Wednesday, November 25, 2009
Ա. Բ. Գ. Ի ԴԱՍԸ
Թերեւս ինծի պէս շատերն ալ մոռցած ըլլան թէ մանկութեան ո՞ր տարիքին կամ ո՞ր օրուան մէջ սկսած են իրենց առաջին դասը այբուբենի, թէ ո՞ր ձեռքերով իրենց կպչուն ու դողդոջուն մատները առաջնորդուեցան սեւ գիրերու վրայէն, կամ թէ ի՞նչ եղաւ իրենց տպաւորութիւնը՝ երբ արդէն ընտանի դարձած յօդաւոր ձայներու խորհրդաւոր ձեւերը առաջին անգամ ճերմակ նիւթի մը վրայ տեսան անշարժ ու խօսուն:
Յիշատակի մեծ կորուստ մը նկատած եմ Ա. Բ. Գ. ի դասիս մոռացումը. անով մտքիս պատմութեան աղքատ էջերուն ամենէն սիրուն տողերը եղծուած կը տեսնեմ. մանկութեանս տարտամ օրերուն վերջամնաց վիշտերէն մէկը եղած է այն, որ երբեմն ստգտանքը կը դառնայ անպատսպար յիշողութեանս:
1898 Հոկտեմբեր 26-ին՝ պիտի այցելէի Օշականի Եկեղեցին՝ Ս. Մեսրոպի դամբարանովը կրկնակի նուիրանակացած այդ սրբավայրը: Երկու օր առաջ սիրտս տրոփման մէջ էր. միամիտ ու անպայման երկիւղածութենէ մը բռնուած՝ գերագոյն վարժապետին ո՜տքը պիտի երթայի:
Գիւղի եկեղեցին հասած՝ ներս մտայ ստորերկեայ փոքրիկ մատուռէն՝ որուն աջակողմը կը տեսնուէր ցած ու անշուք դամբարանը. անդիմադրելի այլայլում մը խռովեց զիս. չէի ուզեր հաւատալ թէ անոր ներքեւ փոշի դարձած ոսկորներ գտնուէին. ինծի համար Մեսրոպը ապրող ու դրապէս ներշնչող հոգի մըն էր. ափ մը հողի տակ ի՞նչպէս կրնայի թաղել կենդանի գիրը:
Անթարգմանելի հակասութեամբ մը ընդվզած բոլոր էութիւնս՝ խուլ քրթմնջիւն մը կը հանէր իր խորերէն. անմահներու ճակատագիրը ծաղրելու համար սարքուած կատակ մը կը թուէր ինծի այդ մարմարիոնէ կափարիչը: Հարկ էր սակայն մօտենալ անոր, ծնրադրել ձոյն հիացումի մը մէջ , ու համբոյրի տաք շրթունքներով քարի մը պաղ երակներուն մէջէն ծծել հոգեկան կայծեր՝ երկար դարերով իրենց կրակը անշէջ պահող նուիրական նշխարներէն:
Զգայական այդ վրդովումին մէջ տխեղծ ու բոպիկ մանկութեանս դեղնած ու վեհերոտ վայրկեանները ետ դարձած էին. այբուբենի առաջին դասիս մոռացման վիշտը՝ կսկիծի մը խայթով արթնցած՝ անհուն տենչանքի մը փոխուած էր կուրծքիս տակ, ու եթէ Մեծ Վարդապետին ստուերագիծ ձեռքը տեսնէի գէթ՝ ոսկի տառերով մագաղաթի մը վրայ, կամ աննման Քահանայապետին գոհար գիրերով զարդարուած լանջապանակ տախտակը տեսնէի գէթ՝ առաջին ու անգիտակից շարժումս պիտի ըլլար անգամ մըն ալ ծնրադրել ու թախանձագին խնդրել իրմէ.
-Աղուոր Ա. Բ. Գ. էն դաս մը տուր ինծի:
ԵՂԻՇԷ ԵՊԻՍԿ. ԴՈՒՐԵԱՆ
Շուշան Գորտոնճիեան
24-Նոյեմբեր-2009 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ