Friday, October 26, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐԸ




Մեր մեծերը կ'ըսէին, որ Սկիւտարի օդէն բանաստեղծ կը հասնի: Իսկապէս ալ այդտեղի օդը, ջուրը բանաստեղծ կ'ընէ մարդը: Բազմաթիւ հայ բանաստեղծներ շնչած են Սկիւտարի օդը, անցած են Սկիւտարի ճամբաներուն վրայէն:
Ժամանակին մարդիկ իբրեւ ամարանոց կուգան եղեր Պաղլարպաշը: Կը պատմուի, որ շատ լաւ հայութիւն մը ապրած է Պաղլարպաշըի մէջ: Եւ մեծ թիւով հայեր: Մտածենք անգամ մը: Չորս հատ վարժարան, երկու փառաւոր եկեղեցի եւ Սանուց Միութիւն մը:
Աւա՛ղ, Սանուց Միութիւն մը՝ մինչեւ ինը տարի առաջ: Կարծես սրտէս կտոր մը կը փրթի երբ կը գրեմ այս տողը, որովհետեւ հիմա չկայ Սկիւտարի Սանուց Միութիւնը: Այրեցաւ, աւերակի վերածուեցաւ: Սրտէս երկրորդ կտոր մըն ալ կը փրթի, երբ կ'ըսեմ, Պաղլարպաշըի հայ երիտասարդները հիմա չունին այլեւս իրենց տունը: Ո՞ւր են, այսօր ինչով կը զբաղին, մեր երիտասարդները: Արդեօք սրճարա՞ն կը յաճախեն, օքէ՞յ կը խաղան, կամ ինչպիսի պարապ գործերով ժամանակ կը կորսնցնեն: Մենք մեր շրջանին ուրիշ տեղ երթալու փափաք չունեցանք, որովհետեւ ունէինք մեր Սանուց Միութիւնը: Շաբաթ եւ Կիրակի ուղղակի հոն կը վազէինք: Թատրոն, պարահանդէս կը սարքէինք, ոտանաւորներ կ'արտասանէինք: Ինչ լաւ ժամանակ կ'անցնէինք:
Ինը տարի առաջ դժբախտութիւն մը պատահեցաւ եւ մեր Սանուց Միութիւնը այրեցաւ: Մեզի համար գոհար հաստատութիւն մըն էր այդ եւ կորսնցուցինք:
Հիմա Սկիւտարի մեր երիտասարդութիւնը Սանուց Միութեան պահանջքը չի՞ զգար: Միասնաբար ձեռք երկարենք այս երիտասարդներուն, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ Սկիւտարի օդը փոխուած է: Հոնկէ տակաւին լաւ բանաստեղծներ կրնան հասնիլ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ