Wednesday, October 10, 2007

ԹՈՔԱԹԼԵԱՆԻ ԵՐէԿԸ ԵՒ ԱՅՍՕՐԸ



Անցեալները երկու մանկամարդուհիներ այցելութեան եկան մեր խանութը, որ կը գտնուի Թոքաթլեան խանի մէջ: Ատանայէն եկեր էին: Տեսեր են Իսթանպուլի հրաշալի պալատները, անցեր են Վոսփորի կամուրջէն, տեսեր են հիանալի տեսարանը եւ զարմացեր են: Յետոյ այցելեր են Գոց Շուկայ, բայց որոշեր են երթալ ու տեսնել Պէյօղլուն:
Մեր փասաժի դրան առջեւէն անցնելու ընթացքին տեսեր են « ԹԱՐԻՀԻ ԹՈՔԱԹԼԵԱՆ ՀԱՆ » վերտառութիւնը: Հետաքրքրուեր են եւ ներս մտեր են բացատրութիւն ուզելու համար:
-Այս շէնքին մասին մեզի քիչ մը տեղեկութիւն կուտա՞ք, կ'ըսէր աղջիկներէն մին:
Ես «Ամենայն սիրով »ըսի եւ որքան որ գիտէի, բաներ մը բացատրեցի այս նշանաւոր խանին մասին:Բայց օրիորդները սկսան իրենց քթին տակէն խնդալ:
-Ա՞յսքան է, հարցուցին: Մենք ալ այդ գրութիւնը կարդալով ուրիշ բան կարծեցինք: Կարծեցինք որ այս խանը պատմութիւնը ապտակող, պատմութիւնը կողոպտող խան մըն է:
Ես քարացայ այս բացատրութեան դիմաց եւ բան չկրցայ ըսել: Անոնք այսպէս թարգմանած էին ուրեմն «Թոքաթլեան » նշանաւոր անունը: Ի վերջոյ մանկամարդուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ հեռացան:
Անոնց մեկնումէն ետք ես ինծի հարցուցի թէ արդեօք արժանի՞ էր որ այսքան փառաւոր անցեալ մը ունեցող Թոքաթլեանը այսօր այսպիսի ըսի ըսաւներու նիւթ դառնար:
Հիները գիտեն որ երբ պանդոկ էր, մեծամեծ անձնաւորութիւններ ապրած էին այս պանդոկին մէջ: Պարահանդէսներ, հարսանիքներ, նշանախօսութիւններ եւ ժողովներ ամենօրեայ տեսարաններ էին այս պանդոկին մէջ: Իսթանպուլի բարձրագոյն դասը այս պանդոկն էր որ կը նախընտրէր միշտ:
Այդ տարիներուն մեծ հայրիկս եւ մեծ մայրիկս ալ ընդհանրապէս իրենց նախընթրիքը կ'ընէին Թոքաթլեանի նշանաւոր ծաղարանին մէջ: Օր մը սակայն անոնք կ'անդրադառնան որ ծաղարանին գիները յանկարծ արտակարգօրէն բարձրացած են: Մեծ հայրիկս գլխաւոր սպասեակը կը կանչէ ու կը հարցնէ.
-Տղաս, անցեալ շաբթուան եւ այս շաբթուան միջեւ գիներու շատ մեծ տարբերութիւն մը կը տեսնեմ: Ի՞նչ է պատճառը:
Գլխաւոր սպասեակը կը մօտենայ մեծ հայրիկիս ականջին եւ կ'ըսէ.
-Պարոն, եթէ գիները անցեալ շաբթուան պէս ձգէինք, ամէն մարդ պիտի մտնէր հոսկէ ներս եւ դուք ալ հիմա պիտի չկարենայիք հանգիստ նստիլ:
Իրաւ ալ հիները կը պատմեն որ այս պանդոկը փառաւոր անցեալ մը ունէր եւ մեր համայնքն ալ պատմական օրեր ապրած է այս շէնքին նախկին վիճակին մէջ: Բայց այսօր ինչպիսի տեսարան մը կը պարզուի այս պատմական շէնքէն ներս: Ի՞նչ մեղք որ պիտի չուզեմ այս հարցումիս պատասխանել:
Միայն ըսեմ որ ամէն գիշեր, երբ խանութս կը գոցեմ, կաթիլ մը ջուր կը կաթի խանութիս մարմարեայ քարին վրայ: Այդ կաթիլ մը ջուրը իմ աչքէս հոսած արցունքն է: Հաւատացէք,ես ամէն գիշեր կաթիլ մը արցունք կը հոսեցնեմ ի յիշատակ Թոքաթլեանի փառաւոր անցեալին, եւ իբր բողոք Թոքաթլեանի այսօրուան տխուր տեսարանին դիմաց:

Շուշան Գորտոնճիեան
28-Օգոստոս-1996 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ