Thursday, December 13, 2007

Ո՞Վ ԸՍԱՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԱՅ. ՄԱՆՉՍ ԿԱՐՄԻՐ ՎԱՐԴ ՂՐԿԵՑ




15 Յունիս 1999 թուականին մեր համայնքի վարժարաններէն մէկուն պզտիկ մէկ գործը կարգադրեցի: Կարծեմ թէ յաջողեցայ:
Գործը կարգադրուելէ վերջ, ազգային շատ յարգելի աղբարիկներէն մէկը խանութս եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելու: Իրեն ըսի.
-Ո՛չ շնորհակալութիւն, ոչ ալ ուրիշ բան կ'ուզեմ: Այս ըրածս ուխտ մըն էր: Մանչս վեց ամիս վերջ զինուոր պիտի երթայ: Իմ աչքէս երբեք արցունք պիտի չգայ:
Այս խօսակցութեան վրայէն վեց ամիս անցաւ: Մանչս զինուորական ծառայութեան թուղթը առաւ ու եկաւ: Շատ ուրախ էր: Որովհետեւ իր փափաքը իրագործուած էր: Այլեւս տասնեւութ ամիս ծովային պիտի ըլլար:
Շիտակը եթէ ուզէք, տասնեւութ ամսուան մէջ աչքէս երկու անգամ միայն արցունք եկաւ:
Առաջինը, գացած օրն էր, երբ ես ետեւէն ջուր թափեցի, առանց կարենալ զսպելու արցունքներս:
Կարծեմ իրաւունք ալ ունէի: Մէկ հատիկս տունէն հեռու Իսկէնտէրուն պիտի երթար: Նոյեմբեր ամիս էր: Ամիս մը վերջ ալ Կաղանդ էր: Մենք այդ տարուան Կաղանդը առանձին պիտի անցընէինք:
Ծովայինները առաջին շրջանին, այսինքն իրենց ամփորձութեան շրջանին քառասունեւհինգ օր կ'ընեն իրենց զինուորութիւնը: Քառասունեւհինգ օր վերջ մեր որդին տուն եկաւ եւ գլխէն անցածները սկսաւ պատմել:
Զինուորական խումբը հինգհազար հոգիէ կը բաղկանայ եղեր: Այս հինգհազար հոգիին մէջ միմիայն տասը հոգի քրիստոնեայ է եղեր: Կաղանդի գիշեր, ծովակալը այդ տասը քրիստոնեայ տղաքը իր սենեակը կը հրաւիրէ: Ծովակալին մօտ այլ աստիճանի զինուորներ ալ կան եղեր: Ծովակալը ոտքի կ'ելլէ եւ կ'ըսէ:
-Դուք բոլորդ ալ քրիստոնեայ էք: Բայց այս երկրին ծառայելու համար հոս կը գտնուիք: Ես շատ ուրախ եմ: Ձեր ըրածը պատուական գործ մըն է: Այո՛, դուք քրիստոնեայ էք: Բայց հոս խտրականութիւն չկայ: Դուք ալ այս երկրին զաւակներն էք: Հիմա ձեր մայրերէն ու հայրերէն հեռու կը գտնուիք: Բայց զիս ձեր հօր տեղ դրէք եւ ձեր նեղութիւնները ինծի պատմեցէք:
Տասը քրիստոնեայ տղաքը շատ կը շուարին: Բարեւի կենալով իրենց հրամանատարին դիմաց՝ կ'ըսեն.
-Ոչ մէկ նեղութիւն ունինք Պր. ծովակալ:
Ծովակալը կը շարունակէ:
-Ես ձեզ հոս կանչեցի, որովհետեւ այսօր ձեր Կաղանդն է: Ձեր Կաղանդը կը շնորհաւորեմ: Հիմա կարգաւ եկէք ձեր ճակատներէն պիտի համբուրեմ:
Տղաքը կարգաւ ծովակալին ձեռքը կը համբուրեն: Ան ալ կը համբուրէ անոնց ճակտէն: Յետոյ որպէս Կաղանդի նուէր, անոնց մէկմէկ գլխարկ կը նուիրէ:
Մանչս ըսաւ.
-Մա՛յր. այդ օր, ծովակալիս խօսքերը ինծի բարոյական հանգստութիւն, միաժամանակ մեծ քաջալերութիւն ներշնչեցին:
Այո՛, գործ մը կատարելէ ետք, քեզմէ աւելի բարձրաստիճան մէկը եթէ քեզ քաջալերէ, ա՛լ աւելի աշխատելու փափաք կ'արթննայ քու մէջ:
Տասը օրը ինչ էր որ. շուտով անցաւ: Այս անգամ ալ մանչս Իզմիր «Ֆօչա» գնաց: Շատ հանգիստ էր: Լաւ լուրերը առնելով կ'ուրախանայի:
Օր մը, խանութիս մէջ շատ բազմութիւն կար: Դուռը բացուեցաւ: Ներս տղայ մը մտաւ: Ձեռքը, տուփի մը մէջ զարդարուած վարդ մը կար:
Հարցուց.
-Տիկին Շուշան Գորտոնճիեանը ո՞վ է:
-Ես եմ: Ի՞նչ ուզեցիք, հարցուցի:
-Ձեր զինուոր տղուն կողմէ ուղարկուած է այս ծաղիկը: Կարծեմ թէ ձեր տարեդարձն է եղեր այսօր:
Ինչպէ՞ս կրնայի զսպել ինքզինքս: Կարծեմ իմ ձայնը մանչուս հասցնել կ'ուզէի: Այնպէս մը լացի, որ յաճախորդներս ալ լացին ինծի հետ միատեղ:
Այսքան է աչքէս վազած արցունքը: Տասնեւութ ամսուան մէջ զինուոր որդւոյս համար այլեւս արցունք չթափեցի:
Փառք Աստուծոյ, ուխտս ընդունական եղած էր: Բարիով, մէկ հատիկս զինուորութիւնը վերջացուցած եւ տուն վերադարձած էր: Աստուած զիս քաջալերած էր: Շնորհակալութիւն Աստուծոյ:
Այսօր պատերազմ կայ աշխարհի մէջ: Բայց արդէն ամէն օր մարդիկ նիւթական պատերազմի մէջ չե՞ն տառապիր: Տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող միլիառաւոր մարդիկը շատ մեծ պատերազմի մը մէջ չ՞են արդեօք:
Ամբողջ աշխարհի բնակիչները իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ այս պատերազմին «Ո՛չ» կ'ըսեն: Երեւակայեցէք երկիր մը, որ զէնքի սպառումով, երիտասարդներու կեանքի գնով դրամ պիտի շահի: Ես ալ, իմ կարգին, իմ ձայնս միացնելով աշխարհի բոլոր մայրերուն, պիտի աղաղակեմ.
-Պատեազմի ո՛չ, խաղաղութեան՝ այո՛:

Շուշան Գորտոնճիեան
10-Ապրիլ-2003 Հինգշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ