Tuesday, December 18, 2007

ԵԹԷ ԿԱՐԴԱԼ - ԳՐԵԼ ԳԻՏՆԱՅԻ...




Թերեւս դուք ալ գիտէք վարի պատմութիւնը, որ թերեւս ալ պատմութիւն չէ, այլ իրական դէպք մը:
Եկեղեցիի մը Թաղային Խորհուրդի անդամները կը փոխուին: Անոնք օր մը եկեղեցիին ժամկոչը իրենց քով կը կանչեն ու ձեռքը պահարաններ կուտան, որպէսզի ան այդ պահարանները թաղեցիներուն բաժնէ: Ժամկոչը կ'ըսէ.
-Ես այս պահարանները չեմ կրնար բաժնել, որովհետեւ գրել - կարդալ չեմ գիտեր:
Թաղականները կը զայրանան եւ կը պատասխանեն.
-Այն ատեն քու գործիդ վերջ պիտի տանք:
Ժամկոչն ու իր կինը եկեղեցիէն կը բաժնուին եւ իրենց համար տուն մը կը վարձեն: Մարդը անհանգիստ հոգեվիճակով անկողին կը մտնէ, սակայն չի կրնար քնանալ. քունը կը փախի: Փողոց կ'ելլէ ծխախոտ մը գնելու, սակայն ո՛չ մէկ տեղէ կրնայ գտնել, բոլոր կրպակները գոց են գիշերուան այդ ուշ ժամերուն: Ժամկոչը տուն կը դառնայ եւ իր կնոջ հետ միասին կ'որոշէ ծխավաճառի խանութ մը բանալ:
Այսպէս ժամկոչն ու իր կինը իրենց առաջին խանութը կը բանան թաղին մէջ: Անոնց գործերը յաջող ընթացք կ'ունենան: Ատեն մը վերջ կը բացուի երկրորդ, երրորդ խանութը: Յետոյ ծխախոտի գործատուն կը սկսին բանեցնել: Երկարատեւ աշխատութեան որպէս արդիւնք, ժամկոչը կը դառնայ մեծահարուստ: Իրենց որդին կ'ուսանի եւ կը վկայուի որպէս յաջող տնտեսագէտ, անցնելով իր հօրը գործին գլուխը: Բայց դրամատնային բոլոր փաստաթուղթերը արձանագրուած են հօրը անունին:
Օր մը դրամատան տնօրէնը նամակով մը նախկին ժամկոչը դրամատուն կը հրաւիրէ: Հօրը փոխարէն. տղան տնօրէնին մօտ կ'երթայ եւ կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ կը կանչէք հայրս:
Տնօրէնը կ'ըսէ.
-Պէտք է որ ան ստորագրէ փաստաթուղթի մը տակ:
Տղան կը պատասխանէ.
-Ես կը ստորագրեմ բոլոր փաստաթուղթերը, ի՞նչ կարիք կայ հայրս կանչելու:
Բայց տնօրէնը կ'առարկէ, ըսելով որ հայրը անպայման պէտք է անձամբ ներկայանայ դրամատուն եւ ստորագրէ:
Վերջապէս ժամկոչը կուգայ տնօրէնին մօտ: Տնօրէնը փաստաթուղթ մը կ'երկարէ անոր ու կ'ըսէ.
-Պարոն, կարդացէք եւ ստորագրեցէք այս փաստաթուղթը:
Ժամկոչը կ'ըսէ.
-Ներեցէք, բայց ես կարդալ-գրել չեմ գիտեր:
Տնօրէնը կը շուարի եւ խնդալով կ'ըսէ.
-Ի՞նչպէս կ'ըլլայ: Դուք այսքան մեծահարուստ եւ խելացի անձ մըն էք եւ գրել-կարդալ չէ՞ք գիտեր: Եթէ գրել-կարդալ գիտնայիք, ո՛վ գիտէ ի՞նչ պիտի ըլլայիք:
Այս անգամ ժամկոչն է որ կը խնդայ ու կ'ըսէ.
-Եթէ ես կարդալ-գրել գիտնայի, եկեղեցիի մը ժամկոչը պիտի ըլլայի:

Մեր երկրին մէջ ալ կան բազում երիտասարդներ, որոնք ուսանած են համալսարաններու մէջ, վկայականներ ունին ի ձեռին, սակայն անոնց վկայականը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Անոնք անգործ կը պտըտին հոս ու հոն: Եթէ երիտասարդի մը հայրը հարուստ մէկը չէ եւ ընկերային լայն շրջանակ մը չունի, ան անպայման անգործ կը մնայ: Երիտասարդներու մեծամասնութիւնը ներկայիս չի կրնար կիրարկել իր ուսանած ասպարէզը: Ոեւէ երիտասարդ կա՛մ իր հօր գործն է որ կը շարունակէ, եւ կամ կ'աշխատի ուրիշ մէկու մը քով, առանց սիրելու այդ գործը եւ առանց փորձառութիւն ունենալու այդ գործին մասին: Այդպիսի աշխատանքներ վնաս կը պատճառեն երիտասարդներու հոգեվիճակին: Անոնք հակառակ իրենց ստացած բարձրագոյն ուսման, չեն կրնար գոնէ նիւթական լաւ վարձատրութիւն մը ստանալ: Այսօրուայ պայմաններով, աղբահաւաք մը եւ պետական հիւանդանոցի մը մէջ պաշտոնավարող բժիշկ մը նոյն աշխատավարձքը կը ստանան:
Անցեալները թաքսի մը նստանք: Թաքսիին վարորդը ուսեալ երիտասարդ մըն էր, որ կը գանգատէր իր վիճակէն.
-Ես ճարտարապետ եմ, բայց անգործ ըլլալու պատճառաւ նախընտրեցի վարորդութիւնը, որովհետեւ չկրցայ գործ գտնել իմ ասպարէզիս մէջ: Այս երկրին մէջ համալսարանական ուսումը գործի չի ծառայիր: Ահաւասիկ ա՛յս է վիճակս:
Ա՛յո, երիտասարդները կ'ուսանին, բայց անոնք մեծ մասամբ անփորձ են իրենց գործին մէջ: Կ'ուզեն գործատեղիի մը մէջ կամ ընկերութեան մը մօտ ամենալաւ պաշտօնը ստանցնել, սակայն չեն գիտակցիր որ պէտք է սկսիլ սանդուխի մը ամենավարի աստիճանէն եւ կամաց-կամաց բարձրանալ:
Ա՛յո, այս է կացութիւնը եւ մենք պէտք է տէր կանգնինք մեր երիտասարդ սերունդին: Պէտք չէ որ անոնք միայն ուսանելու համար ուսանին: Անհրաժեշտ է որ անոնք գիտակցաբար իրենց ասպարէզը կիրարկեն գործնական կեանգի մէջ: Ասոնց առընթեր, ընտանիքներուն ալ պարտականութիւն կը վիճակի: Դժբախտաբար, ներկայիս կարգ մը ծնողներ կ'ուզեն որ իրենց զաւակը իր աշխատած ընկերութեան մօտ առանց աւելին կոթը սեղմելու, յաճախորդին ձեռքը սեղմէ: Այսպիսի մտածում մը միայն դժուարութիւններու ճամբայ կը բանայ:
Է՛հ, համալսարանական անգործ երիտասարդներ. ինչո՞ւ չէք ընտրեր ժամկոչութիւնը: Ձեր կեանքի առաջին փորձառութիւնը թող սկսի եկեղեցիի մը մէջ:

Շուշան Գորտոնճիեան
27-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ