Tuesday, January 15, 2008

«ԱՅՍ ՀԱԳՈՒՍՏԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ Է,ԴՈՒՔ ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԳՆԵԼ»




Տարիներ առաջ, օր մը յաճախորդ մը մտաւ խանութէս ներս: Ան հագուած էր անխնամ ու մաշած հագուստներ: Ակնարկ մը նետեցի իր վրայ: Նախ կարծեցի որ մուրացկան մըն էր ան: Կրկին ուշադրութեամբ նայեցայ իրեն եւ տեսայ որ անոր կօշիկները լաւ վաճառանիշէ էին: Հետեւցուցի որ մարդը մուրացկան չէր: Անմիջամէս մօտեցայ իրեն եւ հետաքրքրուեցայ իրեն հետ: Քանի մը վայրկեան ետք բարեկամացանք յաճախորդիս հետ: Հրաւիրեցի որ նստի ան եւ սուրճ մը ապսպրեցի: Բաւական երկար ատեն խօսակցեցանք իրարու հետ: Վերջապէս ժամ մը վերջ, մարդը ոտքի ելաւ ու երթալ պատրաստուեցաւ: Վեց տոպրակ լեցուն ապրանք ծախած էի իրեն: Երբ ան խանութիս դռնէն դուրս կ'ելլէր, ձեռքս սեղմեց ու ըսաւ.
-Կը շնորհաւորեմ ձեզ: Այս պողոտային վրայ ո՛ր խանութէն որ ներս մտայ, ո՛չ մէկը հետաքրքրուեցաւ ինծի հետ այնպէս, ինչպէս դուք հետաքրքրուեցաք: Վաճառորդները իմ վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք, ըսին. «Այդ հագուստը շատ սուղ է. դուք չէք կրնար գնել»:
Վերջապէս, այդ մարդը մեր խանութին լաւ յաճախորդներէն մին դարձաւ: Այնուհետեւ ան երկար տարիներ իր գնումները մեր խանութէն ըրաւ:
Եթէ մենք մեր խանութէն ներս մտնող բոլոր յաճախորդներու հագուստը նկատի առնելով կարեւորութիւն տայինք իրենց, չեմ գիտեր թէ հիմա ի՞նչ կ'ըլլայինք:
Սակայն դժբախտաբար մարդոց մեծամասնութիւնը այդպէս է: Թէ՛ խանութի եւ թէ տուներու մէջ ըմբռնումները միեւնոյնն են: Կան կարգ մը մարդիկ, եւ վստահ եմ թէ քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք կը սիրեն լաւ վաճառանիշ կրող հագուստներ ունեցող մարդոց հետ տեսնուիլ: Եւ կամ կը մտերմանան միայն այնպիսի անձերու կամ ընտանիքներու հետ, որոնք պերճաշուք շէնքերու մէջ փարթամ կեանք մը կ'ապրին: Այսօր դարը այսպէս եղած է դժբախտաբար: Ցուցամոլութեան եւ փուճ արժէքներու դար: Մարդոց գաղափարներուն կարեւորութիւն տուող չկայ: Բաւ է որ գրպանդ լեցուն ըլլայ: Այն ատեն շուրջդ կարգի սպասող բազմաթիւ բարեկամներ կ'ունենաս:
Շատ փոքր տարիքէս ի վեր Սիրոյ Սեղաններու մասնակից կը դառնամ: Մինչեւ մօտաւոր անցեալ, Սիրոյ Սեղաններու վրայ կատարուած նուիրատուութիւնները պոռալով-կանչելով կը յայտարարէին: Եթէ նուիրատու անձը խոշոր գումար մը նուիրած էր, չափազանց յարգանքով կը դիմաւորուէր: Հաւաքոյթի աւարտին հաստատութեան թաղականը այդ մեծագումար նուիրատուութիւն կատարող անձին կը մօտենար ու անոր դիմաց երկար ու երկար երկրպագութիւն ընելով կ'ըսէր.
-Յարգելի պարոն դա՛րձեալ կը սպասենք:
Յարգելի պարոնը կը պատասխանէր.
-Եղբայր. եթէ պէտք ունենաք, ես դա՛րձեալ կուգամ:
Այստեղ ամէն ինչ կը վերջանար: Յարգելի պարոնը մինչեւ յաջորդ տարի կը կորսուէր մէջտեղէն: Յաջորդ տարի, երկրպագութիւն տեսնելու ակնկալութեամբ, ան դա՛րձեալ կը մասնակցէր այդ Սիրոյ Սեղանին:

Անցեալ տարի հաստատութեան մը համար սարքուած Սիրոյ Սեղանի մը մասնակցեցանք: Այլեւս պոռալ-կանչել չկար: Եկեղեցիի մուտքին ցուցատախտակ մը զետեղուած էր: Նուիրատուներու անունները այդ ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած էին: Այդ տեսարանը ինծի, եւ ինծի պէս մտածող բոլոր անձերուն ուրախութիւն պատճառած էր: Սակայն այս անգամ ալ ուրիշ հարց մը կար: Երբ ցուցատախտակին նայեցայ, ապշեցայ: Որովհետեւ այդ ցուցատախտակին վրայ մեծագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները մեծատառ, իսկ փոքրագումար նուիրատուութիւն ընողներու անունները փոքրատառ արձանագրուած էր:
Ամէն անձ իր նիւթական կարելիութիւններուն համաձայն կը մասնակցի Սիրոյ Սեղանին: Պզտիկ նուիրատուն մեծ նուիրատուին հասնելու եւ երկրպագութեան արժանանալու համար ի՞նչ պէտք է որ ընէ:
Կայ նաեւ ուրիշ հարց մը, որ խիստ կարեւոր ու կենսական է: Ինչո՞ւ նուիրատու անձեր իրենց գումարը յանձնելէ ետք չեն հետաքրքրուիր թէ ի՞նչ բաներու պիտի յատկացուի իրենց տրամադրած գումարը: Ինչո՞ւ նուիրատուն չի հարցներ, ու չհարցափորձեր կամ իր գաղափարը չի յայտներ: Ո՛չ մէկ կասկած թէ ներկայ դարուս մարդիկ չեն կրնար դիւրութեամբ դրամ շահիլ: Մեր պոլսահայերն ալ, ներառեալ մեծ նուիրատուները, չեմ յուսար որ դիւրին կը շահին դրամը: Ուստի պէտք է տրամադրուած գումարները տեղին գործածուին:
Յետոյ... ի՞նչ տարբերութիւն կ'ընէ մեծ գումար, կամ փոքր գումար: Կարեւորը դրամին հաւաքուիլն ու տեղին գործածութիւնն է: Պէտք է փոքրագումար նուիրատուն ալ յարգանքի արժանանայ այնպէս, ինչպէս յարգանքի կ'արժանանայ մեծագումար նուիրատուն: Բայց ի՞նչ մեղք որ համայնքիս մէջ, մանաւանդ վերջին տարիներուն, մակարդակը այնքա՛ն թաւալագլոր անկում արձանագրած է որ, ո՛չ ոք կ'ուզէ այս նիւթին մասին մտածել եւ ըստ այնմ գործել:
Աստուած մեր Պոլսահայութեան հետ թող ըլլայ: Սպասենք եւ տեսնենք թէ յաջորդ տարուան Սիրոյ Սեղանները ի՞նչ տեսակ նորութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի թողուն մեզ:
Մանրավէպով մը կ'ուզեմ վերջացնել այս նիւթը, մեկնաբանութիւնը թողելով ընթերցողներուն:

Թագաւորը բաղնիք երթալ կ'ուզէ: Ան իր ծառային կ'ըսէ.
-Եթէ բաղնիքը մարդ չկայ, երթանք ու լոգնանք:
Ծառան կ'երթայ կը նայի բաղնիքէն ներս, ու վերադառնալով կ'ըսէ թագաւորին:
-Մարդ չկայ, կրնանք երթալ:
Երբ թագաւորը բաղնիքի դռնէն ներս կը մտնէ, կը տեսնէ որ ներսը մարդոցմով լեցուն է: Ան ծառային կ'ըսէ.
-Ըսիր որ ներսը մարդ չկայ: Ի՞նչ է այս բազմութիւնը:
Ծառան բաղնիքին սանդուխին առջեւ քար մը ցոյց տալով, կը պատասխանէ.
-Տէր արքայ. եկայ ու ժամ մը այստեղ կեցայ: Բոլոր անոնք, որոնք բաղնիքէն ներս կը մտնէին, իրենց ոտքը այս քարին զարկին ու գետին գլորեցան: Բայց ո՛չ մէկը փորձեց այդ քարը վերցնել ու անկիւն մը դնել:
Ես ալ տեսնելով պատահածը, հետեւցուցի թէ բաղնիքին մէջ մարդ չկայ, ուստի կրնաք հանգիստ սրտով լոգնալ:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Օգոստոս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ