Saturday, December 15, 2007

ԹԷ՛ ԼԱՆՔ ԵՒ ԹԷ ԵՐԹԱՆՔ...




Երբ Շիշլիէ Սկիւտար փոխադրուեցանք, երկ՛ար տարիներ բնակութիւն հաստատեցինք Չիչէքչի անուն թաղամասին մէջ:
Վեց տարեկան հասակիս արձանագրուեցայ Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարան: Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ դպրոց երթալ չէի ուզեր: Տեւական կուլայի որպէսզի զիս դպրոց չղրկէին:
Մեծ հայրս է որ զիս դպրոց կը տանէր Չիչէքչիէն մինչեւ Պաղլարպաշը: Ճամբու ամբողջ տեւողութեան անդադար կուլայի:
Օր մը, մեծ հայրս այս վիճակէս շատ նեղուեցաւ: Փողոցին մէջ կեցած ոստիկանին քով տարաւ զիս եւ ըսաւ.
-Հիմա նախընտրէ՛, տո՞ւն թէ դպրոց:
Ես մեծ հօրս երեսը նայեցայ եւ սապէս ըսի.
-Ո՛չ մեծ հայր, թէ՛ կուլամ եւ թէ կ'երթամ:
Տարեց մանկապարտիզպանուհի մը ունէինք: Տիկին Գեղանոյշ էր անունը: Ճերմակ մազերով գիրուկ կին մըն էր: Իր ողբացեալ ամուսինը մեծհօրս ուսուցիչը եղած էր Կեդրոնական վարժարանին մէջ:
Սէմէրճեան-Ճեմարանի մանկապարտէզը դպրոցին ամէնէն մեծ յարկաբաժինը կը զբաղեցնէր: Ներկայիս այդ սենեակը վերածուած է երկու դասարաններու: Մանկապարտէզը կը գտնուէր ճիշդ տնօրէնի սենեակին դիմաց:
Դասրանին մէկ մասին մէջ նստարաններ ու գրադարաններ շարուած էին: Տիկին Գեղանոյշի դաշնակն ալ տեղ գրաւած էր անկիւն մը: «Այսօր այդ դաշնակը Գալֆաեանի ննջարանի կողմը կը գտնուի»: Խոշոր քառակուսի պարապ միջոց մը կը մնար դասարանին մէջ: Ճաշէն ետք հոն բազկաթոռներ կը զետեղուէին եւ մենք կ'երկարէինք անոնց վրայ: Գոյնզգոյն բազկաթոռներ էին ատոնք, կարմիր, կանանչ, կապոյտ, դեղին, նարնջագոյն եւլն. եւլն.: Իրարու հետ կը կռուէինք գոյնի համար: Օր մը ուսուցչուհին պզտիկ թուղթեր պատրաստեց: Բոլորին անունները գրելով բազկաթոռներու վրայ փակցուց եւ ասկէ ետք կռիւը վերջացաւ: Երբ բազկաթոռներու վրայ կ'երկարէինք, Տիկին Գեղանոյշ դաշնակի առջեւ կ'անցնէր եւ կը սկսէր մեղմ երաժշտութիւն նուագել:
Կռիւը վերջացած էր, բայց իմ լացը չէր վերջացած: Մեծ հայրս, դպրոցին պարտէզին ճիշդ քովը պարապ հողամաս մը գնած էր, առաջին յարկի վրայ խանութ մը, իսկ անոր վրայ ալ յարկաբաժիններ շինելու համար: Այդ տարի խանութի յարկը պատրաստ էր արդէն եւ մեծ հօրս գործատեղին Մէճիտիյէգիւղէն Սկիւտար փոխադրուած էր:
Տիկին Գեղանոյշ իմ լացի պատճառաւ շուարումի մատնուած էր: Այլեւս դպրոցին մէջ ուր որ երթար, զիս ալ իրեն հետ կը տանէր: Օր մը մառան մտանք միասին: Պահ մը կռնակը դարձուց եւ ես ատիկա առիթ համարելով, դուրս փախայ: Պարտէզի դռնէն փողոց եւ հոնկէ ալ մեծ հօրս խանութը հասայ: Մեծ հայրս զարմանքով երեսս նայեցաւ ու ըսաւ.
-Այս ժամուն ի՞նչ գործ ունիս հոս:
Յանցաւորի պէս իր աչքերուն մէջ նայեցայ: Հասկցած էր որ դպրոցէն խոյս տուած էի: Ձեռքէս բռնեց եւ զիս դպրոց տարաւ: Այդ դէպքին պատճառաւ սակայն դպրոցը տակնուվրայ եղած էր:
Վերջապէս առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դասարան հասայ: Չորրորդ դասարանի ուսումնական շրջանէն շատ յիշատակներ ունիմ: Բոլորն ալ կը յիշեմ մէկ առ մէկ: Կարծեմ թէ ուսուցչուհիս շատ կը սիրէի եւ այդ էր պատճառը որ դպրոցական այդ տարուայ անցուդարձերը դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ:
Օրիորդ Սիրանոյշ Նշանեանն էր դասարանի ուսուցչուհիս: Զիս շատ կը սիրէր եւ կարծես առիթ կը փնտռէր իմ լացս դիտելու համար: Այդ օր 1 Ապրիլ էր: Օր. Սիրանոյշ ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ.
-Դուն երէկ ինչո՞ւ փողոցները պտըտեցար:
-Ո՛չ ըսի, ես փողոց չելայ:
-Սուտ մի՛ խօսիր ըսաւ եւ սաստեց զիս:
Յուզուեցայ: Աչքերս արցունքով լեցուեցան: Բայց ուսուցչուհիիս դէմքի արտայայտութիւնը փոխուեցաւ եւ ան խնդալով ըսաւ.
-Խենթ աղջիկ, այսօր Ապրիլ մէկն է: Չե՞ս գիտեր: Բոլորը զիրար կը խաբեն եւ շատ ուրախ եմ որ կրցայ քեզ խաբել եւ լացնել:
Այդ օր մեր գիտութեան դասի նիւթը ձուկի մասին էր: Օր. Սիրանոյշ ակնարկ նետեց մեր բոլորին վրայ եւ ընկերուհիս Ալիսը դասի հանեց.
-Պատմէ՛ նայիմ ձուկի մասին:
Ընկերուհիս այդ օր չէր պատրաստած դասը: Սկսաւ սա խօսքերով.
-Օրիորդ, ձուկը...: Օրիորդ, ձուկը...:
Օրիորդ Սիրանոյշ բարկանալով ըսաւ.
-Այլեւս «օրիորդ ձուկ»ը սորվեցանք, քիչ մըն ալ «տիկին ձուկ»ի մասին պատմէ՛:
Ե. դասարանէ շրջանաւարտ պիտի ըլլայի: Որոշուած էր որ դասարանի բոլոր աղջիկները ճերմակ հագուստներ հագուէին: Օրինակները յանձնուած էին աղջիկ աշակերտուհիներու մայրերուն: Ճիշդ չորս ժամ ոտքի կեցած մնացի, մինչեւ որ մայրս պատրաստեց հագուստս: Վերջապէս շրջանաւարտութեան օրը հագուեցայ այդ հագուստը:
Մենք այդ տարիներուն մեր մեծերուն նախընտրած զգեստներով կը գոհանայինք: Իրենք ինչ որ ուզէին, պէտք է որ մենք ալ գոհանայինք անոնցմով:
Այսօրուան երիտասարդները նորաձեւութեան ետեւէն կը վազեն: Նշանաւոր վաճառանիշէ պէտք է որ ըլլան իրենց հագուստները: Թէ ոչ չե՛ն հագուիր: Ո՛չ միայն փողոցի մէջ, այլ դպրոցներէ ներս ալ նոյնն է պարագան:
Վերջերս ԹՌԹ հեռատեսիլի կայանէն այս նիւթի մասին հետաքրքրական թատերախաղ մը սփռուեցաւ:
Աղջիկ մը մօրը կ'ըսէր:
-Ես այս զգե՞ստը պիտի հագնիմ: Ո՛չ մէկու վրայ վաճառանիշ կայ: Եթէ ես այս հագուստով դպրոց երթամ, ընկերուհիներս կը խնդան վրաս եւ չեն խօսիր ինծի հետ, ես ալ հետզհետէ կը պաղիմ դպրոցէն, չեմ կրնար համալսարան երթալ եւ ի վերջոյ չեմ ըլլար այն աղջիկը, զոր դուք տեսնել պիտի ուզէիք ապագային:
Այ՛ո, ատիկա թատերախաղ մըն էր: Բայց իրական կեանքն ալ նոյնն է:
Ո՞վ է հանցաւորը: Ծնողնե՞րը թէ ոչ երիտասարդութիւնը: Այս ալ ուրիշ հարց մըն է: Կարծեմ թէ կարելի չէ լուծել այս հարցը: Է՛հ, ի՞նչ ըսինք.
Թէ՛ լանք եւ թէ երթանք...:


Շուշան Գորտոնճիեան
13-Մայիս-2003 Երեքշաբթի
ՄԱՐՄԱՐԱ