Tuesday, October 23, 2007

ՍԿԻՒՏԱՐ ԹԱՂՆ ՈՒ ԹԱՂԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ




1963-ին Սկիւտար, Պաղլարպաշը հաստատուեցանք: Այդ տարիներուն Պաղլարպաշը կոչուած թաղամասը լեռ ու ձոր էր: Այսօրուան պէս բազմաթիւ ու բազմայարկանի շէնքեր կառուցուած չէին: Այսուհանդերձ, Սկիւտարի մէջ հայութիւնը բաւական մեծ թիւ մը կը կազմէր: Կային երկու բացօդեայ եւ մէկ փակ՝ շարժանկարի սրահներ: Ճամբաները կպրապատուած չէին եւ ամէն կողմ հողով ու ժայռով պատուած էր: Մայրս եւ մեծմայրս մեզ ամէն կէսօրէ ետք փիքնիքի կը տանէին: Սքանչելի տեսարան մը կար: Օդն ու համայնապատկերը հրաշալի էր: Հիմա երբ կ'երթամ այնտեղ, կը տեսնեմ որ ամէն ինչ փոխուած է անճանաչելիօրէն: Հիմա պիտի ըսէք որ միայն Պաղլարպաշը՞ն է որ փոխուած է: Անշուշտ ոչ: Իսթանպուլի բոլոր թաղամասերը անճանաչելիօրէն փոփոխութիւն կրած են: Փոփոխութիւն կրած է նաեւ մարդոց արտաքին կերպարանք, նիստ ու կացը:
Գափիթոլի ներկայ շէնքին տեղ ընդարձակ պարտէզներ եւ մէկ քանի փայտաշէն տուներ կային: Այդ տուները կը բացուէին հողածածկ ճամբու մը: Այդ ճամբու վերջաւորութեան կար «Օ աղաճըն ալթը» կոչուած տեղը: Ուրիշ ո՛չ մէկ բան կար:
Տարիներ վերջ, Աթաթիւրք կամուրջի շինութեան պատճառով Գալֆաեանը փլցուցին եւ այդ հողածածկ ճամբուն վրայ բերին կառուցին ներկայ Գալֆայանի շէնքը: Բազմաթիւ աշակերտուհիներ այնուհետեւ այնտեղ ուսանեցան, կերան խմեցին ու պառկեցան: Քանի մը տարի ետք Գալֆաեանի պատասխանատուները դէմի փողոցին մէջ շէնք մը վերանորոգեցին, զայն որպէս ննջարան տրամադրելով Գալֆաեանի աշակերտուհիներուն:
Ես այս բոլորը շատ լաւ գիտեմ, որովհետեւ ամրան եղանակին, արձակուրդի օրերուն մայրս զիս կը տանէր Գալֆաեանի պարտէզը: Մենք այնտեղ Գալֆաեանցի աղջիկներուն հետ կը խաղայինք: Շատ լաւ կը յիշեմ որ երբ Գալֆաեանի աղջիկները իրարու հետ կռուէին, «հայրիկդ մեռնի» կամ «մայրիկդ մեռնի» կ'ըսէին: Ես անոնց կ'ըսէի. ինչ կ'ըլլայ այդ բառերը մի՛ գործածէք: Անոնք կը պատասխանէին. «ինչ կ'ըլլայ որ... արդէն մեռած են»:
Շուրջ տասը տարի առաջ Պաղլարպաշըի հայութիւնը հետզկետէ պարպուիլ սկսաւ: Այս կացութիւնը Սկիւտարի վարժարաններուն ալ ազդեց: Անցեալ տարի Սէմէրճեան-Ճեմարան Վարժարանի մէջ շուրջ 20 աշակերտներ կ'ուսանէին: 15-16 տարի առաջ մատակարարները ձեռնարկած էին միացնելու Գալֆաեան եւ Ճեմարան վարժարանները: Բայց կարելի չեղաւ վարժարանին նոր անուն մը տալու մասին համաձայնութիւն գոյացնել, ուստի նաեւ կարելի չեղաւ գործադրել այդ ծրագիրը:
Անցան տարիներ: Ծրագիր մշակուեցաւ ո՛չ միայն Գալֆաեան ու Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանները այլ նաեւ Սկիւտարի Ներսէսեան-Երմոնեան վարժարանն ալ միացնել մէկ վարժարանի մէջ: Սակայն Ներսէսեան-Երմոնեանի պատասխանատուները խրտչեցան այսպիսի կարգադրութիւն մը ընելէ:
Միւս կողմէ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդը շատ տրամաբանական գտաւ միացումի գաղափարը եւ Գալֆաեանի Խնամակալութեան հետ ձեռք ձեռքի տալով, յաջողեցաւ երկու վարժարանները միացնել իրարու: Այնպէս որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ երկու վարժարաններու աշակերտները պիտի միանան միեւնոյն երդիքին տակ:
Ես, որպէս Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանէ շրջանաւարտ ուսանողուհի մը, կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ներկայ Թաղային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան Տան հին եւ նոր Խնամակալութիւններուն, որոնք առին տեղին որոշում մը:

Շուշան Գորտոնճիեան
6-Օգոստոս-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ