Thursday, November 22, 2007

ՊԷՅՕՂԼՈՒ, ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ




Մեր միջավայրին մէջ ներողութիւն խնդրելը որքա՛ն հեռուները մնացած է: Այս բառը գործածե՞լ չենք ուզեր, թէ ոչ մեզի դժուար կը թուի: Արդեօք մարդիկ գիտե՞ն այս բառին նշանակութիւնը:
Վայրկեան մը մտածենք եւ հարցնենք:
Ի՞նչ ըսել է ներողութիւն խնդրել:
Ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, գոռոզութիւն, համեստութիւն, պատուաւորութիւն, անպատուութիւն կամ թէ պարտականութիւն:
Ինչպէս որ ուզենք այնպէս կրնանք մտածել: Բայց այս բառը մեր բերնին վարժութիւն ընենք:
Արդեօք չե՞նք գիտեր այս բառը, կամ թէ մեր մեծերը մոռցած են զայն մեզի սորվեցնելու:
Ծնողներ իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն կենցաղագիտութիւնը, սակայն կը սորվեցնե՞ն նայեւ ներողութիւն խնդրելը: Իմ կարծիքով՝ կենցաղագիտութեան առաջին բառը «ներողութիւն» ըլլալու է:
Լայն ճամբու մը վրայ կը քալեն մարդիկ: Իրարու կը զարնուին: Անտարբեր կը մնան եւ ներողութիւն մը իսկ խնդրել չեն ուզեր: Կամ թէ երբ շոգենաւին մէջ մարդիկ կը ճամբորդեն, հայհոյելով կը խօսին իրարու հետ: Իրենց երեսն անգամ չի կարմրիր: Եթէ ըսես. «Ըրածդ սխալ է», ներողութիւն խնդրելը անոնց մտքին ծայրէն անգամ չ'անցնիր:
Նախանցեալ ամառ Պէյօղլուի Քաղաքապետութիւնը Անկախութեան Պողոտային վրայ դաղարներ զետեղեց, մէջն ալ վարդի թուփեր տնկեց: Իմ աշխատատեղիի դրան առջեւ երկու դաղարներ կային: Ամէն օր ցերեկէ վերջ կը ջրէի զանոնք: Քանի մը օր վերջ տեսայ, որ թուփը նոր ծիլ մը տուած ու տերեւներն ալ շատնալ սկսան: Դժբախտաբար մարդիկ տերեւները փրցնել սկսան: Օրէ օր թուփին վրայի տերեւները կը պակսէին: Անոր վրայ ժապաւէնով կապեցի թուղթ մը, որուն վրայ արձանագրեցի. «Խնդրեմ, տերեւները մի՛ փրցնէք»:
Հետեւեալ օրը տեսայ, որ գրած թուղթս պատռուած էր: Շարունակ, առանց զզուելու, օրերով ես գրեցի, մարդիկ պատռեցին: Կղզիի մեր պարտէզէն ուրիշ ծաղիկներ ալ բերի ու տնկեցի: Օր մը, պատրաստեցի շատ խոշոր թուղթ մը, որուն վրայ գրեցի հետեւեալը.
«Ներողութիւն կը խնդրեմ քեզմէ ծառ: Խնդրեմ տերեւները մի՛ փրցնէք: Մարդիկ, այս գրած թուղթս ալ մի՛ պատռէք»:
Այս գրութիւնը շատերուն ուշադրութիւնը գրաւեց: Կին մը եկաւ քովս ու ըսաւ.
-Հարցափորձեցի եւ ստուգեցի, որ դուք գրեր էք այս գրութիւնը: Սակայն ի՞նչու «մարդիկ» գրեցիք, փոխանակ «կենդանիներ» գրելու:
-Ես ծառէն ներողութիւն խնդրեցի, դուք ալ կենդանիներէն խնդրեցէք: Որովհետեւ կենդանին ի՞նչ յանցանք ունի, այս տերեւներն ու իմ գրած թուղթը մարդիկ են որ կը փրցնեն:
Կնոջ հետ ողջագուրուեցանք ու ըսածներուն համար ներողութիւն խնդրելով՝ հրաժեշտ առաւ:
Առաւօտ մը, պաշտօնեաները եկան թուփերը արմատախիլ ըրին ու անոնց տեղ դաղարներուն մէջ ալ տնկեցին տօսախներ:
Շրջան մը վերջ, Շաբաթ օր մը, Թէմա Վագֆըն Անկախութեան Պողոտային վրայ գնացք մը կազմակերպեց: Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներէն խումբ-խումբ մարդիկ հաւաքուեցան մեր աշխատատեղիի դրան առջեւ: Բաւական երկար պոչ մը կազմեցին: Շատեր ի ձեռին ունէին զանազան գրութիւններ, որոնց բոլորն ալ կանաչը պաշտպանելու համար էր:
Մօտաւորապէս ժամ մը մնացին մեր դրան առջեւ, ծարաւցան ջուր խմեցին, անօթեցան կերան: Բոլորն ալ աղբերը փոխանակ իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու, յիշեալ դաղարներուն մէջ նետեցին: Անոնք, որոնք եկան եւ մեր լամբակներուն կանաչ տերեւներ զետեղեցին, անոնք, որոնք հեռուներէն Իսթանպուլ եկան՝ կանաչը պահպանելու համար, միթէ ա՞յս էր բնապահպանութեան իրենց գաղափարը: Ափ ի բերան դիտեցի այս բոլորը:
Այլեւս գնացքի ժամը եկած էր: Կամաց-կամաց սկսան քալելու: Քանի մը վայրկեան վերջ ո՛չ մէկը կար մեր դրան առջեւ: Սակայն կար անոնց հետքերը, ամօթը դրոշմուած էր... Խոշոր աղտոտութիւն մը: Ոչ մէկը ներողութիւն խնդրած էր: Կարծես անոնք ինքնացուցադրութեան եկած էին Իսթանպուլ:
Դաղարներուս քով գացի ու բնութենէն ներողութիւն խնդրելով՝ բոլոր աղբերը հաւաքեցի:
Ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն, խոհեմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, բարձրութիւն, փոքրութիւն, գոռոզութիւն, համեստութիւն, պարկեշտութիւն, անպատուութիւն... Ինչպէս որ ուզենք այնպէս մտածենք... Բայց մեր բերնին վարժութիւն ընենք. «ներողութիւն»:

Շուշան Գորտոնճիեան
12-Յունուար-1999 Երեքշաբթի
ԺԱՄԱՆԱԿ