Friday, November 16, 2007

ԿԱՐ ՈՒ ՉԿԱՐ, ՆՈՐ ԱՅԲԲԵՆԱՐԱՆԸ ԿԱՐ





Ես շատ կը սիրեմ պատմութիւն պատմելը: Երբ ազգականներս այցելութեան գան, փոքրիկ երախաները շուրջս կը հաւաքուին եւ ինձմէ անպայման պատմութիւն կ'ուզեն:
Օր մը պատմութիւն մը պատմեցի անոնց: Եւ շատ ալ սիրեցի այդ պատմութիւնը: Անմիջապէս յուշատետրս բացի եւ անոր մէջ գրեցի զայն: Հիմա ձեզի ալ կ'ուզեմ պատմել: Սովորական ամէն հէքեաթի նման այս ալ կը սկսի սա նախադասութեամբ. «Մէկը կայ եղեր, մէկը չկայ եղեր...»:

Հայրս ծներ է 1932-ին: Մեծ հայրս, երբ անդրադարձեր է, որ պիտի բախտաւորուի զաւակով մը, շատ ուրախացեր է: Այդ օր խոշոր կրամոֆոն մը բերեր է տուն: Կրամոֆոնը դրեր է սեղանիկին վրայ: Ճաշասեղանին վրայ ալ օղին ու լաքէրտան պատրաստեր է: Կրոմոֆոնը լարեր ու լաւ «քէյֆ» մը ըրեր է:
Եւ հայրս, վեց տարի վերջ, արձանագրուեր է Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզը: Ձեռքը պայուսակ մը, մէջն ալ «Նոր Այբբենարան» մը: Առաջին դաս.
«Ա-արեւ, ա-աթոռ, ա-աղջիկ, ա-արջուկ, ա-աքաղաղ»:

Մայրս ծներ է 1940-ին: Այդ տարիներուն պատերազմ կայ եղեր աշխարհի վրայ: Մեծ հայրիկս, զինուոր կանչուեր է վեց դասակարգերու զինուորակոչութեան տարիներուն: Հացը՝ քարնէ-ով: Մեծմայրիկս գլխարկ կարեր է, թէ՛ զինուոր ամուսնին դրամ հասցուցեր է եւ թէ իր աղջիկը մեծցուցեր է: Վեց տարի վերջ մեծհայրս վերադարձեր է զինուորական պարտականութենէն: Մայրս փաթթուեր է իր հօր վզին: Մեծհայրս, աչքին մէջ երկու կաթիլ արցունք՝ մօրս ձեռքէն բռնելով զայն տարեր է Անարտ Յղութիւն վարժարան, արձանագրել տուեր է: Ձեռքը պայուսակ մը, մէջն ալ՝ «Նոր Այբբենարան»ը: Առաջին դաս.
«Ա-արեւ, ա-աթոռ, ա-աղջիկ, ա-արջուկ, ա-աքաղաղ»:

Տարիները կամաց կամաց անցեր են: Թէքնոլոժին յառաջացեր է, տուներու մէջ ձայնասփիւռ, լուացքի մեքենայ, սառնադարան եւայլն.:
Օր մը հայրս եւ մայրս ծանօթացեր են իրարու հետ եւ որոշեր են ամուսնանալ: Նոր բոյն մը կազմեր են: Տան մէջ մուտք գործեր է հեռաձայնը: Այդ տարիներուն շարժանկարի սրահները կը ցուցադրեն եղեր Մարլին Մոնրօ, Գլարք Կէյպըլ, Ռիթա Հէյվըրթի ժապաւէնները: Ենի Մէլէք շարժանկարի սրահէն բաժանորդութեան տոմսակներ, հօրս ոտքին՝ ռուկան կօշիկ, կռնակը օսլայուած շապիկ, մօրս գլխուն վրայ գլխարկ մը, ուսին՝ մուշտակ վերարկու: Անպայման Իսթիքլալ Պողոտային վրայ «Փրոմոնատ մը» պիտի ընեն եղեր: Հօրս կօշիկները պէտք է կճրտային «կըճըր-կըճըր»:

1959-ին ես աշխարհ եկեր եմ: Եղբայրս ալ եկեր է 1960-ին: Այդ տարիներուն խոշոր խոշոր ձայնապնակներ, փիքափներ: «Սահիպինին Սէսի» հաստատութենէն Միւզէյյէն Սէնար, Համիյէթ Եիւճէսէս, Զէքի Միւրէն եւայլն:
Եօթը տարի եւս անցեր է: Ես եւ եղբայրս արձանագրուեր ենք Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարան: Մեր ձեռքերուն մէջ պայուսակներ, անոնց մէջ ալ՝ «Նոր Այբբենարան»ներ:
Առաջին դաս.
«Ա-արեւ, ա-աթոռ, ա-աղջիկ, ա-արջուկ, ա-աքաղաղ»:

Քանի մը տարի վերջ Ամերիկացի աստղանաւորեներ լուսին ելեր են եւ իրենց դրօշակները պարզեր են լուսնին հողերուն վրայ: Քանի մը տարի վերջ ալ ռուսերը հասեր են մինչեւ լուսին: Թէքնոլոժին քիչ մը եւս յառաջացեր է: Սեւ-ճերմակ հեռատեսիլին հետ մեր տղաները սկսեր են սորվիլ Այ Պի Էմ: Հեռաձայնով խօսիլը խաղալիք մը դարձեր է բոլորին համար:

1979-ին ծներ է մանչս: 1985-ին ալ զինքը արձանագրեր ենք Ֆէրիգիւղի վարժարան: Այդ տարիներուն էր որ գունաւոր հեռատեսիլը մտեր է մեր տուներէն ներս: Ես եւ ամուսինս Լեւոնին ձեռքէն բռներ ենք եւ տարեր ենք վարժարան:
Առաջին դաս.
«Ա-արեւ, ա-աթոռ, ա-աղջիկ, ա-արջուկ, ա-աքաղաղ»:

Տարիներ տարիներու յաջորդեր են: 1991-ին աշխարհ եկեր է եղբօրս աղջիկը՝ Մարալիկը: Հիմա աստղանաւորդները շրջիլ սկսեր են աստղերու միջեւ եւ գացեր են մինչեւ հեռաւոր մոլորակներ: Հեռատեսիլները գործել սկսեր են հեռուէն կառավարող գործիքներով: Ամէնէն արդիական համակարգիչները եւ հետզհետէ գրպանի հեռաձայնները մտնել սկսեր են մեր կեանքէն ներս: Կոճակի մը վրայ կոխելով կարելիութիւն ստեղծուեր է դրամատունի հաշիւէդ գումարներ քաշելու:
Մեր Մարալիկը այս տարի Մխիթարեան Վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտուհի դարձեր է: Շատ կը սիրէ եղեր իր դասարանը եւ իր ուսուցչուհին: Այս գիշեր հիւր եկաւ մեզի, գիշերեց մեր տան մէջ: Պառկելէ առաջ ցոյց տուաւ իր դպրոցական պայուսակը: Միասին բացինք զայն: Մէջը տեսայ «Նոր Այբբենարան»ը: Շատ կարօտցած էի մեր «Նոր Այբբենարան»ը:
Մարալիկը ինծի կարդալ սկսաւ առաջին էջը:
«Ա-արեւ, ա-աթոռ, ա-աղջիկ, ա- արջուկ, ա-աքաղաղ»:
Քիթիս տակէն խնդացի եւ դարձուցի երկրորդ էջը:
«Տ-տանձ, տ-տուն, տ-տանիք, տ-տակառ»:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Դեկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐՄ