Thursday, October 25, 2007

ԱԿԱՆՋԸ




Սէմէրճեան Ճեմարան վարժարանի 4-րդ դասարանի աշակերտուհի էի: Ութ կամ ինը տարեկան ըլլալու էի: Այդ տարի գիտութեան դասեր կը տրուէին մեզի: Դասարանին մէջ կային աշխատասէրներ, նաեւ ծոյլեր: Այս ծոյլերուն միջեւ կային շատ խորամանկ եւ աչքը բաց տղաք: Սակայն անոնք կարդալու եւ բան մը սորվելու ճիգ չունէին: Խելացի էին, սակայն իրենց միտքը կ'աշխատցնէին չար բաներու համար:
Այդ օրերուն գիտութեան դասի ընթացքին դասարանի ուսուցչուհին մեզի իբրեւ պարտականութիւն տուաւ «Ականջ»ը: Այդ գիշեր շատ աշխատեցայ ականջին մասին բաներ մը գրելու եւ պարտականութիւնս կատարելու համար: Հետեւեալ օր, ես ինքնավստահ նստած էի նստարանին վրայ եւ սպասեցի, որ ուսուցչուհիս դասի հանէ զիս: Ուսուցչուհին սանկ ակնարկ մը նետեց դասարանին վրայ եւ ամենածոյլ աշակերտը ընտրելով հարցուց. «Տղաս, պատասխանէ ինծի. ի՞նչ է ականջը»: Տղան պաղարիւն վիճակով ոտքի կանգնեցաւ եւ պատասխանեց սապէս. «Ականջը մեր իմանալու գործարանն է: Մենք անով կը լսենք, բոլոր խօսակցութիւնները: Բոլոր խօսակցութիւնները մեր մէկ ականջէն կը մտնէ եւ միւսէն դուրս կ'ելլեն»:
Այս պատասխանին դիմաց բոլորս խնդալ սկսանք: Ուսուցչուհին բաւական բարկացաւ մեր ընկերոջ եւ ըսաւ. «Նստէ տեղդ, մէ՛կ առիր»:
Հիմա այսօր ես հարցման նշան մը ունիմ մտքիս մէջ: Ի՞նչու մեր դասարանի ուսուցչուհին մէկ տուաւ այդ ընկերոջս: Եթէ ես այդ դասարանի ուսուցչուհին ըլլայի, անոր հինգ խաչ կուտայի այսօր:
Ի՞նչու: Ես շարունակ կը կարդամ թերթերը, ես ալ պարբերաբար բաներ մը կը գրեմ թերթերու մէջ: Բողոքի եւ քննադատութեան բազմաթիւ գրութիւններ կարդացած եմ մամուլին մէջ, ես ալ ըրած եմ քննադատութիւններ: Արդեօք այս գրութիւնները կը կարդացուի՞ն, ոմանց կողմէ կը լսուի՞ն: Հարիւր առ հարիւր վստահ եմ, որ չեն լսուած: Ոչ մէկը ազդուած է քննադատութիւններէն, ոչ մէկը բան մը սրբագրել ջանացած է: Ամէն ինչ մարդոց մէկ ականջէն կը մտնէ, միւսէն դուրս կ'ելլէ:
Կը կարծեմ, որ ամէն օր նախորդ օրէն աւելի գէշ վիճակի պիտի մատնուին մեր գործերը եթէ այսպէս ամէն բան մեր մէկ ականջէն մտնէ եւ միւսէն դուրս գայ:

Շուշան Գորտոնճիեան
1-Հոկտեմբեր-1997 Չորեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ