Monday, October 22, 2007

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ




Որքան լաւ է շոգենաւի ճամբորդութիւնը: Ես այս ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ: Նկատելով թէ աշխատող մըն եմ, ամրան եղանակին ամէն օր պարտաւոր եմ Կղզիէն Պոլիս՝ խանութ երթալու:
Ամէն առաւօտ կանուխ, կղզեբնակ բազմութիւն մը, վազելով - վազվզելով նաւամատոյց կուգան: Լրագրավաճառէն լրագիր առնողներ, ծաղարանէն կարկանդակ գնողներ,տոմսակի պոչի մտնողներ...եւայլն., եւայլն.: Վերջապէս ահռելի բազմութիւն մը: Եւ մենք այսպէս՝ ամէն օր կղզիի գեղեցկութիւնները կղզիի մէջ ձգելով, գործի կ'երթանք: Ոմանք իրարու հետ կը խօսակցին:
-Ա՛խ բարեկամս, այս սքանչելի օդը կը ձգուի եւ գործի կ'երթուի՞: Երանի՛ թէ գործս յարմար ըլլար, նաւակս նստէի, ձուկի ելլէի:
Ամէն մարդ երազ մը կամ նախասիրութիւն մը ունի կղզիի այս գեղեցիկ օդին դիմաց:
Իսկ գիշերը, վերադարձի ժամուն, ամէնէն խճողեալ շոգենաւն է ժամը 7.30-ի շոգենաւը: Շոգենաւին մէջ կը հանդիպինք միեւնոյն դիմագիծերուն, որոնց հետ առաւօտուն գործի իջած էինք: Ամէն մարդ շոգենաւին մէջ իրեն համար ընտրած է տեղ մը եւ անպայման հոն կը նստի: Քու դիմացդ նստող անձը, զոր բնաւ չես ճանչնար, միջոց մը վերջ կը բարեկամանաս անոր հետ: Ստիպողաբար կը բարեկամանաս, որովհետեւ հինգ ամիս տեւաբար ան քու դիմացդ կը նստի: Անձեր կան, որոնք շոգենաւին վերնամասը կը նախընտրեն: Ոմանք վարը կը նստին, ոմանք ալ ետեւի բացօդեայ մասին մէջ ոտքի կենալ կը նախընտրեն:
Չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս բացատրեմ, բայց կ'ուզեմ յայտնել թէ շոգենաւին այդ ետեւի մասը տարբեր աշխարհ մըն է: Այդ բացօդեայ մասին մէջ գիշերային այդ ժամուն կարծես խնջոյք կը սարքուի. չիղ քէօֆթէներ, աղցաններ, ապուղտներ, երշիկներ, ոգելից ըմպելիներ...: Սակայն գիտենք թէ ոգելից ըմպելին չի մնար այնպէս, ինչպէս գաւաթին մէջ կը կենայ: Միջոց մը վերջ այդ անձերը կը սկսին կատակախառն աղտոտ խօսակցութիւններ ընել իրարու, հայհոյութիւններ ընել եւ իրենց գոռում - գոչումով ժողովուրդը նեղել:
Ասկէ քանի մը տարի առաջ էր: Մարդ մը այդ ետեւի մասին մէջ կերաւ, խմեց, միջոց մը վերջ ալ եկաւ մեր քով նստաւ: Յետոյ ան հանեց իր կօշիկները եւ սկսաւ իր ոտքի մատները շփշփել: Դուրսի ընկերներուն պոռալով կանչելով խօսք նետեց, հայհոյանքներ ըրաւ: Ճամբորդները անոր կը նայէին ատելութեամբ, բայց անտարբեր կը մնային եւ որեւէ դիտողութիւն չէին ըներ: Ես անձամբ կը փափաքէի, որ մէկը ելլէր եւ սաստէր այդ մարդը: Շոգենաւի այդ մասին մէջ փսփսուքներ սկսան: Յայտնի էր որ ամէն մարդ այս մարդէն չափազանց անհանգստացած էր:
Վերջապէս շոգենաւը կղզի հասաւ: Մարդը դանդաղօրէն ոտքի ելաւ, կօշիկները հագաւ ու պատուհանէն դուրս նայեցաւ: Յետոյ իր ընկերներուն դառնալով ըսաւ.
- Տղաք, սա վերջին տարիներուն կղզիի ժողովուրդը որքան փոխուեցաւ: Օտար մարդոցմով լեցուեցաւ...:
Այդ պահուն շնորհակալութիւ յայտնեցի Աստուծոյ, որ այդ անկիրթ մարդուն զոյգ մը խօսք ընելու առիթը ներկայացած էր ինծի:
Առանց վարանելու, մարդուն դառնալով ըսի.
- Պարոն, ո՛չ թէ անոնք, այլ դո՛ւք էք որ օտար էք:
Մարդը այսպիսի պատասխան մը չէր սպասեր ինձմէ: Ան խոժոռ դէմք մը առնելով դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.
- Ի՞նչու օտար ըլլամ տիկին, ես 20 տարիէ ի վեր կղզեբնակ եմ:
- Կրնայ ըլլալ, ըսի: Սակայն մէկ ժամուան ճամբորդութեան ընթացքին, կիներու դիմաց առանց պատշաճութիւնները յարգելու, հայհոյելով եւ պոռալով - կանչելով անկրթութիւն ըրիք: Կղզեբնակ կրնաք ըլլալ, բայց երբեք՝ բնիկ կղզիցի:
Անկիրթ մարդը որեւէ պատասխան չկրցաւ տալ: Ներողութիւն անգամ չխնդրեց եւ շտապով հեռացաւ քովէս:
Յաջորդող օրերուն այլեւս չտեսայ զայն վերադարձի այդ ժամուն շոգենաւի մէջ: Կղզիի փողոցներուն մէջ ալ չհանդիպեցայ իրեն այլեւս:
Մարդիկ համալսարանաւարտ կրնան ըլլալ, մեծ ջանք թափելով մեծահարուստ ալ կրնան ըլլալ, սակայն եթէ մարդոց մօտ կենցաղագիտութիւնը պակաս է, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ մարդիկը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Շուշան Գորտոնճիեան
14-Յուլիս-1997 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ