Saturday, October 27, 2007

«ԷՇԸ ԾՈՐԱԿՆ Է, ԲԱՅՑ...






Այսօր իմ գրութեանս կ'ուզեմ սկսիլ պատմութիւն մը պատմելով: Պատմութիւն մը, որ նաեւ խրատական է:
Մայրս հարս գացեր է: Կը պատմէր, որ տան մէջ կեսուրմայրիկ մը, նաեւ անոր ալ կեսուրմայրիկը կան եղեր: Այսինքն բազմանդամ ընտանիք մը: Երբեմն համով խօսակցութիւններ, երբեմն վիճաբանութիւններ կը կատարուին եղեր, բայց բոլոր վիճաբանութիւնները սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ կը վերջանան եղեր, որովհետեւ մեծմայրս խօսք մը ունի եղեր որ յաճախակի կերպով կը կրկնէ եղեր. «Էշը ծորակն է, բայց վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Երբ 12 տարեկան եղայ, մեծմօրս հարցուցի:
«Ինչ ըսել կ'ուզես, մեծմայրիկ, ի՞նչ ըսել է՝ էշը ծորակն է»:
Զիս դէմը նստեցուց եւ սկսաւ պատմել:
«Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէն վերջ իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւն առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած՝ ոտքի կը կանգնի եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն, որ մարդը խենդեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
«Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ եւ քնատ է: Կը տեսնէ դարձեալ ծորակին առջեւը էշը: Էշը իրեն նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէ՛ք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն մտածելով, որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուար կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ, որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպտելով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Էշ, գիտեմ, որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ: Որովհետեւ վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Մօրը բախտը աղջկան օժիտ՝ կ'ըսեն: Ես ալ նոյն ձեւով հարս գացի: Ես ալ մաս կազմեցի բազմանդամ ընտանիքի: Սակայն մեծմօրս այս խրատականը երբեք մտքէս չելաւ: Շատ անգամ որոշումներ առնելէ առաջ կամ կարծիքներ յայտնելէ առաջ յիշեցի պատմութիւնը: Այնուհանդերձ բնաւ ալ չսիրեցի անիրաւութիւնը: Եթէ պէտք ըլլար, միշտ պիտի ուզէի ձայնս բարձրացնել որեւէ անիրաւութեան դիմաց:
Այս օրերուս, 18 տարեկան աղջնակ մը հիւանդ էր: Բարերար մը ելաւ ու ձեռք երկարեց անոր: Բժիշկները յայտնեցին, որ դարմանումը կարելի է, սակայն մեծ գումարներու պէտք կայ: Բարերարը, ինք օգնելով հանդերձ, ուզեց ուրիշներու ալ դուռը զարնել եւ օգնութիւն ուզել: Բոլոր դռները գոցուեցան իր երեսին: Բարերարը դրամ հաւաքելու ճար մը գտաւ իր սեփական պայմաններով: Հիւանդը 18 տարեկան երիտասարդուհի մը, առաւել հեռատեսիլի գործիք մը եւ տոմսակներ, եւլն. եւլն.:
Եթէ մեր ընկերային շրջանակներէն ներս մտնես, ըսելիք շատ բան կ'ունենաս: Բայց «Էշը ծորակն է, եւ վերջաւորութիւնն ալ լաւ չէ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Հոկտեմբեր-1997 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Friday, October 26, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԸ




Մեր մեծերը կ'ըսէին, որ Սկիւտարի օդէն բանաստեղծ կը հասնի: Իսկապէս ալ այդտեղի օդը, ջուրը բանաստեղծ կ'ընէ մարդը: Բազմաթիւ հայ բանաստեղծներ շնչած են Սկիւտարի օդը, անցած են Սկիւտարի ճամբաներուն վրայէն:
Ժամանակին մարդիկ իբրեւ ամարանոց կուգան եղեր Պաղլարպաշը: Կը պատմուի, որ շատ լաւ հայութիւն մը ապրած է Պաղլարպաշըի մէջ: Եւ մեծ թիւով հայեր: Մտածենք անգամ մը: Չորս հատ վարժարան, երկու փառաւոր եկեղեցի եւ Սանուց Միութիւն մը:
Աւա՛ղ, Սանուց Միութիւն մը՝ մինչեւ ինը տարի առաջ: Կարծես սրտէս կտոր մը կը փրթի երբ կը գրեմ այս տողը, որովհետեւ հիմա չկայ Սկիւտարի Սանուց Միութիւնը: Այրեցաւ, աւերակի վերածուեցաւ: Սրտէս երկրորդ կտոր մըն ալ կը փրթի, երբ կ'ըսեմ, Պաղլարպաշըի հայ երիտասարդները հիմա չունին այլեւս իրենց տունը: Ո՞ւր են, այսօր ինչով կը զբաղին, մեր երիտասարդները: Արդեօք սրճարա՞ն կը յաճախեն, օքէ՞յ կը խաղան, կամ ինչպիսի պարապ գործերով ժամանակ կը կորսնցնեն: Մենք մեր շրջանին ուրիշ տեղ երթալու փափաք չունեցանք, որովհետեւ ունէինք մեր Սանուց Միութիւնը: Շաբաթ եւ Կիրակի ուղղակի հոն կը վազէինք: Թատրոն, պարահանդէս կը սարքէինք, ոտանաւորներ կ'արտասանէինք: Ինչ լաւ ժամանակ կ'անցնէինք:
Ինը տարի առաջ դժբախտութիւն մը պատահեցաւ եւ մեր Սանուց Միութիւնը այրեցաւ: Մեզի համար գոհար հաստատութիւն մըն էր այդ եւ կորսնցուցինք:
Հիմա Սկիւտարի մեր երիտասարդութիւնը Սանուց Միութեան պահանջքը չի՞ զգար: Միասնաբար ձեռք երկարենք այս երիտասարդներուն, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ Սկիւտարի օդը փոխուած է: Հոնկէ տակաւին լաւ բանաստեղծներ կրնան հասնիլ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒՇԵՐԸ





Անցեալները գործէս տուն կը վերադառնայի: Երբ շոգենաւէն իջայ, նաւամատոյցը տեսայ իմ մէկ բարեկամս: Բարեւեցինք զիրար: Ինծի ծանօթացուց իր քովի երիտասարդուհին: «Աղջիկս է» ըսաւ: Ամառուան արձակուրդի համար Ամերիկայէն եկեր է, կղզի, իր ընտանիքին քով: Զիս ծանօթացնելէ ետք իր աղջկան, դարձաւ եւ ըսաւ. «Գիտես, քեզի միշտ կը ղրկեմ «Մարմարա» օրաթերթը: Այս տիկինը Շուշան Գորտոնճիեանն է, որ իր յիշատակները կը գրէ: Թէեւ տարիքը շատ մեծ չէ, սակայն ան յիշատակներ կը պատմէ»:
Ես ինծի մտածեցի, թէ անպայման տարիքո՞տ ըլլալ պէտք է, որպէսզի անձ մը իր յիշատակները գրէ: Եթէ այսօրը ապրած ես, վաղուան համար յիշատակ մը կրնաս ունենալ:
Վայրկեան մը աչքերս գոցեցի եւ երազել սկսայ: Եթէ ես մէկ տարեկանիս կարդալ, գրել գիտնայի, անպայման յիշատակ մը պիտի ունենայի եւ ատիկա պիտի գրէի: Թերեւս, օրինակ պիտի պատմէի այն ինը ամիսները, զորս անցուցած եմ մօրս որովայնին մէջ: Յետոյ 12 լման ամիսներ ապրած էի: Այդ մասին շատ հետաքրքրական չէ՞ր ըլլար յիշատակներ գրի առնել:
Կը կարծեմ, որ երախայի մը համար ամէնէն դժուար օրերը կը կազմեն այդ 12 ամիսները: Երախան այդ առաջին ամիսներուն իր խնդիրները չի կրնար լուծել, իր հոգերը չի կրնար պատմել իր շուրջիններուն:
Ծնած օրս արդեօք ուրա՞խ էի, թէ տխուր: Պահ մը մտածեցի: Արդեօք նորածին մը ի՞նչեր կը մտածէ երբ աշխարհ կուգայ, կամ ի՞նչ լեզուով կը մտածէ: Ի՞նչ կ'ըլլայ եթէ նորածինին ուղեղը մեր այսօրուան ուղեղին պէս զարգացած ըլլար եւ կարենար գրել իր այդ յուշերը:
Այո, սիրելի բարեկամ, գրելը շատ լաւ բան է: Դուք ալ չունի՞ք ձեր յիշատակները: Դուք ալ մասնակցեցէք մեր երազներուն եւ գրեցէք ձեր յիշատակները:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐՄ

Thursday, October 25, 2007

ԱԿԱՆՋԸ




Սէմէրճեան Ճեմարան վարժարանի 4-րդ դասարանի աշակերտուհի էի: Ութ կամ ինը տարեկան ըլլալու էի: Այդ տարի գիտութեան դասեր կը տրուէին մեզի: Դասարանին մէջ կային աշխատասէրներ, նաեւ ծոյլեր: Այս ծոյլերուն միջեւ կային շատ խորամանկ եւ աչքը բաց տղաք: Սակայն անոնք կարդալու եւ բան մը սորվելու ճիգ չունէին: Խելացի էին, սակայն իրենց միտքը կ'աշխատցնէին չար բաներու համար:
Այդ օրերուն գիտութեան դասի ընթացքին դասարանի ուսուցչուհին մեզի իբրեւ պարտականութիւն տուաւ «Ականջ»ը: Այդ գիշեր շատ աշխատեցայ ականջին մասին բաներ մը գրելու եւ պարտականութիւնս կատարելու համար: Հետեւեալ օր, ես ինքնավստահ նստած էի նստարանին վրայ եւ սպասեցի, որ ուսուցչուհիս դասի հանէ զիս: Ուսուցչուհին սանկ ակնարկ մը նետեց դասարանին վրայ եւ ամենածոյլ աշակերտը ընտրելով հարցուց. «Տղաս, պատասխանէ ինծի. ի՞նչ է ականջը»: Տղան պաղարիւն վիճակով ոտքի կանգնեցաւ եւ պատասխանեց սապէս. «Ականջը մեր իմանալու գործարանն է: Մենք անով կը լսենք, բոլոր խօսակցութիւնները: Բոլոր խօսակցութիւնները մեր մէկ ականջէն կը մտնէ եւ միւսէն դուրս կ'ելլեն»:
Այս պատասխանին դիմաց բոլորս խնդալ սկսանք: Ուսուցչուհին բաւական բարկացաւ մեր ընկերոջ եւ ըսաւ. «Նստէ տեղդ, մէ՛կ առիր»:
Հիմա այսօր ես հարցման նշան մը ունիմ մտքիս մէջ: Ի՞նչու մեր դասարանի ուսուցչուհին մէկ տուաւ այդ ընկերոջս: Եթէ ես այդ դասարանի ուսուցչուհին ըլլայի, անոր հինգ խաչ կուտայի այսօր:
Ի՞նչու: Ես շարունակ կը կարդամ թերթերը, ես ալ պարբերաբար բաներ մը կը գրեմ թերթերու մէջ: Բողոքի եւ քննադատութեան բազմաթիւ գրութիւններ կարդացած եմ մամուլին մէջ, ես ալ ըրած եմ քննադատութիւններ: Արդեօք այս գրութիւնները կը կարդացուի՞ն, ոմանց կողմէ կը լսուի՞ն: Հարիւր առ հարիւր վստահ եմ, որ չեն լսուած: Ոչ մէկը ազդուած է քննադատութիւններէն, ոչ մէկը բան մը սրբագրել ջանացած է: Ամէն ինչ մարդոց մէկ ականջէն կը մտնէ, միւսէն դուրս կ'ելլէ:
Կը կարծեմ, որ ամէն օր նախորդ օրէն աւելի գէշ վիճակի պիտի մատնուին մեր գործերը եթէ այսպէս ամէն բան մեր մէկ ականջէն մտնէ եւ միւսէն դուրս գայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, October 24, 2007

«Ի՞ՆՉՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՉԷՔ ԽՕՍԻՐ»




Իսթանպուլի մէջ բաւական մեծ հայ համայնք մը կայ: Համայնքի մէկ մասը բնիկ Իսթանպուլցի է, իսկ միւս մասն ալ Անատոլուէն Իսթանպուլ գաղթած է: Գաւառացիներէն ոմանք Կեսարիայէ, ոմանք Սեբաստիայէ, Անգարայէ եւ Անատոլուի զանազան գիւղերէն ու քաղաքներէն Իսթանպուլ գալով իրենց մշտական բնակութիւնը հաստատած են այստեղ:
Երբ վերջիններս Անատոլուի խորերէն գաղթած են այս հսկայ ու քաոսային քաղաքը՝ հայկական վարժարաններու ու եկեղեցիներու անյագ կարօտն ունեցած են: Անցեալ տարիներէն յիշողութեանս մէջ տպաւորուած է այն, թէ տէր հայրերն ու կրօնաւորներ պարբերաբար հովուական այցելութիւններ կուտային Անատոլուի հայաբնակ քաղաքներուն ու գիւղերուն. մկրտութիւններ եւ հարսանիքներ կը կատարէին ու տեղւոյն համայնքի զանազան հոգեւոր կարիքները կը բաւարարէին:
Այժմ, բնիկ Իսթանպուլցի ընտանիքներու մեծամասնութիւնը Եւրոպա, Ամերիկա եւ կամ աշխարհի որեւէ այլ վայրը գաղթած է: Եւ եթէ այսօր մեր եկեղեցիները եւ վարժարանները ոտքի վրայ կը մնան, ուրեմն այդ Անատոլուի հայերուն ջանքերուն շնորհիւ է: Իսկապէս գաւառացի հայերը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են Իսթանպուլահայ պատմութեան մէջ՝ թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական ոլորտներէ ներս: Անոնք գաւառի մէջ հայկական վարժարաններու հանդէպ անչափելի կարօտ մը ունեցած են: Ուստի իրենց Իսթանպուլ գաղթէն անմիջապէս վերջ, փութացած են իրենց թաղերուն մէջ ազգային վարժարան մը գտնելու, որպէսզի իրենց զաւակները արձանագրեն այդ վարժարաններու մէջ: Այսպէս՝ անոնք բուռն ցանկութիւն յայտնած են իրենց զաւակներուն հայերէն տառ ու բառը սորվեցնելու մէջ, անոնց հայերէն գիր ու գրականութիւն, կարդալ ու գրել ուսուցանելու համար:
Արդարեւ շատ մեծ յաջողութիւններ ունեցած են մեր երիտասարդները: Համալսարաններ կ'աւարտեն. բժիշկ, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, փաստաբան կը դառնան եւ այլ մարզերէ ներս մուտք կը գործեն: Արդէն շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ «Մարմարա» օրաթերթի «Մեր երիտասարդները» սիւնակին մէջ անոնց մասին կը կարդանք:
Այս բոլորը շատ ուրախացուցիչ է, շատ լաւ: Սակայն կայ պարագայ մը, որ մտատանջութեան կը մատնէ զիս: Կարելի է վշտանաք ինծի կամ բարկանաք: Սակայն ես քաջութիւնը պիտի ունենամ «մեր երիտասարդներուն» հարցնելու.
-Ի՞նչու հայերէն չէք խօսիր:
Այս իրականութիւնը իսկապէս մտահոգիչ է: Երբ համայնքային հաստատութիւններէ ներս ժողովներ կը գումարուին կամ որեւէ միութեան մէջ հանդիսութիւն մը տեղի կ'ունենայ, դժբախտաբար, բնաւ հայերէն չի խօսուիր: Ճիշդ է, որ փողոցներու մէջ կամ հասարակած այլ վայրերէ ներս թրքերէն պէտք է խօսինք: Սակայն մեր համայնքային հաւաքոյթներու ընթացքին պէտք է հայերէն խօսելու վարժութիւնը ձեռք բերենք:
Այս օրերուս Ճաբոնէն 25 հոգինոց խումբ մը Իսթանպուլ եկած է՝ հայերէն սորվելու նպատակով: Շշմած մնացի, երբ լսեցի այս մասին: Գիտէի, որ իրենց լեզուն ալ բաւական բարդ է եւ ծաւալուն այբուբեն մը ունի: Հակառակ այս իրողութեան, մեր ոսկեղնիկ հայերէնի 38 տառերը շատ դժուար ուսանելի դարձեր են անոնց:
Ի՛նչ մեծ պարծանք է գիտնալ այն, թէ հայերէնը եւս դիւրին լեզու մը չէ: Պէտք է պատիւ զգանք այս երեւոյթի համար եւ հայերէն պէտք է խօսինք:
Երբ ոեւէ անձ ձեզի օտար լեզուով մը հարցում ուղղէ դուք կարելիութիւնն ունեցէք հայերէն պատասխանելու: Հոգ չէ, թէ ձեր դիմաց գտնուողը ո՛չ կատարեալ կերպով կը խօսի հայերէնը: Դուք ուղղեցէք անոր սխալները, անոնց սորվեցուցէք մեր մայրենի լեզուն՝ հայերէնը: Եւ անոնք ալ պարծանքով, առանց ամչնալու այլ պատիւ զգալով սորվին ու ուրիշներուն փոխանցեն ՄԵ՛Ր լեզուն:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Սեպտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, October 23, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐ ԹԱՂՆ ՈՒ ԹԱՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ




1963-ին Սկիւտար, Պաղլարպաշը հաստատուեցանք: Այդ տարիներուն Պաղլարպաշը կոչուած թաղամասը լեռ ու ձոր էր: Այսօրուան պէս բազմաթիւ ու բազմայարկանի շէնքեր կառուցուած չէին: Այսուհանդերձ, Սկիւտարի մէջ հայութիւնը բաւական մեծ թիւ մը կը կազմէր: Կային երկու բացօդեայ եւ մէկ փակ՝ շարժանկարի սրահներ: Ճամբաները կպրապատուած չէին եւ ամէն կողմ հողով ու ժայռով պատուած էր: Մայրս եւ մեծմայրս մեզ ամէն կէսօրէ ետք փիքնիքի կը տանէին: Սքանչելի տեսարան մը կար: Օդն ու համայնապատկերը հրաշալի էր: Հիմա երբ կ'երթամ այնտեղ, կը տեսնեմ որ ամէն ինչ փոխուած է անճանաչելիօրէն: Հիմա պիտի ըսէք որ միայն Պաղլարպաշը՞ն է որ փոխուած է: Անշուշտ ոչ: Իսթանպուլի բոլոր թաղամասերը անճանաչելիօրէն փոփոխութիւն կրած են: Փոփոխութիւն կրած է նաեւ մարդոց արտաքին կերպարանք, նիստ ու կացը:
Գափիթոլի ներկայ շէնքին տեղ ընդարձակ պարտէզներ եւ մէկ քանի փայտաշէն տուներ կային: Այդ տուները կը բացուէին հողածածկ ճամբու մը: Այդ ճամբու վերջաւորութեան կար «Օ աղաճըն ալթը» կոչուած տեղը: Ուրիշ ո՛չ մէկ բան կար:
Տարիներ վերջ, Աթաթիւրք կամուրջի շինութեան պատճառով Գալֆաեանը փլցուցին եւ այդ հողածածկ ճամբուն վրայ բերին կառուցին ներկայ Գալֆայանի շէնքը: Բազմաթիւ աշակերտուհիներ այնուհետեւ այնտեղ ուսանեցան, կերան խմեցին ու պառկեցան: Քանի մը տարի ետք Գալֆաեանի պատասխանատուները դէմի փողոցին մէջ շէնք մը վերանորոգեցին, զայն որպէս ննջարան տրամադրելով Գալֆաեանի աշակերտուհիներուն:
Ես այս բոլորը շատ լաւ գիտեմ, որովհետեւ ամրան եղանակին, արձակուրդի օրերուն մայրս զիս կը տանէր Գալֆաեանի պարտէզը: Մենք այնտեղ Գալֆաեանցի աղջիկներուն հետ կը խաղայինք: Շատ լաւ կը յիշեմ որ երբ Գալֆաեանի աղջիկները իրարու հետ կռուէին, «հայրիկդ մեռնի» կամ «մայրիկդ մեռնի» կ'ըսէին: Ես անոնց կ'ըսէի. ինչ կ'ըլլայ այդ բառերը մի՛ գործածէք: Անոնք կը պատասխանէին. «ինչ կ'ըլլայ որ... արդէն մեռած են»:
Շուրջ տասը տարի առաջ Պաղլարպաշըի հայութիւնը հետզկետէ պարպուիլ սկսաւ: Այս կացութիւնը Սկիւտարի վարժարաններուն ալ ազդեց: Անցեալ տարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի մէջ շուրջ 20 աշակերտներ կ'ուսանէին: 15-16 տարի առաջ մատակարարները ձեռնարկած էին միացնելու Գալֆաեան եւ Ճեմարան վարժարանները: Բայց կարելի չեղաւ վարժարանին նոր անուն մը տալու մասին համաձայնութիւն գոյացնել, ուստի նաեւ կարելի չեղաւ գործադրել այդ ծրագիրը:
Անցան տարիներ: Ծրագիր մշակուեցաւ ո՛չ միայն Գալֆաեան ու Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանները այլ նաեւ Սկիւտարի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանն ալ միացնել մէկ վարժարանի մէջ: Սակայն Ներսէսեան-Երմոնեանի պատասխանատուները խրտչեցան այսպիսի կարգադրութիւն մը ընելէ:
Միւս կողմէ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդը շատ տրամաբանական գտաւ միացումի գաղափարը եւ Գալֆաեանի Խնամակալութեան հետ ձեռք ձեռքի տալով, յաջողեցաւ երկու վարժարանները միացնել իրարու: Այնպէս որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ երկու վարժարաններու աշակերտները պիտի միանան միեւնոյն երդիքին տակ:
Ես, որպէս Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանէ շրջանաւարտ ուսանողուհի մը, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ներկայ Թաղային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Տան հին եւ նոր Խնամակալութիւններուն, որոնք առին տեղին որոշում մը:

Շուշան Գորտոնճիեան
6-Օգոստոս-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, October 22, 2007

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ




Որքան լաւ է շոգենաւի ճամբորդութիւնը: Ես այս ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ: Նկատելով թէ աշխատող մըն եմ, ամրան եղանակին ամէն օր պարտաւոր եմ Կղզիէն Պոլիս՝ խանութ երթալու:
Ամէն առաւօտ կանուխ, կղզեբնակ բազմութիւն մը, վազելով - վազվզելով նաւամատոյց կուգան: Լրագրավաճառէն լրագիր առնողներ, ծաղարանէն կարկանդակ գնողներ,տոմսակի պոչի մտնողներ...եւայլն., եւայլն.: Վերջապէս ահռելի բազմութիւն մը: Եւ մենք այսպէս՝ ամէն օր կղզիի գեղեցկութիւնները կղզիի մէջ ձգելով, գործի կ'երթանք: Ոմանք իրարու հետ կը խօսակցին:
-Ա՛խ բարեկամս, այս սքանչելի օդը կը ձգուի եւ գործի կ'երթուի՞: Երանի՛ թէ գործս յարմար ըլլար, նաւակս նստէի, ձուկի ելլէի:
Ամէն մարդ երազ մը կամ նախասիրութիւն մը ունի կղզիի այս գեղեցիկ օդին դիմաց:
Իսկ գիշերը, վերադարձի ժամուն, ամէնէն խճողեալ շոգենաւն է ժամը 7.30-ի շոգենաւը: Շոգենաւին մէջ կը հանդիպինք միեւնոյն դիմագիծերուն, որոնց հետ առաւօտուն գործի իջած էինք: Ամէն մարդ շոգենաւին մէջ իրեն համար ընտրած է տեղ մը եւ անպայման հոն կը նստի: Քու դիմացդ նստող անձը, զոր բնաւ չես ճանչնար, միջոց մը վերջ կը բարեկամանաս անոր հետ: Ստիպողաբար կը բարեկամանաս, որովհետեւ հինգ ամիս տեւաբար ան քու դիմացդ կը նստի: Անձեր կան, որոնք շոգենաւին վերնամասը կը նախընտրեն: Ոմանք վարը կը նստին, ոմանք ալ ետեւի բացօդեայ մասին մէջ ոտքի կենալ կը նախընտրեն:
Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս բացատրեմ, բայց կ'ուզեմ յայտնել թէ շոգենաւին այդ ետեւի մասը տարբեր աշխարհ մըն է: Այդ բացօդեայ մասին մէջ գիշերային այդ ժամուն կարծես խնջոյք կը սարքուի. չիղ քէօֆթէներ, աղցաններ, ապուղտներ, երշիկներ, ոգելից ըմպելիներ...: Սակայն գիտենք թէ ոգելից ըմպելին չի մնար այնպէս, ինչպէս գաւաթին մէջ կը կենայ: Միջոց մը վերջ այդ անձերը կը սկսին կատակախառն աղտոտ խօսակցութիւններ ընել իրարու, հայհոյութիւններ ընել եւ իրենց գոռում - գոչումով ժողովուրդը նեղել:
Ասկէ քանի մը տարի առաջ էր: Մարդ մը այդ ետեւի մասին մէջ կերաւ, խմեց, միջոց մը վերջ ալ եկաւ մեր քով նստաւ: Յետոյ ան հանեց իր կօշիկները եւ սկսաւ իր ոտքի մատները շփշփել: Դուրսի ընկերներուն պոռալով կանչելով խօսք նետեց, հայհոյանքներ ըրաւ: Ճամբորդները անոր կը նայէին ատելութեամբ, բայց անտարբեր կը մնային եւ որեւէ դիտողութիւն չէին ըներ: Ես անձամբ կը փափաքէի, որ մէկը ելլէր եւ սաստէր այդ մարդը: Շոգենաւի այդ մասին մէջ փսփսուքներ սկսան: Յայտնի էր որ ամէն մարդ այս մարդէն չափազանց անհանգստացած էր:
Վերջապէս շոգենաւը կղզի հասաւ: Մարդը դանդաղօրէն ոտքի ելաւ, կօշիկները հագաւ ու պատուհանէն դուրս նայեցաւ: Յետոյ իր ընկերներուն դառնալով ըսաւ.
- Տղաք, սա վերջին տարիներուն կղզիի ժողովուրդը որքան փոխուեցաւ: Օտար մարդոցմով լեցուեցաւ...:
Այդ պահուն շնորհակալութիւ յայտնեցի Աստուծոյ, որ այդ անկիրթ մարդուն զոյգ մը խօսք ընելու առիթը ներկայացած էր ինծի:
Առանց վարանելու, մարդուն դառնալով ըսի.
- Պարոն, ո՛չ թէ անոնք, այլ դո՛ւք էք որ օտար էք:
Մարդը այսպիսի պատասխան մը չէր սպասեր ինձմէ: Ան խոժոռ դէմք մը առնելով դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.
- Ի՞նչու օտար ըլլամ տիկին, ես 20 տարիէ ի վեր կղզեբնակ եմ:
- Կրնայ ըլլալ, ըսի: Սակայն մէկ ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին, կիներու դիմաց առանց պատշաճութիւնները յարգելու, հայհոյելով եւ պոռալով - կանչելով անկրթութիւն ըրիք: Կղզեբնակ կրնաք ըլլալ, բայց երբեք՝ բնիկ կղզիցի:
Անկիրթ մարդը որեւէ պատասխան չկրցաւ տալ: Ներողութիւն անգամ չխնդրեց եւ շտապով հեռացաւ քովէս:
Յաջորդող օրերուն այլեւս չտեսայ զայն վերադարձի այդ ժամուն շոգենաւի մէջ: Կղզիի փողոցներուն մէջ ալ չհանդիպեցայ իրեն այլեւս:
Մարդիկ համալսարանաւարտ կրնան ըլլալ, մեծ ջանք թափելով մեծահարուստ ալ կրնան ըլլալ, սակայն եթէ մարդոց մօտ կենցաղագիտութիւնը պակաս է, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ մարդիկը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Յուլիս-1997 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Sunday, October 21, 2007

ՈՐՔԱՆ ՄԱՐԴԻԿ, ԱՅՆՔԱՆ ԿԱՐԾԻՔ...


ՈՐՔԱՆ ՄԱՐԴԻԿ, ԱՅՆՔԱՆ ԿԱՐԾԻՔ...

Շատ դժուար է աշխարհը ճանչնալ, որովհետեւ ան թէ՛ անսահմանօրէն շատ ընդարձակ, տեղին համեմատ ալ շատ նեղ ու փոքր է: Միլիառաւոր մարդիկ կ'ապրին այս երկրագունտին վրայ եւ որքան մարդիկ, նոյնքան թիւով ու նկարագրով են այդ մարդիկը: Կան մարդիկ, որոնք շատ ուրախ եւ հանգիստ են ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք: Կան ուրիշներ ալ, որոնք դժբախտ են ու տխուր: Ոմանք չափազանց հարուստ են, ոմանք ալ ծայրայեղօրէն աղքատ: Կան մարդիկ, որոնք շատ բարեսիրտ են, կան նաեւ մարդիկ, որոնց սիրտը գազանային զգացումներով լեցուն է...: Ոմանք ստախօսներ ու գողեր են, ոճրագործներ, ոմանք ալ բարի են եւ մրջիւնն անգամ վշտացնել չեն ուզեր: Այս բոլորը սակայն կ'ապրին նոյն աշխարհին մէջ, յաճախ իրարու հետ քով քովի, միասին:
Կան մարդիկ, ոմանք կարծէք ուրիշներուն բարիք ընելու համար ստեղծուած են, ոմանք ալ կարծէք աշխարհ եկած են միայն ուրիշներուն տեսակ-տեսակ չարիքներ ընելու համար:
Բոլոր տեսակի մարդիկն ալ, աշխարհի որեւէ մէկ տեղը երբ կը ծնին, կու գան բոլորովին մերկ վիճակի մը մէջ: Իսկ կեանքի մէջ ինչ որ ալ հագնելու ըլլան կամ մարդիկ հագցնեն անոնց, երբ որ օրը եւ ժամանակը գալու ըլլայ՝ կը մեկնին այս աշխարհէն երկու կանգուն պատանքի մէջ փաթթուած միայն, իրենց ետին թողլով այն բաները, զորս ըրած են իրարու՝ իրենց կարճատեւ կեանքին ընթացքին: Այսինքն մարդ ինչ որ ընելու ըլլայ, այդ է որ իրմէ կը մնայ այս աշխարհին վրայ:
Ես, քանի ինքզինքս գիտեմ, չեմ յաջողած պատասխանել այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ աշխարհ իսկապէս մե՞ծ է թէ պզտիկ: Միակ բանը՝ որուն կը հաւատամ առանց տարակոյսի, այն է որ կը հաւատամ աներեւոյթ ուժի մը, զօրութեան մը, որ ոմանց համար ճակատագիր է, ոմանց համար նախախնամութիւն, իսկ ոմանց համար ալ՝ պարզապէս կը կոչուի բախտ կամ դիպուած: Մենք չենք տեսներ զայն, բայց չենք ալ կրնար անոր կարգադրութիւններուն դէմ դնել, որովհետեւ ան իրականութեան մէջ Աստուծոյ կամքն է, աստուածային տնօրինութիւնը: Այո՛, իմ կարծիքով, բոլոր այդ բաներուն միակ ուժի աղբիւրն է Աստուծոյ զօրութիւնը:
Բոլոր մարդիկ կը բանան իրենց աչքերը այս աշխարհին, բոլորովին անմեղ եւ անգիտակ մարդկային չարութիւններուն ու բոլոր նենգութիւններուն: Շրջապատն ու ընկերութիւններն են որ այդ բաները կը սորվեցնեն անոնց: Նոյնն է պարագան նաեւ բարիին ու լաւ բաներու ամէն տեսակին համար: Ոմանք դրամին սիրոյն ամէն տեսակ չարիք կը գործեն, ոմանք ալ բաժակ մը խմիչքին համար զիրար կը սպաննեն, ուրիշներ երբեմն աննշան գումարի մը չգոյութեան պատճառաւ հրաժեշտ կ'առնեն այս աշխարհէն ու կեանքէն, որ այնքան անուշ է բոլոր մարդոց համար:
Մեր մեծերը ամէն առթիւ սովորութիւն ունէին ըսելու. «Աստուած մատ չունի որ մարդոց աչքը խոթէ»: Որովհետեւ կը խորհինք, որ Ան պէտք է ամէն չարութեան հեղինակը պատժէ, այսինքն՝ անպայման... մատը չարին աչքը խոթէ: Անշուշտ որ կարելի չէ փաստել, թէ Աստուած մատ ունի եւ անպայման չարին աչքը կը փորէ: Սակայն միւս կողմէ իրականութիւնը սա է, որ ինքը աչք ունի եւ ամէն ինչ կը տեսնէ ու կու գայ օրը եւ անարդարը իր պատիժը կը կրէ, ասկէ ազատում չկայ:
Եկէք ամէն առթիւ բարիք ընենք իրարու, աշխարհի մեծութեան հաւատանք կամ զայն շատ պզտիկ գտնենք: Մեծ ըլլայ ան կամ փոքր, իր տէրը ունի եւ այդ տէրը որ Աստուած է, ուշադիր կը հսկէ գիշեր թէ ցերեկ, հոն ապրողներուն վրայ: Արդար ըլլանք իրարու հանդէպ ու բարին կամենանք միշտ, որովհետեւ համոզուած պէտք է ըլլանք, որ իսկական ու կատարեալ երջանկութիւնը հոն է: Կեանքը շատ կարճ է եւ ով որ օրը գայ ու մեկնի անկէ, իր ըրածը միայն կը մնայ ետին՝ լաւ կամ գէշ...:
Մարդիկ եթէ գիտնան այսքանը միայն, արդէն իսկ գտած կ'ըլլան իսկական ու կատարեալ երջանկութեան բանալին:

Շուշան Գորտոնճիեան
15-Նոյեմբեր-1996
Ակօս

Saturday, October 20, 2007

ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ




Բարոյական երջանկութեան սահմանը լայն է, եւ այդ մէկը շատ դժուար է հասկնալ:

Հարստութիւնը ի՞նչպէս կրնանք բացատրել: Ան, անձէ անձ կրնայ փոխուիլ: Կան մարդիկ, որոնք հարստութեան համար կ'ըսեն- «Խոշոր պալատ մը՝ մէջը ոսկիով եւ արծաթով լեցուն»: Ուրիշ մը՝ «վերջին նորոյթ շքեղ ինքնաշարժ մը»:
Ոմանց համար թանկագին քարերով զարդեղէններ, դրան մուտքին ալ ճիշդ դիմացը գունաւոր հեռատեսիլ մը՝ շքեղօրէն կահաւորուած սրահի մը մէջ:
Ուրեմն, հարստութիւն անձէ անձ կը տարբերի: Իսկ ով որ իր ունեցածովը կը բաւարարուի, կրնայ աշխարհի ամէնէն հարուստ ու երջանիկ մարդը նկատել ինքզինք:
Այո՝, այս դարուն, նիւթականը, դրամը շատ մեծ դեր կը խաղան մեր ապրելակերպին մէջ: Ձեզ վայրկեան մը խորհելու կը հրաւիրեմ: Եթէ ինծի հարցնելու ըլլաք, թէ ես ի՞նչպէս կրնամ բացատրել հարստութիւնը, իմ կարծիքս բոլորովին տարբեր է:
-Ամուսնացած ես. կինդ կամ ամուսնիդ ու զաւակներդ, բոլորդ միասին տան մէջ շատ երջանիկ կեանք մը կ'ապրիք: Սեղանին շուրջ նստած էք ընտանեկան պարագաներով: Խօսելով ու խնդալով կը ճաշէք: Կինդ քեզի սուրճ մը կը բերէ, գէշ-աղէկ ձեր օրերը միասին կ'անցընէք: Անշուշտ որ, այսօրուան կեանքի պայքարին մէջ նիւթականը իր դերը կ'ունենայ: Սակայն մարդիկ պզտիկ բաներով ալ երջանիկ ըլլալու ձեւերը կրնան գտնել: Յառաջացեալ տարիքին, երբ մարդ այլեւս իր կեանքին վերջին շրջանը կ'ապրի, ինքզինք շրջապատուած կը տեսնէ սիրելի հարազատներովը, տղան, աղջիկը, թոռները: Այս ալ մեծ հարստութիւն մըն է, ի՛նչ հարուստներ կան անոր կարօտովը տառապող...:
Հարստութիւնը սահման չունի: Ի՛նչ ժառանգութիւն որ ալ ունենաս, դարձեալ բանի մը պակասը կը զգաս: Ընչաքաղց մարդուն համար նիւթական տեսակէտով կատարեալ հարստութիւն չկայ: Աշխարհի մէջ չկայ դուռ մը, որ փակ մնայ դրամին առջեւ: Դրամ ունեցողը ուր որ ալ երթալու ըլաայ՝ յարգ ու պատիւ կը վայելէ: Նիւթականին ապահոված այս երջանկութիւնը շատ մեծ է: Սակայն, հոգեկան ու բարոյական երջանկութեան սահմանը աւելի լայն է, եւ այդ մէկը ոմանց համար շատ դժուար է հասկնալ:
Մարդիկ, միշտ պէտք է որ իրենց գլուխը քիչ մը վար ծռել գիտնան, որքան որ ալ հարուստ ըլլան եւ իրենց շուրջը նայելով ունեցածին փառք տան: Եթէ այսօր առողջութիւնդ տեղն է, պէտք է որ ինքզինքդ հարուստ նկատես, որովհետեւ եթէ առողջութիւնդ կորսնցնես, երբեմն մեծամեծ հարստութիւններ անգամ չեն կրնար զայն վերադարձնել: Որքան որ ալ դրամ ունենաս, նոյնիսկ կը փճանաս ու դարձեալ չես կրնար կորսուած առողջութիւնդ վերագտնել:
Պզտիկ պատմութիւնով մը կ'ուզեմ գրութիւնս վերջացնել:
Շատ աղքատ մարդ մը կ'ապրի եղեր իր կնոջ ու զաւակներուն հետ: Շատ երջանիկ է եղեր սակայն:
Տունէն շարունակ ուրախութեան աղաղակներ, մանկական զուարթ ճիչեր կ'իմացուին եղեր: Տանտէրը եւ կինը, որոնք ունեւոր մարդիկ են եղեր, ընդհակառակն, միշտ տխուր են ու կը զարմանան եղեր այս աղքատ ընտանիքին երջանկութեան վրայ եւ պատճառը չեն կրնար գտնել:
Օր մը անոնց մօտ կ'իջնեն եւ նիւթական օգնութիւն մը կ'ընեն աղքատ ընտանիքին: Մարդը դրամ կուտայ տղոց հօր, ան ալ կ'երթայ այդ դրամով սնտուկ մը լեմոն կ'առնէ ծախելու համար: Օրեր ու շաբաթներ կ'անցնին, մէկ սնտուկ լեմոնը հետզհետէ կ'աւելնայ եւ աղքատ մարդը կը սկսի դրամ շահիլ ու գրպանը լեցուիլ: Սակայն, քանի՛ մարդուն շահը կը սկսի աւելնալ, տան մէջ ուրախութեան աղաղակները, զուարթ բացագանչութիւնները կը պակսին, լռութիւն կը սկսի հետզհետէ:
Տանտէրը, օր մը հետաքրքրութենէ մղուած՝ կ'իջնէ եւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ պատահած է, որ այլեւս ձայն-ձիւն չ'ելլեր: Աղքատը կը պատասխանէ.
- Այլեւս ընտանեօք ամէն օր հաշիւ ընելով զբաղած ենք, խնդալու- խօսելու ժամանակ չենք գտներ...:

Շուշան Գորտոնճիեան
18- Հոկտեմբեր-1996
Ակօս

Thursday, October 18, 2007

ԱՖԻՈՆԻ ՄԷՋ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒՈՂ «ԹԻՒՐՔԷԼԻ » ԹԵՐԹԸ « ՄԱՐՄԱՐԱ »Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, Յուլիս ամսուան մէջ արտատպած էինք Աֆիոնի «Թիւրքէլի » թերթին մէջ խմբագրապետ՝ Հաքքը էօզսոյի ստորագրութեամբ հրատարակուած Յովհաննէս Ա. եւ Բ. խորագրով յօդուածներու թարգմանութիւնը:
Մեր ընթերցողներէն՝ Տիկին Շուշան Գորտոնճիեան այս յօդուածներու թարգմանութիւնը բովանդակող մեր թերթը կցելով իր կողմէ գրուած նամակի մը, ուղարկած է համանուն թերթի խմբագրութեան: Թերթը, 5 Նոյեմբերի իր թիւով, առաջին էջի ճակտին, վերստին տեղ յատկացուցած է այս լուրին, հրատարակելով նայեւ 1 Հոկտեմբեր 1996 Մարմարայի այդ յօդուածին թարգմանութիւնը բովանդակող առաջին էջը:
Թերթը կը գրէ թէ Յովհաննէս Ա. եւ Յովհաննէս Բ. խորագրեալ յօդուածաշարքը մեծ գնահատանքի արժանացած է 56 տարիէ ի վեր հրատարակուող Մարմարա հայկական օրաթերթին կողմէ: Թերթը իր էջերուն մէջ հրատարակած է նաեւ Շուշան Գորտոնճիեանի կողմէ իրենց ուղղուած նամակին պատճէնը: Միւս կողմէ, «խմբագրական »ի անջատ սիւնակի մը մէջ, դարձեալ առաջին էջին վրայ, Հաքքը Էօզսոյ այս նիւթի առընչութեամբ մարդասիրական զգացումներով գեղուն, գողտրիկ խմբագրական մը ստորագրած է, ուղղեալ՝ Մարմարայի:
Ստորեւ, նախ կը հրատարակենք Շուշան Գորտոնճիեանի նամակը, ապա Հաքքը Էօզսոյի խմբագրականը:

ՆԱՄԱԿ՝ ՈՒՂՂԵԱԼ «ԹԻՒՐՔԷԼԻ » ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԻՆ

«Թիւրքէլի » թերթի մեծայարգ խմբագրապետ՝ Հաքքը Էօզսոյ,
Սիրելի եղբայրներ. 25-26 Յուլիս 1996 թուակիր ձեր թերթերուն մէջ կարդացի այն յօդուածները, որոնք հրատարակուած էին Յովհաննէս Ա. եւ Բ. խորագիրներով: Իսկապէս շատ երջանկացայ:Բազմութիւն են մեր երկրին մէջ ձեզի նման մշակութասէր, լայնախոհ եւ լուսամիտ մարդիկը: Բայց ինչ մեղք, որ կան մարդիկ ալ, որոնք տքէտ դասակարգին կը պատկանին: Ձեզի նման մարդիկ այս անձերուն մէջ կը կորսուին:
Ես Իսթանպուլաբնակ թրքահպատակ հայ մըն եմ: Բնիկ Իսթանպուլցի եմ, բայց վստահ եմ որ իմ նախնիներս Անատոլուէն գաղթած են: Թուրքիոյ հայրենակից Մահմետականներն ու Քրիստոնեայ հայերը դարեր առաջ Անատոլուի հողերուն վրայ ապրած են միասնաբար: Անոնց մակարդները, խմորները այս հողերուն վրայ է որ շաղուուած են: Երկու ժողովուրդներու սովորութիւններն ու բարքերը միշտ նմանօրինակ եղած են: Կրօնական ու պաշտօնական տօներուն անոնք միշտ յարգանք եւ սէր ցոյց տուած են իրարու նկատմամբ: Անոնք օժանդակած են իրարու: Մեր նախնիները, մեծհայրերը, հայրերն ու եղբայրները այս երկրի պահակները եղած են եւ պայքար մղած են միասնաբար երկրի պաշպանութեան համար:
Մեզմէ որո՞ւն գլխէն չեն անցած այն դէպքերը, որոնք վերագրուած են Յովհաննէսին: Ամէն մարդ անպայման ունի նմանօրինակ պատմելիքներ: Երբ Մահմետական ընկերներուն տունը այցելութեան երթանք, մեծերը կ'ըսէն. «օր մը, շատ տարիներ առաջ, երբ Անատոլուի սա քաղաքին մէջ, մեր հայ բարեկամներուն հետ...»: Անոնք այսպէս ըսելով է որ խօսքի կը սկսին եւ երկար, երկար կը խօսին այս նիւթին շուրջ: Յուզումով եւ հաճոյքով կը լսենք անոնց խօսքերը եւ կը ցանկանք որ այդ խօսակցութիւնները վերջ չունենան: Մենք ալ զոյգ մը խօսք ունինք, զոր կ'ուզենք այս խօսքերուն կցել: Մենք ալ կ'ըսենք. «բայց ամէն ինչ փոխադարձ կ'ըլլայ»:
Այո՛. յարգանքն ու սէրը միշտ փոխադարձ եղեր են: Մեր նախնիներուն նման մենք ալ շատ հանգիստ, շատ երջանիկ օրեր ապրեր ենք եւ կ'ապրինք տակաւին: Միայն թէ կայ իրականութիւն մը, զոր մենք ամէնքս գիտենք ու կը տեսնենք, բայց մեր ձեռքէն ոչինչ կուգայ: Կան մութ ուժեր, կան չար ու նախանձ մարդիկ, որոնք մեր այս սիրոյ մթնոլորտէն, այս սիրոյ հարստութիւնէն կը նախանձին: Կան մարդիկ, որոնք այս հողերուն վրայ կը ջանան մեր անդորրութիւնը խռովել: Կան չար մարդիկ, որոնք կը ցանկան այս հողերը կոտորակել: Ասոնց դիմաց պայքար մղենք ո՛չ թէ հրացանով, փամփուշով, այլ մեր մատիտով: Մենք միշտ գրենք եւ զանոնք ամօթապարտ թողունք:
Ես Իսթանպուլի մէջ հրատարակուող «Մարմարա » Օրաթերթին մէջ երբեմն գրութիւններ կը ստորագրեմ: Այս նիւթին շուրջ ալ մէկ քանի յօդուածներ գրեցի: Գրութեանս որպէս նիւթ, առի դէպք մը, որ գլուխէս անցած էր: Այս գրութիւնս կ'ուզեմ պատմել ձեզի:
Վերոյիշեալ մուտքէն ետք, Շուշան Գորտոնճիեան կը պատմէ այն դէպքը, որուն մասին ինք յօդուած մը ստորագրած էր Մարմարայի մէջ: Կը գրէ թէ ի՞նչպէս Ամերիկա գաղթած հայ ընտանիք մը ժխտական կարծիք ունէր Թուրքիոյ մասին եւ թէ շնորհիւ իրենց, անոնք ի՞նչպէս փոխած են իրենց կարծիքը այս ուղղութեամբ եւլն. Շուշան Գորտոնճիեան նամակը կ'եզրափակէ «Սէրն է որ կը մնայ մեզի » խորագրեալ ոտանաւորով մը:

«ԹԻՒՐՔԷԼԻ » ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԽԳՐԱՊԵՏ ՀԱՔՔԸ ԷՕԶՍՈՅԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ «ՄԱՐՄԱՐԱ ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ » ԽՈՐԱԳՐՈՎ

Մեր խմբագրականներուն մէջ անհատական նկատառումներէ ծնունդ առնող, շահադիտական նպատակներ հետապնդող գրութիւններ, պատմութիւններ եւայլն չկան: Այն նիւթերը, որոնց վրայ մենք կարեւորութեամբ կը ծանրանանք, անոնք կը շօշափեն հարցեր՝ ի շահ մեր հայրենիքի զարգացման, բարգաւաճման եւ մարդոց միջեւ եղբայրութեան, խաղաղութեան, անդորրութեան եւ բարօրութեան հունտեր սերմանելու:
Անդօրութիւնն ու բարօրութիւնը զիրար լրացնող շատ կարեւոր երկու նիւթեր են: Եթէ հաւաքականութեան մը մէջ անհատներու միջեւ յարաբերութիւնները հաշտ ըլլան իրարու հետ, այն ատեն՝ անդորրութիւն կը ստեղծուի:
Հաւաքականութեան մը մէջ, ամուր հիմերու վրայ դրուած տնտեսական վիճակ ալ բարօրութիւն կը բերէ իրեն հետ:
Անդորութիւնը ապահովող ամէնէն կարեւոր ազդակն է հաւաքականութիւնը կազմող էթնիք խմբաւորումներու ազգ անուան տակ միացումը, հայրենիք կոչուած հողերու վրայ միակ ուժի մը տիրապետութեան տակ մէկտեղումը:
Այդ պատճառաւ է որ միշտ կը գրենք որ մեր երկրին մէջ չէրքէզի, քիւրտի, լազի, հայու, յոյնի միջեւ խտրականութիւն դնող պետութեան իրաւակարգ մը, վարչաձեւ մը չկայ: Անոնք, որոնք խտրականութիւն կ'ընեն, կամ խտրականութիւն կը քարոզեն, անոնք արտաքին ուժերու ունելին դարձած խեղճեր են: Մեր անցեալ թիւերուն մէջ գրած էինք որ Իսթանպուլի մէջ հրատարակուած 56 տարուան Մարմարա օրաթերթը մեր յօթուածը արտատպած է:
Ներկայիս, մեր արժէքաւոր երեսփոխան Իսմէթ Աթիլլայի քեռորդին, Աֆիոնի սիրով լեցուն Իպրահիմ Էքէր մեր եղբայրը, մեզի ուղարկեց հայ համայնքի այս թերթը եւ թերթին մէջ լոյս տեսած գրութիւններու թարգմանութիւնը: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր այս ընկերոջ:
Մեր սիւնակներուն մէջ այս նիւթին շուրջ հրատարակուած լուրերը պիտի կարդաք: Մեր նպատակն է ձեզի նմոյշ մը հրամցնել այն ճշմարտութեան մասին, թէ Անատոլուի մէջ էթնիք խճանկար մը կազմող մարդիկ, դարեր շարունակ միասնաբար, որպէս թուրք ժողովուրդ, բարեկամական եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ ապրած են իրարու հետ:
Իրողութիւնները կուգան փաստել որ մեր ընկերային եւ հաւաքական կառոյցը ընդունակ է այլազգի ժողովուրդներու հետ միասնաբար անդորր եւ բարօր կեանք մը վարելու: ՓՔՔ-ական աւարառուները եւ նման անջատողականները դատապարտուած են մեր մէջ ձուլուելու:
«Մարմարա » հայկական օրաթերթին կը մատուցանենք մեր երախտագիտական ու շնորհաւորական զգացումները, մեզի շռայլուած այն գեղեցիկ խօսքերուն եւ տողերուն համար, որոնց արժանի չենք նկատեր մենք մեզ:

20-Նոյեմբեր-1996 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, October 15, 2007

ԱՖԻՈՆԻ «ԹԻՒՐՔԷԼԻ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՍՐՏԱԽՕՍԻԿ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ »

Աֆիոնի մէջ կը հրատարակուի «Թիւրքէլի» տեղական օրաթերթ մը, որուն 25 եւ 26 Յուլիսի թիւերուն առաջին էջերուն վրայ յօդուածագիր Հաքքը Էօզսոյ հրատարակած է «Յովհաննէս-1-» եւ «Յովհաննէս-2-» խորագրեալ իրերայաջորդ երկու յօդուածներ, որոնց մէջ կը դրուատէ այն եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք ատենին գոյութիւն ունէին հայերու ու թուրքերու միջեւ: Կուտանք թարգմանաբար.

Աֆիոնի մէջ, ուր կը գոյատեւեն տակաւին մեր պատմական ճարտարապետական կառոյցներու, մեր մշակոյթի եւ արուեստի գեղեցկութիւնները, հրաւիրուեցանք հաւաքոյթի մը:
Մեր զրուցակիցն էր 90 տարիքի հասած, անձնագրային տնօրէնութենէն հանգստեան կոչուած աւագ գրագիր՝ Ահմէտ Միրիօղլու: Մեր արժէքաւոր խօսակիցը միաժամանակ մասնագէտ է Օսմանեան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան եւ գրաճանաչութեան նիւթին շուրջ: Իր փորձառութիւններու հիման վրայ, ան յաճախակիօրէն կը պատմէ իր յուշերը, որոնք տարբեր համ մը կուտան մեր խօսակցութիւններուն:
Եթէ նիւթ բացուի շէնքերու պատմութեան, մշակոյթի եւ արուեստի մասին, Ահմէտ Միհրիօղլուի խօսակցութիւններուն ականջալուր ըլլալ մեզի անպատում երջանկութիւն կը պարգեւէ:
Ահմէտ հօրեղբայրը տենդագին յուզումով կը պատմէ թէ յունաց գրաւման շրջանին ինք 12 տարեկան է եղեր: Յոյն զինուորները ուզեր են գրաւել իրենց տունը, առնել իրենց կովերը: Իր տարեց հայրը զինքը ղրկեր է թաղի իրենց դրացի քահանային, օգնութիւն հայցելու համար: Հայ քահանան անմիջապէս փութացեր է իրենց մօտ, յոյն զինուորներուն արգելք հանդիսացեր է եւ կովերը ազատեր է:
Ահմէտ հօրեղբայր համով ոճով մը կը պատմէ իր յիշատակները, հետեւեալը ըսելով. «Մենք հայերու հետ եղբօր պէս կեանք կը վարէինք: Թաղին մէջ թուրք կամ հայ մանուկներու միջեւ խտրութիւն չէր դրուեր: Հայրեր ու մայրեր մէկզմէկու տղոց խնամք կը տանէին եւ իրարու կ'օժանդակէին: Մերձակայ տնեցիները ամէն նիւթին շուրջ մէկզմէկու կ'օգնէին: Եթէ կարիք ստեղծուէր, սննդեղէնի, դեղորայքի օգնութիւն կը կատարէին իրարու: Հայեր միշտ յարգանք կը տանէին մեր մզկիթներուն, նամազին եւ այլ կրօնական սովորութիւններուն հանդէպ:
Տակաւին ան ունի յիշատակ մը որ ինծի շատ շահեկան թուեցաւ: Այդ յուշը կը վերաբերի իր հայ ընկերոջ՝ Յովհաննէսին: Ես այս մասին պիտի խօսիմ վաղուան յօդուածիս մէջ:

Յօդուածագիրը յաջորդ օր «Յովհաննէս-2-» խորագրեալ յօդուածով կը շարունակէ կանգ առնել այս նիւթին վրայ եւ յիշեցնելէ վերջ թէ Հայեր ու Թուրքեր ինչպէս համերաշխ կեանք մը կ'ապրին իրարու հետ, կը շարունակէ.

Ահմէտ հօրեղբայր իր ընկերոջ Յովհաննէսին մասին պատմեց հետեւեալը.
1950 ական թուականներուն կնոջս հետ միասին գնումներ ընելու համար Իսթանպուլ Փակ Շուկայ իջած էինք: Խանութպանէ մը հասցէ մը հարցուցինք: Երբ հարցուցինք թէ ո՞ւրտեղացի էր խանութպանը, յայտնի դարձաւ որ ան Աֆիոնցի հայ մըն է եղեր: Սկսանք իրարու հարցնել. սա կը ճանչնա՞ս, նա կը ճանչնա՞ս: Չափազանց յուզուած էի: Մանաւանդ իր Յովհաննէս անունը ինծի բնաւ օտար չթուեցաւ: Միջոց մը ձեռքս երկարեցի ու գլխուն վրայի քասքէթը վերցուցի: Նայեցայ: «Եահու, ըսի, ես մեր թաղամասին մէջ խաղի ընթացքին քու գլուխդ չէի՞ ջարդած, տես հետքը տակաւին հոն մնացեր է»: Յանկարծ ողջագուրուեցանք իրարու հետ:
Ան լացաւ, ես լացի: Յիշատակներ արծարծուեցան, մեզ հիւրասիրեցին իրենց տան մէջ:
Այսպէս պատմեց Ահնէտ հօրեղբայր: Բայց ինծի համար իր պատմութեան ամէնէն սրտառուչ կէտը կը վերաբերէր Յովհաննէսին գլխուն ջարդուած գիշերուան: Երբ խաղի ընթացքին Յովհաննէսին գլուխը ջարդուեր է, Յովհաննէսին ծնողքը, որպէսզի ցրտութիւն ու կռիւ չըլլայ, Ահմէտ հօրեղբօր ընտանիքը գիշերը ճաշի հրաւիրեր են: Այնուհետեւ ալ Ահմէտի ընտանիքը զանոնք փոխադարձ ճաշի հրաւիրեր է:
Կը մտածենք, թէ այսօր շատ կարեւոր դասեր քաղելու ենք Յովհաննէսի վերյիշումէն:

1-ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ-1996 ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
ՄԱՐՄԱՐԱ

Wednesday, October 10, 2007

ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ԵՐէԿԸ ԵՒ ԱՅՍՕՐԸ



Անցեալները երկու մանկամարդուհիներ այցելութեան եկան մեր խանութը, որ կը գտնուի Թոքաթլեան խանի մէջ: Ատանայէն եկեր էին: Տեսեր են Իսթանպուլի հրաշալի պալատները, անցեր են Վոսփորի կամուրջէն, տեսեր են հիանալի տեսարանը եւ զարմացեր են: Յետոյ այցելեր են Գոց Շուկայ, բայց որոշեր են երթալ ու տեսնել Պէյօղլուն:
Մեր փասաժի դրան առջեւէն անցնելու ընթացքին տեսեր են « ԹԱՐԻՀԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆ ՀԱՆ » վերտառութիւնը: Հետաքրքրուեր են եւ ներս մտեր են բացատրութիւն ուզելու համար:
-Այս շէնքին մասին մեզի քիչ մը տեղեկութիւն կուտա՞ք, կ'ըսէր աղջիկներէն մին:
Ես «Ամենայն սիրով »ըսի եւ որքան որ գիտէի, բաներ մը բացատրեցի այս նշանաւոր խանին մասին:Բայց օրիորդները սկսան իրենց քթին տակէն խնդալ:
-Ա՞յսքան է, հարցուցին: Մենք ալ այդ գրութիւնը կարդալով ուրիշ բան կարծեցինք: Կարծեցինք որ այս խանը պատմութիւնը ապտակող, պատմութիւնը կողոպտող խան մըն է:
Ես քարացայ այս բացատրութեան դիմաց եւ բան չկրցայ ըսել: Անոնք այսպէս թարգմանած էին ուրեմն «Թոքաթլեան » նշանաւոր անունը: Ի վերջոյ մանկամարդուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ հեռացան:
Անոնց մեկնումէն ետք ես ինծի հարցուցի թէ արդեօք արժանի՞ էր որ այսքան փառաւոր անցեալ մը ունեցող Թոքաթլեանը այսօր այսպիսի ըսի ըսաւներու նիւթ դառնար:
Հիները գիտեն որ երբ պանդոկ էր, մեծամեծ անձնաւորութիւններ ապրած էին այս պանդոկին մէջ: Պարահանդէսներ, հարսանիքներ, նշանախօսութիւններ եւ ժողովներ ամենօրեայ տեսարաններ էին այս պանդոկին մէջ: Իսթանպուլի բարձրագոյն դասը այս պանդոկն էր որ կը նախընտրէր միշտ:
Այդ տարիներուն մեծ հայրիկս եւ մեծ մայրիկս ալ ընդհանրապէս իրենց նախընթրիքը կ'ընէին Թոքաթլեանի նշանաւոր ծաղարանին մէջ: Օր մը սակայն անոնք կ'անդրադառնան որ ծաղարանին գիները յանկարծ արտակարգօրէն բարձրացած են: Մեծ հայրիկս գլխաւոր սպասեակը կը կանչէ ու կը հարցնէ.
-Տղաս, անցեալ շաբթուան եւ այս շաբթուան միջեւ գիներու շատ մեծ տարբերութիւն մը կը տեսնեմ: Ի՞նչ է պատճառը:
Գլխաւոր սպասեակը կը մօտենայ մեծ հայրիկիս ականջին եւ կ'ըսէ.
-Պարոն, եթէ գիները անցեալ շաբթուան պէս ձգէինք, ամէն մարդ պիտի մտնէր հոսկէ ներս եւ դուք ալ հիմա պիտի չկարենայիք հանգիստ նստիլ:
Իրաւ ալ հիները կը պատմեն որ այս պանդոկը փառաւոր անցեալ մը ունէր եւ մեր համայնքն ալ պատմական օրեր ապրած է այս շէնքին նախկին վիճակին մէջ: Բայց այսօր ինչպիսի տեսարան մը կը պարզուի այս պատմական շէնքէն ներս: Ի՞նչ մեղք որ պիտի չուզեմ այս հարցումիս պատասխանել:
Միայն ըսեմ որ ամէն գիշեր, երբ խանութս կը գոցեմ, կաթիլ մը ջուր կը կաթի խանութիս մարմարեայ քարին վրայ: Այդ կաթիլ մը ջուրը իմ աչքէս հոսած արցունքն է: Հաւատացէք,ես ամէն գիշեր կաթիլ մը արցունք կը հոսեցնեմ ի յիշատակ Թոքաթլեանի փառաւոր անցեալին, եւ իբր բողոք Թոքաթլեանի այսօրուան տխուր տեսարանին դիմաց:

Շուշան Գորտոնճիեան
28-Օգոստոս-1996 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Tuesday, October 9, 2007

ՍՏՈՅԳ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԺԱՆԻ ԿԱՆԽԱԿԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ



Անցեալ տարի, Օգոստոս ամսուան վերջին օրերէն մէկն էր: Հարսանիք մը ունէինք: Շաբաթ օրուընէ Պոլիսը մնացինք: Շաբաթ գիշեր ամուսնիս հետ որոշեցինք Սարըյէր Գավաքները երթալ եւ ձուկ ուտել: Սքանչելի տեղ մըն է Գավաքները, թէ՛ օդով, թէ՛ ուտելիքներով եւ թէ շրջապատով: Ես օթօպիւսի ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ: Նստանք օթօպիւս մը եւ Սարըյէր հասանք: Հոնկէ ալ առինք տոլմուշ մը եւ իջանք Գավաքներ: Երբեմն առիթներ կը ստեղծենք երթալու համար Գավաքներու այդ ճաշարանը եւ այդ պատճառաւ ճաշարանին տէրը մեզ լաւ կը ճանչնայ: Եթէ նոյնիսկ սեղանները լեցուն ըլլան, ճաշարանապետը անպայման սեղան մը կը ճարէ մեզի: Ձմեռը տեղացիներն են որ կուգան այդ ճաշարանը, իսկ ամառնային շրջանին, հոն կուգան յաճախ զբօսաշրջիկներ որոնք կը խօսին զանազան լեզուներով: Այդ օր ալ ըստ սովորութեան, ապսպրեցինք մեր ուտելիքները եւ սկսանք ցած ձայնով խօսիլ ամուսնիս հետ: Մենք ընտանեկան վարժութեամբ հայերէն կը խօսինք իրարու հետ:
Այդ որ ալ այդպէս կ'ընէինք: Ճիշդ ճաշելու վրայ էինք, երբ պարոն մը մօտեցաւ եւ կեցաւ մեր գլուխը: Ան հագած էր պլուճին տաբատ մը, թիշորթ մը եւ սբօր կօշիկներ: Կը կրէր ակնոց մը եւ ունէր ճերմակ մազեր: Շուարեցանք: Ան մեզմէ ներողութիւն խնդրելով անգլերէնով բաներ մը հարցուց: Պատասխանեցի: Յետոյ, պարոնը սկսաւ հայերէն խօսիլ: Մեր շուարումը չէինք թօթափած տակաւին, երբ կրկին անգամ շուարումի մատնուեցանք: Անծանօթ պարոնը նախ եւ առաջ իր շուրջը դիտեց, ապա դէպի սեղան ծռելով փսփսաց.«Անդրադարձանք որ դուք հայերէն կը խօսիք: Վտանք մը չկա՞յ »: «Ի՞նչու վտանք ըլլայ, ըսաւ ամուսինս: Ազատութիւն կայ, այստեղ, ամէն մարդ կը խօսի իր փափաքած լեզուով »: Պարոնը արագ քայլերով անցաւ իր սեղանը եւ կնոջը ականջին բաներ մը փսփսաց: Այդ պահուն ամուսինս ոտքի ելաւ եւ գնաց այդ անծանօթ ամոլը մեր սեղանը հրաւիրելու: Անոնք սիրով տեղի տուին ամուսնիս հրաւէրին: Ելան իրենց տեղէն, եկան նստելու մեր սեղանը: Անոնք 65 տարեկանի շուրջ էին: Կը կոչուէին Քէլի եւ Սիմա: Անոնց բնակարանը Միշիկընի մէջ է եղեր: Պրն. Քէլիին ընտանիքը ժամանակին Սեբաստիայէն Միշիկըն գաղթեր եւ հոն հաստատուէր է: Իսկ տիկին Սիմայի ընտանիքը Կեսարեացի է եղեր: Իրենք հոն ծներ են, սակայն իրենց մայրենի լեզուն չեն մոռցեր: Հոն զիրար ճանչցեր են: Տարիներ առաջ ամուսնացեր եւ չորս զաւակներ ունեցեր են: Անոնք հիմա թոռներու տէր են եղեր: Տարիներէ վերջ, որոշեր են իրենց ամառնային արձակուրդը անցընելու համար Պոլիս գալ: Անոնք շատ ուրախ էին, որ Պոլիս այցելութեան իրենց առաջին օրն իսկ իրենց դիմաց գտած էին հայ ընտանիք մը: Իրենք կ'ըսէին թէ վախով ու դողով եկած են Պոլիս, որովհետեւ Ամերիկա գաղթող հայ ընտանիքներէ լսած են որ Թուրքիոյ մէջ հայերը լաւ վերաբերումի առարկայ չեն դառնար: Երբ լսեցի այս խօսքը, սկսայ մանրամասն տեղեկութիւններ տալ անոնց Իսթանպուլահայութեան առօրեայ կեանքին ու ապրելակերպին մասին: Ըսի որ 32 եկեղեցիներ ունինք Պոլսոյ մէջ, որոնք կը գործեն անխափան: Ունինք շուրջ 20 վարժարաններ, ուր հայ մանուկներ հայկական կրթութիւն կը ստանան: Տօնական օրերուն եկեղեցիները բերնէ բերան լեցուն կ'ըլլան: Ունինք Պատրիարքարան մը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, երգչախումբեր եւ մշակութային կեդրոններ: Թրքահայերու համար մեծ բախտաւորութիւն է ունենալ այսպիսի կազմակերպութիւններ: Երբ այս բացատրութիւնները կուտայի, կ'արժէր տեսնել տէր եւ տիկինին դէմքի արտայայտութիւնը: Անոնք շուարուն վիճակ մը ունէին եւ կ'ուզէին որ խօսիմ տակաւին այս նիւթին շուրջ: Ես ոգեւորուած՝ շարունակեցի տալ այլ բացատրութիւններ: Ըսի թէ մենք փառաւոր հարսանիքներ կ'ընենք այստեղ եւ կ'արժէ տեսնել այդ հարսանիքներու շքեղանքը: Մկրտութիւններն ալ նոյնպէս տեղի կ'ունենան մեծ շուքով: Անոնց առաջարկեցի որ եթէ փափաքին, Կիրակի կրնան մեզի ընկերանալ հարսանիքի մը ներկայ գտնուելու համար: Շատ գոհ մնացին մեր այս առաջարկէն: Ժամանակը շատ շուտ անցած էր:Ճաշարանէն բաժնուեցանք:
Յաջորդ օրուան հարսանիքը ժամը 15.30-ին, Երրորդութեան Եկեղեցիին մէջ էր: Մեր հիւրերը իջեւանած էին Թաքսիմի շուրջ պանդոկ մը: Հարսանիքէն ժամ մը առաջ եկեղեցիին մէջ էինք: Անոնք շուարուն աչքերով կը նայէին իրենց շուրջ: Այդ պահուն ուրիշ հարսանիք մը եւս կար: Շորջ երկու ժամ, մնացինք եկեղեցիին մէջ: Անոնք ամբողջ արարողութիւնները ժապաւէնի վրայ արձանագրեցին: Չափազանց ուրախ էին: Արարողութիւններու վերջաւորութեան գիտէք թէ ի՞նչ ըսին մեզի:
«Շատ նախանձեցանք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերէն եւ շատ գոհ մնացինք, որ հայեր այսպէս բարգաւաճ կեանք մը կ'ապրին Պոլսոյ մէջ »:
Ես եւ ամուսինս շաբթուն վեց օրը կ'աշխատինք: Միայն Կիրակի օրերուն է որ արձակուրդ կ'ընենք: Այդ Կիրակի հիւրերը հրաւիրեցինք Կղզի, որպէսզի քիչ մը եւս շուարումի մատնէինք զանոնք: Երբ անոնք շոգենաւէն իջան, սկսան մեծ զարմանքով նկարահանել Կղզիի հրաշագեղ տեսարանները: Անոնք լսեցին հայկական անուններ, հայերէն խօսակցութիւններու ականջալուր եղան եւ զարմանքով ըսին. «Չէինք կրնար երեւակայել որ դուք այսպիսի կեանք մը կ'ապրիք այստեղ »: Շատ հաւնեցան մեր Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին: Պատարագը ծայրէ ի ծայր տեսաերիզի առին: Այդ գիշեր մեր հիւրերը առաջնորդեցինք Գնալըի ճաշարաններէն մէկը, ուր երգիչ Պարթեւ հայերէն երգեր կ'երգէ: Խանդավարուեցան:
Կէս գիշեր էր արդէն: Հասած էր բաժանումի պահը: Նաւամատոյցն էինք: Երբ ողջերթ կը մաղթէինք, հետեւեալը կ'ըսէինք անոնց. «Երբ Միշիկըն երթաք, ցոյց տուէք ձեր այս տեսաերիզները ամէնուն, փաստելով թէ Իսթանպուլահայերը շատ լաւ կեանք մը կ'ապրին այստեղ »:


Շուշան Գորտոնճիեան

25-Յուլիս-1996 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Monday, October 8, 2007

ԱՆՑԵԱԼԻ ՕՐԵՐ, ՈՐ ՀԻՄԱ ՉԿԱՆ...


Այլեւս հասկցանք թէ ամառը եկած է:
Տաք օրերը սկսան անհանգստացնել մեզ:
Որպէս ամէնէն հին կղզեբնակ ընտանիքի մը հարսը, ես ալ երբ ամառ գայ, մեծ հաճոյք կը զգամ կղզի երթալէ: Շատ սիրուն է Գնալը Կղզին: Ժողովուրդը բախտաւոր է որ ունի եկեղեցի մը: Երբ պտոյտի ելլենք, մէկ ժամուան մէջ ամբողջ կղզին շրջած կ'ըլլանք: Որ կողմէն ուզես ծով մտիր, տղադ ազատ ձգէ, բնաւ չես մտահոգուիր: Մաքուր, սակայն խճողուած բազմութիւն մը կայ: Առաւօտ եւ գիշեր, ամէն ժամ շոգենաւ կայ, միշտ լեփ-լեցուն: Փողոցները քալելու կարելիութիւն չկայ: Ամէն տարի դիմագիծերը կը փոխուին: Այլեւս մարդ չենք ճանչնար: Կարծես թէ մենք օտար մնացած ենք անոնց մէջ: Երբ շրջանակիս մէջ Գնալը կղզիի խօսքը անցնի,«ամա՛ն, ձգէ այդ շփացածներու կղզին» կ'ըսեն: Շատ մեծ վիշտ մը կը զգամ սրտիս մէջ, որովհետեւ ես այդպիսի բաներ չեմ տեսներ կղզիին մէջ...: Տեսածներս եթէ շփացածութիւն են. կը նշանակէ թէ ես չեմ գիտեր թէ ի՞նչ է շփացածութիւնը:
Օրինակ՝ ծով մտնելու համար ծովեզերք կ'երթամ: Տիկինները իրենց բոլոր գոհարեղէնները իրենց վրայ դրած՝ իրարու ցոյց կուտան, իսկ այրերը իրենց գործի կեանքի յաջողութիւններու մասին բարձրաձայն տեղեկութիւններ կուտան: Որ կողմը որ նայիք, կը տեսնէք գրպանի հեռաձայն մը: Այդ խայտառակութիւնն ալ ուրիշ հարց: Խօսելու պահուն երբեմն իրենց շուրջը կը նային, որպէսզի հասկնան թէ արդեօք զիրենք լսող կամ իրենց նայող կա՞յ: Յետոյ ճաշարաններու մէջ քանի մը գաւաթ խմելէ վերջ ինքնակարոյս՝ փողոցները թափիլ եւ պարել.... եւայլն:
Մեղա՛յ Տէր Աստուած, ասոնք շփացածութի՞ւն են: Ո'չ, չեմ կարծեր:
Ժամանակին, այսինքն վաթսուն, եօթանասուն տարիներ առաջ, խիստ սակաւաթիւ տուներ կան եղեր Գնալըի մէջ: Հայ, յոյն եւ թուրք, որակաւոր մարդիկ կը բնակին եղեր այդ տուներուն մէջ: Կիները, իրենց մէկ ձեռքին մէջ հովանոց մը բռնած, իսկ միւսին՝ հովահար մը, նազանքով ման կուգան եղեր կղզիին մէջ: Իսկ պարոնները ձեռին կ'ունենան եղեր ցուպեր: Աւա՛ղ, ես այդ օրերը չտեսայ:
Մեր տունը ծովեզերքէն երեք փողոց վերն է: Ժամանակին, ամուսնիս մեծ հայրը առաւօտուն պարտէզին մէջ սուրճ խմած միջոցին Պուրկազէն ելլող շոգենաւը կը տեսնէ եւ դանդաղ քայլերով դէպի նաւամատոյց կը քալէ եղեր: Հիմա ձգեցէք ծով տեսնելը, նոյնիսկ երկինքը պիտի չկարենանք տեսնել: Ծառերը կտրուած, անոնց տեղ հսկայ քարաշէն բնակարաններ շինուած են:
Կ'ուզեմ ձեզի այս առթիւ իրական պատմութիւն մը պատմել:
Մեծ հայրիկը օր մը աճապարանքով տունէն կ'ելլէ: Պոլիս խանութ կ'երթայ: Երբ դրամի պէտք կը զգայ, կը նայի որ դրամապանակը չկայ: Կը կարծէ թէ կորսնցուցած է: Այդ շրջաններուն երկու շոգենաւներ կ'աշխատին եղեր, որոնցմէ մէկը առաւօտուն Կղզիէն Պոլիս կ'իջնէ, իսկ միւսը իրիկունը Պոլիսէն Կղզի կը վերադառնայ եղեր: Մեծհայրիկը գիշերը երբ կղզի կը վերադառնայ, արդէն բոլորովին մոռցած է կորսուած դրամապանակը: Շոգենաւէն կ'իջնէ, նաւամատոյցին վրայ կը գտնէ իր դրամապանակը: Ո'չ մէջէն դրամ, ոչ ալ ուրիշ բան կորսուած է: Իր ինկած ձեւով կեցած է: Ո'չ ոք խառնած է դրամապանակը, ոչ ալ ուրիշ տեղ դրած:
Ուր որ է ես պիտի չհաւատամ այս գրածիս: Սակայն պատմութիւն չէ, այլ իրականութիւն է:
Հիմա սա պահուս, ժամը գիշերուան երեքը եղած է: Ես նաւամատոյցն եմ: Նստած եմ ծովեզերքի քարերուն վրայ: Այս գիշեր լիալուսին է, եւ լուսինը շրջապատուած է աստղերով: Ալիքները հանդարտ հանդարտ կը շոյեն քարերը: Մարդ չէ մնացած փողոցները:
Ես շատ կը սիրեմ կղզիին այս պահը:
Սակայն կարելի՞ է ամէն գիշեր այսպէս բռնել աստղերը, լուսինը, ծովն ու ալիքները:


Շուշան Գորտոնճիեան
10-Յուլիս-1996 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ

Saturday, October 6, 2007

ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՕՐԵՐԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ


Մանուկ էի: Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանը կը յաճախէի: Մանկութեան շրջանէս քիչ բան կը յիշեմ: Միայն թէ ունիմ յիշատակ մը, որ անջնջելի դրոշմ մը ձգած է մտքիս մէջ եւ այդ յիշատակը երբեք պիտի չսրբուի իմ յիշողութենէս:
Մանկութեանս այդ շրջաններուն, հայրս Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականներէն էր: Վարդավառի Կիրակիին, մայրս գաւաթ մը ջուր կը բերէր, գլխէս վար կը թափէր: «Հայտէ աղջիկ, շուտ ելի՛ր անկողնէդ, այսօր Վարդավառ է ». կ'ըսէր: Սակայն ես չէի կրնար ելլել անկողնես, որովհետեւ մէկ գիշեր առաջ մինչեւ կէս գիշեր Ս. Կադապետ Եկեղեցւոյ մէջ աշխատած կ'ըլլայի, Վարդավառի մատաղօրհնութեան մատաղի սանտուիչներ պատրաստելու համար: Տաղաւարի այդ օրուան նախօրեակին աղքատները եկեղեցւոյ դրան առջեւ կը սպասէին: Մատաղի ապուրի ջուրերը կը տրուէին անոնց: Միսերը մեծ կաթսաներու մէջ կ'եփէին, որպէսզի պատրաստ ըլլան յաջորդ օրուան մատաղցուները: Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան հաւի ջուրով պատրաստուած ապուրը շատ կը սիրէր: Մեր մեծերը գիտնալով այդ պարագան, հաւի ջուրի ապուր կը պատրաստէին: Եւ այսպէս՝ Վարդավառի օրուան պատրաստութիւններ կը տեսնուէին մեծ եռուզեռի մէջ:
Վարդավառի Կիրակիին, հայրս կարելի չէր տեսնել տան մէջ: Որովհետեւ այդ օր, հայրս պաշտօն ունէր երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը Սկիւտարի Եկեղեցին առաջնորդելու: Շոգեմակոյկ մը կը վարձուէր եւ հայրս, ընկերակցութեամբ թաղային խորհուրդի մէկ քանի անդամներուն, մեր Պատրիարքը կղզիէն կ'առնէր ու Սկիւտար կը բերէր:
Վարդավառի Կիրակիին խուռներամ բազմութիւն մը կը լեցներ եկեղեցին: Այդ օր ասեղ ձգելիք տեղ չէր մնար եկեղեցւոյ մէջ: Պոլսոյ չորս կողմէն ուխտաւորներ Մուրատատու Ս. Կարապետ եկեղեցին կուգային: Անոնցմէ ոմանք իրենց ի ձեռին կ'ունէնային աքլորներ, ոմանք ոչխարներ: Անոնք կ'ուզէին շնորհակալութիւն յայտնել Մուրատատու Ս. Կարապետ եկեղեցիին, որ իրենց ուխտը կատարած էր:
Վարդավառի Ս. Պատարագը կը մատուցուէր ձեռամբ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի: Ս. Պատարագին ճիշդ մէջտեղը, ճերմակ աղաւնիներ կը թռցուէին: Այդ միջոցին անպայման եկեղեցիին մէջ կ'ըլլայի: Սրտէս մէջէն բան մը կը փրթէր կարծես: Այդ պահուն ես զիս հպարտ կը զգայի հայ ըլլալուս համար:
Ժամը 13.30ին կը վերջանար եկեղեցական արարողութիւնը եւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատաղօրհնութեան ճաշ կը սարքուէր: Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ կը բացուէր սիրոյ սեղանը: Խօսնակը կ'արտասանէր բարի գալստեան խօսքը: Աւելի վերջ, հայկական երգերով սեղանները կը շէննային:
Այսպիսի տօնախմբութեան օր մըն էր, երբ ես ոտանաւոր մը արտասանեցի: Շրջանաւարտ դասարանի աշակերտ էի: Այդ միջոցին Պատրիարք Հայրը ոտքի ելաւ ու իմ այս արտասանութենէն ազդուելով 100 լիրա նուիրեց եկեղեցիին: Ինչպէս բոլորդ գիտէք, այդ շրջանին հարիւր լիրան շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէր: Այդ վայրկեանին շատ ուրախ եւ երջանիկ զգացի ես զիս: Որովհետեւ բոլոր հրաւիրեալները ոտքի ելան եւ ծափահարեցին Շնորհք Պասրիարքի այս ազնիւ շարժուձեւը: Ես անմիջապէս Պատրիարքին քովը գացի եւ Աջը առի: Ան ալ զիս իմ ճակտէս համբուրեց:
Այսօր, տարիներ վերջ, այսպիսի երանաւէտ տեսնելու առիթը չունինք այլեւս Մուրատատու Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ: Այնպէս կը կարծեմ որ ամէնէն երիտասարդ անդամներէ բաղկացեալ Թաղային Խորհուրդը Մուրատատու Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն է: Աւանդութիւնը այնպէս կը պարտադրէ որ օրուան Պատրիարք Հայրը մատուցանէ Վարդավառի Ս. Պատարագը: Կը սպասենք որ այս աւանդութիւնը յարգելով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելէ Ս. Կարապետ Եկեղեցին եւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցանէ:
Մեր ակնկալութիւնն այն է որ մենք՝ որպէս Ճեմարանցիներ, այդ սիրոյ սեղանին վրայ դարձեալ ոտանաւորներ արտասանենք եւ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները առնելով մեր բաժակները բարձրացնենք մեր ազգին կենաց:


Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-1996 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ