Saturday, October 27, 2007

«ԷՇԸ ԾՈՐԱԿՆ Է, ԲԱՅՑ...






Այսօր իմ գրութեանս կ'ուզեմ սկսիլ պատմութիւն մը պատմելով: Պատմութիւն մը, որ նաեւ խրատական է:
Մայրս հարս գացեր է: Կը պատմէր, որ տան մէջ կեսուրմայրիկ մը, նաեւ անոր ալ կեսուրմայրիկը կան եղեր: Այսինքն բազմանդամ ընտանիք մը: Երբեմն համով խօսակցութիւններ, երբեմն վիճաբանութիւններ կը կատարուին եղեր, բայց բոլոր վիճաբանութիւնները սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ կը վերջանան եղեր, որովհետեւ մեծմայրս խօսք մը ունի եղեր որ յաճախակի կերպով կը կրկնէ եղեր. «Էշը ծորակն է, բայց վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Երբ 12 տարեկան եղայ, մեծմօրս հարցուցի:
«Ինչ ըսել կ'ուզես, մեծմայրիկ, ի՞նչ ըսել է՝ էշը ծորակն է»:
Զիս դէմը նստեցուց եւ սկսաւ պատմել:
«Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէն վերջ իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւն առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած՝ ոտքի կը կանգնի եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն, որ մարդը խենդեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
«Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ եւ քնատ է: Կը տեսնէ դարձեալ ծորակին առջեւը էշը: Էշը իրեն նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէ՛ք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն մտածելով, որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուար կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ, որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպտելով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Էշ, գիտեմ, որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ: Որովհետեւ վերջաւորութիւնը լաւ չէ»:
Մօրը բախտը աղջկան օժիտ՝ կ'ըսեն: Ես ալ նոյն ձեւով հարս գացի: Ես ալ մաս կազմեցի բազմանդամ ընտանիքի: Սակայն մեծմօրս այս խրատականը երբեք մտքէս չելաւ: Շատ անգամ որոշումներ առնելէ առաջ կամ կարծիքներ յայտնելէ առաջ յիշեցի պատմութիւնը: Այնուհանդերձ բնաւ ալ չսիրեցի անիրաւութիւնը: Եթէ պէտք ըլլար, միշտ պիտի ուզէի ձայնս բարձրացնել որեւէ անիրաւութեան դիմաց:
Այս օրերուս, 18 տարեկան աղջնակ մը հիւանդ էր: Բարերար մը ելաւ ու ձեռք երկարեց անոր: Բժիշկները յայտնեցին, որ դարմանումը կարելի է, սակայն մեծ գումարներու պէտք կայ: Բարերարը, ինք օգնելով հանդերձ, ուզեց ուրիշներու ալ դուռը զարնել եւ օգնութիւն ուզել: Բոլոր դռները գոցուեցան իր երեսին: Բարերարը դրամ հաւաքելու ճար մը գտաւ իր սեփական պայմաններով: Հիւանդը 18 տարեկան երիտասարդուհի մը, առաւել հեռատեսիլի գործիք մը եւ տոմսակներ, եւլն. եւլն.:
Եթէ մեր ընկերային շրջանակներէն ներս մտնես, ըսելիք շատ բան կ'ունենաս: Բայց «Էշը ծորակն է, եւ վերջաւորութիւնն ալ լաւ չէ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Հոկտեմբեր-1997 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ