Saturday, October 20, 2007

ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ




Բարոյական երջանկութեան սահմանը լայն է, եւ այդ մէկը շատ դժուար է հասկնալ:

Հարստութիւնը ի՞նչպէս կրնանք բացատրել: Ան, անձէ անձ կրնայ փոխուիլ: Կան մարդիկ, որոնք հարստութեան համար կ'ըսեն- «Խոշոր պալատ մը՝ մէջը ոսկիով եւ արծաթով լեցուն»: Ուրիշ մը՝ «վերջին նորոյթ շքեղ ինքնաշարժ մը»:
Ոմանց համար թանկագին քարերով զարդեղէններ, դրան մուտքին ալ ճիշդ դիմացը գունաւոր հեռատեսիլ մը՝ շքեղօրէն կահաւորուած սրահի մը մէջ:
Ուրեմն, հարստութիւն անձէ անձ կը տարբերի: Իսկ ով որ իր ունեցածովը կը բաւարարուի, կրնայ աշխարհի ամէնէն հարուստ ու երջանիկ մարդը նկատել ինքզինք:
Այո՝, այս դարուն, նիւթականը, դրամը շատ մեծ դեր կը խաղան մեր ապրելակերպին մէջ: Ձեզ վայրկեան մը խորհելու կը հրաւիրեմ: Եթէ ինծի հարցնելու ըլլաք, թէ ես ի՞նչպէս կրնամ բացատրել հարստութիւնը, իմ կարծիքս բոլորովին տարբեր է:
-Ամուսնացած ես. կինդ կամ ամուսնիդ ու զաւակներդ, բոլորդ միասին տան մէջ շատ երջանիկ կեանք մը կ'ապրիք: Սեղանին շուրջ նստած էք ընտանեկան պարագաներով: Խօսելով ու խնդալով կը ճաշէք: Կինդ քեզի սուրճ մը կը բերէ, գէշ-աղէկ ձեր օրերը միասին կ'անցընէք: Անշուշտ որ, այսօրուան կեանքի պայքարին մէջ նիւթականը իր դերը կ'ունենայ: Սակայն մարդիկ պզտիկ բաներով ալ երջանիկ ըլլալու ձեւերը կրնան գտնել: Յառաջացեալ տարիքին, երբ մարդ այլեւս իր կեանքին վերջին շրջանը կ'ապրի, ինքզինք շրջապատուած կը տեսնէ սիրելի հարազատներովը, տղան, աղջիկը, թոռները: Այս ալ մեծ հարստութիւն մըն է, ի՛նչ հարուստներ կան անոր կարօտովը տառապող...:
Հարստութիւնը սահման չունի: Ի՛նչ ժառանգութիւն որ ալ ունենաս, դարձեալ բանի մը պակասը կը զգաս: Ընչաքաղց մարդուն համար նիւթական տեսակէտով կատարեալ հարստութիւն չկայ: Աշխարհի մէջ չկայ դուռ մը, որ փակ մնայ դրամին առջեւ: Դրամ ունեցողը ուր որ ալ երթալու ըլաայ՝ յարգ ու պատիւ կը վայելէ: Նիւթականին ապահոված այս երջանկութիւնը շատ մեծ է: Սակայն, հոգեկան ու բարոյական երջանկութեան սահմանը աւելի լայն է, եւ այդ մէկը ոմանց համար շատ դժուար է հասկնալ:
Մարդիկ, միշտ պէտք է որ իրենց գլուխը քիչ մը վար ծռել գիտնան, որքան որ ալ հարուստ ըլլան եւ իրենց շուրջը նայելով ունեցածին փառք տան: Եթէ այսօր առողջութիւնդ տեղն է, պէտք է որ ինքզինքդ հարուստ նկատես, որովհետեւ եթէ առողջութիւնդ կորսնցնես, երբեմն մեծամեծ հարստութիւններ անգամ չեն կրնար զայն վերադարձնել: Որքան որ ալ դրամ ունենաս, նոյնիսկ կը փճանաս ու դարձեալ չես կրնար կորսուած առողջութիւնդ վերագտնել:
Պզտիկ պատմութիւնով մը կ'ուզեմ գրութիւնս վերջացնել:
Շատ աղքատ մարդ մը կ'ապրի եղեր իր կնոջ ու զաւակներուն հետ: Շատ երջանիկ է եղեր սակայն:
Տունէն շարունակ ուրախութեան աղաղակներ, մանկական զուարթ ճիչեր կ'իմացուին եղեր: Տանտէրը եւ կինը, որոնք ունեւոր մարդիկ են եղեր, ընդհակառակն, միշտ տխուր են ու կը զարմանան եղեր այս աղքատ ընտանիքին երջանկութեան վրայ եւ պատճառը չեն կրնար գտնել:
Օր մը անոնց մօտ կ'իջնեն եւ նիւթական օգնութիւն մը կ'ընեն աղքատ ընտանիքին: Մարդը դրամ կուտայ տղոց հօր, ան ալ կ'երթայ այդ դրամով սնտուկ մը լեմոն կ'առնէ ծախելու համար: Օրեր ու շաբաթներ կ'անցնին, մէկ սնտուկ լեմոնը հետզհետէ կ'աւելնայ եւ աղքատ մարդը կը սկսի դրամ շահիլ ու գրպանը լեցուիլ: Սակայն, քանի՛ մարդուն շահը կը սկսի աւելնալ, տան մէջ ուրախութեան աղաղակները, զուարթ բացագանչութիւնները կը պակսին, լռութիւն կը սկսի հետզհետէ:
Տանտէրը, օր մը հետաքրքրութենէ մղուած՝ կ'իջնէ եւ հարց կու տայ, թէ ի՞նչ պատահած է, որ այլեւս ձայն-ձիւն չ'ելլեր: Աղքատը կը պատասխանէ.
- Այլեւս ընտանեօք ամէն օր հաշիւ ընելով զբաղած ենք, խնդալու- խօսելու ժամանակ չենք գտներ...:

Շուշան Գորտոնճիեան
18- Հոկտեմբեր-1996
Ակօս