Tuesday, December 4, 2007

ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՐՆԱ՞Մ ԳԱԼ




Քանի մը շաբաթ առաջ էր: Ընկերուհիիս քոյրը Գանատայէն քաղաքս եկաւ իր երկու զաւակներուն հետ:
Անոնք այստեղ հարսանիքի մը պիտի մասնակցէին: Զաւակներէն աղջիկը՝ 15 տարեկան էր, իսկ մանչը՝ 10 տարեկան:
Այդ օր անոնք առուտուրի պիտի ելլէին: Ընկերուհիս խնդրեց ինձմէ որ իր մանչը ինծի ձգէ: Չկրցայ մերժել եւ բերնէս «այո՛» մը ելաւ:
Մանչը, որ Սէր կը կոչուէր, շատ անառակ էր: Ան շատ անուշիկ հոգեակ մըն էր: Ի՞նչպէս կրնայի մերժել:
Ընկերուհիս անմիջապէս տուն գնաց, Սէրը առաւ եւ ինծի բերաւ:
Սէրին ձեռքէն բռնած՝ միասին հիւրասենեակ մտանք: Ան ձեռքը պայուսակ մը ունէր: Պայուսակը բացաւ, թափեց խաղալիքները եւ մենք սկսանք միասին խաղալ:
Կէս ժամ վերջ, Սէր նեղուած էր խաղալէն: Ոտքի ելաւ հոս ու հոն խառնշտկել սկսաւ:
Աստուա՛ծ իմ. ի՞նչ պիտի ընէի, ի՞նչպէս գլուխ պիտի ելլէի այս անառակ տղուն հետ: Երբ այսպէս կը մտածէի, սեղանիկին վրայ աչքիս զարկաւ «Մարմարա» օրաթերթի տրցակը: Անմիջապէս ձեռքս առի լրագիրներէն մէկը: Շաբաթ օրուան լրագիրն էր: Ներքին էջը բացի եւ տեսայ «Ծաղկեփունջ»ի էջը: Հոն տեսայ պատմութիւններ: Եւ ահա, Օրիորդ Մաքրուհին այդ պահուն իմ օգնութեան հասած էր:
Սէրին մօտ գացի եւ ըսի.
-Սէր, դուն հայերէն կարդալ-գրել գիտե՞ս:
-Այո՛, գիտեմ: Ես հայկական վարժարան կը յաճախեմ:
-Շատ լաւ, պատմութիւն կը սիրե՞ս:
-Այո՛, շատ կը սիրեմ:
-Այն ատեն ինծի այս պատմութիւնը կրնա՞ս կարդալ:
-Այո՛, կը կարդամ:
-Եւ այսպէս, ան սկսաւ պատմութիւնը կարդալ: Քանի մը վայրկեան ետք, պատմութիւնը լրացած էր: Սէր երեսս նայեցաւ:
-Վերջացաւ, ըսաւ: Դուն պատմութիւն գիտե՞ս:
-Այո՛, ըսի:
-Այն ատեն դուն ալ ինծի պատմութիւն մը կրնա՞ս պատմել:
-Հարկաւ կրնամ պատմել: Մտի՛կ ըրէ.
-Մէկը կայ եղեր, մէկը չկայ եղեր. շատ հեռաւոր երկրի մը մէջ երկու հսկայ լեռներ կան եղեր: Այդ գիւղին մէջ աղքատիկ ընտանիք մը կ'ապրի եղեր. մայր մը, հայր մը եւ իրենց մէկ հատիկ աղջիկը:
Օր մը դուռը կը զարնուի, երեք ծերունիներ կը յայտնուին դրան առջեւ:
Տանտիրուհին կը հարցնէ.
-Ի՞նչ ուզեցիք:
Ծերունիները կը պատասխանեն.
-Մենք ձեզի բախտ բերինք: Հիմա ձեզի հարցումներ պիտի ուղղենք: Եթէ այդ հարցումներուն պատասխանէք, ձեր բախտին պիտի տիրանաք:
Տանտիրուհին կ'ըսէ.
-Ամուսինս հոս չէ, ձեր հարցումներուն չեմ կրնար պատասխանել:
Ծերունիները կ'ըսեն.
-Այն ատեն մենք հիմա երթանք, եւ երբ ձեր ամուսինը գայ, կուգանք:
Երբ գիշեր կ'ըլլայ, ծերունիները դարձեալ կուգան: Կինը կը դիմաւորէ հիւրերը:
-Հիմա, կ'ըսեն ծերունիները,մենք հարցումներ պիտի ուղղենք ձեզի: Այսպէս, անոնք կարգով կը սկսին հարցնել.
Առաջին ծերը կ'ըսէ. «Ես դրամ եմ», երկրորդ ծերը կ'ըսէ. «Ես յաջողութիւն եմ», իսկ երրորդը կ'ըսէ. «Ես սէր եմ»:
Այսպէս ըսելէ ետք, անոնք կը հարցնեն միաբերան.
-Հիմա որոշում պիտի տաք եւ մեզմէ մէկը ներս պիտի առնէք, զո՞վ կը նախընտրէք:
Կինը ամուսնին եւ աղջկան քով կ'երթայ եւ կը պատմէ ամէն ինչ:
Մարդը կ'ըսէ.
-Մենք շատ աղքատ ենք, դրամը առնենք:
Կինը կ'ըսէ.
-Յաջողութիւնը եթէ առնենք, աւելի լաւ չըլլա՞ր:
Իսկ աղջիկը կ'ըսէ.
-Ես շատ երիտասարդ եմ, սէ՛րը կ'ուզեմ:
Մայրը եւ հայրը իրարու երես կը նային: Չեն կրնար մերժել իրենց զաւակը եւ վերջապէս կուտան իրենց որոշումը:
Կինը ծերունիներուն քով կ'երթայ եւ կ'ըսէ.
Մենք մեր որոշումը տուած ենք, սէ՛րը ներս պիտի առնենք:
Կինը եւ սէրը միասնաբար ներս կը մտնեն: Պահ մը կինը կռնակը կը դառնայ: Երբ դարձեալ կը փոխէ իր դիրքը, կը տեսնէ որ յաջողութիւնը եւ դրամն ալ սէրին ետեւէն կը քալեն:
Կինը կ'ըսէ.
-Դուք ի՞նչու ներս մտաք: Մենք միայն սէրը ուզեցինք:
Ծերունիները կը պատասխանեն.
-Լաւ ընտրութիւն մը ըրիք: Երբ սէրը տեղէ մը ներս մտնէ, հոնկէ յաջողութիւնն ու դրամն ալ կը մտնէ:

Սէրը հասկցաւ որ պատմութիւնս վերջացած էր: Վիզս փաթթուեցաւ եւ համբոյր մը դրոշմեց այտիս: Շուարած էի թէ ի՞նչ պէտք է ընէի:
Այդ միջոցին զանգակը հնչեց: Դուռը բացի: Ընկերուհիս եկած էր: Ներս առի: Միասնաբար Սէրին խաղալիքները հաւաքեցինք:
Սէրը մօրաքրոջ ձեռքէն բռնեց, աչքերուս մէջ նայեցաւ եւ սապէս ըսաւ.
-Վաղը դարձեալ կրնա՞մ գալ:

Շուշան Գորտոնճիեան
25-Նոյեմբեր-2002 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ
27-Յունուար-2003 Երկուշաբթի
ԳԱՀԻՐԷ, «ԱՐԵՒ ՕՐԱԹԵՐԹ»