Friday, December 14, 2007

ԵՍ ԱԼ ՔՈՒԿԴ...




Մանչս ծնած է Զատկուայ օրերու մօտ: Մէկ քանի տարին անգամ մը իր տարեդարձը կը տօնենք Զատկին: Չորս տարեկան էր ան, երբ իր առաջին նախադասութիւնը կազմեց: Շատ ուշ սկսած էր խօսիլ: Այդ տարուան տարեդարձը զուգադիպած էր Զատկուայ օրին: Երեսուն հոգի հիւր պիտի ընդունէինք: Եկող հիւրերը մանչուս ձեռքը սեղմեցին եւ սապէս ըսին.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Արդէն ես ալ քանի մը շաբաթ շարունակ, իրեն սորվեցուցած էի Զատկուայ յատուկ հետեւեալ նախադասութիւնը.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
-Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Այո՛, այս երկու նախադասութիւնները, զորս կ'արտասանենք Զատկին եւ Զատկուան յաջորդող քառասուն օրերու ընթացքին, կը խորհրդանշեն Քրիստոնէութիւնը:
Քանի մը տարի վերջ մանչս դպրոցական տարիքի հասաւ: Զայն արձանագրեցինք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզը: Այդ տարի մեր զաւկին տարեդարձը դարձեալ պիտի տօնէինք Զատկին օրը:
Մանչս Զատկուան այդ օրը ուսուցչուհիին մօտ կ'երթայ ու կ'ըսէ.
-Օրիորդ, Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Ուսուցչուհին կը շուարի:
Երբ ես արձակուրդին մանչս դպրոցէն առնելու գացի, ուսուցչուհին մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
-Ձեր մանչը շատ սքանչելի արտասանութեամբ մը իմ Զատիկս շնորհաւորեց: Բայց շնորհաւորութեան յաջորդող նախադասութիւնը չհասկցայ: Ի՞նչ ըսել է «տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ»:
Խնդացի եւ ըսի.
-Իմ մանչուս տարեդարձը Զատկի օրերուն կը զուգադիպի: Բերնի վարժութիւն եղած է:
Այսպէս անցան տարիներ: Այս տարի դարձեալ մանչուս տարեդարձը զուգադիպեցաւ Զատկի օրուան: Ճաշասեղանին վրայ կարկանդակ մը դրինք: Կտրած պահուն, մանչս ըսաւ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց: Տարիքո՛վդ ապրիս Լեւոնիկ:
Մենք այդ գիշեր բաւական խնդացինք եւ հին օրերը յիշեցինք:
Այս տարի, Զատկին առաւոտուն մանչս ըսաւ.
-Մա՛յր. դուն բնաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին չես գացած: Կ'ուզե՞ս որ հոն տանիմ քեզ:
Շատ ուրախ էի: Ամուսինս, ես եւ մանչս միասնաբար գացինք Սամաթիա: Խուրներամ բազմութիւն կար եկեղեցոյ մէջ: Դժուարաւ ներս մտանք: Բայց այնքան բազմութիւն կար եկեղեցիէն ներս, որ զիրար կորսնցուցինք: Առջեւ յառաջացայ, Թաղումին քով մոմս վառեցի: Սկսայ արարողութեան հետեւիլ: Բայց իսկապէս հետեւելու հնարքը չկար: Կիները ո՛չ թէ աղօթելու, այլ աթոռ գրաւելու կռիւի բռնուած էին մէկզմէկու հետ:
Արարողութիւնը, պատարագիչին տուած քարոզը, ամէն ինչ սքանչելի էր: Կարծես հոգիդ կը կշտանար: Սակայն քանի՞ հոգի է որ այդ զգացողութիւնը կ'ունենար: Մարդիկ եկեղեցի եկած էին զիրար տեսնելու, իրարու հետ խօսելու եւ կարօտներ բաժնելու:
Վերջապէս եկեղեցիի արարողութիւնը աւարտեցաւ: Նստարանները պարպուիլ սկսան: Պարապ նստարանի մը վրայ նստայ: Խորանը դիտել սկսայ: Շատ գեղեցկօրէն շտկուած էր: Որքա՞ն նստայ, չեմ գիտեր: Ամուսինս մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
-Այլեւս պէտք է երթանք:
Միասին եկեղեցիին պարտէզը ելանք: Տակաւին բազմութիւնը չէր ցրուած: Ետեւէս ձայն մը լսեցի, որ կ'ըսէր.
-Հայըրլը պայրամլար, քարտաշ:
Ուրիշ ձայն մը պատասխանեց.
-Հայըրլը պայրամլար:
Շուարեցայ: Մենք իրարու երես նայելով խնդացինք:
Յաջորդ օր Մեռելոց էր: Մենք միասնաբար Գնալը կղզի երթալով մեր գերեզմանը օրհնեցինք: Դժբախտաբար հոն ո՛չ քահանայ մը, ոչ ալ լուսարար մը կայ: Մենք մեր աղօթքը կ'ընենք եւ կը հեռանանք գերեզմանէն:
Արդէն Երջանկայիշատակ Գալուստեան Պատրիարք Հօր վախճանումէն ետք լուսարարը եկեղեցիին Թաղումը շտկելու ձանձրոյթն իսկ յանձն չ'առներ:
Կէսօրէ վերջ մեր խանութը բացինք : Քիչ յետոյ հայ յաճախորդ մը մտաւ: Հետաքրքրուեցանք: Յետոյ իր գործը վերջացաւ: Մանչս յաճախորդին ձեռքը սեղմելով ըսաւ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
Յաճախորդին տուած պատասխանը սապէս էր.
-Ես ալ քուկդ:
Ի՞նչ կ'ըլլայ այսպէս մեր հայ ազգին: Ի՞նչ տեսակ պատասխան մըն էր այդ:
Երեկոյան ուրիշ հայ յաճախորդ մը եւս մտաւ մեր խանութէն ներս: Յաճախորդին առաջին նախադասութիւնը ա՛յս եղաւ.
-Կէչմիշ պայրամընըզը քութլարըմ:
Ես զգացի որ մանչս շատ լեցուած էր: Ան ըսաւ կանգ առնելով իւրաքանչիւր բառին վրայ.
-Պէն տէ սէնին, պէն տէ սէնին:
Դժբախտաբար մեր պոլսահայութեան ապագան այսպէս պիտի շարունակուի:
Բայց մեր ընտանիքը կրօնաւորներու խրատականին հետեւելով քառասուն օր պիտի ըսէ.
-Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց:
-Օրհնեա՛լ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Շուշան Գորտոնճիեան
13-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ