Friday, January 25, 2008

ԵՐԱԶ




Բոլորս ալ երազ կը տեսնենք: Եւ յաճախ կը տեսնենք, բայց նոյն յաճախանութեամբ զանոնք չենք յիշեր:
Բաբախումով աչքս բացի: Տակաւին տեսած երազիս ազդեցութեան տակն էի:
Ճաշասեղան պատրաստած էի: Տանս մէջ հիւրեր ընդունեցի: Բայց ես ներկաներուն մեծամասնութիւնը չէի ճանչնար: Աթոռ մը պարապ մնացած էր՝ սեղանին մէկ անկիւնը: Ճաշը խնջոյք մը եղաւ՝ կերուխումի:
Երբ ճաշը վերջացաւ, բոլոր հիւրերս սկսան մէկ-մէկ մեկնիլ:
Առանձին մնացի: Սկսայ սեղանը հաւաքել: Սեղանի անկիւնը, ուր աթոռը պարապ մնացած էր, սպասներուն քով թղթիկ մը կար: Վերցուցի ու կարդացի: Վրան Աստուծոյ հրաւէր գրուած էր: Շուարեցայ: Այդ պահուն ձայն մը լսեցի.
-Ես հրաւէրի պէտք չունիմ: Արդէն միշտ ձեզի հետ եմ:
Առաւօտեան ժամը 3-ն էր ու ես անկողնիս մէջն էի: Քունս փախաւ: Ելայ: Սուրճ մը եփեցի: Երազին ազդեցութիւնը բաւական տեւեց: Երկար ատեն արթուն մնացի:
Յաջորդ օր եկեղեցի գացի: Մոմ մը վառեցի: Նստարանի մը վրայ նստած սկսայ խորհիլ: Ի՞նչ կը նշանակէր «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի»:
Իսթանպուլի մէջ 36 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներ կան, որով Իսթանպուլի բոլոր թաղերուն մէջ մենք մէկ-մէկ փոքր Հայաստաններ ունինք: Երբ մեր եկեղեցիներէն ներս կը մտնենք Հայաստանի օդը կը շնչենք: Արդեօք քանինե՞ր այսպէս կը մտածեն:
Եկեղեցի կուգան, պատարագն ու քարոզը օտար լեզուով իմանալ կ'ուզեն:
Ինչո՞ւ:
Հայաստան ներշնչուելու համար եկեղեցի կ'երթանք: Հոս, հոգ չէ թէ ծիսակատարութենէն բան չհասկնանք, հոգ չէ թէ քարոզէն ալ բան չհասկնանք, բաւ է որ մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի օդը շնչենք: Զգանք, թէ ոչ միայն եկեղեցի եկած ենք, այլ եկեղեցի գալով Հայաստանը այցելած ենք:
Օր մը եկեղեցիի մը մէջ տիկին մը քահանային կ'ըսէր.
-Տէր Հայր ես քու քարոզէդ բան չեմ հասկնար: Ասկէ յետոյ թրքերէն քարոզէ:
Յաջորդ շաբաթ դարձեալ եկեղեցի գացի: Քահանան թրքերէն քարոզեց: Արձակումէ վերջ, պարտէզը, կնոջ դէմ կանգնեցայ ու ըսի.
-Տիկին, յուսամ Տէր Հօր քարոզը ըմբռնեցիք:
-Ո՛չ, դարձեալ բան մը չհասկցայ, պատասխանեց:
Զայրացած ըսի.
-Քանի որ դարձեալ բան մը պիտի չհասկնայիք, ինչո՞ւ եկեղեցւոյ կանոնին փոխուելուն պատճառ եղաք:
Ոստումով մը սթափեցայ: Իմ յաճախակի երազներէն մին էր: Այս երազը դարձեալ տեսնել կ'ուզեմ: Երազիս իրականանալը կը փափաքիմ: Ե՞րբ, չեմ գիտեր:

Շուշան Գորտոնճիեան
13- Դեկտեմբեր -2007 Հինգշաբթի
Իսթանպուլ