Friday, December 21, 2007

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ԷՐ- ԱՅՍՕՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅԴՊԷՍ ՉԷ




Ժամանակին, տուները փայտաշէն էին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չեն:

Ժամանակին, տուներու մէջ հարս կ'առնէին, տուն փեսայ կ'երթային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հարսանիքներու ընթացքին եկեղեցիին կեդրոնը սեղանիկ մը կը գտնուէր: Հարս ու փեսին մատանիները այդ սեղանին վրայ կ'օրհնուէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, տաղաւարի օրերուն քահանաները թաղեցիներու տուները տնօրհնէնքի կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պզտիկները մեծերու յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ աղջիկներ իրենց մօրը հետ կը պտըտէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, աղջիկներ ձեռագործներ կ'աշխատէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ տղան գործի սկսէր, հայրը վարպետին կ'ըսէր. «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի»:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, պատիւը ո՛չ թէ գրպանի մէջ, այլ ճակտի վրայ կը պտըտցուէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց ունեցած ժառանգութեան, դրամին մասին չէին խօսեր: Ամօթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը կը խօսէին, պզտիկները մտիկ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայերը տուներու եւ դպրոցներու մէջ հայերէն կը խօսէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեր մեծ հայրերը մէկ լօքումի փոխարէն նարտ կը խաղային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ լաւ դրացութիւններ կ'ընէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երբ խանութպանը իր առաջին գործը ընէր, երկրորդ յաճախորդը դրացի խանութպանին կը ղրկէր, որպէսզի դրացին ալ իր առաջին գործը ընէ:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, դրամը «պէրէքէթ» ունէր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդոց գաղափարներուն հանդէպ յարգանք ցոյց կուտային:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, երիտասարդ տղաք իրենց ականջին օղ չէին կախեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, հայը տէր կը կանգնէր «Հայու բարոյական արժէքներ, հայու սէր» գաղափարներուն:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ իրենց լաւ ու տխուր օրերը իրարու հետ կը բաժնէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մարդիկ հայերէն օրաթերթ կարդալ կը սիրէին:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, խօսքը փաստաթուղթ էր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, եկեղեցիներու պարտէզներուն մէջ կրակարաններու վրայ երշիկի, միսի խորովածի հաւաքոյթներ չէին սարքուեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, կրօնաւորներ Նասրէտտին Հօճայի խրատականներով քարոզներ չէին տար:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին, մեծերը պզտիկներու քով ամէն նիւթի մասին չէին խօսեր:
Այսօր ինչո՞ւ այդպէս չէ:

Ժամանակին...- Ժամանակին...-
Այսօր...- Այսօր...-
Ժամանակին ինչո՞ւ այդպէս չէր:
Ժամանակին էշն ալ ծորակը մտեր էր:


Ժամանակին մարդ մը դրացի գիւղ մը կ'երթայ բարեկամի մը այցելութեան: Երկու օրուան ճամբորդութենէ մը վերջ, իր բարեկամին գիւղը կը հասնի եւ յոգնութիւնը առնելու համար կը նստի սրճարանի մը մէջ: Սուրճ մը կ'ապսպրէ եւ կը սկսի խմել: Այդ միջոցին սրճարանին ճիշդ դիմացը աղբիւր մը կը տեսնէ: Էշ մը մօտեցած է աղբիւրին եւ ծորակէն ջուր կը խմէ: Յանկարծ էշը այդ ծորակին մէջ մտնելով կը կորսուի: Մարդը շուարած ոտքի կ'ելլէ եւ կը սկսի պոռալ-կանչել. «Էշը ծորակին մէջ մտաւ»: Գիւղացիները կը մտածեն որ մարդը խենթեցած է, կ'առնեն զինքը եւ ախոռի մը մէջ կը բանտարկեն, աղուոր մըն ալ կը ծեծեն: Ախոռին դուռը կը կղպեն եւ երկու օր մարդը կը պահեն հոն: Երկու օր վերջ զինքը ախոռէն դուրս կը հանեն:
Մարդը դարձեալ կուգայ, այդ սրճարանը կը նստի: Անօթի, ծարաւ ու քնատ է: Ան ծորակին առջեւ դարձեալ էշ մը կը տեսնէ: Էշը անոր նայելով դարձեալ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը կը սկսի պոռալ-կանչել. «Տեսէք, էշը ծորակին մէջ մտաւ կրկին»: Գիւղացիները դարձեալ մարդը կը տանին, ախոռին մէջ կը բանտարկեն, լաւ մըն ալ կը ծեծեն: Երկու օր վերջ ալ զինքը դուրս կը հանեն, մտածելով որ այլեւս խելքը գլուխը եկած է:
Մարդը այլեւս շատ դժուարին կացութեան մատնուած է եւ դարձեալ կուգայ ու կը նստի սրճարանի աթոռներէն մէկուն վրայ: Կը տեսնէ որ էշը կը մօտենայ ծորակին: Էշը տարօրինակ ժպիտով մը կը նայի մարդուն, յետոյ կը մտնէ ծորակին մէջ: Մարդը այս անգամ ոտքի կը կանգնի ու կը պոռայ. «Է՛շ, գիտեմ որ ծորակին մէջ մտած ես: Սակայն պիտի լռեմ, որովհետեւ վերջաւորութիւնը ծեծ է»:
Ես ալ պէտք է լռեմ այսօր: Եթէ չլռեմ եւ ձայն բարձրացնեմ, գիտեմ որ ծեծ պիտի ուտեմ քանի մը անձերու կողմէ:

Շուշան Գորտոնճիեան
3-Յունիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ