Monday, November 19, 2007

ԿԵ՛Ր, ԽՄԷ՛, «ՔԷՅՖԻԴ» ՆԱՅԷ




Հիմա ինծի պիտի հարցնէք թէ այս նախադասութիւնը ո՞ւրկէ ելաւ: Անշուշտ, դուք ալ պիտի ձայնակցիք եւ պիտի ըսէք. ուտենք, խմենք եւ մեր «քէյֆին» նայինք: Իրաւունք ունիք, բոլորս ալ ուտենք, խմենք մեր քէյֆին նայինք:
Սակայն, գիտէք այս նախադասութիւնն ալ իր պատմութիւնը ունի: Եթէ պատմեմ այս պատմութիւնը կը կարծեմ, որ ձեր մտքերուն մէջ հարցման պզտիկ նշան մը պիտի ծագի:

Քաղաքի մը մէջ աշխատասէր մարդ մը կ'ապրէր: Ամէն գործի մէջ կը մտրէր կ'ելլէր: Երբեմն կը յաջողէր, երբեմն ալ իր ըրածը կիսատ կը թողուր, կը փախչէր: Օր մը ընկերը քովը կուգայ եւ կ'ըսէ. «Պալատէն սպասաւոր մը կը փնտռեն: Կ'ուզե՞ս այդ գործին մէջ աշխատիլ»:
Մարդուն երեսը կը խնթայ, գործի կ'ընդունուի եւ աշխատիլ կը սկսի: Պալատին տէրը իր քով կը կանչէ մարդը եւ կ'ըսէ.
«Նայէ, սիրելի սպասաւորս, այստեղ շատ գործ չկայ: Պիտի ուտես, պիտի խմես, քէյֆիդ պիտի նայիս: Առաւօտուն ժամը 5.00-ին պիտի ելլես վառարանները պիտի վառես: Անկէ ետք կ՛եր, խմէ՛ քէյֆիդ նայէ: Ժամը 6.00-ին նախաճաշս կը պատրաստես: Տղաքս եւ մենք նախաճաշը ընդհանրապէս կ'ընենք ժամը 6.00-ին: Նախաճաշէն վերջ ալ տղաքս իրենց վարժարանները կը տանիս, հոնկէ վերադարձիդ՝ շուկայ կը հանդիպիս գնում կ'ընես եւ կը վերադառնաս: Անկէ վերջ՝ կե՛ր, խմէ՛, քէյֆիդ նայէ: Ինչպէս կը տեսնես, հոս շատ գործ չկայ: Ցերեկուան ճաշը մօտաւորապէս 10 հոգիի համար պիտի ըլլայ: Մինչ այդ, սենեակները պիտի մաքրես, պարտէզը պիտի ջրես եւ անկէ վերջ կը նստիս, կ'ուտես, կը խմես, քէյֆիդ կը նայիս: Իրիկունը տղաքը դպրոցէն կ'առնես, նախընթրիք մը կը պատրաստես: Տղաքն ալ անպայման լոգանք մը կ'ուզեն, լոգանքի ջուրը կը պատրաստես: Վերջը կե՛ր, խմէ՛ քէյֆիդ նայէ: Միայն թէ գիշերները անպայման հիւր կ'ունենանք: Պէտք է 20 հոգիի ճաշ պատրաստել: Սեղանները կը պատրաստես կը սպասարկես: Հիւրերը գիշերը 12.00-ին կ'երթան, այդ ժամէն վերջ քիչ մը մէջտեղերը կը ժողվես եւ կը պառկիս: Ա՛յսքան: Տեսար որ հոս շատ գործ չկայ: Կե՛ր, խմէ՛, քէյֆիդ նայէ»:
Մարդը քիչ մը կը մտածէ եւ սապէս կը պատասխանէ.
«Յարգելի պարոն, ես կեանքիս մէջ այսչափ շատ կերած ու խմած չէի: Այսքան շատ քէյֆն ալ ինծի համար չէ: Կրնայ ըլլալ, որ վնաս պատճառէ: Դուք եթէ կ'ուզէք ուրիշ սպասաւոր մը գտէք, այդ սպասաւորը կերցուցէք, խմցուցէք»:

Ասկէ ճիշդ 15 տարի առաջ խանութ մը վարձեցինք Թոքաթլեան խանի մէջ: Խանին պատասխանատուները շատ լաւ կը զբաղէին իրենց գործերով, ժամացոյցի նման կը հետապնդէին գործերը: Ո՛չ մէկ սխալ, ո՛չ մէկ թերութիւն: Շատ լաւ «քէյֆ» ըրինք այնտեղ: Սակայն, ինչո՞ւ է չհասկցայ, այսքան քէյֆը մեզի լաւ չեկաւ եւ հեռացանք հոնկէ:
Ինչ մեծ բախտաւորութիւն է, որ մեր նոր խանութն ալ մեր ազգին կը պատկանի: Բայց հոս ալ մեզմով քիչ կը զբաղին, չեն հարցներ, թէ ո՞վ էք, ի՞նչ էք: Հաւանաբար շատ գործ ունին:
Ես մտածեցի, որ մեր մէջ արդեօ՞ք բնաւ պարապ մարդ չկայ:
Թերեւս՝ տանտիկինները: Այսօր ինչ զարգացած տիկիններ կան մեր տուներուն մէջ եւ ինչո՞ւ անոնք պաշտօն չընդունին մեր Թաղային Խորհուրդներու գործերուն մէջ: Ինչո՞ւ պատասխանատուութիւն չստանձնեն: Ես որոշումս տուի: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն կ'ուզեմ առաջնորդ ըլլալ այս նպատակին: Գործերս մէկդի պիտի ընեմ եւ պիտի ուզեմ դառնալ աղքատիկ թաղիս թաղականը: Մի՛ ըսէք, որ այս գործերը դժուար են: Աշխարհի ամէնէն դժուար գործը զաւակ հասցնելն է: Եւ եթէ Իսթանպուլահայ մայրիկները այնքան յաջողութիւններ կ'արձանագրեն զաւակ հասցնելու գործին մէջ, ուրեմն ինչո՞ւ չկարենան նոյն յաջողութիւնը արձանագրել թաղական գործերու մէջ:
Հիմա տիկիններ, կերէ՛ք, խմեցէ՛ք, ձեր քէյֆին նայեցէք, որովհետեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն շատ մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի առնենք մեր ուսերուն վրայ:
Միայն թէ սա պահուն քիչ մը խելքս շփոթեցաւ եւ ուղեղիս մէջ պզտիկ հարցական մը ծագեցաւ: Արդեօ՞ք իմ աղքատիկ թաղս պիտի ընդունի զիս իբր թաղական անդամ:

Շուշան Գորտոնճիեան
9-Յունուար 1998 Ուրբաթ
ՄԱՐՄԱՐԱ