Saturday, November 24, 2007

ՀՐԵՇՏԱԿՆ ՈՒ ՄՕՐ ՄԸ ՍԷՐԸ




Հրեշտակ մը երկինքէն երկիր կուգայ պտոյտի համար: Երկրին բոլոր կողմերը այցելելէ ետք, կը պատրաստուի արեւամուտին երկինք վերադառնալ: Բայց մեկնելէն առաջ կը խորհի իր հետ յիշատակ մը տանիլ երկիրէն երկինք: Պարտէզի ծաղիկներուն կը նայի եւ կը տեսնէ անոնց գեղեցկութիւնը ու կը հիանայ անոնց վրայ: Հազուագիւտ վարդերու, շուշաններու եւ մեխակներու փունջ մը կը շինէ, իբրեւ լաւագոյն բանը, զոր կրնար իր հետ երկինք տանիլ: Թեւերը կը բանայ ու կը սկսի թռչիլ: Ճամբուն վրայ կապոյտ աչքերով փոքրիկ տղու մը կը հանդիպի, կը մտածէ թէ այս ալ արժանի է երկինք փոխադրելու: Ան ալ իր հետ կ'առնէ: Քիչ մը անդին բնակարանի մը առջեւէն անցնելու ատեն պատուհանէն ներս կը նայի եւ կը տեսնէ դեռատի մայր մը, որ իր երախային վրայ ծռած գուրգուրանքով զայն քնացնելու կ'աշխատէր: Հրեշտակը կը սքանչանայ այդ պատկերին վրայ եւ կ'ըսէ.
-Որչա՛փ գեղեցիկ է մօր մը սէրը,այդ ալ միասին տանիմ:
Այսպէս աշխարհէն երեք յիշատակներ վերցուցած կը բարձրանայ դէպի երկնից դռները:
Ներս մտնելէ առաջ անգամ մը իր նուէրներուն կը նայի եւ ինչ տեսնէ, ծաղիկները թոռմած էին, մանուկը կորսնցուցած էր իր գոյնը եւ գեղեցկութիւնը: Մնացած էր միայն մայրական սէրը անջինջ եւ անաղարտ:
Հետեւաբար կը նետէ ծաղիկները մէկ կողմ, կը վերադարձնէ տղեկը իր ծնողաց: Մայրական սէրը միայն իր կուրծքին սեղմած կը մտնէ հրեշտակներու խումբին մէջ եւ կ'աղաղակէ.
-Միակ բանը, որ երկրէն երկինք փոխադրելու արժանի է, որ չի կորսնցներ իր գեղեցկութիւնը եւ հրապոյրը: Այդ ալ մօր մը սէրն է:

Շուշան Գորտոնճիեան
19-Ապրիլ-1999