Saturday, December 29, 2007

ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵԼԻ ԵՆ




Առաքինազարդ Մայր Սրբուհի Գալֆաեան որբանոցը հիմներ է 1866-ին: Աղքատութեան եւ հիւանդութիւններու հետ մաքառեր է: Իր ձեռագործները նիւթականի վերածեր, որբերուն հացի, գիրքի, մատիտի դրամ ըրեր է: Երբ իր ձեռագործներէն ձեռք ձգուած գումարը անբաւարար մնացեր է, ան մեծահարուստի մը դիմեր է:
-Որբերուս նիւթական օգնութիւն կը հաճի՞ք ընել, ըսեր է ան:
Մեծահարուստը Սրբուհի Գալֆաեանի երեսին ապտակ մը իջեցուցեր է: Առաքինազարդ Մայրը, հարուստին դիմաց գլուխը չէ ծռեր: Ան քաջասրտութեամբ ըսեր է.
-Այս իմ բաժինս էր: Իսկ որբերուս համար ի՞նչ պիտի տաք:
1866-էն հասանք 2000-ական թուականներուն: Այս դէպքը մեր բոլորին պէտք է օրինակ ըլլայ:
-Այո՛, այսօր մեր տղոց ի՞նչեր կուտանք: Ի՞նչպէս կը պատրաստենք զանոնք ապագայ կեանքի:
Մեր կեանքին առաջին մասը երեք սուրբ շէնքերէ կը բաղկանայ: Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց:
Հիմա կ'ուզեմ այս սուրբ շէնքերը քիչ մը բանալ:
Նախ եւ առաջ պէտք է սկսինք տունէն:
Երկու երիտասարդներ կ'ամուսնանան եւ բոյն մը կը կազմեն: Այր եւ կին կ'աշխատին: Օր կուգայ, աշխարհ կը բերեն իրենց զաւակը: Տան մէջ ո՛չ մեծմայրիկ կայ, ոչ ալ կեսուր կայ: Օտար կին մը կը բռնուի: Նոյն ցեղէ չէ այդ կինը: Ան երախային ի՞նչ տեսակ դաստիարակութիւն պիտի կարենայ տալ: Չէ՞ որ ան ո՛չ թէ այդ երախային համար ինքզինքը զոհելու, այլ ամսավերջին իր դրամը առնելու ջանք կը թափէ: Շաբաթ-Կիրակի արձակուրդի օր է: Մայրը-հայրը այդ օր գործի չեն երթար: Սակայն, այդ օր ալ տան մէջ աշխատանք կայ: Մայրը տղան կը նստեցնէ հեռատեսիլին դիմաց: Անճաշակ կայան մը կը բանայ: Տղան ժամերով կը դիտէ այդ կայանի յայտագիրը: Մայրը չի խորհիր թէ այդ յայտագիրը դաստիարակիչ որեւէ օգուտ ունի՞: Մօր համար կարեւորը տղուն անձայն նստիլն է:
Մեր օրերուն մեծմայրեր ու մեծհայրեր կային տան մէջ: Պատմութիւններ կը լսէինք մեր մեծմայրերէն: Մեր մեծհայրերը նկարներ կը գծէին ու մեզի մատիտի խաղեր կը սորվեցնէին: Մեր հոգիները կ'երջանկացնէին: Կարճ խօսքով, մեր տան մէջ խնջոյք կար: Նոյն խնջոյքը իմ զաւակս ալ ապրեցաւ:
Երկրորդ սուրբ շէնքն է եկեղեցին:
Իսթանպուլի մէջ ունինք 36 Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցիներ: Ես եկեղեցիի սիրահար եմ: Բայց աշխարհական եմ: Պէտք է որ կրօնաւոր մը գրէ եկեղեցիին մասին: Ես եկեղեցիի մասին շատ բան չեմ գիտեր: Սակայն զաւկիս հետեւեալ աղօթքը սորվեցուցած եմ.
«Երբ աղօթելու ըլլաս, մտիր սենեակդ, փակէ դուռդ եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու հօրդ եւ քու հայրդ, որ կը տեսնէ ծածկապէս, պիտի հատուցանէ քեզի յայտնապէս»:
Գալով դպրոցին: Դպրոցը մեր ամենակարեւոր շէնքերէն մէկն է:
Իմ աշակերտութեան շրջանին, մեր դասարանին մէջ ածուխի վառարաններ կային: Վառարանին քով դոյլ մը կար, ածուխով լեցուն: Մեր ուսուցչուհիներն էին որ կը լեցնէին ածուխը՝ վառարանին մէջ: Դասարանը շատ տաք կ'ըլլար: Սակայն այս տաքութիւնը վառարանին տուած տաքութիւնը չէր, այլ ուսուցչուհիին տաքութիւնն էր: Երբ ան կը սկսէր դաս մը բացատրել, իր աչքերէն մեր հոգիներուն տաքութիւն կը փոխանցուէր: Այս տաքութիւնը կեանքիս մինչեւ վերջը պիտի զգամ:
Այսօրուան ուսուցչուհիները, թուղթերու վրայ հարցումներ կը պատրաստեն ու տղոց ձեռքը կուտան:
-Այս հարցումներուն պատասխանները գրեցէք, վաղը թիւ պիտի տամ, կ'ըսեն:
Յետոյ կը նստեցնեն պաղ ապակիի մը առջեւ: Այդ պաղ ապակին ամէնքս ալ գիտենք. համակարգիչն է: Ապագային տղան շատ լաւ պիտի յիշէ այդ պաղ մեքենան եւ պիտի ըսէ.
-Շատ լաւ կը յիշեմ քեզ, պաղ ապակի: Աչքիս ակնոցները, որ կը կրեմ երեսիս վրայ, քու պատճառովդ է:
Նուիրատուութիւն...: Մեր բարերարները սիրոյ սեղաններու վրայ մեծագումար նուիրատուութիւններ կ'ընեն: Բոլորին վարձքը կատար թող ըլլայ: Բարերարներու շնորհիւ է որ մեր վարժարանները ոտքի վրայ կը մնան: Սակայն հարց մը կայ. այս դրամները ի՞նչերու համար կը գործածուին: Ես պատասխանը կրնամ տալ. դպրոցին պատի ներկերուն, ճաշարանի ու դասարաններու աթոռի, սեղանի նորոգութեան: Պարտէզի ծաղիկներուն եւ ծառերուն եւլն.: Կարճ խօսքով, վարժարանի արտաքին երեւոյթին:
Հապա դասարանի նստարաններուն վրայ նստող մեր ծաղիկներուն համար ե՞րբ պիտի սկսինք բաներ մը ընել:
Օրինակ, լաւ գիրքերով լեցուն գրադարաններ, կամ լաւ պատրաստուած ուսուցչուհիներ: Մեր հաստատութիւններուն գլուխը գտնուող պատասխանատուները ե՞րբ պիտի արժէքաւորեն բարերարներու կատարած այդ նուիրատուութիւնները: Ծնողքներն ալ յանցաւոր են: Երբ իրենց զաւակները արձանագրելու կ'երթան, կարծես վարժարանի շէնքը ծախու պիտի առնեն: Կը նային պատերուն, նստարաններուն, սեղաններուն...:
Եթէ ես դպրոցական տղայ մը ունենայի, ուղղակի տնօրէնութեան սենեակը կը մտնէի եւ կը հարցնէի:
-Այս վարժարանէն քանի աշակերտ այս տարի համալսարանի քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրեց:
Այո՛, այս բոլոր սուրբ շէնքերուն մէջ՝ տուն, եկեղեցի, դպրոց, եթէ մեր նորահաս սերունդին լաւ դաստիարակութիւն չկարողանանք տալ, ապագային, գործի կեանքին մէջ, անոնք ի՞նչպիսի յաջողութիւններ պիտի կարենան արձանագրել:
Անշուշտ, ամէն մարզէ ներս, միշտ կան բացառութիւններ: Այդ պատճառով ալ գրութեանս խորագիրն է. «Բացառութիւնները յարգելի են»:
Ես կը խորհիմ, թէ բացառութիւն կազմող բացառիկները արժանի են յարգանքի, բայց անոնք յարգանք չեն փնտռեր. անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ յարգանք ցոյց տուող մարդ չէ մնացած:

Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-2003 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ