Wednesday, December 12, 2007

ՕՁԻՔԴ ԽԱԾ




Ունիմ շատ սիրելի բարեկամուհի մը, որ անցեալ օր խանութս եկած էր: Մտերիմ խօսակցութեան մը ընթացքին, բարեկամուհիս ըսաւ.
-Տղադ, որ այլեւս լրացուցած է իր զինուորական ծառայութիւնը, հասած կը նկատուի ամուսնութեան տարիքին:
Ես պատասխանեցի իրեն.
-Առա՛ջ Աստուած: Ո՛չ դրամ եւ ոչ ալ ուրիշ բան կը ցանկամ: Կը ցանկամ որ տղուս ներկայացող աղջիկը ըլլայ մեր ընտանիքին պատիւ բերող աղջիկ մը:
Բարեկամուհիս, որ ինձմէ աւելի մեծ տարիք ունի, փորձառու եւ շատ լաւատես կին մըն է, ըսաւ.
-Եթէ տղադ խրատես ամուսնութեան մասին, անոր սապէս ըսէ: «Այն աղջիկը որուն հետ պիտի միացնես քու կեանքդ, մօրդ հետ երբեք մի՛ բաղդատեր: Որովհետեւ եթէ բաղդատես, բնաւ երջանիկ չես կրնար ըլլալ»:
Քիչ մը եւս խօսեցանք: Այդ միջոցին խանութիս դուռը բացուեցաւ եւ յաճախորդ մը ներս մտաւ: Բարեկամուհիս կամացուկ մը տեղէն ելաւ: Ձեռք շարժելով մեկնեցաւ: Քանի մը վայրկեան վերջ, յաճախորդիս ալ գործը վերջացած էր:
Հիմա խանութիս մէջ առանձին էի: Թիկնաթոռիս մէջ թաղուեցայ: Մտածեցի բարեկամուհիիս այդ սքանչելի խրատականի մասին: Երբ կը մտածէի, ուրիշ բան մը յիշեցի: Եթէ աղջիկ մը ունենայի, ի՞նչպէս պիտի խրատէի զայն: Կը խորհիմ թէ սապէս պիտի ըսէի անոր:
-Աղջիկս, այլեւս ամուսնանալու տարիքին հասած ես: Այն տղան զոր դուն պիտի ընտրես, չըլլայ որ հօրդ հետ բաղդատես: Եթէ բաղդատես, կեանքիդ մինչեւ վերջը չես կրնար երջանիկ ըլլալ:
Յետոյ, հարսանեկան հագուստներու մէջ, տունէն դուրս ելլելիք օրը, աղջկանս գլուխը կուրծքիս պիտի սեղմէի եւ սապէս պիտի ըսէի անոր.
-Հիմա այս դռնէն թիթեռնիկի մը պէս դուրս պիտի ելլես: Օր պիտի գայ, դարձեալ այս դռնէն ներս պիտի մտնես: Բայց պիտի մտնես այս անգամ որպէս իմ հիւրը: Տաճարին մէջ, Սուրբ Խորանին առջեւ գլուխդ պիտի միացնես ամուսնիդ գլխուն: Հոն, Աստուծոյ տան մէջ պիտի խոստանաս հաւատարիմ մնալ քու ամուսնոյդ: Այն երդումը զոր դուն կ'ընես Աստուծոյ առջեւ, կեանքիդ մինչեւ վերջը մի՛ մոռնար: Աստուծոյ առջեւ ըրած այդ երդումդ, քու երջանկութենէդ անգամ աւելի կարեւոր պէտք է ըլլայ:
Դժբախտաբար այս երազս պիտի չիրականանայ: Որովհետեւ աղջիկ զաւակ չունիմ:
Այդ գիշեր մանչուս ընկերներէն մէկը հանդիպեցաւ խանութ: Տղան տխուր վիճակ մը ունէր:
-Ի՞նչ ունիս, ինչո՞ւ տխուր ես, հարցուցի:
-Նշանածէս բաժնուեցայ, ըսաւ:
-Ինչո՞ւ բաժնուեցաք: Շատ կը սիրէիք զիրար:
-Պատճառը մայրն է, նշանածիս մայրը, ըսաւ:
Ան յաճախ կ'ըսէր. «Եթէ տասը տարի ալ անցնի ձեր ամուսնութեան վրայէն, եթէ աղջիկս նեղես, կը քաշեմ քու քովէդ կ'առնեմ»: Յետոյ աղջկան դարձաւ եւ սապէս շարունակեց. «Քու ամուսնիդ երկու օձիքը քով քովի պէտք չէ որ բերես»:
Այս ի՛նչ ամօթ խօսակցութիւն է: Աղջկան մօր մը վայե՞լ է այս խօսակցութիւնը: Մանչուս ընկերը շատ բարի, աշխատասէր եւ պատուաւոր տղայ մըն է: Մխիթարելու համար զայն, ըսի:
-Լաւ եղեր է որ կարճ ճամբէն անոնք իրենց անկրթութիւնը ցոյց տուեր են: Այսպիսի ընտանիքի աղջիկ մը քու ձեռքիդ աղտը թող ըլլայ: Մի՛ յուզուիր:
Եթէ այդ միջոցին զոքանչս քովս ըլլար, կ'ըսէր:
-Աղջի՛կ. օտարի պիտի խառնուիս: Մեծ մի՛ խօսիր: Օձիքդ խած:
Կարծեմ թէ տղան քիչ մը մխիթարուեցաւ: Ոտքի ելաւ եւ ըսաւ:
-Տրամադրութիւնս քիչ մը շտկուեցաւ: Փորս շատ անօթեցաւ: Հիմա երթամ մայրս ինծի կը սպասէ:
Տղան երթալէ վերջ ամուսինս կատակել սկսաւ: Քովս եկաւ, ձեռքս սեղմեց ու ըսաւ.
-Ապրի՛ս, լաւ խօսեցար: Տղան մխիթարեցիր: Լաւ տրամադրութեամբ գնաց իր մօրը մօտ:
Կատակը մէկ կողմ դնենք:
Այդ գիշեր ամուսնիս ալ քունը փախաւ: Որովհետեւ այս օրերուս շատ մեծ հարց է ամուսնութեան խնդիրը: Մեզի պէս մտածող բոլոր մայրերու եւ հայրերու գլխուն մէջ հարցման նշան մը կայ: Դժբախտաբար ամուսնալուծումներու թիւը աւելցած է:
Տղուս ընկերները անպայման ամէն օր, գործէ արձակուելէ վերջ, մեր խանութը կը հանդիպին: Անոնք իրենց յուզումն ու երջանկութիւնը մեզի հետ կը բաժնեն: Գիտեն որ, ես զանոնք պիտի մխիթարեմ:
Քանի մը ամիս առաջ էր: Դարձեալ տղուս ընկերներէն մէկը խանութ հանդիպեցաւ: Մանչուս հետ սկսան փսփսալով խօսիլ: Հասկցայ որ բան մը կար: Բայց անտարբեր մնալ ձեւացուցի: Վերջապէս ան չկրցաւ դիմանալ, մօտեցաւ ինծի:
-Ի՞նչ կայ, նեղութիւնդ ի՞նչ է, պատմէ՛ նայիմ, ըսի.
-Հայրս խանութ մը բացաւ ինծի: Շատ երջանիկ ու շատ խաղաղ էի: Բայց հիմա երջանիկ չեմ:
-Ինչո՞ւ, հարց տուի տղուն:
-Որովհետեւ, ընկերներս խանութիս մէջ կը մտնեն-կ'ելլեն: Իմ անդորրութիւնս եւ գործիս կանոնաւորութիւնը կը խանգարեն: Ի՞նչ պէտք է ընեմ:
Շուարած մնացի:
Տղուն երեսը նայելով խնդացի: Յանձնարարեցի որ նստի: Յեսոյ ըսի.
-Հիմա քեզի պատմութիւն մը պիտի պատմեմ: Դուն ալ նոյն բանը ըրէ: Պիտի տեսնես, որ ժամանակ մը վերջ շատ երջանիկ պիտի ըլլաս:
«Մարդ մը իր տղուն խանութ մը կը բանայ: Տղան շատ երջանիկ է: Բայց միջոց մը վերջ տղուն դէմքի արտայայտութիւնը կը փոխուի: Հայրը տղուն վիճակը կը հասկնայ: Իր մօտ կանչելով զայն, հարց կուտայ իրեն.
-Քեզ այս օրերուս տխուր կը տեսնեմ: Ի՞նչ է հարցը:
-Շատ ուրախ էի հայր, երբ դուն խանութ մը բացիր ինծի: Բայց հիմա ընկերներս զիս հանգիստ չեն ձգեր: Խանութիս մէջ ծխիկներ, սուրճեր, թէյեր, հոս հոն խառնշտկելներ...: Ես շատ անհանգիստ եմ:
-Ա՞յդ է քու նեղութիւնդ, կ'ըսէ հայրը: Հիմա քեզի յանձնարարութիւն մը պիտի ընեմ: Հարուստ ընկերներուդ պիտի ըսես. «Գործերս լաւ չեն: Ինծի դրամ կուտա՞ք»: Իսկ աղքատ ընկերներուդ պիտի ըսես. «Իմ գործերս շատ յաջող են: Ձեզի դրամ տալ կ'ուզեմ»:
Տղան հետեւեալ օր խանութ կ'երթայ եւ հօրը պատմածը կը գործադրէ: Հարուստ ընկերները «Գործ ունինք» կ'ըսեն ու կը փախչին: Իսկ աղքատները տղուն դրամը առնելով խանութէն կը հեռանան: Քանի մը օր վերջ ալ կը տեսնէ, որ խանութին մէջ միայն իրեն սրտակից բարեկամ ընկերները մնացած են: Տղան այլեւս երջանիկ է:
Ամիս մը անցած էր: Տղուս ընկերը դարձեալ խանութս եկաւ: Բայց այս անգամ երջանիկ էր ան: Մօտեցաւ, ձեռքը ուսիս դրաւ եւ ըսաւ:
-Ըրի այնպէս, ինչպէս յանձնարարած էիր ինծի: Խանութիս մէջ արեւ ծագեցաւ: Այլեւս չար ընկերներս զիս չեն անհանգստացներ:
Ուրախ էի: Այդ գիշերուան աղօթքս այսպէս վերջացուցի:
«Աստուծոյ սէրը աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն հետ թող ըլլայ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Ապրիլ-2003 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ