Monday, January 4, 2010

ՏԱՍ ԴԱՀԵԿԱՆՆՈՑԸ





Տարիքոտ մարդ մը, օր մը քթին ծայրն իսկ տեսնել չկարենալու չափ խմած, ճամբան ինքնաշարժի մը կը զարնուի և քառորդ ժամ վերջ ինքզինքը կը գտնէ հիւանդանոցի մը մէջ: Բժիշկները կը կապկպեն գլուխը և շատ չանցած կը ճամբեն զինքը:
Բարեսէր մարդ մը, անոր անտէրունչ վիճակին տեղեակ դառնալով, զայն կ'առնէ կը տանի իր տունը: Յաջորդ օրը, բարեսէր մարդը, ծերուկին քով կ'երթայ ու անոր ապագային մասին պատմել կը սկսի.
- Բժիշկները ըսին ինծի, թէ շատ երկար կեանք մը չունիս: Չե՞ս ուզեր փոխել կեանքիդ ուղեգիծը, երբ դեռ շատ ուշ չէ:
- Ես կեանքիս մէջ մարդու վնաս հասցուցած չեմ որ:
- Լաւ, բայց մարդու բարիք ըրա՞ծ ես:
- Չեմ կարծեր:
- Լաւ, բարի գործերու ձեռնարկելու համար երբեք ուշ չէ, երբ «Հոն» երթաս հաւանաբար բարի գործերդ բանի մը ծառայեն:
Կ'երեւի թէ տարիքոտ մարդուն բաւական մտահոգութիւն պատճառեց այդ «Հոն»-ի, այսինքն անդիի աշխարհի խնդիրը: Այդ իրիկուան դէմ, տարիքոտ մարդը առասանով մը վզէն կախուած փոքր տոպրակի մը մէջ նեղ օրերու համար պահած իր վերջնական ապաւէնը՝ հինգ ոսկին ափին մէջ, դուռէն դուրս կը սպրդի:
Կ'ուզէր բարի գործ մը տեսնել, որպէսզի Երկնաւոր Դատաւորին առջեւ ելած պահուն Անոր առջեւ ըսելիք բան մը ունենար՝ ի պաշտպանութիւն իր անձին: Չէ՞ որ ողջ էր տակաւին, հոգ չէ թէ մօտ էր իր մահը:Տարիքոտ մարդը դողդոջ քայլերով կը յառաջանար, ձեռքին պինդ բռնած իր գանձը: Շատ չանցած խառնուեցաւ ամբոխին: Իր ճպռոտած աչքերով ժողովուրդին մէջ իր օգնութեանը կարօտ մէկը կը փնտռէր: Սակայն այդ զուարթ մարդոց մէջ կարծես իր օգնութեան պէտք ունեցող մէկը չկար: Ամէն մարդ աղուոր ծրարներ բռնած, կը յառաջանար հապճեպ քայլերով: Առանց իր կողմն իսկ նայելու, կ'անցնէին խնդալով և խօսելով:
Տարիքոտ մարդը, թանկարժէք ապարանջաններ, մանիակներ, և մատանիներ ցուցադրուած ցուցափեղկ մը հիացումով դիտող դերատի աղջկան մը մօտեցաւ և ըսաւ.
- Ներեցէք, օրիորդ, կ'ուզէիք որ ատոնցմէ ձեր հաւնածը ձեզի համար գնեմ:
- Կորսուէ' գնա, թէ ոչ քեզ ոստիկանին կը յանձնեմ, պոռաց աղջիկը:
Ադկէ յետոյ երեք անգամ եւս փորձեց խօսիլ օտարականներու՝ միայն վռնտուելով անոնցմէ:
Տարիքոտ մարդը, չէր անդրադառնար, թէ իր կապկպուած գլխով ու դէմքով, վրայի ահաւոր սպիներով ինչ սարսափելի կերպարանք մը կը պարզէր:
Ոստիկան մը, տեսնելով որ ան կը դեգերէր Կաղանդ Պապուկի մը շուրջ, որ ողորմութեան յատուկ երկաթէ տուփ մը կ'երկարէր աջ ու ձախ, անոր հրամայեց հրապարակէն հեռանալ:
Սրտին մէջ ծանր կսկիծով, տարիքոտ մարդը ետեւի փողոցներէն մէկուն մէջ կը մխրճուի՝ յուսաբեկ: Հնօրեայ եկեղեցիի մը աստիճաններէն մէկուն վրայ նստած, ապուշ-ապուշ շուրջը կը դիտէ:
Ցուրտը սկսէր էր ոսկորներուն թափանցել, երբ ականջին ձայն մը կը հասնի: Ծերուկը կը դառնայ և կը տեսնէ, որ աղջնակ մը կանգնած է քովը: Հազիւ տասերեք տարեկան, ժպտուն և նիհարուկ աղջնակ մը:
- Պարոն, կ'ըսէ իրեն, կ'ուզէիք սա տաս դահեկաննոցը ընդունիլ ինձմէ:
Տարիքոտ մարդը, բժոտած աչքերը բացխփելով՝ ծուռ-ծուռ աղջկան կը նայի: Ուրիշ առթիւ այլոց տուած մէկ դահեկանն անգամ սիրով կ'առնէր: Բայց այդ գիշեր ոչինչ կ'ուզէր ստանալ: Տալ կ'ուզէր, տալ միայն:
- Քեզմէ ո՞վ դրամ խնդրեց աղջիկ, կորսուէ գնա ասկէ, ըսաւ:
- Շատ կը խնդրեմ, որ ընդունիք, շատ կարեւոր է այդ ինծի համար: Գիտէք, ես իմ փոքրիկ եղբօրս խնամակալուհին եմ: Ես կը մեծցնեմ զինքը: Հինգ տարեկան, շատ անառակ բան մըն է: Գիտէք, պարոն, խնդիրը Կաղանդ Պապուկի հարցին շուրջ կը դառնայ: Որովհետեւ եղբայրս կը հաւատայ անոր: Չեմ կրնար հասկցնել իրեն, թէ Կաղանդ Պապուկ ըսուածը հէքեաթ է միայն: Ինչ կերպ ալ որ համոզելու ջանամ զինքը, ինք վստահ է, թէ Կաղանդ Պապուկը իրեն կարմիր գոյնով «հրշէջ ինքնաշարժ» մը պիտի բերէ: Վստահ է նաեւ, թէ իր խաղալիքը անպայման դրուած պիտի ըլլայ խոհանոցի կրակարանին մօտիկ՝ վաղն առաւօտ երբ արթննայ ինք: Ուրեմն ահաւասիկ, պարոն, ես այդ խաղալիքը ծախու առնելու չափ դրամ չունիմ: Ամբողջ ունեցածս տաս դահեկան է միայն:
- Եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ փորձեցիր, որ այդ տաս դահեկանդ նուիրէիր ինծի:
- Որովհետեւ եղբօրս փափաքած «հրշէջ ինքնաշարժը» պէտք է որ ծախու առնուի անպայման:
- Էհ, այդ ի՞նչ հանելուկ է, ա՜յ աղջիկ:
- Իմ վարժարանիս ուսուցիչը կ'ըսէ, թէ երբ բան նուիրենք յանուն և ի սէր Աստուծոյ՝ անոնց, որոնք պէտք ունին ատոր, մենք վերջը շատ աւելին ձեռք կը ձքենք: Աւետարանին մէջ ալ արդէն կ'ըսուի: Կարեւորն այն է, որ մարդ հաւատք ունենայ:
Այդ տղայական բացատրութեան վրայ տարիքոտ մարդը երկար կը մտածէ: Այդ գիշեր իր ուղեղը սովորականէն ալ դանդաղ կ'աշխատէր: Այսինքն գլուխը հազիւ բան կը մտնէր: Բայց մտածած ատեն, ձեռքը դրած էր փոքրիկին ուսին, կարծէք չէր կրնար հանդուրժել, որ այդ աղջնակը ձեռքէ հանէր:
- Ըսածդ շատ ճիշդ է, ըսաւ վերջապէս, տուր ինծի այդ տաս դահեկաննոցը: Շատ ճիշդ է ըսածդ: Հիմա գոցէ' աչքերդ: Նախ երկնցուր ձեռքերդ: Այո, այո՜, ճիշդ այդպէս...:
Աղջնակը երբ աչքերը բանալու հրաման կը ստանայ, իր ափին մէջ կը տեսնէ փաս-փայլուն, հինգ ոսկին:
Փոքրիկ աղջնակը զարմանահար բացագանչութեանբ մը թեւերը կ'անցնէ ծերուկի վիզին և անոր մազ-մօրուքին մէջէն կը համբուրէ անոր շրթները և յետոյ ուրախութենէն խայտալով կ'աղաղակէ:
- Շնորհաւոր Նոր Տարի և Ս. Ծնունդ, Աստուած օրհնէ մեզ՝ բոլորս...:
Ապա, վազելով կը կորսուի գիշերային խաւարին մէջ:
Երբ ժամ մը վերջ բարեսէր մարդը կը հանդիպի ծերուկին, կը տեսնէ, որ ան դեռ նստած կը մնայ եկեղեցիին աստիճաններուն վրայ՝ ուրախ և երջանիկ, իր հրաշագործ տաս դահեկաննոցը ափին մէջ բռնած՝ պինդ...:


ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ և ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶ և ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ


Շուշան Գորտոնճիեան
30-Դեկտեմբեր-2009 Չորեքշաբթի
Իսթանպուլ