Friday, October 26, 2007

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒՇԵՐԸ





Անցեալները գործէս տուն կը վերադառնայի: Երբ շոգենաւէն իջայ, նաւամատոյցը տեսայ իմ մէկ բարեկամս: Բարեւեցինք զիրար: Ինծի ծանօթացուց իր քովի երիտասարդուհին: «Աղջիկս է» ըսաւ: Ամառուան արձակուրդի համար Ամերիկայէն եկեր է, կղզի, իր ընտանիքին քով: Զիս ծանօթացնելէ ետք իր աղջկան, դարձաւ եւ ըսաւ. «Գիտես, քեզի միշտ կը ղրկեմ «Մարմարա» օրաթերթը: Այս տիկինը Շուշան Գորտոնճիեանն է, որ իր յիշատակները կը գրէ: Թէեւ տարիքը շատ մեծ չէ, սակայն ան յիշատակներ կը պատմէ»:
Ես ինծի մտածեցի, թէ անպայման տարիքո՞տ ըլլալ պէտք է, որպէսզի անձ մը իր յիշատակները գրէ: Եթէ այսօրը ապրած ես, վաղուան համար յիշատակ մը կրնաս ունենալ:
Վայրկեան մը աչքերս գոցեցի եւ երազել սկսայ: Եթէ ես մէկ տարեկանիս կարդալ, գրել գիտնայի, անպայման յիշատակ մը պիտի ունենայի եւ ատիկա պիտի գրէի: Թերեւս, օրինակ պիտի պատմէի այն ինը ամիսները, զորս անցուցած եմ մօրս որովայնին մէջ: Յետոյ 12 լման ամիսներ ապրած էի: Այդ մասին շատ հետաքրքրական չէ՞ր ըլլար յիշատակներ գրի առնել:
Կը կարծեմ, որ երախայի մը համար ամէնէն դժուար օրերը կը կազմեն այդ 12 ամիսները: Երախան այդ առաջին ամիսներուն իր խնդիրները չի կրնար լուծել, իր հոգերը չի կրնար պատմել իր շուրջիններուն:
Ծնած օրս արդեօք ուրա՞խ էի, թէ տխուր: Պահ մը մտածեցի: Արդեօք նորածին մը ի՞նչեր կը մտածէ երբ աշխարհ կուգայ, կամ ի՞նչ լեզուով կը մտածէ: Ի՞նչ կ'ըլլայ եթէ նորածինին ուղեղը մեր այսօրուան ուղեղին պէս զարգացած ըլլար եւ կարենար գրել իր այդ յուշերը:
Այո, սիրելի բարեկամ, գրելը շատ լաւ բան է: Դուք ալ չունի՞ք ձեր յիշատակները: Դուք ալ մասնակցեցէք մեր երազներուն եւ գրեցէք ձեր յիշատակները:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐՄ