլոր սենեակներն ու պարտէզը պտըտեցայ: Ամէն ինչ տեսայ:
Գիտունը դարձեալ խնդաց եւ սապէս ըսաւ:
-Շատ լաւ ըրիր, տղաս: Բայց այս անգամ ալ դգալին մէջի իւղը մոռցար: Տես, իւղը թափեր ես:
Այո՛, մենք 1974-1975 Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներս, Տիկին Իրմա Աճէմեանի խրատով է որ մինչեւ այս օրերը հասանք:
Այն տարիներուն կարգ մը հարցերու պատճառաւ մեր դպրոցական կեանքը վերջացաւ: Մենք խումբ մը աղջիկ աշակերտներ, կը փափաքէինք մեր ուսումը շարունակել Էսաեան վարժարանին մէջ: Մեզմէ մէկ քանին գացին իրենց գոգնոցները պայուսակներուն մէջ, դպրոցը հագուելու պայմանաւ:
Մենք շրջանաւարտ ըլլալէ օր մը առաջ դասարանին մէջ նստանք եւ որոշում մը ընդունեցինք:
Միասնաբար Տիկին Իրմա Աճէմեանին սենեակը գացինք եւ սապէս ըսինք:
-Արամեան-Ունճեան վարժարանը լիսէի բաժին մը չի՞ կրնար հաստատել: Մենք հոսկէ հեռանալ չենք ուզեր:
Տիկինը շուարած մեր երեսը նայեցաւ ու անպատասխանի թողուց մեր առաջարկը:
Այդ միջոցին այտին վրայէն կաթիլ մը արցունք սահեցաւ:

Մենք Արամեանցիներ, յարգանքով կը յիշենք Տիկին Իրմա Աճէմեանը:
Մեր աննման տնօրէնուհին լոյսերուն մէջ թող պառկի:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Փետրուար-2003 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, December 5, 2007

Ո՞Ր ԵՐԿՐԱՑԻ ԵՍ




Օրէ օր աւելի կը դժուարանայ լաւատես ըլլալը:
Սկսինք մեր բազմաչարչար մոլորակէն... Օդը եւ ջուրը օր ըստ օրէ աւելի կ'ապականին, քաղաքները կ'ընդարձակին եւ անտառները կ'անհետանան: Այն աստիճան, որ կարգ մը գիտնականներ այլեւս յոյսը կտրած մեր երկրագունդէն, ուրիշ մոլորակներու վրայ բնակելու միջոցները կը փնտռեն:
Շարունակենք մեր ապրած երկրին հարցերով, որոնք հետզհետէ աւելի անլուծելի կը դառնան: Թուելու պէտք չկայ:
Յետոյ... մեր անհատական հոգերն ու նեղութիւնները կուգան բարդուիլ ասոնց վրայ:
Բայց կարծեմ մեզի՝ Պոլսահայերուս համար պարագան տարբեր է «թերեւս ալ ամբողջ սփիւռքահայութեան», քանի որ ասոնցմով չեն վերջանար մեր մղձաւանջները: Մեր Մեծասքանչին նահանջի պատճառած մտահոգութիւնն ալ ասոնց կողքին կը տանջէ մեզ: Մտահոգութեամբ կը դիտենք անոր հեռացումը մեզմէ «աւելի ճիշդ՝ մեր հեռացումը անկէ», ուստի անհրաժեշտ է որ մեր կարելին ընենք մեր լեզուն բոլորովին չկորսնցնելու համար:
Երբ մէկ կողմէ օտար լեզուները ձայնասփիւռներէն եւ հեռատեսիլներէն կը յորդին, միւս կողմէ մեր Մեծասքանչը նահանջ կ'ապրի եւ կարելի չէ որ ան միայն մամուլի միջոցաւ դիմադրէ օտար լեզուներու գերակշիռ տիրապետութեան: Պէտք է լսա-տեսողական միջոցներու դիմել, մանուկներու եւ դեռահասներու համար ուսուցողական ձայներիզներ կամ տեսաերիզներ պատրաստել, հայերէնը սիրցնելու համար անոնց: Այլեւս հասած է նաեւ ժամանակը հայերէն ձայնասփիւռի կայան մը ունենալու:
Հակառակ պարագային, անիմաստ կ'ըլլայ սպասել որ հայերէն հրատարակութիւններու թիւը աւելնայ, քանի որ «ինչպէս երախայ մը, ընթերցողի մըն ալ կազմաւորումը կ'ըլլայ նախ ըսելով, յետոյ խօսելով եւ վերջապէս կարդալով»:

«ՀՈՊԻՆԱ»

Այո՛, «ՀՈՊԻՆԱ» պարբերաթերթի 1993-ի թուականի առաջին էջի հրատարակութիւնը վերի տողերով է որ կը սկսէր: 32 էջերէ բաղկացեալ այս պարբերաթերթի բոլոր էջերը մեր Ոսկեղնիկ հայերէնով լեցուն էին:
Մենք, հայրենասէրներ, մեծ հպարտութիւն ապրած էինք Կեդրոնականցի երիտասարդներու այդ խիստ գնահատելի եւ ողջունելի նախաձեռնութեան համար:
Մօտաւորապէս տասը տարի անցած է այդ օրերէն: Այսօր դարձեալ մեր տրամադրութեան տակ կը դրուի «Hobina»ն:
Ո՞ւր են 1993ական թուականներու Կեդրոնականցիները: 30 էջնոց «Hobina»ին մէջ դժբախտաբար միայն հինգ էջերն է որ հայերէն գրութիւններ կը բովանդակեն:
Բ. էջի վրայ «...Varujan Magar» կ'ըսէ.
Միայն իր գրութեան վերնագիրը պիտի գրեմ.
«Bir varmis bir yokmus»:
Ես ալ կ'ուզեմ ուրիշ վերնագիր մը գրել.
«Աստուած հոգին լուսաւորէ»:

Այլեւս ամէն ինչ փոխուեցաւ: Ներկայիս ուրիշ նորութիւններ ալ կան: Երբ երկու հայեր քովքովի գան, նախ եւ առաջ բարեւ մը կուտան իրարու, իսկ յետոյ կը հարցնեն.
-Դուն ո՞ր երկրացի ես:
Իմ գլուխս ալ շատ եկաւ այս բանը: Օր մը կին մը մտաւ եւ քիչ մը խօսեցանք: Յետոյ հարցուց.
-Դուն ո՞ր երկրացի ես:
Ես պատասխանեցի.
-Պոլսեցի եմ:
Կինը ըսաւ.
-Ես Պիթլիսցի եմ:
-Իմ մեծհայրս ալ 100 տարի առաջ Պիթլիսէն Պոլիս եկած է, ըսի:
Կինը շուարեցաւ.
-Բնաւ Պիթլիսցիի չես նմանիր:
Քիչ մը եւս խօսեցանք: Այս անգամ կինը ըսաւ.
-Դուն Պոլսեցիի ալ չես նմանիր:
Այլեւս շատ նեղուած էի այդ խօսակցութենէն: Կնոջ սապէս պատասխանեցի.
-Ես ո՛չ Պիթլիսցի եմ, ո՛չ Պոլսեցի, ո՛չ եւրոպացի, ո՛չ ալ ամերիկացի: Ես այս աշխարհէն եմ: Տեսածիդ պէս մարդու պէս մարդ եմ:
Այս անգամ ես անոր հարցումներ ուղղեցի:
-Դուն հայ ես չէ՞:
-Այո՛, ես հայ եմ:
-Բայց դուն ինչո՞ւ հայերէն չես խօսիր:
-Չկրցայ սորվիլ:
-Քանի՞ տարիէ ի վեր Պոլիս հաստատուած ես:
-35 տարիէ ի վեր Պոլիս կը բնակիմ:
-Փլաքի եփել սորվեցա՞ր:
-Այո՛, շատ լաւ գիտեմ:
-Ձէթով լիցքը, ամերիկեան սալադը, թօփիկ եփելն ալ գիտե՞ս:
-Այո՛, շատ համեղ կ'եփեմ: Բարեկամներուս ալ կը սորվեցնեմ:
-Անշուշտ, թաւէրնան պնակ կոտրելն ալ սորված ես:
-Սորված եմ:
-Շատ լաւ, բոլոր այս բաները սորվեցար, 35 տարուան մէջ միայն հայերէ՞նն է որ չկրցար սորվիլ: Ինչո՞ւ:
Կինը պատասխան չկրցաւ տալ: Ես սապէս ըսի.
-Գիտեմ թէ ինչու չես սորված հայերէնը: Չես սորված, որովհետեւ այս բոլորի կողքին ժամանակ չես ունեցած հայերէնը սորվելու:
Ի՞նչ ըսենք. Աստուած օգնական:

Հիմա ճիշդ տեղին է այս պատմութիւնը:
Մարդը ձկնորսին խանութը կը մտնէ: Ան ձուկերը մէկ առ մէկ ձեռքը կ'առնէ եւ կը սկսի ձուկերուն պոչերը հոտուըտալ: Ձկնորսը կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ պոչերը կը հոտուըտաս:
Մարդը կը պատասխանէ.
-Գիտեմ թէ ձուկին գլուխը հոտած է: Կը հոտուըտամ, հասկնալու համար թէ հոտը պոչին ալ հասա՞ծ է, թէ ոչ:

Շուշան Գորտոնճիեան
22-Յունուար-2003 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, December 4, 2007

ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՐՆԱ՞Մ ԳԱԼ




Քանի մը շաբաթ առաջ էր: Ընկերուհիիս քոյրը Գանատայէն քաղաքս եկաւ իր երկու զաւակներուն հետ:
Անոնք այստեղ հարսանիքի մը պիտի մասնակցէին: Զաւակներէն աղջիկը՝ 15 տարեկան էր, իսկ մանչը՝ 10 տարեկան:
Այդ օր անոնք առուտուրի պիտի ելլէին: Ընկերուհիս խնդրեց ինձմէ որ իր մանչը ինծի ձգէ: Չկրցայ մերժել եւ բերնէս «այո՛» մը ելաւ:
Մանչը, որ Սէր կը կոչուէր, շատ անառակ էր: Ան շատ անուշիկ հոգեակ մըն էր: Ի՞նչպէս կրնայի մերժել:
Ընկերուհիս անմիջապէս տուն գնաց, Սէրը առաւ եւ ինծի բերաւ:
Սէրին ձեռքէն բռնած՝ միասին հիւրասենեակ մտանք: Ան ձեռքը պայուսակ մը ունէր: Պայուսակը բացաւ, թափեց խաղալիքները եւ մենք սկսանք միասին խաղալ:
Կէս ժամ վերջ, Սէր նեղուած էր խաղալէն: Ոտքի ելաւ հոս ու հոն խառնշտկել սկսաւ:
Աստուա՛ծ իմ. ի՞նչ պիտի ընէի, ի՞նչպէս գլուխ պիտի ելլէի այս անառակ տղուն հետ: Երբ այսպէս կը մտածէի, սեղանիկին վրայ աչքիս զարկաւ «Մարմարա» օրաթերթի տրցակը: Անմիջապէս ձեռքս առի լրագիրներէն մէկը: Շաբաթ օրուան լրագիրն էր: Ներքին էջը բացի եւ տեսայ «Ծաղկեփունջ»ի էջը: Հոն տեսայ պատմութիւններ: Եւ ահա, Օրիորդ Մաքրուհին այդ պահուն իմ օգնութեան հասած էր:
Սէրին մօտ գացի եւ ըսի.
-Սէր, դուն հայերէն կարդալ-գրել գիտե՞ս:
-Այո՛, գիտեմ: Ես հայկական վարժարան կը յաճախեմ:
-Շատ լաւ, պատմութիւն կը սիրե՞ս:
-Այո՛, շատ կը սիրեմ:
-Այն ատեն ինծի այս պատմութիւնը կրնա՞ս կարդալ:
-Այո՛, կը կարդամ:
-Եւ այսպէս, ան սկսաւ պատմութիւնը կարդալ: Քանի մը վայրկեան ետք, պատմութիւնը լրացած էր: Սէր երեսս նայեցաւ:
-Վերջացաւ, ըսաւ: Դուն պատմութիւն գիտե՞ս:
-Այո՛, ըսի:
-Այն ատեն դուն ալ ինծի պատմութիւն մը կրնա՞ս պատմել:
-Հարկաւ կրնամ պատմել: Մտի՛կ ըրէ.
-Մէկը կայ եղեր, մէկը չկայ եղեր. շատ հեռաւոր երկրի մը մէջ երկու հսկայ լեռներ կան եղեր: Այդ գիւղին մէջ աղքատիկ ընտանիք մը կ'ապրի եղեր. մայր մը, հայր մը եւ իրենց մէկ հատիկ աղջիկը:
Օր մը դուռը կը զարնուի, երեք ծերունիներ կը յայտնուին դրան առջեւ:
Տանտիրուհին կը հարցնէ.
-Ի՞նչ ուզեցիք:
Ծերունիները կը պատասխանեն.
-Մենք ձեզի բախտ բերինք: Հիմա ձեզի հարցումներ պիտի ուղղենք: Եթէ այդ հարցումներուն պատասխանէք, ձեր բախտին պիտի տիրանաք:
Տանտիրուհին կ'ըսէ.
-Ամուսինս հոս չէ, ձեր հարցումներուն չեմ կրնար պատասխանել:
Ծերունիները կ'ըսեն.
-Այն ատեն մենք հիմա երթանք, եւ երբ ձեր ամուսինը գայ, կուգանք:
Երբ գիշեր կ'ըլլայ, ծերունիները դարձեալ կուգան: Կինը կը դիմաւորէ հիւրերը:
-Հիմա, կ'ըսեն ծերունիները,մենք հարցումներ պիտի ուղղենք ձեզի: Այսպէս, անոնք կարգով կը սկսին հարցնել.
Առաջին ծերը կ'ըսէ. «Ես դրամ եմ», երկրորդ ծերը կ'ըսէ. «Ես յաջողութիւն եմ», իսկ երրորդը կ'ըսէ. «Ես սէր եմ»:
Այսպէս ըսելէ ետք, անոնք կը հարցնեն միաբերան.
-Հիմա որոշում պիտի տաք եւ մեզմէ մէկը ներս պիտի առնէք, զո՞վ կը նախընտրէք:
Կինը ամուսնին եւ աղջկան քով կ'երթայ եւ կը պատմէ ամէն ինչ:
Մարդը կ'ըսէ.
-Մենք շատ աղքատ ենք, դրամը առնենք:
Կինը կ'ըսէ.
-Յաջողութիւնը եթէ առնենք, աւելի լաւ չըլլա՞ր:
Իսկ աղջիկը կ'ըսէ.
-Ես շատ երիտասարդ եմ, սէ՛րը կ'ուզեմ:
Մայրը եւ հայրը իրարու երես կը նային: Չեն կրնար մերժել իրենց զաւակը եւ վերջապէս կուտան իրենց որոշումը:
Կինը ծերունիներուն քով կ'երթայ եւ կ'ըսէ.
Մենք մեր որոշումը տուած ենք, սէ՛րը ներս պիտի առնենք:
Կինը եւ սէրը միասնաբար ներս կը մտնեն: Պահ մը կինը կռնակը կը դառնայ: Երբ դարձեալ կը փոխէ իր դիրքը, կը տեսնէ որ յաջողութիւնը եւ դրամն ալ սէրին ետեւէն կը քալեն:
Կինը կ'ըսէ.
-Դուք ի՞նչու ներս մտաք: Մենք միայն սէրը ուզեցինք:
Ծերունիները կը պատասխանեն.
-Լաւ ընտրութիւն մը ըրիք: Երբ սէրը տեղէ մը ներս մտնէ, հոնկէ յաջողութիւնն ու դրամն ալ կը մտնէ:

Սէրը հասկցաւ որ պատմութիւնս վերջացած էր: Վիզս փաթթուեցաւ եւ համբոյր մը դրոշմեց այտիս: Շուարած էի թէ ի՞նչ պէտք է ընէի:
Այդ միջոցին զանգակը հնչեց: Դուռը բացի: Ընկերուհիս եկած էր: Ներս առի: Միասնաբար Սէրին խաղալիքները հաւաքեցինք:
Սէրը մօրաքրոջ ձեռքէն բռնեց, աչքերուս մէջ նայեցաւ եւ սապէս ըսաւ.
-Վաղը դարձեալ կրնա՞մ գալ:

Շուշան Գորտոնճիեան
25-Նոյեմբեր-2002 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ
27-Յունուար-2003 Երկուշաբթի
ԳԱՀԻՐԷ, «ԱՐԵՒ ՕՐԱԹԵՐԹ»

Saturday, December 1, 2007

ՀԻՒՐԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ




Ժամանակին հիւրասէր մարդ մը կար: Ան օր մը աղօթեց ու Աստուծմէ խնդրեց, որ իր հիւրը ըլլայ եւ ընդունի իր նուերները:
Աստուծոյ հաւանութեանը վստահ, օրերով պատրաստութիւն տեսաւ եւ առտու մը նստաւ զԱյն սպասեց: Կէսօր եղաւ ու Հիւրը չեկաւ: Կէսօրէ ետք, քանի մը յոգնած ճամբորդներ կ'անցնէին իր դրան առջեւէն: Իր սովորութեանը համեմատ զանոնք հիւրասիրեց ու կերակրեց: Մինչեւ իրիկուն այսպիսի անսպասելի հիւրեր ունեցաւ: Բոլորն ալ գոհ սրտով ճամբու դրաւ կատարեալ հիւրասիրութիւնէ մը ետք: Անդրադարձաւ թէ իր տեսած պատրաստութիւնները հատած էին եւ տունը տակն ու վրայ եղած էր:
Վրդովեցաւ բարի հիւրասէր մարդը, ծունկի գալով աղօթեց Աստուծոյ եւ սապէս ըսաւ.
-Ուրիշ հիւրեր ունեցայ, բոլոր պատրաստութիւններս անոնք վայելեցին: Տէր իմ ուրիշ օր մը հրամմէ: Հիմա հրամցնելիք ոչինչ ունիմ:
Աստուած պատասխանեց անոր.
-Մի վշտանար, շատ լաւ ըրիր ծարաւներուն ջուր, անօթիներուն հաց, յոգնածներուն ալ հանգիստ շնորհելով: Ինչ որ անոնց ըրիր, ինծի ըրած եղար: Որովհետեւ անոնց իւրաքանչիւրին մէջ ես էի որ ներկայացայ քեզի այսօր:

Շուշան Գորտոնճիեան
21-Մայիս-2001