Monday, December 24, 2007

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ




Մեր բոլորին առօրեայ կեանքը այլեւս փոխուած է: Տնտեսական տագնապը մեծ վնաս կը պատճառէ մեր ապրելակերպին: Նիւթականը մարդոց բարոյականին վրայ ալ ունի իր ներգործութիւնը: Այլեւս մարդոց ճակտի քրտինքով շահած դրամը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Շահն ու ծախսը իրարու հետ համահաւասար համեմատութիւն չունին:
Ընտանիք մը աչքի առջեւ բերենք: Այր ու կին կ'աշխատին որպէս պաշտօնեաներ: Իրենց ստացած գումարը երբեք չի դիմագրաւեր ծախսերը:
Տան վարձք, ելեկտրականութիւն, ջուրի դրամ, վառելանիւթի հաշուեցոյցեր այնքան բարձր գումարներով մեր առջեւ կուգան, որ այդ գումարին հասնելու կարելիութիւն չկայ: Այսպէս նիւթական հարցերը մարդոց բարոյական կեանքն ալ կը խաթարեն:
Մարդիկ իրենց տնտեսական վիճակը կարգի դնելու համար մեծ ջանք կը վատնեն: Հիմա այլեւս պատերազմ մըն ալ ելած է: Ո՛չ մէկը տեղէն շարժիլ եւ գործի մը ձեռնարկել կ'ուզէ:
Հրապարակի գործերը արդէն փայլուն վիճակ չէին պարզեր, իսկ հիմա հետզհետէ կը վատթարանան: Եթէ զբօսաշրջիկներ այցելութեան չգան, տնտեսական հրապարակը ճգնաժամ պիտի ապրի: Իսկ այս օրերուս դժբախտաբար պակսած է զբօսաշրջիկներու թիւը:
Պատերազմը մեր բոլորին վրայ գէշ ազդեցութիւն գործեց: Երկիրներու կառավարիչներ ուրիշ ձեւով չէի՞ն կրնար կարգադրել իրենց հարցերը: Անոնք քաղաքական շահերու համար մարդոց թէ՛ տնտեսական եւ թէ բարոյական վիճակը խանգարեցին, խաթարելով նաեւ հազարաւոր փոքրիկներու հոգեկան աշխարհը:
Անցեալ օր, Գուրթուլուշի մեծ «մարքէթ»ներէն մէկուն մէջ առեւտուր կ'ընէի: Երիտասարդ մարդ մը ու իր տասը տարեկան զաւակը ուշադրութիւնս գրաւեցին:
Տղուն ձեռքը «Քինտըր սըփրայզ» մը կար: Ան դառնալով հօրը՝ ըսաւ.
-Հայրիկ, բացի ասկէ, «շոքէլլա» ալ կրնա՞նք առնել: Դուն ալ նախաճաշին կ'ուտես անկէ:
Հայրը չպատասխանեց: Միայն ժպիտով մը գլուխը շարժեց: Իսկ զաւակը քաջալերուած, «շոքէլլան» առաւ եւ զայն դրաւ իր կողովին մէջ: Յետոյ քանի մը շաքարներու տեսակներ ալ առին: Իմ ալ գործս վերջացած էր: Միասնաբար մօտեցանք դրամարկղին: Հայր ու տղայ իմ առջեւս էին: Կարգը իրենց եկաւ: Երիտասարդ հայրը հարցուց.
-Որքա՞ն է մեր պարտքը:
-8 միլիոն 750 հազար, ըսաւ վաճառորդուհին:
-Հայրիկ, ի՞նչ առինք որ այսքան դրամ բռնեց: Եթէ կ'ուզես, այս «Քինտըր»ը կրնամ տեղը դնել: Հիմա պատերազմի ժամանակ է: Այսքան պերճանք ընելու պէտք չկայ: Անոր տեղ, մեր տան համար, ուրիշ պակաս մը կրնանք լրացնել:
Հայրը ժպտելով ըսաւ.
-Ո՛չ տղաս, ո՛չ, կրնանք առնել:
Տղան կարգէն ելաւ, գնաց «քինտըր»ներու դարանին մօտ, նայեցաւ գինը եւ հօր մօտ վերադարձաւ:
Տասը տարեկան տղան յանցաւոր կը զգար ինքզինք: Ան զղջացած էր «Քինտըր» առնելուն համար: Իսկ ես ազդեցութեան տակ մնացած էի այս միջադէպին:
Կրնա՞ք երեւակայել. եթէ տասը տարեկան տղեկ մը կը ճնշուի նիւթականի ազդեցութեան տակ, ան յառաջիկայ տարիներուն իր զաւկին համար ի՞նչպիսի պատասխանատուութիւններ պիտի կարենայ ստանձնել:
Մեր երկրին մէջ ամէն ինչ տոլարի կը համապատասխանէ, կ'ըսեն: Տոլարը եթէ բարձրանայ, ամէն ինչ կը սղէ: Տարիէ մը ի վեր տոլարի գինը գրեթէ անփոփոխ կը մնայ, սակայն ամէն ինչ կը սղէ:
Երկիրը կառավարող անձեր ի՞նչպիսի ճար մը պիտի գտնեն այս կացութեան: Այլեւս փոքրաքանակ առեւտուրի դասակարգ գոյութիւն չունի երկրէն ներս: Երկիրը կազմող տարրերն են հարուստներն ու չքաւորները, այսինքն միջին դասակարգ գոյութիւն չունի:
Մենք դարձեալ փառք կուտանք մեր կեանքին որովհետեւ ընելիք բան չկայ:
Յաջողութիւն եւ առողջութիւն բոլորիդ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ