Tuesday, October 9, 2007

ՍՏՈՅԳ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԺԱՆԻ ԿԱՆԽԱԿԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ



Անցեալ տարի, Օգոստոս ամսուան վերջին օրերէն մէկն էր: Հարսանիք մը ունէինք: Շաբաթ օրուընէ Պոլիսը մնացինք: Շաբաթ գիշեր ամուսնիս հետ որոշեցինք Սարըյէր Գավաքները երթալ եւ ձուկ ուտել: Սքանչելի տեղ մըն է Գավաքները, թէ՛ օդով, թէ՛ ուտելիքներով եւ թէ շրջապատով: Ես օթօպիւսի ճամբորդութիւնը շատ կը սիրեմ: Նստանք օթօպիւս մը եւ Սարըյէր հասանք: Հոնկէ ալ առինք տոլմուշ մը եւ իջանք Գավաքներ: Երբեմն առիթներ կը ստեղծենք երթալու համար Գավաքներու այդ ճաշարանը եւ այդ պատճառաւ ճաշարանին տէրը մեզ լաւ կը ճանչնայ: Եթէ նոյնիսկ սեղանները լեցուն ըլլան, ճաշարանապետը անպայման սեղան մը կը ճարէ մեզի: Ձմեռը տեղացիներն են որ կուգան այդ ճաշարանը, իսկ ամառնային շրջանին, հոն կուգան յաճախ զբօսաշրջիկներ որոնք կը խօսին զանազան լեզուներով: Այդ օր ալ ըստ սովորութեան, ապսպրեցինք մեր ուտելիքները եւ սկսանք ցած ձայնով խօսիլ ամուսնիս հետ: Մենք ընտանեկան վարժութեամբ հայերէն կը խօսինք իրարու հետ:
Այդ որ ալ այդպէս կ'ընէինք: Ճիշդ ճաշելու վրայ էինք, երբ պարոն մը մօտեցաւ եւ կեցաւ մեր գլուխը: Ան հագած էր պլուճին տաբատ մը, թիշորթ մը եւ սբօր կօշիկներ: Կը կրէր ակնոց մը եւ ունէր ճերմակ մազեր: Շուարեցանք: Ան մեզմէ ներողութիւն խնդրելով անգլերէնով բաներ մը հարցուց: Պատասխանեցի: Յետոյ, պարոնը սկսաւ հայերէն խօսիլ: Մեր շուարումը չէինք թօթափած տակաւին, երբ կրկին անգամ շուարումի մատնուեցանք: Անծանօթ պարոնը նախ եւ առաջ իր շուրջը դիտեց, ապա դէպի սեղան ծռելով փսփսաց.«Անդրադարձանք որ դուք հայերէն կը խօսիք: Վտանք մը չկա՞յ »: «Ի՞նչու վտանք ըլլայ, ըսաւ ամուսինս: Ազատութիւն կայ, այստեղ, ամէն մարդ կը խօսի իր փափաքած լեզուով »: Պարոնը արագ քայլերով անցաւ իր սեղանը եւ կնոջը ականջին բաներ մը փսփսաց: Այդ պահուն ամուսինս ոտքի ելաւ եւ գնաց այդ անծանօթ ամոլը մեր սեղանը հրաւիրելու: Անոնք սիրով տեղի տուին ամուսնիս հրաւէրին: Ելան իրենց տեղէն, եկան նստելու մեր սեղանը: Անոնք 65 տարեկանի շուրջ էին: Կը կոչուէին Քէլի եւ Սիմա: Անոնց բնակարանը Միշիկընի մէջ է եղեր: Պրն. Քէլիին ընտանիքը ժամանակին Սեբաստիայէն Միշիկըն գաղթեր եւ հոն հաստատուէր է: Իսկ տիկին Սիմայի ընտանիքը Կեսարեացի է եղեր: Իրենք հոն ծներ են, սակայն իրենց մայրենի լեզուն չեն մոռցեր: Հոն զիրար ճանչցեր են: Տարիներ առաջ ամուսնացեր եւ չորս զաւակներ ունեցեր են: Անոնք հիմա թոռներու տէր են եղեր: Տարիներէ վերջ, որոշեր են իրենց ամառնային արձակուրդը անցընելու համար Պոլիս գալ: Անոնք շատ ուրախ էին, որ Պոլիս այցելութեան իրենց առաջին օրն իսկ իրենց դիմաց գտած էին հայ ընտանիք մը: Իրենք կ'ըսէին թէ վախով ու դողով եկած են Պոլիս, որովհետեւ Ամերիկա գաղթող հայ ընտանիքներէ լսած են որ Թուրքիոյ մէջ հայերը լաւ վերաբերումի առարկայ չեն դառնար: Երբ լսեցի այս խօսքը, սկսայ մանրամասն տեղեկութիւններ տալ անոնց Իսթանպուլահայութեան առօրեայ կեանքին ու ապրելակերպին մասին: Ըսի որ 32 եկեղեցիներ ունինք Պոլսոյ մէջ, որոնք կը գործեն անխափան: Ունինք շուրջ 20 վարժարաններ, ուր հայ մանուկներ հայկական կրթութիւն կը ստանան: Տօնական օրերուն եկեղեցիները բերնէ բերան լեցուն կ'ըլլան: Ունինք Պատրիարքարան մը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, երգչախումբեր եւ մշակութային կեդրոններ: Թրքահայերու համար մեծ բախտաւորութիւն է ունենալ այսպիսի կազմակերպութիւններ: Երբ այս բացատրութիւնները կուտայի, կ'արժէր տեսնել տէր եւ տիկինին դէմքի արտայայտութիւնը: Անոնք շուարուն վիճակ մը ունէին եւ կ'ուզէին որ խօսիմ տակաւին այս նիւթին շուրջ: Ես ոգեւորուած՝ շարունակեցի տալ այլ բացատրութիւններ: Ըսի թէ մենք փառաւոր հարսանիքներ կ'ընենք այստեղ եւ կ'արժէ տեսնել այդ հարսանիքներու շքեղանքը: Մկրտութիւններն ալ նոյնպէս տեղի կ'ունենան մեծ շուքով: Անոնց առաջարկեցի որ եթէ փափաքին, Կիրակի կրնան մեզի ընկերանալ հարսանիքի մը ներկայ գտնուելու համար: Շատ գոհ մնացին մեր այս առաջարկէն: Ժամանակը շատ շուտ անցած էր:Ճաշարանէն բաժնուեցանք:
Յաջորդ օրուան հարսանիքը ժամը 15.30-ին, Երրորդութեան Եկեղեցիին մէջ էր: Մեր հիւրերը իջեւանած էին Թաքսիմի շուրջ պանդոկ մը: Հարսանիքէն ժամ մը առաջ եկեղեցիին մէջ էինք: Անոնք շուարուն աչքերով կը նայէին իրենց շուրջ: Այդ պահուն ուրիշ հարսանիք մը եւս կար: Շորջ երկու ժամ, մնացինք եկեղեցիին մէջ: Անոնք ամբողջ արարողութիւնները ժապաւէնի վրայ արձանագրեցին: Չափազանց ուրախ էին: Արարողութիւններու վերջաւորութեան գիտէք թէ ի՞նչ ըսին մեզի:
«Շատ նախանձեցանք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերէն եւ շատ գոհ մնացինք, որ հայեր այսպէս բարգաւաճ կեանք մը կ'ապրին Պոլսոյ մէջ »:
Ես եւ ամուսինս շաբթուն վեց օրը կ'աշխատինք: Միայն Կիրակի օրերուն է որ արձակուրդ կ'ընենք: Այդ Կիրակի հիւրերը հրաւիրեցինք Կղզի, որպէսզի քիչ մը եւս շուարումի մատնէինք զանոնք: Երբ անոնք շոգենաւէն իջան, սկսան մեծ զարմանքով նկարահանել Կղզիի հրաշագեղ տեսարանները: Անոնք լսեցին հայկական անուններ, հայերէն խօսակցութիւններու ականջալուր եղան եւ զարմանքով ըսին. «Չէինք կրնար երեւակայել որ դուք այսպիսի կեանք մը կ'ապրիք այստեղ »: Շատ հաւնեցան մեր Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին: Պատարագը ծայրէ ի ծայր տեսաերիզի առին: Այդ գիշեր մեր հիւրերը առաջնորդեցինք Գնալըի ճաշարաններէն մէկը, ուր երգիչ Պարթեւ հայերէն երգեր կ'երգէ: Խանդավարուեցան:
Կէս գիշեր էր արդէն: Հասած էր բաժանումի պահը: Նաւամատոյցն էինք: Երբ ողջերթ կը մաղթէինք, հետեւեալը կ'ըսէինք անոնց. «Երբ Միշիկըն երթաք, ցոյց տուէք ձեր այս տեսաերիզները ամէնուն, փաստելով թէ Իսթանպուլահայերը շատ լաւ կեանք մը կ'ապրին այստեղ »:


Շուշան Գորտոնճիեան

25-Յուլիս-1996 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ