Saturday, November 17, 2007

ՀԵՌՈՒԻՆ ՍՈՒՐԲԸ ԶՕՐԱՒՈՐ Է




Ֆրանսաբնակ մէկ բարեկամէս շաբաթ մը առաջ նամակ մը ստացայ: Շատ ուրախացայ, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր նամակ չէի առներ անկէ: Նամակին մէջ իմ որպիսութիւնս կը հարցնէր եւ կը գրէր.
«Օդերը ի՞նչպէս են հոն», հոս շատ լաւ չէ: Շատ կարօտն ունիմ այդտեղի օդին, ջուրին, ցամաքին: Այստեղ բարեկամութիւն եւ երկու խօսք ընելու համար մարդ կը փնտռեմ: Դժբախտաբար ես հոս չգտայ փնտռածս: Այստեղի ապրելակերպը շատ փոխուած է: Եթէ գլուխդ ցաւի, դրացիդ քեզի ասփիրին մը անգամ չի տար: Եթէ իյնաս, մահանաս, վրադ նայող չկայ», եւլն., եւլն.:
Այս բարեկամս 19 տարի առաջ Ֆրանսա հաստատուեցաւ: Առաջին տարիներուն աշխատեցաւ կաշիի գործարանի մը մէջ: Երկու կամ երեք տարի վերջ բացաւ նշանաւոր վաճառանիշով խանութ մը: Մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր այդ խանութը կը բանեցնէ: Աստուած ձեզ հաւատացնէ, ամէն տարի երեք անգամ գող կը մտնէ այդ խանութը: Այլեւս ապահովագրութեան ընկերութիւնն անգամ ապահովագրութիւնը սրբել կ'ուզէ անոր հաստատութեան: Գողերը խոշոր բեռնակառքերով կուգան եւ բոլոր զգեստները գողնալով կը տանին: Ասոնք ալճերիացի սեւամորթներ են եւ Ֆրանսայի ոստիկաններն անգամ գլուխ չեն կրնար ելլել անոնց հետ:
Երբեմն հեռաձայնով կը խօսինք, սակայն երբ բարեկամիս խանութէն ներս յաճախորդ մը մտնէ, մեր խօսակցութիւնը ֆրանսերէնի կը փոխուի: Որովհետեւ յաճախորդը առեւտուր չ'ըներ եղեր եթէ հասկնայ որ խանութպանը հայ է: Անցեալ օր ալ ալճերիացի սրիկաներ մտեր են «Ատիտաս» անուն խանութը, ուր իր տղան կ'աշխատի: Տղան լաւ մը ծեծեր են յետոյ դրամները եւ ապրանքները վերցնելով փախեր են:
Ահաւասիկ սիրելիներ: Մեծմայրս կ'ըսէր որ «Հեռուին սուրբը զօրաւոր է»:
Ժամանակին այս բարեկամս, որ հոս կ'ապրէր, այստեղի օդերը բնաւ չէր սիրեր: Սակայն հիմա, ի՞նչու է, չհասկցայ, իր նամակներուն մէջ կարօտով բացատրութիւններ կ'ուզէ այստեղի օդին մասին:
Որոշեցի եւ այս գիշեր նստայ, լաւ նամակ մը գրեցի բարեկամիս: Ըսի.
«Սիրելի բարեկամս, ի՞նչպէս ես: Մենք այստեղ շատ լաւ ենք: Օդերը կը հարցնես մեզի: Ես հիմա տեղեկութիւն տամ քեզի:
«Ասկէ ճիշդ երկու ամիս առաջ աշուն էր: Տեղաց անձրեւ: Անձրեւը շատ լաւ է: «Պէրէքէթ» է: Բոլոր փողոցները մաքրուեցան, հողերը թրջուեցան, զովացան: Երէկ եւ այսօր ձիւն կը տեղայ: Ձիւնն ալ շատ լաւ է: Ան կը մաքրէ օդը, կը սպաննէ մանրէները: Չեմ գիտեր, թերեւս երկու օր վերջ ալ արեւը պիտի տեսնենք: Արեւն ալ շատ լաւ է, որովհետեւ մեր մարմինը պիտի տաքնայ: Օր մըն ալ փոթորիկ մը պիտի ելլէ, անձրեւ, ձիւն, արեւ, փոթորիկ: Ամէն եղանակ լաւ է, եւ մեր եկեղեցիներուն զանգակները պիտի ղօղանջեն այդ չորս եղանակին ալ: Մեր երեսները պիտի խնդան: Աստուծոյ պիտի աղօթենք, որպէսզի եղանակները չվերջանան:
«Է՛հ, սիրելի բարեկամ, մեր այստեղի սուրբը զօրաւոր է: Որովհետեւ մենք, տեղին համաձայն աղօթել շատ լաւ գիտենք:
«Սիրելիս, այս նամակին վերջաւորութեան ես քեզի պիտի չհարցնեմ ձեր այնտեղի օդերուն մասին: Այլ պիտի հարցնեմ ձեր առողջութիւնը: Սիրելի բարեկամս, ի՞նչպէս է ձեր առողջութիւնը»:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Դեկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ