Saturday, October 6, 2007

ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՕՐԵՐԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ


Մանուկ էի: Սկիւտարի Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանը կը յաճախէի: Մանկութեան շրջանէս քիչ բան կը յիշեմ: Միայն թէ ունիմ յիշատակ մը, որ անջնջելի դրոշմ մը ձգած է մտքիս մէջ եւ այդ յիշատակը երբեք պիտի չսրբուի իմ յիշողութենէս:
Մանկութեանս այդ շրջաններուն, հայրս Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ թաղականներէն էր: Վարդավառի Կիրակիին, մայրս գաւաթ մը ջուր կը բերէր, գլխէս վար կը թափէր: «Հայտէ աղջիկ, շուտ ելի՛ր անկողնէդ, այսօր Վարդավառ է ». կ'ըսէր: Սակայն ես չէի կրնար ելլել անկողնես, որովհետեւ մէկ գիշեր առաջ մինչեւ կէս գիշեր Ս. Կադապետ Եկեղեցւոյ մէջ աշխատած կ'ըլլայի, Վարդավառի մատաղօրհնութեան մատաղի սանտուիչներ պատրաստելու համար: Տաղաւարի այդ օրուան նախօրեակին աղքատները եկեղեցւոյ դրան առջեւ կը սպասէին: Մատաղի ապուրի ջուրերը կը տրուէին անոնց: Միսերը մեծ կաթսաներու մէջ կ'եփէին, որպէսզի պատրաստ ըլլան յաջորդ օրուան մատաղցուները: Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան հաւի ջուրով պատրաստուած ապուրը շատ կը սիրէր: Մեր մեծերը գիտնալով այդ պարագան, հաւի ջուրի ապուր կը պատրաստէին: Եւ այսպէս՝ Վարդավառի օրուան պատրաստութիւններ կը տեսնուէին մեծ եռուզեռի մէջ:
Վարդավառի Կիրակիին, հայրս կարելի չէր տեսնել տան մէջ: Որովհետեւ այդ օր, հայրս պաշտօն ունէր երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը Սկիւտարի Եկեղեցին առաջնորդելու: Շոգեմակոյկ մը կը վարձուէր եւ հայրս, ընկերակցութեամբ թաղային խորհուրդի մէկ քանի անդամներուն, մեր Պատրիարքը կղզիէն կ'առնէր ու Սկիւտար կը բերէր:
Վարդավառի Կիրակիին խուռներամ բազմութիւն մը կը լեցներ եկեղեցին: Այդ օր ասեղ ձգելիք տեղ չէր մնար եկեղեցւոյ մէջ: Պոլսոյ չորս կողմէն ուխտաւորներ Մուրատատու Ս. Կարապետ եկեղեցին կուգային: Անոնցմէ ոմանք իրենց ի ձեռին կ'ունէնային աքլորներ, ոմանք ոչխարներ: Անոնք կ'ուզէին շնորհակալութիւն յայտնել Մուրատատու Ս. Կարապետ եկեղեցիին, որ իրենց ուխտը կատարած էր:
Վարդավառի Ս. Պատարագը կը մատուցուէր ձեռամբ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի: Ս. Պատարագին ճիշդ մէջտեղը, ճերմակ աղաւնիներ կը թռցուէին: Այդ միջոցին անպայման եկեղեցիին մէջ կ'ըլլայի: Սրտէս մէջէն բան մը կը փրթէր կարծես: Այդ պահուն ես զիս հպարտ կը զգայի հայ ըլլալուս համար:
Ժամը 13.30ին կը վերջանար եկեղեցական արարողութիւնը եւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատաղօրհնութեան ճաշ կը սարքուէր: Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ կը բացուէր սիրոյ սեղանը: Խօսնակը կ'արտասանէր բարի գալստեան խօսքը: Աւելի վերջ, հայկական երգերով սեղանները կը շէննային:
Այսպիսի տօնախմբութեան օր մըն էր, երբ ես ոտանաւոր մը արտասանեցի: Շրջանաւարտ դասարանի աշակերտ էի: Այդ միջոցին Պատրիարք Հայրը ոտքի ելաւ ու իմ այս արտասանութենէն ազդուելով 100 լիրա նուիրեց եկեղեցիին: Ինչպէս բոլորդ գիտէք, այդ շրջանին հարիւր լիրան շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէր: Այդ վայրկեանին շատ ուրախ եւ երջանիկ զգացի ես զիս: Որովհետեւ բոլոր հրաւիրեալները ոտքի ելան եւ ծափահարեցին Շնորհք Պասրիարքի այս ազնիւ շարժուձեւը: Ես անմիջապէս Պատրիարքին քովը գացի եւ Աջը առի: Ան ալ զիս իմ ճակտէս համբուրեց:
Այսօր, տարիներ վերջ, այսպիսի երանաւէտ տեսնելու առիթը չունինք այլեւս Մուրատատու Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ: Այնպէս կը կարծեմ որ ամէնէն երիտասարդ անդամներէ բաղկացեալ Թաղային Խորհուրդը Մուրատատու Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն է: Աւանդութիւնը այնպէս կը պարտադրէ որ օրուան Պատրիարք Հայրը մատուցանէ Վարդավառի Ս. Պատարագը: Կը սպասենք որ այս աւանդութիւնը յարգելով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելէ Ս. Կարապետ Եկեղեցին եւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցանէ:
Մեր ակնկալութիւնն այն է որ մենք՝ որպէս Ճեմարանցիներ, այդ սիրոյ սեղանին վրայ դարձեալ ոտանաւորներ արտասանենք եւ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները առնելով մեր բաժակները բարձրացնենք մեր ազգին կենաց:


Շուշան Գորտոնճիեան
4-Յուլիս-1996 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ