Monday, November 12, 2007

ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ




Ամուսինս Իսթիքլալ Պողոտային վրայ հաստատութեան մը մօտ աշխատեցաւ ճիշդ 19 տարի: Յետոյ, 15 տարի առաջ Թոքաթլեան փասաժի մէջ բացինք մեր խանութը: Աշկերտի մը պէտք ունէինք, որպէսզի մեզի օգնէր խանութի մեր փոքրիկ գործերուն մէջ: Քիչ մը դժուար եղաւ, սակայն ի վերջոյ գտանք ճիշդ մեր ուզածին պէս տղայ մը:
Տղան 15-16 տարեկան էր, աչքը բաց բան մը: Շատ ալ խելացի: Ինքնահաւան եւ շատախօս: Ամէն բանի հանդուրժեցինք, որովհետեւ շատ դժուար էր մարդ գտնելը: Առաջին օրը տղան մեր դիմացը կանգնելով սկսաւ հարցուփորձել. «Վարպետ, դուք ինծի ո՞րքան ամսական պիտի տաք, ո՞ր օրերը արձակուրդ պիտի ընեմ» եւլն.:
Ամուսինս յայտնեց թէ որքան ամսական պիտի վճարէր: Տղուն դէմքը ժպտեցաւ, գոհ մնաց: Յետոյ ամուսինս շարունակեց.«Տղաս մեր արձակուրդի օրերը սապէս են. Կիրակի օրերը, յետոյ իսլամական տօնական օրերը եւ մէկ մըն ալ Ս. Զատիկը»: Տղան զարմանքով նայեցաւ. «Վարպետ, ձեզի բան մը ըսեմ: Ես բոլոր օրերը հասկցայ, սակայն Ս. Զատիկը չհասկցայ: Ան արդէն Կիրակիի չի գար»:
Ամուսինս քիթին տակէն խնդալով տղուն պատասխանեց. «Ապրիս տղաս, դուն շատ խելացի ես, ես քեզ շատ սիրեցի, ուրեմն գործի առնուած ես»:
Ատենօք մեր մեծերը կը պատմեն, որ տղայ մը այսպիսի հարցումներ չէր ուղղեր եթէ գործի սկսէր: Հայրը կ'առնէր զայն վարպետի մը կը յանձնէր. «միսը քեզի, ոսկորը ինծի». կ'ըսէր եւ կը սպասէր որ իր տղան վարպետին քով լաւ հասնի,շուտով վարպետ դառնայ:
Անշուշտ, արձակուրդը շատ լաւ բան է: Կեանքի մէջ անոր ալ պէտք ունինք: Սակայն ամէն բան իր ժամանակը ունի: Առանց «Ա » ըսելու «Բ » կամ «Գ » չենք կրնար ըսել:
Ես 15 տարուան աշխատանքիս մէջ առաջին անգամ այս տարի է, որ Շաբաթ օրերը տունը մնացի եւ փոքրիկ արձակուրդներ ըրի:
Այդ Շաբաթ օրերէն մէկուն, օդը աննպաստ էր: Անձրեւ կը տեղար, ծով մտնելու կարելիութիւնը չկար: Կեսրոջս հետ միասին որոշեցինք Մեծ Կղզի երթալ:
Շոգենաւ մը նաւամատոյց մօտեցաւ: Շատ բազմութիւն կար եւ շոգենաւին մէջ շուտով տիրեց անիշխանական եւ խառնակ վիճակ: Մեծամասնութիւն կը կազմէին աղքատիկ կամ միջին դասակարգի մարդիկը: Ծրարներ պատրաստեր էին իրենց ուտելիքներով, ձմերուկ, ջուր եւլն.: Այս բոլորը շալկած՝ ծով մտնելու կ'երթային: Իրենց երեսի արտայայտութիւնը քիչ մը ուրախ էր, քիչ մըն ալ տխուր: Թերեւս երեք ամսուան արձակուրդի մէջ առաջին անգամ ծով մտնելու առիթը պիտի ունենային, սակայն այդ ալ անձրեւոտ օդի հանդիպած էր: Արդեօք օդը պիտի բացուէ՞ր: Այսպիսի մտածումներ ունէի, երբ շոգենաւը Պուրկազ հասաւ: Ճամբորդներուն մեծամասնութիւնը իջաւ Պուրկազ:
Պուրկազէն քանի մը երիտասարդներ շոգենաւ մտան Մեծ Կղզի երթալու համար: Բոլորն ալ շփացած եւ անկիրթ երեւոյթ ունէին: Ոմանք իրենց ոտքերը երկարեցին նստարաններուն վրայ, ոմանք մանչ-աղջիկ իրարու փաթթուելով երկնցան նստարաններուն վրայ: Պոռալ, կանչել. եւլն. եւլն.:
Մտածեցի, որ քիչ առաջ այս նստարանին վրայ խեղճ ու աղքատիկ մարդիկ նստած էին ծովը երազելով:
Երկու ծայրամասեր՝ մարդոց բազմութեան մէջ: Արդեօք երկուքին մէջտեղը չկա՞յ: Թերեւս երկուքին մէջտեղը ես եմ եւ ինծի պէս մտածողները: Չէ՞ որ այսօր շատեր մեզի պէս մտածողները այդպէս կը կոչեն:
Հիմա ուրիշ նախադասութիւն մըն ալ բերնի ծամոց դարձած է:
«Աշխարհը փոխուած է, դարը փոխուած է»:
Ես այս գաղափարին չեմ մասնակցիր եւ կ'ըսեմ.
«Աշխարհը, կամ դարը չէ որ փոխուած է, կրթութիւնը փոխուած է, մարդոց ապագան փոխուած է»:

Շուշան Գորտոնճիեան
16-Հոկտեմբեր-1997 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ