Tuesday, November 13, 2007

ԵԿԵՂԵՑԻ-ԹԱՏՐՈՆ




Մեծհայրս ընկեր մը ունէր: Ամէն Կիրակի, եկեղեցիէն արձակուելէ վերջ, կուգար մեր տունը, կը զրուցէր հօրս հետ: Բայց միշտ ալ նոյնը կ'ըսէր. «Ես եկեղեցի կ'երթամ, ո՛չ թէ աղօթելու համար: Կ'երթամ իբր թատրոն»: Շատ կը բարկանայի այդ մարդուն, որովհետեւ հայրս ամէն Կիրակի զիս եւ եղբայրս եկեղեցի կը տանէր ջերմեռանդօրէն: Հոն շապիկ կը հագուէինք: Եօթը տարեկանէս մինչեւ տասնեւհինգ տարեկան անդադար ամէն Կիրակի եւ տօնական որեր եկեղեցի գացի եւ շապիկ հագուեցայ: Գոց սորվեցայ բոլոր շարականները: Եթէ մանչ ըլլայի, անպայման աստիճան կ'առնէի, թերեւս ալ քահանայ կ'ըլլայի: Եկեղեցիիս սիրահարն եմ ես: Երբ ոտնլուայի օրը կը հասնէր, մանչերուն նախանձոտ աչքերով կը նայէի: Ես ալ շատ կը փափաքէի, որ Ս. Խորանին վրայ ելլեմ, մասնակցիմ արարողութեան: Վերջապէս օր մը իմ ալ փափաքս իրականացաւ եւ Խորան բարձրացայ: Դպրապետը ընթերցուած մը տուաւ ձեռքս եւ սորվեցուց զայն կարդալ: Բաւական երկար ժամանակ տօնական օրերու ընթացքին ես կարդացի այդ ընթերցուածը: Մայրս գլուխս ծածկելու համար սեւ քօղ մը շինած էր ինծի համար: Երբ Ս. Խորանին վրայ կը բարձրանայի, անմիջապէս գլուխս կը ծածկէի այդ քօղով: Ս. Խորանին վարագոյրը միշտ գոց էր: Մինչեւ որ ընթերցուածի կարգը ինծի գար, ես վարագոյրին ետեւը կը սարսռայի: Երբ կարգը կուգար, կ'անցնէի վարագոյրին առջեւի մասը: Այն ատեն աչքս մարդ չէր տեսներ: Այլեւս չէի դողար, հանդարտ ոճով կը կարդայի իմ ընթերցուածս: Կարծես ոյժ կ'առնէի այն մոմէն, զոր կը բռնէի ձեռքիս մէջ:
Երբ ամուսնացայ, Պաղլարպաշըէն Գուրթուլուշ հարս եկայ: Անգամ մը շատ փափաքեցայ, որ ամուսինս զիս Լացի Գիշերով տանէր Ֆէրիգիւղի եկեղեցին: Ամուսինս դժուարացաւ. «Շատ բազմութիւն է, բան չես հասկնար», ըսաւ: Սակայն ես շատ ստիպեցի, վերջապէս ամուսինս համոզեցի եւ միասնաբար գացինք եկեղեցի: Խճողուած բազմութիւնը մինչեւ եկեղեցիին պարտէզը, նոյնիսկ փողոցները լեցուցած էր: Կը պոռային, բարձրաձայն կը խնդային, կ'աղմկէին: Երիտասարդները կարծես տիսքոթէք մը եկած էին, ո՛չ թէ եկեղեցի: Խճողուած բազմութեան մէջէն յառաջանալով հազիւ կրցանք ներս մտնել եւ մեր մոմերը վառել: Երբ մոմերը վառեցինք ու պահ մը ջանացի հետեւիլ արարողութեան, լսեցի որ ետեւս կանգնած երկու կիներ իրարու հետ կը խօսէին եւ կը բամբասէին իրենց հարսերուն մասին: Աջէս, ձախէս ուրիշներ ալ չէին աղօթեր, այլ իրենց քովի ընկերոջ ձեռքին զարնելով եկեղեցիէն մտնող մէկը ցոյց կուտային կամ ուրիշի մը մասին բաներ մը կը խօսէին: Այդ միջոցին անոնք ամբողջ իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին: Ստիպուեցայ կիսատ թողուլ աղօթքս, որովհետեւ աղմուկը եւ շուրջիններուս շարժումները կը շփոթեցնէին զիս: Այն ատեն յիշեցի մեծհօրս ընկերը: Իրաւունք տուի անոր խօսքին: Հիմա ես ալ այլեւս տօնական օրերը, երբ եկեղեցի կ'երթամ, կը տեսնեմ, որ եկեղեցին կարծես դադրած է աղօթավայր ըլլալէ, այլ դարձած է թատրոն:
Ես եկեղեցի կ'երթամ, սակայն գիտէք թէ ե՞րբ կ'երթամ: Առաւօտուն ժամը 8.30-ին: Զիս կը տեսնեն միայն իմ սիրելի երկու բարեկամներս, որոնք են՝ ժամկոչ եղբայրը եւ անոր կինը:
Ժամկոչ եղբայրը ինծի կ'ըսէ. «Քոյրիկ, բարի եկար, մանղալը վառած եմ: Դուն մինչեւ որ աղօթքդ ընես մանղալին վրայ խահվէթ կ'եփէ իմ կնիկս: Հրամէ, եկուր»:
Եկեղեցիին բանալին ձեռքս կուտայ ժամկոչ եղբայրը: Ես կը բանամ փառաւոր դուռը եւ Ս. Խորանին առջեւ ծունկի գալով կը կարդամ ինծի ծանօթ բոլոր շարականներս: Կ'աղօթեմ բոլոր բարի մարդոց համար, մէյ մըն ալ իմ սիրելի բարեկամներ՝ ժամկոչ եղբօր եւ կնոջը համար:

Շուշան Գորտոնճիեան
23-Հոկտեմբեր-1997 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ