Friday, December 7, 2007

ԿԱԹԻԼ ՄԸ ԻՒ՞Ղ, ԹԷ ԿԱԹԻԼ ՄԸ ԱՐՑՈՒՆՔ




1971 թուականին շրջանաւարտ եղած էի Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանէ:
Երկու տարի յաճախեցի հինգերորդ դասարան, բայց բնաւ իմաստ մը չկրցայ տալ այդ օրուայ պզտիկ գլուխովս թէ ինչո՞ւ կրկնած էի դասարանս, քանի որ շատ յաջող աշակերտուհի մըն էի: Ես որ եկեղեցիէն դուրս չէի ելլեր, կրօնքի դասէ դասարանս կրկնած էի: Վերջը սորվեցայ: Եղբայրս ալ դպրոցէն շրջանաւարտ պիտի ըլլար եւ միասնաբար Արամեան-Ունճեան վարժարան պիտի երթայինք: Մեր ժամանակ այսօրուան պէս դպրոցական անձնական փոխադրամիջոցներ չկային: 11 տարեկան աղջկան մը համար հարց պիտի ըլլար Սկիւտարէ Գատըգիւղ երթալ:
1972 թուականին մենք եղբօրս հետ միասին արձանագրուեցանք Արամեան-Ունճեան վարժարան:
Դասարանի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը Սկիւտարցի էր: Վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարանի հայերէնի ուսուցչուհին Տիկին Ալիս Թաշճըն էր: Այդ ուսուցչուհիին օրէնքն էր, որ վեցերորդ դասարանի առաջին դասը ըլլար «Բարի սեւ կովը՝ Նուարոն»:
Այդ շրջանի բոլոր Արամեանցիները շատ լաւ գիտեն այդ դասը:
Մեր դասարանի աշակերտութիւնը ճիշդ երեք տարի դպրոցին ամենալաւ խումբը կազմած էր: Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Իրմա Աճէմեանն էր: Հայերէնի, թրքերէնի, թուաբանութեան, երաժշտութեան, մարզանքի, գծագրութեան ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիները, դպրոցի ամբողջ համակարգը արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանէր:
Վերջին դասարան երբ հասանք, Տիկին Իրմա Աճեմեանն է որ սկսաւ հայերէն դասաւանդել մեզի:
Ամավերջը մօտեցած էր: Տիկին Իրման այդ օր վերջին դասի համար է որ մտած էր դասարան: Գրատախտակին առջեւ կանգնեցաւ եւ մէկ առ մէկ բոլորիս երեսը նայեցաւ: Յետոյ սապէս ըսաւ:
-Թէ՛ վերջացաւ, թէ չվերջացաւ:
Շարունակեց.
-Այսօր բոլորդ ալ, գիրգերը, տետրակները ձեր պայուսակներու մէջ պահեցէք: Ձեր սեղանները պարապ տեսնել կ'ուզեմ:
Մենք անմիջապէս կատարեցինք իր փափաքը:
-«Հիմա ձեզի խրատական մը պիտի պատմեմ», ըսաւ եւ սկսաւ պատմել:
«Մարդ մը որպէսզի տղան ուսում առնէ, զայն լաւ վարժարաններու մէջ կը կարդացնէ,համալսարանի մէջ իր ընտրած մասնագիտական ճիւղին բարձր դասարանները, լրացուցիչ դասընթացքներ, եւլն., եւլն.: Վերջապէս տղուն դպրոցի կեանքը կը վերջանայ: Հայրը տղան քովը կը կանչէ եւ կ'ըսէ: «Այլեւս դպրոցը վերջացաւ, ասկէ յետոյ պէտք է, որ ուսանիս կեանքի դպրոցի մէջ: Քեզ պիտի ղրկեմ գիտունի մը մօտ եւ ան քեզի կեանքը պիտի սորվեցնէ»:
Տղան երկար ճամբորդութենէ մը վերջ կը հասնի գիտունին տունը: Կը տեսնէ ընդարձակ պարտէզի մը մէջ խոշոր պալատ մը: Պարտէզը կ'անցնի եւ պալատին դուռը կը զարնէ: Սպասաւոր մը տղան ներս կ'առնէ: Տղան սենեակ մը կը մտնէ: Խոշոր դաշնակ մը կը տեսնէ: Քանի մը հոգիներ նստած կը ճառեն: Տղան անկիւն մը կը նստի եւ կը սկսի սպասել:
Ժամանակ մը վերջ սպասաւորը տղուն քով կուգայ եւ միասնաբար գիտունին սենեակը կը մտնեն:
Հիմա այլեւս տղան եւ գիտունը դէմ դիմաց եկած են:
Գիտունը կ'ըսէ.
-Հոս կեանքը սորվելու եկած ես: Այսօր քեզ կեանքի առաջին դասը պիտի սորվեցնեմ:
Դարակը կը բանայ, մէջէն դգալ մը կը հանէ եւ մէջը իւղ կը լեցնէ:
-Ա՛ռ ասիկա եւ իմ պալատս, իմ պարտէզս պտըտէ: Բայց ուշադիր եղիր որ դգալին մէջի իւղը չթափի:
Տղան իւղով լեցուն դգալը կ'առնէ գիտունին ձեռքէն եւ կը սկսի ամբողջ պալատը պտըտիլ: Քանի մը ժամ վերջ գիտունին քով կուգայ եւ կ'ըսէ.
-Ամբողջ պալատը պտըտեցայ: Տեսէք դգալին մէջի իւղը չթափեցաւ:
Գիտունը կը խնդայ:
-Շատ լաւ կ'ըսէ: Իմ պալատիս պատերուն վրայ նկարները, սենեակներու մէջ գետնի գորգերը, ձեղունը կախուած լուսամփոփները տեսար: Դրոշմաթուղթի հաւաքածոս, գիրքերս քննեցի՞ր: Պարտէզիս մէջի ծաղիկներս, աւազանի մէջի ձուկերը, ծառերը եւ թռչուններս, բոլոր ասոնք տեսա՞ր:
Տղան ամչնալով պատասխանեց.
-Ո՛չ, ես միայն դգալիս մէջի իւղին նայեցայ, որպէսզի չթափեմ:
Գիտունը ըսաւ.
-Հիմա գնա՛ եւ այս պատմածներս դիտէ եւ եկուր ինծի պատմէ:
Տղան գնաց, ամէն ինչ տեսաւ եւ գիտունին տունը սորվեցաւ: Աճապարանքով գիտունին մօտ եկաւ եւ ըսաւ:
-Այլեւս ձեր տունը շատ լաւ սորվեցայ եւ բոլոր սենեակներն ու պարտէզը պտըտեցայ: Ամէն ինչ տեսայ:
Գիտունը դարձեալ խնդաց եւ սապէս ըսաւ:
-Շատ լաւ ըրիր, տղաս: Բայց այս անգամ ալ դգալին մէջի իւղը մոռցար: Տես, իւղը թափեր ես:
Այո՛, մենք 1974-1975 Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներս, Տիկին Իրմա Աճէմեանի խրատով է որ մինչեւ այս օրերը հասանք:
Այն տարիներուն կարգ մը հարցերու պատճառաւ մեր դպրոցական կեանքը վերջացաւ: Մենք խումբ մը աղջիկ աշակերտներ, կը փափաքէինք մեր ուսումը շարունակել Էսաեան վարժարանին մէջ: Մեզմէ մէկ քանին գացին իրենց գոգնոցները պայուսակներուն մէջ, դպրոցը հագուելու պայմանաւ:
Մենք շրջանաւարտ ըլլալէ օր մը առաջ դասարանին մէջ նստանք եւ որոշում մը ընդունեցինք:
Միասնաբար Տիկին Իրմա Աճէմեանին սենեակը գացինք եւ սապէս ըսինք:
-Արամեան-Ունճեան վարժարանը լիսէի բաժին մը չի՞ կրնար հաստատել: Մենք հոսկէ հեռանալ չենք ուզեր:
Տիկինը շուարած մեր երեսը նայեցաւ ու անպատասխանի թողուց մեր առաջարկը:
Այդ միջոցին այտին վրայէն կաթիլ մը արցունք սահեցաւ:

Մենք Արամեանցիներ, յարգանքով կը յիշենք Տիկին Իրմա Աճէմեանը:
Մեր աննման տնօրէնուհին լոյսերուն մէջ թող պառկի:

Շուշան Գորտոնճիեան
24-Փետրուար-2003 Երկուշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ