Tuesday, December 11, 2007

ՉԳԻՏՆԱԼԸ ԱՄՕԹ ՉԷ, ՉՍՈՐՎԻԼԸ ԱՄՕԹ Է




Մեր մեծերը երբ խրատական մը տալ սկսէին, կ'ըսէին. «Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է»:
Աղջկան մէկը, կ'ամուսնանայ: Նոր հարս է եւ ո՛չ մէկ բան գիտէ: Բայց ան գիտոսիկի ձեւերով, ինքզինքը ամենագէտ կը ձեւացնէ:
Կերակուր մը պիտի եփէ, իր դրկիցին մօտ կ'երթայ, կերակուրին բացատրութիւնը կ'ուզէ: սորվելէ վերջ ալ սապէս կ'ըսէ. «Այո՛, ես ալ արդէն գիտէի»:
Այսպէս, երկար ժամանակ ան նոյն բանը կը շարունակէ: Ինչ որ սորվիլ կ'ուզէ, նախ բացատրութիւնը կ'առնէ, յետոյ «ես գիտէի» կ'ըսէ:
-Օր մը դրացուհին շատ կը ջղայնանայ եւ կ'որոշէ այս աղջկան խաղ մը խաղալ:
Նոր հարսը դրացիին մօտ կուգայ եւ կ'ըսէ.
-Ես այսօր ուլականջ ծախու առի, որպէսզի ձէթով լիցք եփեմ: Բայց ուլականջները ինչպէ՞ս մաքրեմ:
Կինը կ'ըսէ.
-Նախ եւ առաջ գուլպաներդ պիտի հանես: Ոտքերդ լաւ մը պիտի լուաս: Յետոյ ուլականջները ոտքիդ տակ պիտի դնես: Առանց դադարի, ոտքերդ աջ ու ձախ պիտի շարժես:
Աղջիկը կը պատասխանէ:
-Այո՛, արդէն գիտէի:
Ան անմիջապէս իր տան խոհանոցը կը վազէ եւ կը սկսի դրացուհիին ըսածը կիրարկել: Քանի մը վայրկեան ետք, կը սկսին ոտքերը սաստիկ արիւնիլ: Գիշերը ամուսինը կուգայ եւ կնոջը վիճակը կը տեսնէ: Նոր հարսը իր ըրած ամօթը կը հասկնայ եւ ամուսնին ո՛չ մէկ բան կրնայ ըսել:
Ես ալ մեծերուս ըսածին պէս, նոյն բանը պիտի ըսեմ.
«Չգիտնալը ամօթ չէ, չսորվիլը ամօթ է»:
Ամառուան եղանակի Շաբաթ առաւօտ մըն էր: Ամուսինս եւ մանչս շոգենաւի պիտի հասնէին: Ես ալ անոնց հետ միասին փողոց ելայ:
Շաբաթ գիշերներ ընդհանրապէս ձուկ կ'ուտենք: Այդ օր ալ ձուկ պիտի տապկէի:
Ձկնորսին մօտ շատ երկար պոչ մը կար: Քիչ մը ձուկերը դիտեցի: Սնտուկներու մէջ արքայաձուկ, իսքորբիթ, սթաւրիթ կար: Ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ ալ խեցգետիններ կային:
Մարդուն մէկը ձկնորսին մօտեցաւ եւ սապէս ըսաւ.
-Սա միջատները մեր տունը կը ղրկե՞ս:
Դրամն ալ տուաւ եւ հոնկէ հեռացաւ:
Շատ պիտի սպասէի: Եկեղեցիս գացի, մոմս վառեցի: Յետոյ ուրիշ գնումներ ունէի, անոնք ըրի: Ձեռքս շատ լեցուն էր: Տուն տարի, ձգեցի: Բաւական ժամանակ անցած էր: Մտածեցի որ ձկնորսին մօտ պոչը կարճցած է: Դարձեալ գացի ձկնորսին մօտ: Այդ միջոցին մարդ մը պոռալով, կանչելով ձկնորսին մօտեցաւ: Ուշադրութեամբ նայեցայ մարդուն երեսը: Առաւօտուն խեցգետինները ծախու առնող մարդն էր: Ձեռքի ծրարը ձկնորսին ոտքերուն տակ նետելով, ան սապէս ըսաւ.
-Ա՛ռ այս միջատները, քո՛ւկդ թող ըլլան: Այս ի՞նչ տեսակ բան է: Կինս ծրարը բացաւ, միջատները քալել սկսան: Կինս ճանճին փաթ-փաթը ձեռքը առաւ, զարկաւ, չմեռան: Շելթոքսը սեղմեց, նորէն չմեռան: Ինծի սրճարան հեռաձայնեց: Տուն գացի, բոլոր ասոնք հաւաքեցի եւ հիմա եկայ քեզմէ դրամս ետ պահանջելու: Զիս խաբեցիր:
Եթէ այդ անձը, ձկնորսէն խեցգետինը եփելու բացատրութիւնը ուզէր, այսպէս խայտառակ պիտի չըլլար:

Խեցգետինը եփելու համար, կերակուրի խոշոր սանի մը մէջ ջուր պիտի լեցուի: Ջուրին մէջ երկու ապուրի դգալ աղ, մէկ ապուրի դգալ շաքար, մէկ ապուրի դգալ քացախ, հատ մը չստկուած սոխ պիտի դրուի «կեղեւներով»: Ջուրը լաւ մը պիտի եռայ: Յետոյ խեցգետինները եռացած ջուրին մէջ պիտի նետուին եւ 45 վայրկեան պիտի եփին: Ուտելու ատեն ընկոյզի կոտրելիքով պիտի կոտրուին: Անո՛յշ ըլլայ:
«Պարապ տեղ բացատրութիւն տուի. ես արդէն գիտէի»:

Շուշան Գորտոնճիեան
26-Մարտ-2003 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ