Thursday, November 15, 2007

ԿՈՉ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ




Մեծ զոհողութիւններով բացած էինք Թոքաթլեան միջանցքի մէջ մեր խանութը: Կարճ ժամանակի մը մէջ յաջողեցանք մեր գործին մէջ: Շատ լաւ մթնոլորտ մը ունէինք, շատ կը սիրէինք մեր խանութը: Երբեմն օր եղաւ, որ խանութին մէջ լուսցուցինք, որպէսզի մեր գործը ետ չմնայ: Մեր դրացիներուն ալ օգնական եղանք, որքան որ կրնայինք: Բայց ինչ մեղք որ շուտով հարցեր սկսանք ունենալ մէկ երկու դրացի խանութպաններու հետ: Կ'երեւի թէ անոնք կ'անհանգստանային մեր յառաջդիմութենէն: Բաւական երկար ժամանակ համակերպեցանք անոնց անհանգստութիւններուն, որովհետեւ երթալիք ուրիշ տեղ չունէինք: Սակայն հետզհետէ պաղիլ սկսանք մեր խանութէն: Մեր ցանկութիւնն էր, ժամ առաջ այստեղէն հեռանալ: Մեր գործերն ալ հետզհետէ խանգարուեցան, ձախորդ երթալ սկսան: Խորունկ մտածումներու մէջ թաղուած էինք, երբ օր մը մարդ մը մտաւ մեր խանութէն ներս: «Մայր պողոտային վրայ խանութ մը կայ, կ'ուզէ՞ք որ ձերը ըլլայ այդ խանութը» հարցուց: Ես եւ ամուսինս իրարու նայեցանք: Կարծես, թէ Աստուած ղրկած էր այդ մարդը: Տասը օրուան մէջ բոլոր կարգադրութիւնները ըրինք եւ պողոտային վրայ բացինք մեր նոր խանութը: Մեծն Աստուած կարծես դուռ մը գոցեց մեր երեսին, սակայն պատուհան մը բացաւ:
Մեր նոր խանութէն ներս կուգային զանազան երկիրներէ զբօսաշրջիկներ: Օր մըն ալ Հայաստանէն երիտասարդ պարոն մը եւ օրիորդ մը եկան: Անոնք Հայաստանի գործարարութեան եւ ձեռներէցութեան կեդրոնի մը խորհրդատուներն էին: Գործով մը քաղաքս եկած էին քանի մը օրուան համար, եւ ըստ բախտի տեսած էին, որ հայկական խանութ մը կար պողոտային այս կէտին վրայ: Բաւական երկար խօսեցանք աջէն ու ձախէն: Վերջապէս անոնք հարցուցին, այն ինչ որ արդէն արտասահմանէն եկողներու բերնին մէջ կարծես ծամոց մըն է: «Հանգի՞ստ էք այստեղ, երջանիկ կ'ապրի՞ք»:
Ես անմիջապէս պատասխանեցի, որ իսկապէս հանգիստ ու երջանիկ կեանք մը կ'ապրինք: Տեսէք, ըսի, պողոտային վրայ հայկական խանութ մը: Մեր ժողովուրդը գրեթէ ամէն ինչ ունի, ամարանոց, ձմեռնային բնակարան, ձայնասփիւռի մէջ հայերէն երգ եւայլն: Մենք այստեղ ունինք աւելի քան 30 առաքելական եկեղեցի, 19 վարժարան, Պատրիարքարան մը, Սանուց Միութիւններ եւ այս բոլորը իրենց կալուածներով եւ յարակից հարստութիւններով: Այսինքն մեծ ժառանգութիւն մը: Իսկ մենք այս ժառանգութեան զինուորներն ու պահապաններն ենք: Պարտաւոր ենք լաւ ըլլալ, շատ լաւ ըլլալ»:
Չեմ գիտեր, թէ մեր այցելուները ինչ խորհեցան, սակայն իմ համոզումներս էին ասոնք: Երբ կը գրեմ այս տողերը, կ'ուզեմ պատմութիւն մը պատմել ընթերցողներուս:
Դարեր առաջ երկիր մը կայ եղեր: Թագաւոր մը կը կառավարէ եղեր այդ երկիրը: Օր մը զինուորներէն մէկը վազն ու վազ կուգայ թագաւորին քով եւ կ'ըսէ.
-Տէր արքայ, ամերիկացի զինուորներ եկան մեր երկիրը գրաւելու:
Թագաւորը կը հրահանգէ:
-Շուտ փակեցէք դռները, պաշտպանութեան անցէք, երկիրը ձեռքէ չերթայ:
Քանի մը տարի վերջ զինուորը դարձեալ կը վազէ թագաւորին քով:
-Տէր արքայ, ֆրանսացիները մեր երկիրը գրաւելու կուգան:
Թագաւորը նոյնը կը հրահանգէ:
Քանի մը տարի վերջ ռուսերը կուգան, իտալացիները կուգան: Թագաւորը նոյն խանդով կը պաշտպանէ իր երկիրը:
Օր մըն ալ սակայն, զինուորը դարձեալ հեւ ի հեւ կուգայ եւ կ'ըսէ.
-Տէր արքայ այս անգամ ալ հայերը եկան մեր երկիրը գրաւելու: Ի՞նչ կը հրամայէք: Թագաւորը կը խնդայ:
-Ասոր համար էր, որ անհանգիստ ըրիր զիս: Հոգ մի ըներ: Տագնապելու պէտք չկայ: Անոնք քանի մը օր վերջ արդէն կը պառակտուին եւ զիրար կուտեն:
Այս պատմութիւնը անշուշտ ցաւ կը պատճառէ մեզի:
Ի՞նչու: Ի՞նչու եւ ի՞նչու այսպէս ըլլար:
Այս օրերուն Իսթանպուլահայութիւնն ալ իրար անցած է: Եւ հոգեւորականներն ալ մասնակցած են այս իրարանցումին: Անոնք ո՛չ թէ կրակը մարելու աշխատանք կը տանին, այլ ընդհակառակը կը ջանան կրակը հրահրել: Դէպքերուն ծանօթ են բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին մամուլին:
Ես կոչ կ'ընեմ կրօնաւորներուն, ազգայիններուն, թաղականներուն, ուսուցիչներուն, փաստաբաններուն, ճարտարագէտներուն, մայրիկներուն եւ հայրիկներուն եւ ամբողջ Իսթանպուլահայութեան եւ կը պաղատիմ: Եկէ՛ք ձեռք ձեռքի տանք եւ այս գրութեան տակ միասնաբար դնենք մեր ստորագրութիւնը: Վերջակէտ մը դնենք այլամերժութեան եւ անհանդուրժողութեան: Այսպէ՛ս պէտք է ընենք եթէ պիտի խորհինք մեր համայնքին ապագային եւ զաւակներուն բարօրութեան համար:

Շուշան Գորտոնճիեան
25-Նոյեմբեր-1997 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ