Wednesday, January 13, 2010
ԱՐՁԱՆԻԿ ՄԸ
Արեւելեան իմաստասիրութիւնը խորհրդանշող քով քովի նստած երեք կապիկներու արձանիկ մը կայ:
Անոնցմէ մին երկու ափերով աչքերը ծածկած է, երկրորդը՝ փակած է իր ականչները, իսկ երրորդը՝ բերանը:
Այս երեք կապիկներու անունները Միզարու, Քիքազարու և Իվազարու է: Ճաբոներէն իմաստով չտեսնել, չլսել ու չխօսիլ կը նշանակէ:
Երեք կապիկներու մասին զանազան պատմութիւններ գրուած է: Տասեօթերորդ դարուն ճաբոնացի Նիքուտան, իր երկրի ներքին պատերազմը վերջացնող սպարապետ Թոքուկավայի յիշատակին, 1636 թուականին, անոր արձանը շինել տուած է: Այս արձանին առջեւի կողմն ալ երեք կապիկներուն տեղ տրուած է:
Այս արձանիկը ճաբոնացիները ձեւաւորած են, սակայն կ'ըսուի թէ ութերորդ դարուն հնդիկ կրօնաւորներու առաջնորդութեամբ, կապիկներու պատմութիւնը նախ Չինաստան, յետոյ ալ Ճաբոն անցած է:
Երեք կապիկներու մասին հէքեաթ մըն ալ կը պատմուի:
Դարեր առաջ, լեռան մը մէկ կողգին բարի և խելացի թագաւոր կապիկ մը կապրի եղէր, իսկ միւս կողգին ալ՝ սատանան:
Թագաւոր կապիկը, շատ տարիքոտ, բայց շատ ալ խելացի երեք խորհրդական կապիկներ ունի եղէր: Աւանդութեան մը համեմատ, լեռան միւս կողգը ապրող սատանան տեսնող և անոր ձայնը լսողը յաւիտենապէս քար կը կտրի եղէր:
Այս երեք կապիկները, օր մը իրենց թագաւորին ծաղիկ փնտռելու համար լեռան գագաթը կ'ելլեն: Թուփերուն մէջ խշրտուք մը կ'իմանան: Հետաքրքրութեամբ թուփերը կէս մը կը բանան և սատանային հետ դէմ առ դէմ կուգան: Սատանան տգեղ ձայներ հանել կը սկսի: Կապիկներէն մին չտեսնելու համար իր աչքերը կը ծածկէ, բայց սատանային ձայնը կը լսէ: Երկրորդը ականչները կը փակէ, սակայն սատանան կը տեսնէ: Երրորդ կապիկը սատանան թէ' կը տեսնէ և թէ' կը լսէ: Ան այս մահացու գաղտնիքը չտարածելու համար անմիջապէս իր բերանը կը փակէ:
Անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ եթէ խօսէին յաւիտենապէս պիտի քարանային: Երկար ժամանակ թողալով ու վախնալով ծառի մը տակ կը պահուըտին: Ատեն մը վերջ, իրենց թագաւորն ու ժողուուրդը վտանքի մը թոյլ չտալու համար այս գաղտնիքը պահելու որոշումը կուտան:
Այդ օրէն վերջ, մարդիկ երբ աչքերն, ականչներն ու բերանը փակ երեք կապիկ տեսնեն կը հասկնան, թէ անոնք սատանան տեսած ու լսած են: Հասարակութեան օգուտին համար ալ գաղտնիքը իրենց պահած են:
Չտեսնել ու չլսել չարը և չխօսիլ չար բաներու մասին:
Շուշան Գորտոնճիեան
12-Յունուար-2010 Երեքշաբթի
Իսթանպուլ